Պէյրութ շատոնց նման յուղարկաւորութիւն տեսած չէր: Աւելի ճիշդը՝ երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսի յուղարկաւորութենէն ի վեր: Ու մինչ եղերաբախտ հայրապետին սգակիրներուն հոգին ալեկոծող զգացումները սէրը, վիշտը եւ ափսոսանքն էին, ընկ. Սիմոն Վրացեանի դագաղին հետեւող ծովածաւալ բազմութեան ապրումը եղան յարգանքը, երկուղածութիւնն ու երախտագիտութիւնը:
Արդարեւ, Շաբաթ 24 Մայիսի յետ միջօրէին, Պէյրութի հայութիւնը երախտաշատ մարդ մը յանձնեց հողին, Դաշնակցութեան Պանթէոնը տարաւ վարչապետը Հայոց, մարդը, որ վերջին վաթսունամեակի մեր ալեկոծ պատմութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղաւ, դէպքերուն եւ պայմաններուն վրայ դրաւ իր դրոշմը եւ ատով իսկ եղաւ պատմութիւն Հայոց՝ դառնալէ առաջ անջինջ յիշատակ:
Անհամար բազմութիւնը, որ հետեւեցաւ դագաղին եւ անոնք՝ որ ճամբուն երկու կողմերը պատ կազմած՝ յարգանքի իրենց մասնակցութիւնը բերին, փութալէ առաջ Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը, համրանք չունէր: Այսօրուան լիբանանեան թերթերը կը խօսին 50,000ի մասին՝ ընդգծելու համար մեծութիւնը մարդուն, որուն կ'ընծայուէր համազգային յարգանքը ու նաեւ մեծութիւնը զայն ծնող ժողովուրդին, որ գիտէ յարգել իր մեծանուն զաւակները, անոնք՝ որ իրենց անձէն վեր ու անկէ անդին, ունեցան ապրումը անանձնականին, ապրեցան ժողովուրդին համար ու անոր գերագոյն իտէալներուն:
Առաւօտուն, երբ մեծ հանգուցեալին մարմինը բերուեցաւ «Համազգայինի Նշան Փալանճեան» ճեմարան, իր այնքան սիրած կրթական հաստատութեան վերի կարգերու աշակերտութիւնը, պատուոյ շարք կազմած, խոր յուզումով դիմաւորեց իր տնօրէնը: ...
Առտուն ժամը 8.30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1.30, Ճեմարանի «Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ուր կը հանգչէր ընկ. Վրացեանի յոգնատանջ մարմինը, Հ. Մ. Ը. Մ.ի սկաուտներու պատուոյ պահակութեամբ, ծայր չունեցաւ շարքը անոնց, որոնք յարգանքի իրենց վերջին այցելութիւնը տուին հանրային բազմավաստակ գործիչին:
Կէսօրէ ետք ժամը 2ին, պատասխանատու ընկերներու եւ գործակիցներու խումբ մը Ս. Նշան եկեղեցի տարաւ ընկերոջ մարմինը, ուր եւս յարգանքի այցելութեան եկան ու հետզհետէ յուղարկաւորներու բազմութիւնը սկսան կազմել բոլոր տարիքի երկսեռ հայորդիներ:
...
Արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաճատ արք. Ուրֆալեան, շրջապատուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր միաբաններով, գլխաւորութեամբ Դրան Եպիսկոպոս գերշ. Տ. Գարեգին եպիսկ. Սարգիսեանի...:
...
Յուղարկաւորութեան կարգի արարողութիւններէն ետք, ընկերոջ դագաղին շուրջ, որուն առջեւ պատուոյ պահակ կեցած էին Հ. Մ. Ը. Մ.ի սկաուտներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններու ցաւակցութիւնները ընդունեցին ընկերներ Ատուր Գապաքեան, Կարօ Սասունի, Վահան Փափազեան, Վահէ Սէթեան, Յակոբ Գարաօղլանեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Անթուան Քեհեաեան:
...
Բոլոր անոնք որ Շաբաթ օր ականատես եղան այդ տեսարանին, անջնջելի յիշատակ մը պիտի պահեն իրենց հոգիին ու մտքին մէջ: Բառերը անզօր են նկարագրելու մարդկային այն ծովը, որ Տորայէն մինչեւ Մար Եուսէֆ ու անկէ՝ օթոսթրատի գրեթէ ամբողջ երկայնքին, մինչեւ գերեզման, հեղեղի պէս հոսեցաւ՝ երազային նաւակի մը պատկերը տալով դրօշածածկ դագաղին:
...
...երբ արդէն մութը սկսած էր կոխել, աւելի տպաւորիչ դարձնելով այս վեհաշուք թաղումը, դագաղին առջեւ յաջորդաբար խօսք առին՝
Գերշ. Տ. Գարեգին եպիսկ. Սարգիսեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա.ի, Կեդրոնական Վարչութեան եւ միաբանութեան.
Ընկ. Հրաչ Տասնապետեան՝ յանուն «Նշան Փալանկեան» Ճեմարանի եւ Լիբանանի ազգային բոլոր վարժարաններուն.
Ընկ. Սարգիս Զէյթլեան, յանուն Հրուանդանի Կեդրոնական Կոմիտէին, մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց եւ բազմահազար ընկերներուն.
Ընկ. Մուշեղ Իշխան, յանուն «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան, բոլոր մասնաճիւղերուն եւ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան.
Ընկ. Կարօ Սասունի, յանուն Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի եւ բոլոր Կեդրոնական Կոմիտէութեանց:
Վերջապէս հասաւ գերագոյն վայրկեանը, երբ մեծ հանգուցեալին անմիջական գործակիցները, մնացորդացը հին սերունդին, որ Հայաստանի մէջ գործի վրայ տեսած էր Վրացեանը, այդ սերունդէն երկու հոգի, ընկերներ Կոմս եւ Սասունի, պատասխանատու այլ ընկերներու հետ, Դաշնակցութեան Պանթէոնը փոխադրեցին ընկերոջ մարմինը: Հոն, պանթէոնին առջեւ, ամէնէն յուզումնալի պահը վերապահուած էր ժողովուրդին: Ընկ. Կոմս, մեր նահապետը, Սեւանի ափերէն բերուած ափ մը հող եւ Աղթամարէն քաղուած բուռ մը անթառամ ծաղիկ ցանեց իր մտերիմ ընկերոջ դագաղին մէջ, արտասուքներ խլելով աչքերէն:
Մութը կոխած էր արդէն: Պէշիկթաշլեանի «Քաջորդւոյն թաղումը» յիշեցնող ստուերներու անտառի մը մէջ, ինչ որ կորնչելի էր Վրացեանէն, յանձնուեցաւ հողին: Բայց ահա յանկարծ, գերեզմանատան չորս կողմերէն, բարձրացաւ բորբ ձայնը երիտասարդութեան, Վրացեաններու տեսիլքը եղող եւ անպայմանօրէն վաղուան իրականութիւնը ըլլալու կոչուած հզօր ապագային:
«Վէրքերով լի ջան ֆետային» եղաւ վերջին աղօթքը գաղափարի մարտիկներուն:
«Ազդակ», Պէյրութ
Երկուշաբթի, 26 Մայիս 1969
43րդ Տարի, Թիւ 68 (11,333)