Օսմանեան Սահմանադրութենէն
(1908) վերջ, դպրոցական արձակուրդներուն, ծննդավայրս՝ Պարտիզակ ժամադրավայր եղած էր
հայ մտաւորական ընտրանիին: Բոլոր անոնք, որ անգամ մը եկած այցելածծ էին այդ գեղեցիկ
գիւղաքաղաքը, շինուած՝ լերան մը ստորոտը, բլուրի մը կողին, չէին մոռնար հմայքը «Ս.
Մինաս»ի բարձունքին եւ իր սառնորակ վճիտ ջուրին, համայնապատկերը Վերի Արտերէն երեւցող
սքանչելի վերջալոյսին, Լուսաղբիւրին, Դեղնութեան աղբիւրին, Ցատքան ջուրին (պզտիկ ջրվէժ
մը), Պզուկ անտառին, հանրային պարտէզին, որոնց առինքնող գեղեցկութիւնները աւելի գերազանց
ու բնական կը գտնէր փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան, քան Զւիցերիոյ նմանօրինակ տեսարանները,
անոնցմէ շատերը արուեստական նկատելով: Անոնց կախարդիչ հրապոյրը կը պարտադրէր այցելուները՝
յաջորդ տարին եւս ժամադրուելու հոն, իբրեւ հիանալի ամարանոց, մտաւորական հաւաքավայր
եւ հոգեպարար ուխտատեղի: