25 July, 2020

Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Խանասորի Արշաւանքը

1897-ի սկիզբները Թիֆլիզի մէջ կը կայանար Դաշնակցութեան Բ. Ընդհ. ժողովը, որը, սակայն, Երկրէն եւ արտասահմանէն չմասնակցող կարգ մը մարիններուն բողոքին վրայ, համարուեցաւ Ռուսաստանի ընդարձակուած շրջանային ժողով: 1898ին միայն կարելի եղաւ գումարել Բ. Ընդհ. ժողովը, որը երեք ամիս տեւեց եւ սահմանադիր ժողովի մը երեւոյթը առաւ, իր տուած որոշումներով, մշակած կանոնագիրներով եւ մասնակցող վայրերու եւ ընկերներու լրութեամբ:

1897-ի ժողովը Ընդհ. ժողով չհամարուելով մէկտեղ, անոր տուած որոշումները հետապնդուեցան ընդհ. համաձյնութեամբ: Այդ որոշումներէն մէկն էր Խանասորի արշաւանքը, որ ժողովի բերաւ Քրիստափորը (Նիկոլ Դումանէն թելադրուած) եւ որը, երկար եւ տաք վիճաբանութիւններու տեղի տուաւ, առիթ տալով որ Քրիստափորը իր ամբողջ հեղինակութիւնը մէջտեղ հանէ՝ զայն ընդունիլ տալու համար:

Այս ծրագրին դէմ արտայայտութիւնները շատ ուժեղ էին: Դէմ էր նաեւ Զաւարեանը: Բայց աւելի շատ կը հակառակէին Երկրէն եկած պատգամաւորները, որոնց հետ ե՛ւ ինքս:

Քրիստափոր կը պատճառաբանէր այսպէս – Ալ բաւական է որքան զգուշացանք վրէժխնդրական արարքներէ: Թուրք Քիւրտ ամբոխը ամէն տեղ մեզ որս կը նկատէ եւ տեղի-անտեղի մեր վրայ կը յարձակի: Մեր զինատար խումբերը պատուէր ստացած ըլլալով չընդհարուիլ քիւրտերու հետ, չգրգռելու համար զանոնք գէշ դրութեան կը մատնուին եւ կռիւը կընդունին շատ աննպաստ պայմաններու մէջ: Պէտք է ուժեղ հարուած մը տալ սահմանագլուխի ամենավայրագ ցեղերէն մէկուն, սարսափեցնել զանոնք եւ պիտի տեսնէք որ Երկրի մէջ ուժերու կեդրոնացման մեր ծրագիրը աւելի դիւրութեամբ պիտի ընթանայ: Նոյն ձեւով – կըսէր ան – պէտք է ուժեղ հարուած մ'ալ տալ Պոլսոյ մէջ՝ Սուլթանին, աւելի լայն չափով պայթեցնել պանքերը եւ վնասել եւրոպական դրամագլուխին: Իսկ գալով կոտորածներուն, անոնք արդէն իսկ կը գործադրուին ու պիտի գործադրուին, առանց նայելու թէ՝ շենք տեղի կու տա՞նք թէ ոչ:

Անշո՛ւշտ, ընդդիմադրիներն ալ ունէին իրենց փաստերը: Դեռ թարմ էր 1895-96-ի կոտորածներու կսկիծը: Դեռ արիւնը չէր չորացած, եւ որ կարեւորն էր՝ ժողովուրդը անզէն էր տակաւին: Հաւանական որ Վանի մէջ կոտորածը սկսէր եւ տարածուէր: Սկզբունքով դէմ չէին անոնք ալ նման ուժեղ դասի մը: Բայց անհրաժեշտ կը նկատէին Երկրի մէջ նախ պատրաստութիւններ տեսնալ:

Խօսք չկայ, որ Քրիստափորին միացած էր ե՛ւ Նիկոլը: Օրերով վիճաբանելէ յետոյ, վերջապէս անցաւ Քրիստափորի տեսակէտը: Ընդդիմադիրները որ մեծամասնութեան պնդումին վրայ զինաթափ եղած էին, որոշումը ընդունուելէ յետոյ այլեւս իրանք ալ ոգի ի բռին նուրիուեցան գործին յաջողութեան եւ գործադրութեան մէջ ի յայտ բերին այն հրաշալի կարգապահութիւնը, որը, առանց ճնշումի միշտ տիրապետեր է Դաշնակցութեան մէջ, եւ որը գլխաւոր ազդակներէն մին եղաւ անոր ուռճացման եւ ուժեղացման:

Վհատուած եւ բարոյալքուած ժողովուրդի մէջ յեղափոխականները բացառութիւն կը կազմէին: Ամէն տեղ եռուզեր կար արշաւանքի յաջողութեանը համար: Ցանկացողներու թիւը հազարներու կը հասնէր. իսկ կուսակցութիւնը հնարաւորութիւն չունէր գոհացում տալու բոլորին: Կ'ընտրուէին ամէնէն վարժերը՝ յատուկ քննիչներու միջոցաւ:

Պաթումի օրինակը բաւական է գաղափար մը տալու համար: Այնտեղ մասնակցիլ ցանկացողներու թիւը երկու հարիւրի կը հասնէր: Կարօն – Ռոստոմի եղբայրը – որ եկած էր մարտիկներ ընտրելու, միայն 10-15 հոգի տարաւ զինափորձի եւ ընտրեց միմիայն 4 հոգի: Մերժուողները – որոնց մէջ էր ապագայի յայտնի Մէշէտին – պարզապէս երեխայի նման կու լային...:

1897 Յուլիս 25-ի կատարուեցաւ արշաւանքը, որ Խանասորի արշաւանք անունը ստացաւ:

Հարուածը կտրուկ, յաջող եւ նշանակալից էր: Մէկ կողմէն քիւրտ աշիրէթները սարսափեցան՝ զգալով ոյժի մը գոյութիւնը, եւ սկսան փնտռել հայոց բարեկամութիւնը, որուն շնորհիւ եւ կարելի եղաւ այնքա՛ն ռազմամթերք մտցնել Վան. իսկ միւս կողմէ՝ բովանդակ հայ ժողովուրդի մէջ հոգեկան ուժեղ ցնցում մը յառաջ եկաւ, առիթ տալով լուռ բայց խորունկ ոգեւորութեան:

Կոտորածներէն յետոյ առաջին հարուածն էր, որ Հայ Յեղափոխութիւնը կազմակերպուած ձեւով կու տար իր թշնամիներուն:

...«Կարկուտ տեղաց Խանասորի դաշտումը»...:

Ամէն գիւղի մէջ ու ամէն հայ երդիքի տակ այս երգը մնաց հայ շրթներուն վրայ, եւ հայ աշուղները, մէկ քանի ամսուան ընթցաքին զայն տարածեցին Կովկասի ամենախուլ անկիւններն անգամ:

«Կարկուտ տեղաց»ը եղաւ նա՛եւ Քրիստափորի ամենասիրած երգը: Տրամադրութիւնը լաւ եղած ատեն, մեղմ, շատ մեղմ ձայնով մը կերգէր, եւ՝ շեշտ տալով ձայնին՝

-«Մի վախենար, հանգիստ եղիր Բաջի ջան,
Կանանց երբէք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆէտան»... ոգեւորութիւնը ծայր էր տւած արդէն, ու կը սկսէր ամէնքին բացատրել թէ՝ վեհանձնութիւնը միշտ հայ կռւողի անբաժան յատկութիւնը պէտք է ըլլայ:

Խանասորի արշաւանքին յղացումն ու կազմակերպութիւնը յեղափոխական խիզախ ու փայլուն գործ մըն էր: Ընդդիմադիրներու մտավախութիւնները չիրականացան: Ո՛չ մէկ կոտորած: Ընդհակառակը՝ ապագայ յաջողութիւնները եկան արդարացնել մեր մեծ յեղափոխականին նախատեսութիւնները:

Արամ Յակոբեան, Սօֆիա
«Հայաստան» շաբաթաթերթ, Սոֆիա,
27 Յունիս 1924, Զ. տարի (6-րդ), Թիւ 28