01 February, 2024

Հրաչ Փէհրիզեան

Երկու օր առաջ, Աղեքսանդրիոյ մէջ, հողին յանձնեցինք մեր ամենուս սիրելի եւ թանկագին ընկեր Հրաչ Փէհրիզեանի մասմինը:

Հանգուցեալ ընկերը բնիկ Վանեցի էր, ծնած էր 1885 թուականին, իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած էր տեղւոյն Երամեան վարժարանին մէջ: Երիտասարդ հասակին մէջ արդէն կը հետեւի յեղափոխական շարժման եւ Հնչակեան ամենէն եռանդուն անդամներէն մին կ'ըլլայ: Յետոյ կը քաշուի կուսակցական կեանքէ եւ թրքական սահմանադրութեան առաջին օրերուն կը մեկնի Կարս, ոստիկանական վարժարանին հետեւելու, ուրկէ յետոյ, Վանի մէջ ոստիկանական պաշտօն կը վարէ մէկ քանի տարի: Այդ շրջանին մեծ օգտակարութիւն կ'ունենայ իր հայրենակիցներուն. շատ խնդիրներ իր միջամտութեան շնորհիւ ծանր հետեւանքներ չեն ունենար:

1914-ին իր հօրաքրոջ որդւոյն, Երամեան վարժարանի հիմնադիր պ. Հ. Երամեանի հետ կ'անցնի Կովկաս, անկէ Պոլիս, Իզմիր, ուր՝ պատերազմի հրատարակութեան հետեւանքով, կը մնայ մէկ քանի ամիս: Յետոյ, հազար դժուարութեամբ անցագիր ձեռք կը բերէ եւ Երամեանի հետ կուգայ Եգիպտոս: Հոս տարի մը շարունակ անգործ մնալէ յետոյ, Փորթ Սայիտի Սիսուան վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն կը վարէ մէկ տարի. ապա նոյն պաշտօնով կը փոխադրուի Աղեքսանդրիոյ Ազգ. Պօղոսեան երկսեռ վարժարանը: Հոն ալ մէկ տարի միայն կը մնայ եւ 1918-էն ի վեր Եգիպտոսի Միացեալ Որբախնամ ընկերութեան քարտուղարի եւ վարիչի խիստ ծանր եւ պատասխանատու պաշտօնը կը վարէ մեծ ձեռնհասութեամբ:

Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ ալ, շատ փայլուն եւ ապագայ խոստացող գործեր ոտնակոխ ըրաւ յանուն որբերուն, որոնց նուիրած էր իր ամբողջ ժամանակն ու կորովը: Իր այս պաշտօնին մէջ մնաց մինչեւ 1921 օգոստոս, երբ վերջնականապէս հրաժարեցաւ որբնախնամի քարտուղարութենէն, տարբեր ասպարէզի մէջ փնտռելու իր բախտը: Ազգային շատ պաշտօններ առաջարկուեցան իրեն, բայց ան կտրուկ կերպով մերժեց:

Ընկեր Հրաչ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ մտած էր 1917-ին, բայց իր անկեղծութեամբ ու կարողութեամբը, ատ շուտով ամենապատասխանատու պաշտօններ վարելու կոչուեցաւ: Երկու տարի շարունակ Եգիպտոսի Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընտրուեցաւ եւ ձեռնհասօրէն վարեց Կ. Կ.ի քարտուղարութիւնը: Նոյն ատեն կը վարէր նաեւ «Յառաջդիմասէր» ընթերցասրահի վարչութեան քարտուղարութիւնը: Հինգ տարի անընդհատ եղաւ «Յուսաբեր»ի Աղեքսանդրիոյ թղթակիցը եւ աշխատակիցը: Իր յօդուածները, որոնց մեծ մասը Ն. Գ. ստորագրութիւնը կը րկէին, կը կարդացուէին մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով: Մաքուր պայքարի մարդ էր ան:

1922-ի Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութի ընտրութիւններէն յետոյ, Դաշնակցութեան տարած փայլուն յաղթանակին շնորհիւ, ընկ. Հրաչը ընտրուեցաւ քաղաք. ժողովի անդամ: Հոս էր որ Հրաչ իր արժանիքը սկսաւ ցոյց տալ նաեւ հանրութեան: Ան ճանչցուեցաւ իբրեւ հաստատ համոզումի, յամառ աշխատողի եւ անաչառ վերաբերմունքի տէր անձնաւորութիւն մը:

Նստած ձախէն աջ. Յովհաննէս Տէվէճեան, Լեւոն Շանթ, Յովհաննէս Քաջազնունի, Սիմոն Վրացեան, Հրաչ Փէհրիզեան
Կանգնած ձախէն աջ. Յովսէփ Գամպուրեան, Յակոբ Նալպանդեան, Լեւոն Ազնաւուրեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան, Տիգրան Եաղուպեան, Ֆրանկիւլ Խանջեան
(Աղեքսանդրիա, 1922)

Իր ընկերակիցները շատ մեծ յարգանք կը տածէին անոր հանդէպ, որ շարժիչ ուժը հանդիսացաւ ամբողջ մէկուկէս տարի Աղեքսանդրիոյ քաղաքական ժողովին մէջ: Կարծես վարձատրուած պաշտօնէի մը նման, ան Առաջնորդարան մնաց եւ իր իսկ ներկայութեամբ կարգադրել եւ գործադրել տուաւ առնուած բոլոր որոշումները: Օճախի մը վերածուած շէնքին մէջ կարգ ու կանոն եւ կարգապահութիւն մտցուեցաւ, ատենագրութեանց մէջ կանոնաւորութիւն եւ մաքրութիւն, շնորհիւ ընկ. Հրաչի, որ, ինչպէս սովոր էին գոչել մեր հակառակորդները, «Դաշնակցութեան աչքն» էր Առաջնորդարանէն ներս:

1923-ին ընտրուեցաւ Պօղոսեան Ազգ. եկսեռ վարժարանի հոգաբարձու: Իբրեւ նախկին ուսուցիչ, դպրոցը իր սրտին ամենէն աւելի մօտիկ հաստատութիւնն էր եւ ան կերթար անձամբ, գրեթէ ամէն օր, ներկայ կը գտնուէր բոլոր ուսուցիչներու դասախօսութեանց, որպէսզի տարեվերջին անիրաւ որեւէ գործ չ իտեսնէ եւ համոզուած տայ իր որոշումը այս կամ այն ուսուցիչի մասին:

Յոգնիլ չկար մեր թանկագին ընկերոջ համար, շարունակ կ'աշխատէր, կը վազէր, կը յոգնէր ուրիշին համար, հանրութեան սիրոյն: Երբէ՛ք չմտածեց իր անձը եւ երբէք անձնական հաշիւներ չդրաւ իր հանրային գործունէութեան մէջ: Չար լեզուներ երբեմն մութ անկիւններու մէջ բաներ մը փսփսացին իր հասցէին, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ բաց ճակատ հրապարակ գալ եւ մուր քսել անոր անարատ ճակատին:

Հանրային կեանքի մէջ խստապահանջ Հրաչը, տարբեր էր ներքին ընկերական յարաբերութեանց մէջ: Կատակասէր, զուարթ եւ տաք մթնոլորտ մը կ'ստեղծէր իր շուրջ իր համեմուած պատմութիւններով: Կը սիրէր սրամիտ ակնարկութիւններով հեգնել իր ընկերները, բայց երբէք զայն վիրաւորելու նպատակով:

Կը գրէր երբեմն գրաբար, եւ պատերազմի ընթացքին յաճախ «Յուսաբեր»ի մէջ գրաբար յօդուածներ հրատարակեց, գրաւելով շատ մը գրաբարագէտներու լուրջ ուշադրութիւնը: Բորթ-Սայիտէն եւ Աղեքսանդրիայէն երգիծական ոճով եւ գրաբար նամակներ եւ «կոնդակ»-ներ ղրկած է ինձ եւ ուրիշներու, որոնք գրական արժէք ունին:

Հոկտեմբերի ընթացքին (1924), նախ հազ մը եւ ապա թոքերու անխնայ ցաւ մը սկսաւ տանջել մեր տարաբխտ ընկերը: Բժիշկները նախ չկրցին հսակնալ իր հիւանդութիւնը, որ հետզհետէ արագօրէն կը յառաջանար եւ Դեկտեմբերի կիսուն գետին կը տապալէր մեր առոյգ եւ կայտառ ընկերը:

Գահիրէի գերմանական հիւանդանոցը եկաւ իր հիւանդութիւնը դարմանելու համրա: Հոս ալ բազմաթիւ նշանաւոր բժիշկներ, ի շարս նոցա նաեւ ընկ. Հ. Օհանջանեան, կրկնակ անգամներ քննեցին եւ ի վերոջյ այն եզրակացութեան եկան, որ ընկերը կը տառապէր թոքերու քաղցկեղէ (քանսէր): Բժշկութիւնն իր կարելին ըրաւ փրկելու համար մեր ընկերոջ կեանքը, բայց անկարելի եղաւ այդ եւ փետր. 1-ին, կիրակի, առտուան ժամը 10-ին, երկու եւ կէս ժամուան տառապագին չարչարանքներէ յետոյ, աւանդեց իր հոգին, խոր սուգի մատնելով իր ընկերներն ու համակիրները:

«Յուսաբեր», Գահիրէ
Երեքշաբթի, 3 Փետրուար 1925
Նոր շրջան, Ժ. Տարի, Թիւ 130 - Բ. էջ

Այսօր երբ չկայ ան այլեւս, կզգանք խորապէս ասոր պակասը: Հ. Յ. Դ. Եգիպտոսի մարմինը, յանձին ընկ. Հրաչի, կորսնցուց իր ամենէն եռանդուն, գործունեայ եւ ուղղամիտ ընկերներէն մին, եւ եգիպտահայ գաղութը՝ իր պարտաճանաչ եւ աժրանաւոր զաւակներէն մէկը:

«Իշխանաւորի մը զաւակը չէր ան», ինչպէս լաւ կերպով նկատեց Առաջն. Փոխանորդը իր դամբանականին մէջ, եւ ոչ ալ մեծաշուք մը, այլ համեստ քահանայի մը զաւակը, որ ապրած համեստ խաւերուն մէջ, ուզեց իր կեանքը նուիրել ազգին համեստ զաւակներուն, անտէր որբերուն, եւ այդ աշխատանքն էր որ կրծեց իր թոքերը, բոյն դրաւ հոն քաղցկեղը եւ օր մըն ալ խլեց զայն մեր ծոցէն: Աշխատանքի զոհ մը եղւա տարաբախտ Հրաչը:

Աղեքսանդրիոյ իր ընկերները, որոնք շատ լաւ ճանչցած եւ գնահատա էին Հրաչի բարեմասնութւինները, Գահիրէէն Աղեքսանդրիա փոխադրեցին անոր մարմինը եւ փառաւոր յուղարկաւորութեամբ մը հողին յանձնեցին զայն:

Եգիպտոսի անամպ երկնակամարին տակ կը հանգչի ան այսօր, հեռու այն հայրենիքէն, որուն ծոցը ծնած էր եւ որուն կարօտէն հալումաշ եղաւ: Հանգիստ իր ոսկորներուն:

Շահէն
«Հայրենիք», Պոսթոն
Կիրակի, 1 Մարտ 1925
26-րդ Տարի, Թիւ 3901