31 January, 2024

Շաւարշ Միսաքեանի Ազգային Յուղարկաւորութիւնը

Իսկական ազգային յուղարկաւորութիւն մը կատարուեցաւ հինգշաբթի կէսօրէ ետք (1957, Յոնուար 31) , Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ:

«Յառաջ»ի խմբագրապետին դագաղը ծածկուած էր եռագոյնով եւ ծաղկեպսակներով: Աւելի քան 2 հազար հոգի, ժողովուրդը լեցուցած էր եկեղեցին, ներսը եւ դուրսը, ժամանակէն առաջ:

Ներկայացուցիչներ եկած էին գաւառներէն եւ արտասահմանէն:

Դասին մէջ կեցած էին Հայ Կաթողիկէ համայնքին առաջնորդ Գերապայծառ Ամատունի, ժողովրդապետ Հայր Գաֆթանճեան, Հայ Կաթողիկէ հոգաբարձութիւնը, Մուրատեան վարժարանը գլխաւորութեամբ տեսուչ Հ. Սերովբէ Ադըլեանի, աշակերտները համազգեստով, Փարիզի եկեղեցւոյ վարչութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը գլխաւորութեամբ Ս. Քարեանի եւ Վ. Թոսունեանի, բոլոր հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ԱՆԽՏԻՐ, ֆրանսական մամուլի ընկերակցութեան ներկայացուցիչը, օտար մամուլի ընկերակցութեան ներկայացուցիչը, Մառքի Փոլ տը Վէու, Հայր Մերսիէ, ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչնրեը, Միլանոյէն Տոքթ. Երուանդ Արզումանեան եւ Հայ Տան փոխ նախագահ Պ. Գէորգ Հանկելտեան, բազմաթիւ ընկերներ եւ անձնաւորութիւններ Ֆրանսայի բոլոր գաւառներէն՝ Մարսէյլ, Լիոն, Վալանս, Տեսին, Կրընոպլը, Պոռաօ, Քանէն եւ Լոնտոնէն, գլխաւորութեամբ ընկերներ Յ. Պապիկեանի եւ Ս. Սիսլեանի:

Բողոքական հասարակութեան հովիւ Վեր. Սիսլեան հեռագրով կը հաղորդէր իր ներկայութեան անկարելիութւինը:

Եկեղեցին ամբողջովին լուսազարդուած էր եւ բեմը ծածկուած էր զրկուած բազմաթիւ ծաղկեպսակներով:

Արարողութեանց կը նախագահէր Կաթող. Պատուիրակ եւ Առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպս. Մանուկեան, շրջապատուած քահանայից ամբողջական դասէն: Իսկ դպրաց դասը վերնատունէն կը կատարէր երգեցողութիւնները: Հայկանույշ Թորոսեան երգեց յուզիչ «Տէր Ողորմեա»ն:

Արարողութեանց աւարտումէն ետքը Տ. Սերովբէ եպս. խօսեցաւ դամբանական մը ուր շտշեց թէ ամէն անգամ որ մտաւորական մը, կամ գրական մշակ մը կը մեռնի, «Յառաջ»ի մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը գրէր թէ ահա մէկն ալ մեռաւ եւ անոնց տեղերը լեցնող չկայ: Այսօր հաւաքուած իր դագաղին շուրջ, կը մտածենք թէ ինքն ալ կ'երթայ եւ մեծ պարապ մը կը ձգէ իր ետին, մասնաւորաբար ազգային ասպարէզին մէջ: Դիւրին չէր երեսուն տարի շարունակ թերթ խմբագրել աննկուն կամքով եւ ազգային ոգի ներշնչել, մանաւանդ այն սերունդին, որ տառապանքը ցմրուր պարպեց: «Յառաջ» եղաւ հայ ժողովուրդի հոգիին պահապանը: Շ. Միսաքեան կը գուրգուրար որեւէ արժէքի վրայ, կը խանդավառուէր երբ գաղութները համերաշխութեան նշաններ ցոյց կուտային: Ինք կատարեց իր պարտականութւինը, եւ եթէ ամէն անհատ լիովին կարենայ կատարել իր պարտականութիւնը, մօտեցած կ'ըլլայ Աստուծոյ կատարելութեան: Հանգուցեալ խմբագրապետը իր հոգգին մէջ ամէն բանէ աւելի Հայուն հոգին է որ կ'արտայայտէ: Գուրգուրացէք նոր սերունդին վրայ, ազգային միութեան ձեռք երկարեցէք անոնց, որովհետեւ անոնք պիտի կերտեն մեր ապագան: Այս եղաւ իր գիտակցութիւնը եւ գոհունակութիւնը եւ այդ գիտակցութեամբ ալ կը մտնէ յաւիտենականութեան մէջ: Թող իր հոգին երկնքի մէջ հանգիստ ընէ, տեսնելով իր երազը իրականացած:

Պ. Յակոբ Տէր Յակոբեանի եւ ընկ. Հրանտ-Սամուէլի դամբանականներէն ետք, որոնք առանձին պիտի հրատարկուին, Շաւարշ Միսաքեանի դագաղը ընկերներու կողմէ ձեռամբարձ տարուեցաւ մեռելակառք:

Բազմաթիւ կառքեր ծաղկեպսակներով կը հետեւէին մեռելակառքին, որ իր ճամբուն վրայ դէպի Փէռ Լաշէզ կանգ առաւ «Յառաջ»ի խմբագրատան առջեւ, ուրկէ պաշտօնէութեան ծաղկեպսակը դրուեցաւ կառքին վրայ:

Բարակ անձրեւ մը կը մաղուէր երկինքէն, տխուր՝ նիչպէս բոլոր յուղարկաւորները, երբ կառքերը հասան Փէռ Լաշէզ, ուր դարձեալ մեծ բազմութիւն մը կը սպասէր: Գերեզմանին առջեւ, կրօնական արարողութենէն ետք, խօսեցաւ ընկ. Յովիկ Եղիազարեան, յանուն Հ. Յ. Դ. Կեդր. Կոմիտէի, բոլոր կոմիտէներուն եւ սգակիր Հայերուն, զոր նոյնպէս պիտի հրատարակենք առանձին:

Ապա ամբողջ ժողովուրդը երգեց «Մշակ բանուոր»ը եւ յուզումնահար յուղարկաւորները արցունքոտ աչքերով, գլխիկոր մեկնեցան, ձգելով Շաւարշ Միսաքեանը իր յաւիտենական հանգիստին մէջ:

* * *

ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐ ղրկած էին ընտանիքէն եւ եղբօրմէն զատ, Հ. Յ. Դ. Բիւրօ, Հ. Հ. Պատուիրակութիւն, «Արմենիա» օրաթերթ Պուէնոս-Այրէս, «Արեւելք» օրաթերթ Հալէպ, Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան Փարիզի մասնաճիւղ, Սուրիոյ Կ. Կոմիտէ, Հ. Յ. Դ. Նոր Սերունդ, «Յառաջ»ի պաշտօնէութիւն, Հ. Յ. Դ. Արամ ենթակոմիտէ, ՀՕՄի կեդր. Վարչութիւն Պոսթըն, Ֆրանսական Մամուլի ընկերակցութիւն, Աղքատախնամ ընկերակցութիւն, Իսիի եւ Ալֆորվիլի գաղութները, Տոքթ. Լեւոն Համբարձումեան, Տիկ. Արշալոյս Սարգիսեան, Կուէն ընտանիք, Քէօսէեան ընտանիք, Վահանեան եղբայրներ, Օր. Իչդալացեան, Սէրէնկիւլեան ընտանիք եւ ուրիշներ:

Ամբողջ արարողութիւնը եւ թափօրը մինչեւ դամբարան ժապաւէնի վրայ առնուեցան բեմադիր Պ. Աշոտ Մալաքեանիտնօրէնութեան տակ: Իսկ անհամար լուսանկարներ առին բազմաթիւ անձեր:

Թափռրին կը հետեւէին հինգ օթօքար եւ անհամար կառքեր: Դագաղակիր կառքը անբաւական գալով ծաղկեպսակներուն, միւս կառքեորւն վրայ բաժնուեցան:

* * *

Չորեքշաբթի իրիկուն ֆրանսական հեռատեսիլը մահուան լուրը գուժելով տուաւ նաեւ կենսագրական տեղեկութիւններ: Հինգշաբթի ցերեկ ձայնասփիւռով հաղորդուեցաւ նոյն տեղեկութիւնը:

* * *

Հարիւրաւոր հեռագիրներ ամէն կողմէ միշտ կը տեղան, զորս պիտի հրատարակենք յաջորդաբար:

«Յառաջ», Փարիզ
33րդ Տարի, Թիւ 7797
Նոր Շրջան, 13րդ Տարի, Թիւ 3608