20 December, 2019

Յովակիմ Աչըգկէօզեան

Տարի մը առաջ 1907 դեկտ. ամսուն, Աքիայի բանտին մէջ, առկայծ կանթեղի մը պէս կը հանգէր ողբացեալ եւ չքնաղ ընկեր մը, Յովակիմ Աչըգկէօզեան:

Իր անունը կապւած է սերտօրէն յեղափոխութեան ճգնաջան նախաքայլերուն հետ, երբ անընկճելի եւ արգասաւոր հաւատքն էր որ կ'առաջնորդէր սրտերը եւ հոգիները: Աչըգկէօզեան յեղափոխական առաքեալներէն էր, որ նոր շաւիղներ կը բանան ամբոխի հոգեբանութեան մէջ եւ գիտակցութեան կայծը կը դնեն հոն: Աքիայի խաւար եւ ախտաւեր բաներուն մէջ չէր որ վախճան պիտի գտնէր այդպիսի սրտոտ ու աւիւնով լի գաղափարական երիտասարդ մը, որ ազատութեան ու արեւու շքեղ ճառագայթներուն յաւիտենական ըղձանքը ունեցաւ:

Աչըգկէօզեան բնիկ Իւնիէցի էր (Տրապիզօնի նահանգէն): Իր ուսումը աւարտած է Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանին մէջ. ըմբոստ եւ անհանգիստ բնաւորութեան տէր, կը պատկանէր Էջմիածնական այն սերունդին՝ որ Գնունիներ տւաւ: 1885-ին ճեմարանը աւարտելով ինքզինքը նւիրեց նոր սերունդի կրթութեան եւ բաւական տարիներ Տրապիզօնի, Իւնիէի եւ Սամսոնի մէջ դասատուի պաշտօն վարեց:

1896-ին, իր կնոջ մահէն յետոյ, իր մէկհատիկ երկամեայ աղջիկը յանձնելով ազգականներու հոգածութեան, նետւեցաւ յեղափոխութեան բուռն կեանքին մէջ եւ դաշնակցական ընկերներու շարքերում համակրելի տեղ գրաւեց:

Նոյն տարեշրջանին, երբ Սամսոնի ուսուցչական պաշտօնը ձգեց, մեկնեցաւ Պաթում եւ շրջեցաւ Կովկասի կարեւոր քաղաքները. քիչ յետոյ Պաթումի ճամբով անցաւ Օդեսա, անկէ Ֆիշնէվ եւ Վառնա: Այս վերջինիս մէջ քանի մը ամիս ուսուցչութեան պաշտօն վարելէ յետոյ անհանգիստ ուղեւորը վերադարձաւ նորէն Կովկաս, անկէ Պարսկաստան: Իր ուղեւորութեան նպատակակէտը Հայաստանն էր: Շատ չանցած՝ ոտք դրաւ Հայրենի որբ երկրին մէջ, իբրեւ ջահակիր ազատութեան գաղափարին: Ընդունակ եւ եռանդուն, Աչըգկէօզեան յաճախ գիւղացիի, տէրվիշի եւ մոլեռանդ մահմեդականի ձեւին տակ կը շրջէր տեղէտեղ, երբ Վանի մէջ, մատնութեան մը վրայ, ձերբակալւելով բերւեցաւ Պօլիս:

Մէկուկէս տարի կեդր. բանտին մէջ մնալէ ետք, մահավճիռ տւին, որ յետոյ փոխւեցաւ ցկեանս բերդագերութեան: Այս վճիռը բաւական յոյս ներշնչեց դժբախտ Յովակիմին, թէ ազատ բերդարգելութիւն մը պիտի ըլլար իր պատիժը, բայց այնպէս չ'եղաւ, զինքը փոխադրեցին Աքիայի բանտը:

Իր բանտարկութեան ամբողջ ժամանակամիջոցին մէջ, եօթուկէս տարի, ջանաց բանտէն ազատւիլ եւ բերդաքաղաքը մտնել. որու համար ամեն կողմ դիմումներ ըրաւ, մանաւանդ Օրմանեան պատրիարքին. նոյնիսկ իր որբ աղջիկը աղերսագրեց պատրիարքին, խնդրել կառավարութենէն, որ զինքը հօրը քովը ղրկեն, այն յոյսով, որ իր ներկայութիւնը բաւական սփոփանք մը պիտի ըլլար իր դժբախտ եւ սիրեցեալ հօրը:

Պատրիարքը, ինչպէս միշտ, քարսիրտ եւ խուլ մնաց հէք եւ որբ Անտիգոնի պաղատանքներուն: Աչըգկէօզեան այլեւս յուսահատ եւ ճարահատ դուրսի աշխարհքի գթութենէն, ստոյիկեան համբերութիւնով մը սպասեց իր ճակատագրի վախճանին: Խոնաւ ու անարեւ բանտին մէջ թոքախտի սերմերը արդէն սկսած էին լափել անոր կտրիճ մարմինը. բժշկական խնամքները այլ եւս չէին զօրեր: Շատ չի քշեց, մահը եկաւ ազատեց զայն իր տանջանքներէն:

Բանտին մէջ, ինչպէս կը վկայեն շատեր, ընկերականութեան անզուգական տիպար մը եղած է. ինչ որ ինք կըստանար դրսէն, իբր նպաստ հաւասար եւ անխտիր կը բաժնէր բանտակից ընկերներուն հետ, նոյնիսկ գիտնալով որ յաջորդ օրը անօթի պիտի մնար: Բանտի բոլոր ընկերները անոր մէջ կը տեսնէին եւ կը հիանային բարոյական ու եղբայրական մեծ ուժ մը, ատոր համար անոր մահը խորապէս ազդեց անոնց վրայ եւ բանտի արհաւիրքը աւելի ծանր զգացին:

Ահա թէ ինչ կը գրէ բանտակից ընկեր մը Յովակիմի վերջի րոպէներու մասին:

 «Վերջապէս ինծի պիտի վիճակւի եղեր գուժը ձեզի հաղորդելու տխուր պարտականութիւնը: Ամենուս սիրելի Յովակիմը հոգին աւանդեց 1907 դեկտ. 19 – 20- գիշերը, լուսանալու մօտ, ժամը 5-ին: Անխուսափելին էր որ կատարւեցաւ. միակ մխիթարութիւնը որ կը մնայ մեզի, իր խաղաղ ու առանց հոգեւարքի մահն է. հիւանդութեան սկզբէն մինչեւ վերջը տրտունջ մը, գանգատ մը չելաւ բերնէն, արի համակերութիւնով մը մեռաւ:

«Տեղս հայ կղեր չգտնւելուն, օրթոդօքս եկեղեցին կատարեց թաղումը: Մարմինը տարին եկեղեցի, ինչ որ ոչ մէկ բանտարկեալի կըլլար, հոն օրթօդօքս եպիսկոպոսը զգեստաւոր եւ ամբողջ քահանաներով շրջապատւած կը կատարէ արարողութիւնը. դագաղին կը հետեւին բազմաթիւ յուղարկաւորներ մինչեւ գերեզման: Սա ակներեւ, ապացոյց մըն է այն սիրոյն եւ համակրութեան, որ Յովակիմը կը վայելէր նոյնիսկ բանտէն դուրս: Պարապը զոր կը թողու հայ բանտարկեալներու մէջ շատ մեծ է. անոր մահը ամենքս ալ կ'ողբանք, որովհետեւ եղբօր մը, պաշտպանի մը դերը կատարած էր մեր մէջ, ամենքս ալ երախտաւոր թողած: Անոր օրհնեալ յիշատակը յաւէտ անջնջելի պիտի մնայ մեր ամենուս սրտին մէջ»...

Ի վերջոյ իր ընկերը կ'առաջարկէ շիրիմ մը կանգնել անձնւէր յեղափոխականին անշուք հողքին վրայ անոր յիշատակը անմոռաց պահելու համար:

Այս սրտաշարժ տողերը վեր կը հանեն թէ Աչըգկէօզեան անզուգական եւ ազնւական հոգի մը եղած է, եւ թէ իդէալի սիրոյն կրցած է հերոսութիւնով եւ փիլիսոփայօրէն ծծել դառնութեան բաժակին վերջին կաթիլը: Սուլթան Համիդի տմարդի թագաւորութիւնը այսպիսի ստեղածգործութիւններն էր, որ հնձեց աշխարհի երեսէն:

Ճշմարիտ եւ սիրելի հերոսի մը մահն է անոր մահը. անոր յիշատակը խանդավառող յիշատակներէն է, որ կանմահանան Պլուտարքոսի գրչին տակ: Հայ յեղափոխութեան «Ոսկեղէն մատեանին» մէջ Աչըգկէօզեանի կեանքը ամուր եւ առաքինի կեանքի էջ մը կարող է աւելցնել այնքան հիանալի հերոսներու համաստեղութեան մէջ...

«Դրօշակ»
Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1908
Թիւ 11-12 (198)