08 March, 2022

ԴՐՕ. Դրաստամատ Կանայեան (1881-1956)

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Կենսագրական Նոթեր

Դրաստամատ Կանայեան, որ մեր ազատագրական շարժման եւ Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան մէջ իր պատուաւոր տեղն է գրաւած, ԴՐՕ անունով, ծնած է Արարատեան դաշտի Սուրմալու գաւառի Իգդիր աւանի մէջ, 1884 թուին:

Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, ընկեր Դրօն ուղարկուած է Երեւան, կրթութիւն ստանալու, ռուսական գիմնազիայի մէջ: Գիմնազիայի լրիւ դասընթացքը չաւարտած, 1904ին ընկեր Դրօն մտած է զինուորական ծառայութեան մէջ, պատրաստուելու ռուս բանակի սպայութեան համար: Սակայն հայ ժողովրդի ալեծուփ կեանքը թոյլ չէ տուած Դրոյին լրացնելու իր զինուորական կրթութիւնը: 1905ի Փետրուար ամսու սկիզբին, Բագուի զինուորական նահանգապետ Նակաշիձէն թաթարներու ձեռքով կազմակերպեց հայերու կոտորածը Բագուի մէջ: Երբ այդ կոտորածը լուրը կը հասնի Հիւսիսային Կովկասի Պեատիգորսկ քաղաքը, ուր զինուորական ծառայութեան մէջ էր ընկեր Դրօն, քանի մը օրով արձակուրդ կը ստանայ եւ կը մեկնի բանակէն, այլեւս երբեք չվերադառնալու համար: Ընկ. Դրօ կ'երթայ Բագու: Նակաշիձէի կազմակերպած հայասպան ոճիրը չէր կրնար անպատիժ մնալ: Եւ Բագուի կոտորածէն երկու ամիս չանցած, 1905ի Մայիսին, Նակաշիձէն կ'իյնայ հայու վրիժառու բազկի հարուածէն: Այդ բազուկը 20 տարեկան ընկեր Դրօն էր:

Բագուն եղաւ վտանգի ահազանգը, որ ստիպեց կազմակերպել հայկական ինքնապաշտպանութիւնը: Հայ-թաթարական բախումբերը ընդունեցան կանոնաւոր պատերազմի կերպարանք: 1905ին եւ 1906ին ընկեր Դրօն մասնակցած է հայկական ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն՝ Նիկոլ Դումանի եւ Սեբաստացի Մուրատի հրամանին տակ:

Հայ-թաթարական կռիւներու ընթացքին, զօրավար Ալիխանով-Աւարսկին աւերած էր հայկական գիւղեր մեր հին Նախիջեւանի շրջանին մէջ: Իսկ ատկէ առաջ, 1905ի ընդհանուր ռուսական յեղափոխական շարժման ժամանակ այդ զօրավարը անխնայ կերպով կոտորած եւ աւերած էր Վրաստանի Գուրիա կոչուած լեռնային շրջանը: Երկու դրացի ժողովուրդներու արեան համար պատասխանատու էր զօր. Ալիխանով-Աւարսկին: Վրացիներու կողմէ զայն պատժելու փորձը ձախողած էր: Այդ մահափորձէն յետոյ ցարական կառավարութիւնը Ալիխանով-Աւարսկիին նշանակած էր Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) շրջանի զինուորական նահանգապետ: 1907ին Ալիխանով-Աւարսկին պատժող ձեռքը դարձեալ եղաւ ընկեր Դրոյի անվրէպ հարուածող բազուկը:

1908ի վերջը ցարական կառավարութիւնը ձեռնարկեց Դաշնակցականներու ծանօթ զանգուածային ձերբակալութեան: Ամէնէն եռանդուն կերպով հետապնդուածներէն մէկը ընկեր Դրօն էր: Թուրքիա սահմանադրութիւն հռչակած էր եւ ընկեր Դրօ անցաւ Թրքահայաստան, ուր հաստատուեցաւ հին Բայազէտ, որ մօտաւորապէս 35-40 մղոն միայն հեռու էր ընկեր Դրոյի հայրենի Իգդիր աւանէն:

Համաշխարհային Առաջին պատերազմը արդէն սկսած էր, և թէեւ Թուրքիան կռուի մէջ չէր մտած, բայց բոլոր նշաններէն կ'երեւար, որ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը պատերազմին ժամանակի խնդիր է միայն: Կովկասի ռուսական բանակի սպայակոյտը պատրաստութիւններ կը տեսնէր յանկարծակի չգալու, թրքական յարձակման պարագային: Սպայակոյտը հայ կամաւորական գնդերու պատրաստութեան ծրագիր ալ ունէր: Եւ ահա, զինուորական իշխանութեան պնդումի վրայ, ընկեր Դրօ Բայազէտէն կը կանչուի ետ: Իր հայրենի Իգդիրի մէջ ան կը կազմակերպէ Հայ Կամաւորական Երկրորդ Գունդը եւ ռուս-թրքական պատերազմը սկսելու պէս ընկեր Դրոյի գունդը կ'անցնի սահմանը եւ կ'արշաւէ Արաղա-Բերկրի-Վան ուղղութեամբ: Բայց առաջին իսկ մեծ կռուին, Թափառէզի բարձունքի վրայ ծանր կերպով կը վիրաւորուի ընկեր Դրօն: Գրեթէ մահամերձ վիճակի մէջ ռազմադաշտէն նախ Իգդիր եւ ապա Թիֆլիս կը փոխադրուի, ուր շնորհիւ բժշկական խնամքի, չանցած երկու ամիս ոտքի կ'ելլէ ընկեր Դրօ: Ողնայարի մօտերը մտած գնդակը մնաց ընկեր Դրոյի մարմնին մէջ մինչեւ անոր կեանքի վերջը:

1915ի մարտին ընկեր Դրօ կրկին իր գնդի գլուխն անցած, Քեռիի եւ Համազասպի գունդերու հետ, իբրեւ յառաջապահներ ռուսական բանակի, կ'արշաւէ դէպի Վան-Թրքական պաշարումէն ազատած Վան մտնող առաջին գունդը եղած է ընկեր Դրոյի գունդը:

Այնուհետեւ ընկեր Դրոյի գունդը, մեր միւս չորս կամաւորական գունդերու հետ մասնակցած է բազմաթիւ կռիւներու, մինչեւ 1916ի աշունը, երբ Կովկասեան ճակատի հրամանատար հայատեաց մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը ցրուեց հայ կամաւորական գունդերը:

1918ին, երբ բոլշեւիկներու դրդումով ռուս բանակը լքեց ռուս-թրքական ճակատը, հայկական նորակազմ ուժերու մէկ մասի գլուխն անցած, ընկեր Դրօն պաշտպանեց Արարատեան Դաշտի ճակատը: Այդ ճակատի վրայ թուրքերը երբեք չկրցան յաջողութիւն ունենալ: 1918ի մայիսեան ճակատագրական կռիւներու ժամանակ ընկեր Դրօ վարեց Բաշ-Աբարանի յաղթական ճակատը:

Նոյն տարուան դեկտեմբեր ամսուն, Վրաստանի կառավարութեան թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի հանդէպ պատճառ եղաւ, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմ սկսի: Իբրեւ Դիլիջան-Լոռի զօրամասի հրամանատար, ընկեր Դրօ ղեկավարած է հայկական ուժերը հայ-վրացական այդ պատերազմի մէջ:

Հայկական բանակը ընկ. Դրոյի հրամանին տակ դուրս քշեց վրացական զօրքերը Հայկական Լոռիէն: Դեկտեմբեր 13էն սկսած, անընդհատ կռիւներու մէջ պարտուած վրացական զօրքերը նահանջեցին Թիֆլիսէն ոչ հեռու գտնուող Սադախլօ երկաթուղային կայարանը, ուր հասան Դեկտ. 31ին: Վճռական ճակատամարտը որ տեղի պիտի ունենար այդտեղ, տեղի չունեցաւ, որովհետեւ անգլեւֆրանսական զինուորական ներկայացուցիչներու միջամտութիւնով զինադադար կնքուեցաւ որ վերջ տուաւ հայ-վրացական ցաւալի բախումին:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան շրջանին ընկեր Դրօ վարեց Հայաստանի ռազմական նախարարի օգնականի պաշտօնը: Պաշտօնի բերումով ընկեր ընկեր Դրոյի վրայ էր դրուած Հայաստանի մայրաքաղաքի պաշտպանութեան հոգը:

1920ին, երբ տեղի ունեցաւ սովետեւթուրք զինակցութեան միացեալ յարձակումը Հայաստանի վրայ, դարձեալ ընկեր Դրոյին վիճակուեցաւ պաշտպանել Արարատեան Դաշտի ճակատը թուրքերու դէմ: Եւ դարձեալ, ինչպէս 1918ին, թուրքերը ոչ մէկ մատնաչափ հող կրցան գրաւել զինու զօրութեամբ: Ամէն տեղ այդ ճակատի վրայ թշնամի հանդիպեցաւ ընկեր Դրոյի ղեկավարած արի զօրամասերուն, որոնք երբեք չընկրկեցան: Այդ ճակատի վրայ թուրքերու հողային գրաւումները տեղի ունեցան զինադադարի պայմաններով միայն:

Հայ եւ ռուս բոլշեւիկները, ռուսական Կարմիր բանակի օգնութեամբ, տիրացան իշխանութեան: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Մոսկուան ստորագրեցին Համաձայնագիր, որ Մոսկուան յետոյ մէկ կողմ շպրտեց: Խորհրդային նորակազմ կառավարութեան մէջ մտան ընկերներ ե՛ւ Դրօն ե՛ւ Համբարձում Տէրտէրեան: Վերջիններուս իշխանութիւնը հազիւ շաբաթ մը տեւեց: Երբ բոլշեւիկները Երեւանի մէջ հաստատւոեցան, անոնք ընկեր Դրօն տարին Մոսկուա, իբրեւ տեսակ մը պատուաւոր աքսորական: Երկու տարիի չափ ընկեր Դրօ մնաց Մոսկուա, այն յոյսով, որ բոլշեւիկները յետ պիտի առնեն թուրքերէն Կարսն ու Սուրմալուն, զորս թուրքերը գրաւած էին բոլշեւիկներու օժանդակութեամբ: Համոզուելով, սակայն, որ բոլշեւիկները ոչինչ պիտի ընեն Հայաստանէն խլուած հողերը ետ ստանալու, ընկ. Դրօ գտաւ միջոցը Խորհրդային իշխնաութենէն արտասահմանեան անցագիր ստանալու եւ անցնելու Ռումանիա:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին գերման բանակի կողմէ գրաւուած երկիրներու մէջ հայութեան պաշտպանութիւնը եղաւ ընկեր Դրոյի մեծ ծառայութիւններէն մէկը հայ ժողովուրդին:

Իր կեանքի վերջին տարիները ընկեր Դրօ անցուց Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութներու մէջ: 1946էն սկսած, ընկեր Դրօ չորս անգամ եկաւ Միացեալ Նահանգները: Առաջին անգամ ան եկաւ ամերիկեան զինուորական իշխանութիւնները հրաւէրով, իր փորձառութիւնով օգտակար ըլլալու համար Ամերիկայի ռազմական պաշտպանութեան գործին:

1950 թուէն սկսած ընկեր Դրոյի Տիկինը՝ ընկերուհի Գայիանէն եւ անոնց զաւակը՝ Մարտիկը, հաստատուած են Պոսթըն: Մեր անզուգական ընկերը՝ Դրօ, իր կեանքի վերջին ամիսները անցուց իր ընտանիքի մօտ:

«Հայրենիք», Պոսթոն
57-րդ Տարի, Թիւ 13,342
Կիրակի, Մարտ 11, 1956

Զօր. Դրաստամատ Կանայեան*

Տասնըեօթը տարի առաջ 8 Մարտի 1956-ին, Պոսթընի մէջ իր աչքերը յաւիտենապէս կը փակէր հայրենաբնակ ու տարասփիւռ Հայութեան պաշտամունքին առարկայ ազգային հերոսը՝ ընկեր Դրօ (զօրավար Դրաստամատ Կանայեան), յետ երկարատեւ եւ անողոք հիւանդութեան:

Փոթորիկներով, խիզախութեան գործերով, նուիրումի եւ յանդուգն նախաձեռնութեանց վաստակով մը հարուստ եղաւ իր կեանքը հայրենքի թէ սփիւռքի մէջ, քաղաքացիական թէ զինուորական ճակատներու վրայ, Հայութեան ամենէն ճգնաժամային եւ բախտորոշ օրերուն:

***

Խառնւածքով յեղափոխական եւ մարտունակ, շուտով ուշադրութիւնը կը գաւէ ահաբեկոչական շարժումին մէջ: Ցարական հայահալած քաղաքականութեան հետեւանքով, սարսափի օրեր կ'ապրէր հայութիւնը 1900ական թւականներուն, ենթակայ՝ զանազան գաւառներու եւ քաղաքներու մէջ նահանգպաետութեան կամ գաւառապետութեան պաշտօն վարող կառավարիչներու սանձարձակ խուժդուժութեան: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, բանականութեան եւ արդարութեան ճամբով մեր ժողովուրդի կեանքն ու ինչքերը ապահովութեան տակ առնելու փորձերէն յուսահատ, կ'որոշէր պատուհասել բոլոր չարագործները:

Այս օրերուն, ահաւասիկ, որ հերոսական խոյանքներու շարքը կը սկսի Դրոյի համար, Սուրմալուի գաւառապետ Գալանցինի ահաբեկումով, - ցարական պաշտօնատար մը՝ որ հայ եկեղեցական կալւածներու գրաւման մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր (1903):

***

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ Համբարձում Տէրտէրեանի հետ մաս կազմեց խառն կառավարութան, սակայն Սովետներու կողմէ 1920 դեկտեմբեր 2-ի համաձայնագրի դրժումէն վերջ անցաւ Մոսկւա, իբրեւ «պատւաւոր աքսորական»: Մնաց երկու տարի, յաջողեցաւ անցնիլ Թիֆլիզ, ապա նաեւ արտասահման՝ Ռումանիա, ուր կը սկսի սփիւռքեան իր կեանքն ու գործունէութիւնը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատասխանատու դիրքերուն վրայ, ապա նաեւ իբրեւ անդամ Բիւրոյի:

Հաղորդական, զւարթախող, յարաշարժ եւ սրատես՝ լայն ժողովրդականութիւն վայելեց նաեւ վերջին 35 տարեիներու իր կեանքին մէջ,- մինչեւ վերջին շունչ առարկայ՝ սիրոյ եւ յարգանքի:

*հատուած
«Ալիք», Թեհրան
Երկուշաբթի, 19 Մարտ 1973
ԽԳ. Տարի, Թիւ 62 (10,348)