Դաշնակցութիւնը իր զգայուն եւ գաղափարական երիտասարդ ընկերներէն մէկն է որ կը կորսնցնէ այնքան վաղահաս մահով մը:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Դաշնակցութիւնը իր զգայուն եւ գաղափարական երիտասարդ ընկերներէն մէկն է որ կը կորսնցնէ այնքան վաղահաս մահով մը:
Կռւով ապրեց, բայց կռւով չմեռաւ...
Քառասուն տարիք լրացրել էր, երբ երկար հիւանդութիւնից յետոյ, Գաղթաշէնում (Թադէոս Առաքեալի վանք, Թադէի վանք) մեռաւ Ախպէրը:
Հեռագիրը մեզ վաղուց էր գուժել մեր անմոոռաց ընկերոջ՝ ՊԵՏՕԻ ամբողջ խմբի նահատակման լուրը: Երկար ժամանակ մենք չէինք հաւատում, - աւելի լաւ ասած – չէինք ուզում հաւատալ սոսկալի իրողութեան. մենք դեռ յոյս ունէինք, որ խմբի մի մասը կարող էր ազատւած լինել: Սակայն հետզհետէ վրայ հասնող լուրերը այլեւս ոչ մի կասկած չեն թողնում. Պետօն չկայ, չկան եւ նրա ընկերները:
Բնիկ երզնկացի էր Քեռին: Կը պատկանէր Շիշմանեան բարեկեցիկ ընտանիքին, ու իր բուն անունն էր Ռուբէն: Ուսում առած էր Երզնկայի Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Կը վարէր, իր եղբօր Գրիգորի հետ, վանահայրութիւնը Սուրբ Մեծ-Լուսաւորիչ վանքին, Սեպուհ լեռան կողքերուն վրայ կառուցւած: Յեղափոխութեան կարապետներէն եղած էր իր շրջանին մէջ, ու նախ քան հայդուկապետ դառնալը, մասնակցած էր Գալուստ Արխանեանի խմբին: Այս վերջինին՝ իր ընկերներով ձերբակալւելէն առաջ, Քեռի՝ Երզնկայի կեդրոնական կօմիտէի աջակցութեամբ, կազմակերպելու ձեռնարկած էր արդէն նոր հայդուկախումբ մը, որ ահ ու սասրսափ ձգեց, կոտորածներէն առաջ, հայ հարստահարող թիւրք ու քիւրդ պէյերու վրայ ու իր հովանին տարածեց, կոտորածներու պահուն, հայ գիւղերու եւ բնակչութիւններու վրայ, որոնք կը գտէնւէին Քէմախի ու Տէրսիմի սահմաններուն մէջ:
Սոյն թւի Յունիս 21-ին 1957, խորին ծերութեան շրջան ապրած ու կեանքի ծանր բեռան տակ կքած՝ մեր հին շարքային ընկեր եւ հայրենակից Թովմասեան Յակոբը կնքեց իր մահկանացուն, Իրանի ասպնջական երկնքի տակ: Ինչպէս հայրենանւէր մի վտարանդի ի հայրենեաց մեկնեց այս աշխարհէն անդարձ:
ՄԵՐ ԶՈՀԵՐԸ. ՑՐՈՆՔՑԻ ՄՈՒՐԱՏԸ
Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Յունիս 15-ին, Պէյրութ, Համմանայի Սանաթորիումին մէջ, վախճանւած է ընկ. Մուրատ Պետրոսեանը՝ Ցրոնքցի խմբապետ Մուրատը՝ մէկը Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնազոհ մարտիկներէն:
Հանգուցեալ ընկերոջ կենսագրութիւնը կուտանք յաջորդ անգամ:
Ծնած է Ախալքալաք եւ տարրական ու միջնակարգ կրթութիւնը ստացած Եկատերինոտարի եւ Թիֆլիզի ռուսական վարժարաններուն մէջ: Իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ ակամայ ընդմիջումներով, Մոսկւայի եւ Հայտելպէրկի (Գերմանիա) համալսարաններուն մէջ: