21 Մայիս 1969ին, Լիբանանի մէջ մահացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ, 1921 թուականի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի» ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու անդամ, վաստակաշատ մտաւորական Սիմոն Վրացեանը: Կը ներկայացնենք իր մէկ յօդուածը հրապարակուած 1947 թուականին:
Երբեմն հասարակ, աննշան դէպքեր, պարզ արկած մը ինչպիսի՜ հետեւանքներ կ'ունենայ մարդոց կեանքին մէջ:
Երեւակայեցէք, որ խիստ կարեւոր գործի մը համար կ'աճապարէք երկաթուղիի գնացքի հասնիլ: Նստած էք կառքի մէջ ու անհամբեր կառավարի մէջքը կը ծեծէք, թէ՝ «շո՛ւտ հասիր, գնացքը չփախցնեմ»:
Ու, յանկարծ, անիւի մէջ բան մը կ'աւրուի: Կառքը կը կենայ: Կառապանը կը հայհոյէ: Դուն կը հայհոյես: Ու գնացքը քթիդ տակէն, կ'անցնի կը հեռանայ:
Ամէն բան
փճացաւ: Դառնացած տուն կը վերադառնաս: Գործդ կորսնցուցիր: Դժբա՜խտ մարդ ես:
Բայց ահա, քանի մը ժամ յետոյ կը բանաս ռատիոն և ի՜նչ... այն գնացքը, որով դուն պիտի ճամբորդէիր, ծանր արկածի հանդիպած է. կառաշարը ջախջախուած հարիւրաւոր մարդիկ մեռած կամ հաշմանդամ դարձած: Դուն կրնայիր անոնց մէջ ըլլալ: Փառք կուտաս Արարչին և կ'օրքնես կառքի արկածը, որ ազատած է քեզ այդ փորձանքէն: Այժմ արդէն երջանիկ ես:
Այսպէս է կեանքը. պզտիկ բաներէ մեծ հետեւանքներ կը ծագին: Աննշան դէպք մը հիմնովին կը յեղաշրջէ մարդու կեանքը: Պատահմո՞ւնք, ճակատագի՞ր – չեմ գիտեր:
Ինչո՞ւ սակայն այս խորհրդածութիւնը: Պարզապէս ըսելու համար, որ իմ Դաղնակցական ըլլալս ալ ոչինչ դէպքի մը, աննշան պատահմունքի հետեւանք էր:
Մեր Դաշնակցական ընկերները երբ կը պատմեն իրենց դաշնակցական դառնալու դէպքի մասին, սովորաբար յուզումով կը խօսին: Անապատճառ նշանակալից դէպք մը կամ հեղինակաւոր անձ մը մղած է զիրենք Դաշնակցութեան աւազանը՝ խորհրդաւոր մկրտութեամբ մը: Իմ մուտքը Դաշնակցութեան մէջ ոչինչ ունի հանդիսաւոր իր մէջ. աւելի զաւեշտական արկածի մը կը նմանի:
Ճիշդ է, ես ալ ուրիշներու պէս, երբ դեռ պատանի էի, կ'երազէի Սասունի ու Զէյթունի մասին: Րաֆֆիի Խենթերը, Ասլաններն ու Սաքօները իմ ալ պաշտելի հերոսներն էին: Նոր-Նախիջեւանի Թեմական Դպրանոցի երկրորդ և երրորդ դասարաններու աշակերտներս – Սարգիս Սրապիոնեան (Լուկաշին), Ալեքսան Միասնիկեան, Ռոմանոս Մելիքեան և ուրիշներ – ազգասիրական կրակով բոցավառ՝ կը սպառնայինք «զերդ ոբղկ ու գազար» ջարդ ու փշուր ընել, ոչնչացնել թուրքերը և Հայաստանը ազատել, բայց դեռ յեղեափոխութեան և յեղափոխական կուսակցութիւններու մասին գաղափար չունէինք:
Օր մըն ալ, ընկերներէս մէկը, խորհրդաւոր կերպով անկիւն մը քաշելով զիս՝ փսփսաց ականջիս «Վաղը երեկոյ իմ սենեակը կուգաս. շատ կարեւոր է. ուրիշի բան չըսես»:
Կարծես հազարամեակ մը անցաւ, մինչև որ վաղը «երեկ»ն հասաւ: Ճիշդ որոշուած վայրկեանին նշանակուած տեղն էի: Հոն էին և ուրիշներ 10-12 հոգի Թեմական Դպրանոցի և Ռոստովի գիմնազիոնի աշակերտներէն: Քիչ յետոյ, եկաւ լայնեզր գլխարկով և սև մօրուքով, լուրջ դէմքով երիտասարդ մը և անմիջապէս անցաւ գործի:
Կրակոտ և քիչ մը վերացական, դժուար հասկանալի խօսքերով բացատրեց ժողովի նպատակը.– Մենք, Ռուսաստանի հայերս, հոս հանգիստ կեանք կը վայելենք, մինչդեռ հո՜ն, Հայաստանի մէջ, մեր եղբայրները կը տառապին թուրք բռնակալութեան ձեռքին: Պէտք է միանանք, ոյժ կազմենք, դրամ հաւաքենք, զէնք գնենք և մեր ձեռքերով ազատենք Մայր Հայաստանը: Երիտասարդութիւնը առաջին հերթին պէտք է շարժի և մտնէ ընկերութեան մէջ: Այդ նպատակով է որ կանչուած էինք մենք:
Շարժուելու համար շատ ալ կրակոտ խօսքերու պէտք չունէինք. Րաֆֆին արդէն իսկ շարժած էր մեզ: Բայց ընկերութեան մէջ մտնելը տարբեր բան էր: Ընկերութեան մասին խորհդաւոր խօսքեր կը շրջէին բերնէ-բերան. «ընկերութեան տղաք», «ընկերութեան գործն է»: Եւ ահա ընկերութիւնը ինքը եկած է և կ'ուզէ որ մէջը մտնենք: Կարելի՞ էր առիթը ձեռքէ փախցնել: Պէտք կա՞ր երկար ճառերու մեզ համոզելու համար: Ամէնքս ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցինք արձանագրելու:
Մեր երիտասարդի խօսքերէն շուտով պարզուեցաւ որ ինքը Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչն է, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը առաջին յեղափոխական մայր կուսակցութիւնն է, և որ մենք պիտի կազմենք առանձին երիտասարդական խումբ: Ծրագրի և գործունէութեան մասին յետոյ պէտք է բացատրութիւն տրուի մեզ, իսկ այժմ պէտք է կազմակերպենք խումբը:
Այդպէս ալ եղաւ: Ընտրեցինք մեզի համար խմբապետ մը, գանձապահ մը, քարտուղարութեան պատիւն ալ ինծի վիճակուեցաւ: Նշանակուեցաւ յաջորդ ժողովը և երիտասարդը հրահանգեց քարտուղարին, այսինքն ինձ, որ քանի մը օրէն երթամ մօտը և ստանամ խմբի համար ծրագիր-կանոնագիր, գաղտնի թերթեր ևայլն: Ինքն ալ խոստացաւ ներկայ ըլլալ մեր երկրորդ ժողովին:
Ուրեմն, այլեւս յեղափոխական էի՝ ընկերութեան անդամ: Հրամայուած էր խիստ գաղտնապահութիւն: Յեղափոխութեան և գաղտնիքի բեռը մէջս ամբարած, քանի մը օրէն փութացի մեր կազմակերպիչի մօտ՝ Ռոստով: Տրուած հասցէով գտայ տունը, անհամարձակ քայլերով բարձրացայ երկրորդ յարկը և վարանումով պահ մը կեցայ. դէմ դիմաց երկու դռներ – ո՞րն է իմ փնտռածը: Հապա եթէ սխալ դուռ զարնե՜մ ու գաղտնիքս դուրս գայ... Մէկ դրան վրայ պղնձէ տախտակ մը կը կրէր անուն մը – «Փաստաբան Ջաւադ բէգ Բալուղեան»: Ա՞յս է արդեօք, երիտասարդը իր անունը չտուած: Վարանումով կոխեցի զանգի կոճակը: Քիչ յետոյ դուռը բացւեցաւ և շէմքի վրայ երեւցաւ գանգուր մազերով, համակրելի դէմքով երիտասարդ մը, որ ժպտուն աչքերով կը նայէր վրաս:
–Ի՞նչ էք կամենում, հրամեցէք ներս: Ի՞նչով կարող եմ օգտակար լինել ձեզ: Համեցէք, համեցէք:
Շուարած ներս մտայ: Առաջնորդուեցայ հիւրասրահ և տեղաւորուեցայ կակուղ բազկաթոռի մը վրայ: Այնքա՜ն ջերմ էր մթնոլորտը: Պատէն երեսիս կը նայէր սգաւոր Մայր Հայաստանը՝ նստած աւերակներու մէջ: Համակրելի երիտասարդը քաղցր խօսքերով կը ջանար փարատել շփոթութիւնս:
Յայտնեցի թէ Թեմականի աշակերտ եմ, եկած եմ պարոնի հրաւէրով, որ այս տունին մէջ կ'ապրի. կարծեմ, սխալ դու ծեծած եմ:
–Ընկերութեան գործո՞վ էք եկած, եղաւ շեշտակի հարցումը, որ աւելի ևս սաստկացուց շփոթութիւնս:
Ըսե՞լ թէ չըսել: Հապա գաղտնապահութի՞ւնը: Բայց այս մարդը գիտէ արդէն ընկերութեան մասին: Թերեւս, այն առաջինի ընկերն է:
Երիտասարդը ժպտուն աչքերով կը դտէր իմ ներքին խռովքը և, կարծես, հաճոյք կը զգար:
–Ինձանից գաղտնիք մի պահէք, ես ամէն բան գիտեմ: Ընկերութեան գործո՞վ եկած էք:
Այո, ընկերութեան գործով եկած էի: Ու պատմեցի ամէն բան. ես խումբի քարտուղարն եմ, եկած եմ ծրագիր-կանոնագիր և գրականութիւն առնելու:
–Շա՛տ
բարի, շա՛տ բարի, ձեռքերը շփելով և զուարթ խօսեցաւ երիտասարդը: Հիմա ամէն բան կը կարգադրենք:
Լա՛ւ կը լինի:
Չեմ յիշեր յետոյ ինչեր խօսեցաւ: Բաւական ատեն պահեց մօտը: Հիւրասիրեց: Քաջալերեց. Ի վերջոյ, տուաւ կապոց մը և խիստ պատուիրեց.
–Օտար մարդու ցոյց չտաս: Ժողովը օրը փոխաուած է: Ձեր յաջորդ ժողովը կ'անէք այսինքն օրը: Ես էլ ներկայ կը լինեմ և կը բացատրեմ ամէն բան:
Հմայուած, ուղղակի սիրահարուած հեռացայ այդ երիտասարդի մօտէն: Շտապեցի ընկերներուս մօտ: Երկուղածութեամբ բացինք կապոցը և մէջէն դուրս եկաւ – Ծրագիր՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ժընև:
Քանի մը թիւ «Դրօշակ»: Եւ քանի մը օրինակ Ժընև հրատարակուած գրքոյկներ, որոնցմէ կը յիշեմ «Կարնոյ Յիշատակին», որի մէջ, ի միջի այլոց, կը խօսուէր Կորկոտեանի քաջագործութիւններու մասին:
Մինչև ժողովի օրը կարդացինք ու կարդացինք «Դրօշակ»ներն ու գրքոյկները, առաջին անգամ հաղորդութիւն առնող մարդու մը երկիւղածութեամբ: Անհասկնալի էր միայն, թէ ինչո՞ւ առաջին երիտասարդը խօսեցաւ Հնչակի մասին, իսկ երկրորդը «Դրօշակ» տուաւ մեզի: Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը: Թէ՞ Հնաչկն ու Դրօշակը նոյն բաներն էին:
Յաջորդ ժողովին այս գաղտնիքն ալ պարզուեցաւ, երբ Ջաւադ բէգ Բալուղեանը բացատրեց, որ կայ երկու կուսակցութիւն – Հնչակեան և Դաշնակցական: Գլխաւոր տարբերութիւնը անոնց միջև այն է որ Հնչակեանները կեդրոնական են, իսկ Դաշնակցականները՝ ապակեդրոնական: Որ Հնչակեանութիւնը մեռնելու դատապարտուած է, իսկական յեղափոխականները Դաշնացականներն են: Որ Րաֆֆին ալ Դաշնակցական էր, Խրիմեան Հայրիկն ալ:
Կեդրոնական – ապակեդրոնականէն բան չհասկցանք, բայց Րաֆֆիի և Հայրիկի Դաշնակցական ըլլալը այնպիսի շշմեցուցիչ փաստ էր, որ Հնչակեանութեան մասին այլեւս մտածելը յիմարութիւն պիտի լինէր: Եւ ամէնքս դարձանք Դաշնակցական ու Հ. Յ. Դ. ծրագրի վրայ երդուեցանք մինչև մահ հաւատարիմ մնալ Դաշնակցութեան: Մեր խումբը եղաւ երիտասարդական առաջին Դաշնակցական խումը Նոր Նախիջեւանի մէջ, որին հետագային անդամ եղան Ալ. Միասնիկեանը, Համբ. Տէրտէրեանը, Գր. Չուբարը և որու հիմնադիրներէն էր երժաշտագէտ Ռոմանոս Մելիքեանը:
Այն ևս աւելացնեմ, որ այս դէպքը քիչ մնաց միջկուսակցական պատերազմի առիթ դառնար Հնչակեան կուսակցութեան և Դաշնակցութեան միջև: Հնչակեանները իմանալ Ջաւադ բէգ Բալուղեանի խաղցած «օյինները»՝ դիմեցին սպառնալիքի, փորձեցին ծեծել Բալուղեանը, ահագին աղմուկ հանեցին: Վերջը գործը յանձնւեցաւ միջկուսացկցական ատեանի: Չեմ յիշեր խնդիրը ինչո՞վ վերջացաւ, բայց մենք մնացինք Դաշնակցկաան, և մեր խումբը այնուհետև կարեւոր դեր կատարեց Ռոստով-Նախիջեւանի հայ երիտասարդութեան կեանքին մէջ...:
Այսպէս ուրեմն, աննշան դէպքեր ի՜նչ ծանրակշիռ հետեւանքներ կ'ունենան մարդոց կեանքի մէջ: Եթէ պատահմամբ, մէկ դուռը բախելու փոխարէն միւս դռւը բախէի – ո՞վ գիտէ – երեւի, այսօր բախտը պիտի չունենայի Դաշնակցական գղաափարական ընտանիքի մէկ անդամը ըլլալու: Իսկ կարելի՞ է երեւակայել ատկէ աւելի մեծ դժբախտութիւն:
Սիմոն Վրացեան
«Ասպարէզ» Շաբաթաթերթ
Հինգշաբթի, Դեկտ. 4, 1947
Խ. Տարի, Թիւ 2321