ՄԵՐ ԶԻՆՒՈՐԱԿԱՆ
ԶՈՀԵՐԸ
ՏԱՐՕՆ
Գոմսայ Կորիւնը
Գոմսայ Կորիւնը յայտնի էր եւ Իսրօ անունով: Բնիկ Մշոյ Գոմս գիւղէն էր, հարուստ ընտանիքէ: Կրթութիւնը կառնէ Ս. Կարապետի դպրոցը: Քսան տարեկան Իսրօն կը դառնայ գիւղապետ, շնորհիւ Հրայրի կը դառնայ Դաշնակցական, անոր աշակերտն ու երկրպագուն: Դաւաճան Աւրանաց Կարապետ վարդապետի տէրօրը կը գործադրէ, կը մասնակցի ֆէտայիներու կռիւներովնշ կը ձերբակալւի եւ Մուշի մէջ կը բանտարկւի 101 տարւան պատիժով, բայց կը ծակէ բանտին պատը եւ կը փախչի Սասուն, ուր նեցուկ կը դառնայ Հրայրին:
Գ. Չաւուշի հետ կը մասնակցի քանի մը կռիւներու: Նորաշէնի, Յունանի կռիւներով կեդրոնական անձն էր Կորիւնը: 1904-ի, Սասունի ապստամբութեան ատեն աչքի կը զարնէ իբրեւ լաւ ղեկավար եւ կռւող: Կը մասնակցի գրեթէ բոլոր կռիւներուն Գոմսիշ Կուրաւայ, Գոմերի, Շամիրամի, Աղթամարի մէջ եւ այլն:
Գէորգ Չաւուշին կը միանայ եւ Աղթամարէն կը վերադառնայ Տարօն: Ախլաթի մէջ կը մասնակցի Կծւակի կռիւներուն: Մշոյ դաշտը հասնելով, կը վերակազմէ կուսակցութիւնը Հրայրի մեթոտով, կը պայքարի Կռտան Ալայ պէկի բռնութեանց եւ զինահաւաքման դէմ, կապ կը հաստատէ Քիւրտերու հետ եւ գործակցութեան դաշինք կը կնքէ: Կանցնի Բինկօլ, խորըմնեկցի աշրէթապետ Նիյազիի մօտ եւ կը կազմակերպէ քրտական կոմիտէ: Յետոյ կ'երթայ Խնուս, կազմակերպական գործերով: Անձամբ կը սպաննէ դաւաճան մը որ իբր լրտես սարսափի մէջ կը պահէր մեր հայ եւ քիւրտ համակիրները: 1906-ին Կովկաս կանցնի: Առաջին անգամն էր որ հայրենի երկրէն դուրս կելլէր: Տարօրինակ կը թւէր Կորիւնին Ռուսաստանի նիստ ու կացը: Ընկերները զայն կը տանեն թանգարան, երաժշտանոց եւ թատրոն: Թիֆլիսի Արտիստական թատրոնին մէջ կը ներկայացնեն «Վարդան Մամիկոնեան»-ը: Կորիւն խիստ զգայուն եւ յափշտակւող, երբ բեմին վրա կը տեսնէ Վասակ Մամիկոնեանը ամբարտաւանացած, մոռնալով որ իրականութիւն չէ այլ խաղ, երկրորդ յարկէն աթոռը կը նետէ բեմին վրա Վասակը սպաննելու համար: Աղմուկը ծայր կուտայ եւ շշմած Կորիւնը կը բանտարկեն, սակայն բացատրութենէ վերջ ազատ կարձակեն: Բագուն կամ Թիֆլիսը Կորիւնի տեղը չէր, ան չէր ախորժէր քաղաքներու կեանքէն: Կը խնդրէ զինք ղրկել լեռնային գաւառները, ուր գիւղացիներու մէջ գործ կայ իրեն համապատասխան: Եւ կը ղրկւի Զանգեզուր, Ղարաբաղ, երկու գաւառներ որոնք նման են Սասունին: Կորիւն իր տեղը գտած էր. շուտով կը դառնայ ժողովուրդի սիրելին եւ առաջնորդը, փոքրաթիւ ընկերներով հրաշքներ կը գործէ Բարգուշատի, Ղափանի, Սիսիանի եւ Արեւիկի շրջաններուն մէջ, հայ-թաթարական կռիւներու ատեն: Բազմաթիւ հայ գիւղեր իրեն կը պարտին իրենց կեանքը: Կորիւն ոչ թէ պաշտպանողական միջոցներով, այլ շեշտակի յարձակումներով կապահովէ հայ գիւղերը, թաթարները եւ քիւրտերը պահելով սարսափի մէջ: Իբր երախտագիտութիւն, այդ լեռնային ժողովուրդը իր նորածին մանուկները կանւանէր Հարօ կամ Կորիւն անուններով եւ գիւղ մըն ալ որ անկասկած մահւընէ ազատւած էր կը կոչւի Կորիւնաւան: Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը շատ կուզեն իրենց մէջ պահել Կորիւնը, բայց անոր հոգին կերազէր դէպի Տարօնն ու Սասունը: Հոն կիսատ մնացած գործ ունէր կատարելու:
«Դրօշակ» - Օգոստոս-Հոկտեմբեր 1926
Թիւ 8-10 (255-257)