12 April, 2024

Արշաւիր Շիրակեան. գրեց՝ Կարօ Սասունի

«Կտակն էր նահատակներուն» գիրքին հեղինակը եւ արտակարգ իրական վէպին հերոսը նոյն մարդն է – Արշաւիր Շիրակեան:

Բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ պատուհասող այս բազուկը Հ. Յ. Դաշնակցութեան արդարադատ ահաբեկիչներու շարքին:

07 April, 2024

Ռոստոմի Ճառը

1917 թ. ապրիլ 6-ին, Թիֆլիսում, բաց անելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան ռայօնական ժողովի հանդիսաւոր նիստը՝ Ռոստոմը արտասանեց հետեւեալ ճառը.-

Ընկերնե՛ր, բաց եմ անում Դաշնակցութեան առաջին ազատ Ռայօնական ժողովը ազատ Ռուսաստանում: Մենք ունեցել ենք շատ ազատ միջավայրերը, ուր գործել է մեր կուսակցութիւնը.- Ամերիկա, Եգիպտոս, Բալկաններ, Պարսկաստան եւ Տաճկաստան: Եւ եթէ մենք այսօր աւելի զուսպ ենք ու չենք խանդավառւում ուրիշների պէս, պատճառն այն է, որ մենք տեսել ենք Տաճկաստանի «ազատութիւնը», որ այնքան աղէտաւոր եղաւ մեզ համար:

03 April, 2024

Յեղափոխական Սուրհանդակը՝ Սեդօ Մուրատեան

Սեդօ Մուրատեան (սուրհանդակ Մուրատեան) ծնած է մօտաւորապէս 1850 թուականին, Մշոյ Առաղ գիւղը, ուր 70 հատ ընտանիք կար: Չորս եղբայրներու երէցն էր: Սեդոյի հայրը Մուրատ ջաղացպան էր: Որովհետեւ Մուրատի ջաղացքը կը գտնւէր գիւղին ծայրամասը, յեղափոխականներ, ինչպէս Արաբօ, Մխօ Շահէն, Սեւ Արօ, Գոլոս Յովհաննէս (մկրագոմեցի) և ուրիշներ հոն էին միշտ: Այս մթնոլորտին շնորհիւ Սեդոյի մէջ բոյն կը դնէ յեղափոխական ոգին:

23 March, 2024

Դաւաճաններ. Սիամանթօ

Մեռելներ կան որ պէ՜տք է
անգամ մը եւս մեռցնել...

Ահաւասիկ հրէշածին հայ Յուդայ մը եւս որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ...:
Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի եւ ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վարութեան, ի՜նչ քսմնտելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ,
Իր դժխեմ հայրը, կարողացաւ, չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել:

20 March, 2024

Տիգրան Պզտիկեան (1882-1910)

Պէյրութէն հասած հեռագրէ մը խորունկ ցաւով կ'իմանանք թէ Ատանայի Պզտիկեան ընտանիքի զաւակներէն Տիգրանը մեռած է Պէյրութի հիւանդանոցին մէջ ուր կը գտնուէր քանի մը ամիսներէ ի վեր:

18 March, 2024

Ք. Միքայէլեանի Մահը

Յեղափոխական կուսակցութիւնները յանուն սխալ, միակողմանի հասկացւած յեղափոխականութեան յաճախ զոհեր են տալիս՝ գործի տեսակէտից ոչ միայն անօգուտ, այլ եւ վնասակար:

Ընկեր Դրաստամատ Կանայեանի Յուղարկաւորութիւնը

Ողբացեալ Ընկերոջ Աճիւնը Կը Հանգչէր «Հայրենիք»ի Սրահը

Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ՝ Պոսթընէն եւ արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ նահանգին զանազան շրջաններէն, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մարտ 10 եւ 11, յարգանքով խոնարհեցան ողբացեալ ընկեր Դրոյի դագաղին առջեւ, որ կը հանգչէր «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, բազմաթիւ ծաղկեպսակներով շրջապատուած պատուանդանի մը վրայ: