Դաշնակցութիւնը իր զգայուն եւ գաղափարական երիտասարդ ընկերներէն մէկն է որ կը կորսնցնէ այնքան վաղահաս մահով մը:
Սալման, բնիկ վանեցի, ծնած էր 1883-ին, ծանօթ ընտանիքէ: Իր ուսումը աւարտած էր Էջմիածնի Ճեմարանին մէջ եւ ծանօթ եւրոպական չորս լեզուներու՝ որոնց շնորհիւ մեծապէս կօգտւէր օտար գրականութիւններէն: Դեռ ճեմարանում թոքախտը արդէն բոյն դրած էր անոր մարմնին մէջ: Վան վերադարձին բաւական կազդուրւած՝ նւիրւեցաւ կրթութեան գործին, միւս կողմէ ինքն ալ կը զարգանար, այդ խաւարապաշտ երկրին մէջ, հետեւելով եւրոպական մտքին եւ միանգամայն անդուլ կը գործէր յեղափոխական դրօշին տակ, ցերեկները նւիրւելով ուսուցչութեան, իսկ գիշերները յեղափոխութեան, որ դէպի արշալոյսը կը դիմէր...:
Վասպուրականի Կեդր. Կօմիտէի անդամ էր, երբ 1907-ի Դաշնակցութեան
Ընդհանուր Ժողովին պատգամաւոր մեկնեցաւ: Սակայն Պարսկաստանի մէջ ջերմէ բռնւելով հիւանդութիւնը
սուր կերպարանք առաւ: Բժիշկները խորհուրդ տւին հանգիստ մնալ, Սալման չը համբերեց եւ
ճամբայ ինկաւ, իբր ժողովուրդի զաւակ, իր փորձառութեան բաժինը բերելու Ընդհանուր Ժողովին:
Երբ Վիէննա հասաւ հիւանդութիւնը շատ հիւծած եւ ուժասպառ ըրած էր զինքը: Ընկերները ուղարկեցին
զայն աւստրիական Տիրօլ բժշկւելու, ուրկէ իր փափաքով, փոխադրւեցաւ Ժընեվ: «Հայ ընկերներու
մօտ կուզեմ մեռնիլ». կըսէր տխուր նախազգացումով մը: Թոքերը անգթօրէն կը հատնէին, մթնոլորդը
կարծես քիչ կուգար զանոնք լեցնելու համար: Հիւանդութեան մահճին մէջ, կարօտը կը քաշէր
հայրենի սարերուն եւ ընկերներուն, որոնք, խրոխտ եւ անվեհեր, գաղափարի առապար ուղիներու
վրայ ազատութիւնը կը խաչակրէին: Իր վերջին օրերուն խնդրեց Նիչէի եւ Իբսէնի գործերէն.
տիեզերային կամքի ո՞ւժը կուզէր ծծել անոնցմէ, երբ կզգար թէ գիտութիւնը անզօր էր իր
չար հիւանդութիւնը մահացնել, թէ գաղափարի եւ հոգիի թափը կորոնէր նիւթին վրայ յաղթանակ
տանելու համար... Ապրիլ կուզէր դեռ դժբախտ երիտասարդը եւ գործել.
Այդ բառերը կային անոր տրտմային եւ անձկալից աչքերուն մէջ՝ երբ կզգար թէ դաժան ախտը անգղի մը պէս կը կրծէր իր կուրծքը:
Հ. Յ. Դ. Վասպուրականի Կեդրոնական Կոմիտէ (1906) Կողբեցի Տիգրան, Վանայ Իշխան, Համազասպ Բաղէշցեան (Սալման), Արամ Մանուկեան, Վանայ Սարգիս, Մալխաս (Մալխասը ԿԿ-ի անդամ չէր) Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամին |
Յունիսի 26-ին Համազասպ մեռաւ 24 տարեկան ծաղիկ եւ սրտոտ տարիքին մէջ, երբ կազմակերպութիւնը դեռ պէտք ունէր անոր յափշտակութեան, ազնիւ ու անդաւաճան զգացումներուն:
«Դրօշակի» խմբագրութիւնը անոր թաղումը Ժընեվի մէջ կատարելու տխուր պարտականութիւնն ունեցաւ: Մերձաւորներու ցանկութիւնով, մարմինը այյրւեցաւ: Սալմանի աճիւնը պահ կը մնայ «Դրօշակի» խմբագրատան թանգարանին մէջ, մէկ օր, երբ Արդարութեան արեւը ճառագայթէ հայրենի հողին վրայ, հայ քաջերու մասունքներուն քովիկը ամփոփելու համար: