Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
ՆԻՒԹԵՐ ՄՕՏԻԿ ԱՆՑԵԱԼԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հրատարակում ենք մեր ողբացեալ ընկերոջ, Հրայրի մի տեղեկագիրը Տարօնի մասին, ղրկւած «Դրօշակ»ին 1901 թ, գրւած այն սիրուն, յուզիչ, ինքնատիպ ոճով, որ հանգուցեալի գրչի զարդն էր
Տարօնի հերոսները.– Մուշ եւ Սասուն – Մուշ եւ Սասուն տարիներէ ի վեր ունեցած են այնպիսի գործիչներ, որոնք պաշտելի եղած
են ժողովրդին: Թէեւ շատերը չունին իրենց նկարներն ու կենսագրութիւնները, բայց ժողովուրդը
երբէք չկրնար մոռնալ այդ հերոսներին, երգերով կը պաշտէ նոցա գործն ու արիւնն: Չենք
կրնար մի րոպէ մոռանալ եւ մենք, եւ մեր ամեն մէկ գրւածներու մէջ չյիշել նոցա անմահ
անունները: Միհրա՜ն, Մուրա՜տ,– այն արիւնաներկ կարապետները բռնութեան ձորերում. Աբրօ՜,
Գուրգէ՜ն, Արա՜մ, Ռուբէ՜ն – այն ժողովրդական ճշմարիտ հերոսները. Մարգա՜ր, Սերո՜բ –
այն վեհանձն մարտիկները, որոնք իրենց ջահել արեւն չխնայեցին Ազատութեան գործին: Ասոնք
են ժողովրդի հարազատ զաւակներն ու ոսկէփունջ պսակները: Ասոնք են ժողովրդի մխիթարիչներ
յուսահատ րոպէների մէջ: Ասոնք են վրէ'խնդրութեան բորբոքիչ կայծերը:
Յարգա՜նք քաջերին:
Նահատակ ինկաւ Գուրգէն Մշոյ Ցրոնք գիւղի մէջ: Նա այն անմահ գործիչներէն էր, որ ժողովրդական դատի պաշտպանութեան հաամր, ուրախ ու զւարթ կը տանէր ամեն կերպ տառապանք ու զրկանք:Նա իբրեւ անձնւիրութեան աննման օրինակ կը ցանկար ամեն մի ձեռնարկ անձամբ կատարել: Պատահեցաւ Ցրօնք գիւղ կարեւոր գործի համար, իր հետ ունենալով մշեցի յայտնի ազնիւ հայդուկները՝ Ռուբէն, Տիգրան, Վարդան, Կրպօ, Նշան եւ Փարսահտան, բոլորն ալ պաշտելի երիտասարդներ: Շատերը զոհ տւած են եղբայրներ, քոյրեր, ծնողներ. զոհ տւին եւ իրենց արեւն ու կեանքը, ինկան քաջի պպէս. թշնամւոյ վրայ ընդհանուր սարսափ տիրեց: Մշոյ երեւելի եւ խելահաս անձնաւորութիւնն Դալիպ էֆէնտին, Ալայի պէյի հետ միասին, զօրաց ու քրդաց մեծ բազմութեամբ յանկարծ պաշարեցին Ցրօն գիւղը: Մեր հերոսները անտեղեակ մարագի մը մէջ կը գտնւէին, Մուշէն ալ զօրք ու թիւրք հասարակութիւնը հասաւ. հոն գումարւած էր հազարաւորներու խառնիճաղանչ բազմութիւն մը: Մօտակայ Խարդոս գեղէն քարիւղ բերելով կրակ տւին հերոսների բնակավայրին: Գուրգէնն երբէք չկորսնցուց իր ոգւոյ բարձրութիւնն, երբէք չգիտցաւ վհատիլ, շփոթիլ. կանչեց «Երգեցէ՛ք տղերք», սսկեցին ռազմի երգերի ներդաշնակ մեղեդին.... Ա՜յնքան ազդեց այդ նահատակութեան մեղեդին, որ Ալայի պէյը մինչեւ անգամ կը պօռար. «Աստւած սիրողը թող մի րոպէ դադար տայ գնդակներին»: Հերոսները մուխի ու ճարճատող կրակի մէջէն դուրս թռան. ակնթարթի մը մէջ թափւեցան հազարաւոր գնդակներ. ինկան վիրաւոր մեր տղերքը, այդ վիրաւոր դիաթաւալ վիճակի մէջ ապա սկսւեց ճակատամարտը: Ինկաւ Դալիպ էֆէնտին, ինկաւ Ալայի պէյի քեռորդին, զօրապետ մը, ինկան զօրքեր ու քրդեր ամբողջ 11 հոգի: Ինկա՜ն եւ մեր տղերքը: Հայդուկներէն Մկրտիչը թշնամւոյ պարիսպը ճեղքելով անցաւ, կռւեցաւ անօրինակ քաջութեամբ մինչեւ Մեղրագետի ափերը, հոն փամփուշտները հատնելէ յետոյ վիրաւոր ինկաւ, ծնկների վրայ եկած դաշոյնը ձեռքին կըսպառնար մահ, եւ ոչ ոք չէր համարձակեր մօտենալ այդ ուժասպառին. ժպիտը երեսին կը խնդար թշնամւոյ վատհոգութեան ու թուլութեան վրայ: Հեռւից ստացաւ նորէն վերքեր եւ ինկա՜ւ: Մկրտիչը ներկեց իր արիւնով Մեղրագետի ջրերը... Կը յիշեմ աստ Տամատեանի գրւածքի այս կտորը - «Ցամքի՛ր, այլ եւս ո՜վ աղբերակն հրաշազան, զի բռնութիւն քու ջուր խմեց ու պղծեց, թո՛ղ Մեղրագետ այլ եւս արեամբ կարմրէ, իսկ թէ արիւնն ալ աստ փոխաւեր է սպիտակ՝ թող արտասւաց դառն վտակ ընդ իւր ակօս գլորէ»:
Մեր հերոսների մարմինները բերին Մուշ, թաղեցին իրար կողքին Մշոյ արեւելահարաւ, գերեզմանատան մէջ, Ս. Մարիանէ եկեղեցւոյ դիմաց:
Թշնամին իր կատաղութիւնը թափեց Ցրօնքի վրայ, սպանեցին երկու հայեր, աւարի տւին ամբողջ գիւղը, ձերբակալեցին շատերը, որոնք դեռ կը տնքան բանտի անկիւնները:
Անցնի՛նք, թռչի՜նք այդ արիւնոտ պատմութեան վրայէն ալ: Կարգն եկաւ ժողովրդական հերոսին, Տարօնի առիւծ Սերոբին: Սերոբը հսկայ, գեղեցկադէմ, կռւելու ընդունակութիւններով օժտւած Ախլաթի Սոխորթ գիւղացի մի ազնիւ երիտասարդ էր. թշնամին նրա անօրինակ փորձերն շատ անգամ առած էր: Թշնամին տեսաւ, թէ ինչպէս Սերոբ Նէմրութի կողքերու վրայ ազատեցաւ միայնակ կռւելով յիսուն կանոնաւոր զօրաց հետ, եւ միւս կողմէ ալ կռւելով բնութեան արգելքներու դէմ... Ձմեռ էր, ձիւնը պէտք էր ճեղքել ու վեր բարձրանալ, այդ միայն Սերոբին յատուկ էր: Թշնամին տեսաւ, թէ նա ինչպէս վրէժխնդիր եղաւ այն հայ եւ թուրք վատերուն, որոնք ժողովրդի տզրուկներն էին: Թշնամին տեսաւ, թէ ինչպէս նա ձերբակալեց շատ մատնիչներ, տարաւ Նէմրութի գագաթը, հոն Աստուծոյ մօտիկ տեսաւ ընկերական դատաստան, տւաւ մահւան վճիռներ եւ շատերուն ալ վեհանձնաբար ներեց...
Սերոբի կատարած գործերու մանրամասնութիւնները պէտք է թողնել մտքի հանգիստ շրջաններուն: Կը յիշեմ միայն Բաբշէնի կռիւը, որը համահասաւար է Խանասորի, Խաստուրի, Բանկի ընդհարումներուն, եւ գուցէ անոնք չհասնեն դեռ այդ ճակատամարտին, նսեմանան սրա առջեւ, եթէ համեմատութեան դնենք տեղը, դիրքը եւ թշնամւոյ անհամեմատ ուժը:
Բաբշէնը Բաղէշէն կէս ժամու հեռաւորութեամբ գիւղ մ'է Սերոբ իր կտրիճ հայդուկներով հոտ կը գտնւէր, խումբը կը բաղկանար 14 հայդուկներէ: Դաւաճաններու դաւերով՝ առաւօտեան լուսաբացին պաշարման վիճակի մէջ դրւեցաւ Բաբշէնը: Կարծես ուրախ ու զւարթ Սերոբը այդպիսի մի օրւայ կըսպասէր, ուր երեւան պիտի գար իր հերոսութեան նկարը: Նա իր հայդուկներով բարձրացաւ մօտակայ բլրակը. Զօրքերու եւ քիւրդ աշիրէթներու անհամար բազմութիւն մը թափւեցան բլրակի չորս կողմ. մօսին հրացաններ սկսեցին գոռալ բլրակի գագաթէն. Սերոբ իր խրոխտ ձայնով ազդու հրահանգներ կորոտար հայդկուներին, կը դիտէր նոցա դիրքերը ու կ'ըսէր. «մի վհատի՛ք, Աստւած մեր կողմն է, յաղթութիւնը մեր բաժինն է»: Կարկտի նման կը տեղային գնդակներ. հասան թնադնօթակիր զօրքեր, սկսեցին թնդանօթներ գոռալ, բայց Մօսինի գնդակները անմիջապէս ցիրուցան ըրին թնդանօթաձիգ զօրքերը, երբ մի քանի զօրապետներ ու զօրքեր զոհ տւին: Մինչեւ երեկոյեան մութը տիրելուն՝ հազիւ կրցան 12 թնդանօթ արձակել: Սերոբը քմծիծաղով կը դիտէր թշնամին եւ կը պօռար «Սեդրա՛կ, Նշա՛ն, Մուշե՛ղ, ինչո՞ւ ձայն տալով չէք կռւիր». Սեդրակ, Մուշեղ, Նշան բլրակի դիմաց նստած՝ պահապան հրեշտակի նման կը լսէին Սերոբի ազդու ձայնը եւ գնդակներով կը պատասխանէին. «մենք ահա կը կատարենք մեր բաժինը, ջանացէք դուք որ ձեր դիրքը անմատչելի մնայ»: Վերջապէս երկարեցաւ կռիւը մինչեւ երեկոյեան մութ տիրելուն, մեր հայդուկներու զոհը միակ Սարգիսն էր, որը իր դրից մինջեւ ճաատէն գնդակահար լինելով, երեսը դրած հրացանի կոթին կը հանգչի, առանց շարժւելու, առանց իր դիրքը փոխելու: Իսկ թշնամին կորսնցուց Բաբշէնի շրջակայքը 60-70 հոգի: Երեկոյեան մութը վերջ տւաւ կռւոյն, ոտքի ելան հայդուկները գոհ սրտով, բայց թշնամին պաշարման մէջ կը պահէ կռւոյ դաշտը, սպասելով երկրորդ օրւայ լուսաբացին: Առին անմահ Սարգսի զէնքերն ու գոյքերը, համբուրեցին նորա արիւնոտ ճակատը եւ վար իջան բլրակէն: Ոլոր մոլոր ճամբաներով յաջողեցան առանց ընդհարման անցնիլ թշնամւոյ պարիսպը, մինչեւ անգամ լսելով շատ մօտէն քրդերի խօսակցութիւնները, թէ «ով որ կառնէ ամսական, թող այն մեռնի թագաւորի համար»: Սերոբը իր հայդուկներով ազատեցաւ եւ հոն կանգնեց յաղթութեան կոթող մը: Հին ազգայնական պատմութիւններո գրւածները շատ անգամ չափազնցութիւն կը համարենք, ահա օրինակը, թող լսէ ամբողջ աշխարհը, բայց ափսո՜ս որ միայն մի օր էր...
Տաճիկ կառավարութիւնը եւ խուժանը առաւօտուն չտեսան ոչ ոք բլրակի վրայ, ամօթահար ետ դարձան: Այս կռւէն յետոյ Սերոբը թիւրքերի համար դարձաւ «փաշա» ինչպէս ալ կանւանէին «Սերոբ փաշա», իսկ մեզ համար նւիրական ու պաշտելի նահատակ:
Կառավարութիւնը չէր կրնար մոռնալ այս բոլորը. իր կատաղութիւնը թափեց նրա տան վրայ, ձերբակալեց Սերոբի մեծ եղբայր Մխէն եւ կինը: Անլուր տանջանքներէ յետոյ յաջողեցաւ Մխէն փախչիլ բանտէն. Շատ մը դաղւած սպիներով ազատեցաւ եւ Մխէի կինը, որին Տատօ կը կանչէինք: Աւարի առնւեցաւ Սերոբի տան մեծ հարստութիւնն, ոչխարն ու տաւարը. փախստական Սերոբին հասան իր կին Սօսէն, որդին Յակոբ եւ միւս եղբայր Զագարը: Կազմեցին ամբողջ ընտանիք մը Սասնոյ գագաթին: Չեմ ուզեր այլ եւս ասկէ յառաջ տանիլ պատմութիւնը, գրելու համար տոկունութիւն է հարկաւոր, կարդալու համար՝ սիրտ է պէտք:
Թշնամին շատ լաւ գիտէր, եթէ յարձակում գործէր Սերոբի դէմ Սասնոյ բարձրաւանդակների վրայ, պիտի կրկնւէր Բաբշէնի դերը աւելի լայն ծաւալով, աւելի փառաւոր պսակով... Յաջողեցաւ ձեռք բերել Սասնոյ Գեղաշէն գիւղացի Աւէ անուն դաւաճան մը: Լիրբ մը, որի միջոցով կարողացաւ Սերոբի համար կազմած ծրագիրը իրագործել: Թունաւորեց Սերոբի խմբակը... Հիւանդանալով բոլորն ալ ուժասպառ եղան, փորոտիքների կտորները դուրս կը փաթւէր. այսպիսի յարմար առիթ այլեւս թշնամւոյ ձեռք կարելի չէր անցնէր... Այդ ժամանակ միայն ութ հայդուկ ունէր Սերոբ իր մօտ, որոնցմէ մէկ քանին ալ ծանրապէս հիւանդ:
Առաւօտեան լուսաբացին Բաղէշէն եւ Մուշէն յանկարծ հասաւ զօրաց բազմութիւն մը եւ ուղղակի յարձակում գործեց Կէլիէկուզանի մէջ այն տան վրայ, ուր կը գտնւէր Սերոբը իր ընտանիքով: Հայդուկները թեւերու տակ ինկած հազիւ կրցան գեղէն դուրս հանել. նա քալելու ուժ ու կարողութիւն չունէր: Տեսաւ թշնամին եւ անվախ յարձակեցաւ: Սերոբը կարծես յոգնած խնդրեց իր հաւատարիմ հայդուկներէն. «դրէք ինձ այս քարի առջեւ իմ վերջին օրն է, եւ ջանացէք գէթ ձեր կեանքն ազատել. մնա՛ք բարեաւ»: Երբ վար դրին, հրացանի խողովակը ճակատին փակցնելով ծանր հառաչանք մը թռաւ սրտէն, նրա կինը Սօսէն, Մշոյ երկրորդ Կարինէն, կանգնած նրա առջեւ այս ու այն կողմ կը տարուբերւէր՝ կարկտի նման թափւող գնդակները Սերոբին չդպչելու համար: Սերոբ չկրցաւ ոչ մի գնդակ ուղղել դէպի թշնամին. Վէրք մը ստացաւ ոտքին, հասաւ զօրաց բազմութիւնը, դեռ նա կը շնչէր, կտրեցին նրա ազնիւ գլուխը, Սօսէն մի քանի կաթիլ արցունք թափեց նրա դիակին եւ հեռացուցին, ինկան հոդ իրար կողքի Սերոբի եղբայրներ Մխէն ու Զաքար, որդին Յակոբ եւ չորս հայդուկներ. միւս չորս հայդուկներ բարձրացան լեռների գագաթներ կռւելով. թշնամին այլ եւս իր նպատակին հասած էր, հայդուկներու ետեւէ գնալու պէտք չկար: Մեծ ուրախութեամբ տարին Սերոբի գլուխը դէպի Մուշ Սօսէ ի հետ միասին, անկից ալ Բաղէշ:
Անէ՜ծք ու նզո՜վք այն ձեռքերուն, որ համարձակեցան դաւաճանել ու կարճել այսպիսիներու արեւն ու կեանքը: Նզո՜վք այն հայուն, որ կը մոռանայ այսպիսիներու սրբազան արիւնն: Սօսէն Բաղէշի բանտէն ազատ արձակւեցաւ: Մխէի կին Տատօն այդ սեւ ու մութ րոպէին Սերոբի երկամեայ Սասիկ անուն որդին փախցնելով ազատեց: Ի քաջալերութիւն հայի արեան՝ սուլթանը շատերը պաշտօնով բարձրացուց, մինչեւ յետին ոստիկաններուն ալ պատւանշաններ տւաւ, հասկցնելու համար թէ, որքան թափէք հայի արիւն, այնքան յարգանքի ու պատւոյ կ'արժանանաք: Այլ եւս ինչո՞ւ թիւրք եւ քիւրդ հասարակութիւնը չթալանէ, չկոտորէ ու չսպաննէ:
Մոռնալ չէր կարելի, վրէ՜ժ էր պէտք: Անցան մի քանի ամիսներ. մեր հայդուկները գիշեր մը յարձակեցան դաւաճան Աւէի տան վրայ մտան ներս եւ մոմերը վառած սկսեցին հարցաքննել: Աւէն անկապ խօսքեր կ'արտասանէր, տւաւ իր դաւաճանութեան մասնակցող մի քանի հայերու անուններն ալ եւ լեզուն փակւեցաւ: Կեցցե՜ն, ապրի՜ն այն հայդուկները որ չգիտէն գթալ այդպիսիներու վրայ, այդպիսի րոպէներու մէջ, 30-32 դաշոյնի եւ գնդակի հարւածներով ծակոտեցին Սերոբի դաւաճանի մարմինը, Աւէի աներձագ (կնոջեղբայր), որը Կէլիէկուզանցի էր եւ մասնակից այդ դաւաճանութեան, կարծես Աստւած ղրկած էր այդ գիշեր հոդ իր արժանի պատիժը կրելու համար: Գործը ժողովրդի սրտին մօտ էր եւ դուրեկան, մի րոպէ սրտի հանգստութեան օ՜խ մը քաշեցինք: