Երէկ, հեռագիր մը կը գուժէր մեր ազգային, անզուգական հերոսներէն՝ Սողոմոն Թէհլիրեանի մահը, Սան Ֆրանսիսքոյի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Քանի մը օրէ ի վեր, տեղեկացած էինք թէ կաթուած մը անգործութեան դատապարտած էր իր մէկ կողմը, թէեւ բարելաւման նշաններ կը տեսնուէին:
Կը դարմանուէր, ընդհանուր գուրգուրանքի մէջ, եւ կը յուսայինք, որ պիտի առողջանար մեր սիրելի Սողոմոնը: Նախախնամութիւնը պիտի վերադարձնէր մեզի, ազգային հերոսը՝ ազգին, որուն փառքն էր ան, հակառակ իր անհուն համեստութեան:
Անողոք ճակագիրը այլ կերպ տնօրինած էր եւ երէկ մեզի հեռաձայնուեցաւ իր մահուան գոյժը, որ շշմեցուց մեզ:
Հերոսները չեն մեռնիր սակայն:
Թէհլիրեան, իր գործով եւ իր դիւցազնական կեանքով, խառնուած է իր ժողովուրդի ալեկոծ պատմութեան, եւ պիտի ապրի անոր հետ, ընդմիշտ:
Խռովայոյզ էր իր կեանքը, ինչպէս իր ժողովուրդի կեանքը, որ բազմաթիւ հալածանքներէ եւ կոտորածներէ ետք, 1915-ին, արիւնով արձանագրած էր մարդկային պատմութեան մէջ չգրուած էջեր. չտեսնուած արարքներ:
Սողոմոն Թէհլիրեան, հայ ժողովուրդին վրիժառու բազուկն եղաւ, իր երիտասարդ տարիքին: Անհունօրէն վշտահար՝ մեր ժողովորւդին թափած արիւնէն եւ տուած կորուստներէն, խորապէս վրդովուած բորենի թուրքին վայրագութիւններէն ու գազանային խառնուածքէն, 1920-ին, գետին փռեց ան Պերլինի փողոցներուն մէջ, հայութեան ջարդը կազմակերպողներէն՝ Թալէաթի գարշ դիակը:
Յանդգնութիւն մըն էր, զոր կատարեց ան, արդար վրէժխնդրութեամբ: Անիկա պատրաստ էր տալու իր կեանքը՝ իր ժողովուրդին համար, եւ պատրաստ էր՝ զոհուելու իր ընտանիքի աւելի քան 80 անդամներուն կորուստին վրէժը լուծելու համար:
Չսակարկեց բնաւ իր կեանքը եւ չվախցաւ երբեք, ու ներկայացաւ Պերլինի դատարանին, որ լսելէ ետք թէ՛ Թէհլիրեանը եւ թէ հայկական կոտորածներուն ականատես բազմաթիւ հեղինակաւոր վկաներ, ազատ արձակեց զայն, իբրեւ արդար վրիժառութեան կաթիլ մի միայն, հայութեան աւելի քան մէկ միլիոնին թափած յորդ ու սուրբ արիւնին:
Պերլինի մէջ դատաւորներ գտնուեցան, այն օրերուն...
Իր հերոսական ու վրէժխնդրական քայլը ցնցեց աշխարհը եւ զով շունչ մը տուաւ վշտահար հայութեան, ապացուցանելով նաեւ բոլորին, թէ անպատիժ չէին մնար հայ ժողովուրդին թշնամիները:
Իր գնդակը՝ պարզ վրէժի մը խտացեալ արտայայտութիւնը չէր, այլ բովանդակ հայութեան հոգեկան ալեկոծութեան հրեղէն մէկ ցայտքը: Աւելի քան միլիոն մը հայ նահատակներուն հառաչանքներուն արդար ու մոլեգին ճիչը: Թէհլիրեան դարձաւ պանծալի խորհրդանշան ազգային վրէժխնդրութեան, որ հետագային, մէկէ աւելի անգամներ պոռթկաց, քաղաքէ քաղաք, Պոլիսէն Պերլին, Հռոմ, Թիֆլիս եւ այլ վայրեր, ուր Սողոմոնի խմորէն հայ քաջեր իրենց կեանքը նետեցին վտանգին դէմ, եւ սատկեցուցին հայութեան դահիճները, արդար ու անվախ քայլերով:
Իր վրէժխնդրութիւնը, ինչպէս միւսներունը, սովորական, անձնական չէր բնաւ: Թէհլիրեան գաղափարապաշտ էր խորապէս եւ իր ամբողջ էութեամբ ցնցուած էր՝ ժողովուրդի մը, ստեղծագործ ազգի մը պարտադրուած ճակատագրէն, թուրք դաճիկներուն կողմէ ծրագրուած:
Գիւղացի մըն էր ան, Բագառիճէն, ծնած 1896 Ապրիլ 20-ին, եւ հազիւ նախակրթութիւն ստացած իր գիւղէն, ապա նաեւ Երզնկայի դպրոցներէն: Կը մտադրէր ան ուսանելու երթալ Գերմանիա, սակայն կը ծագի Պալքանեան պատերազմը: Կարծէք թէ ճակատագրական էր այս ընդհատումը՝ իր մտքին զարգացման ընթացքին:
Չկրցաւ Գերմանիա երթալ, ուսանելու համար, բայց գնաց Գերման մայրաքաղաքը՝ իր ժողովուրդին դատը պաշտպանելու, անոր վրէժը լուծելու, գերման դատարանէն արդարութիւն պահանջելու համար, զոր ստացաւ այնքա՜ն շառաչուն կերպով:
Այսպէս, հնարաւորութիւն չւոնեցաւ զարգացումով տիրական դիրք մը գրաւելու, սակայն, հոգիով հարուստ, գիտցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ոսկեզօծ էջը գրելու:
Մարդիկ չեն կրնար գրագէտ, բանաստեղծ կամ արուեստագէտ դառնալ, օժտուած իսկ ըլլան. կեանքը, շատ յաճախ, արգելք կը դառնայ: Սակայն, կրնան միշտ բարձրանալ բարոյական ու հոգեկան մարզերուն մէջ, հոգիով անկախ եւ բարոյականով անբասիր դառնալ. բարձրանալ, միասին տանելով իրենց ժողովուրդը, բարձունքէ բարձունք:
Թէհլիրեան այս անձերէն եղաւ. իր ժողովուրդի խոնարհագոյն զաւակներէն մէկը, որ իր խանօուածքով հերոս դարձաւ: Հերոսները այդ խառնուածքը կ'ունենան: Կը խառնուին ազգային կեանքին ու արիւնին եւ անհուն զոհողութիւններու գնով, բարձր բարոյականով, իրենց հետ կը բարձրացնեն իրենց ժողովուրդի բարոյականը:
Թէհլիրեան գերազանցօրէն հայ, այդ վերելքը ընծայած է հայութեան: Հայ հերոսները, հիներն ու նորերը, նոյնը ըրած են: Մեր ժողովուրդը հազարամեակներ ապրած է, շնորհիւ այս հերոսներուն, որոնք արթուն պահած են մեր մէջ գաղափարականութիւնը, Չարին դիմադրելու կորովը եւ վրիժառու ըլլալու սրբազան կրակը:
Թէհլիրեան, ազգային այս խառնուածքին հարազատ եւ յաւիտենական խորհրդանշաններէն մէկն է: Յարգա՜նք իր բարձր հոգիին ու քաջարի քայլին:
Իր վճռական
ու անվախ բազուկին:
Իր անմոռանալի
յիշատակին: