28 July, 2021

Գրիգոր Գլըճճեան (Պարոյր-Հակազն) 1868-1898

Կռւի դաշտէն հեռու, անծանօթ երկքնի մը տակ, հայրենիքին կարօտը քաշելով, բայց մինչեւ վերջին րօպէն յոյսերով ու յուզումներով լեցուն, աչքերը փակեց շատերէն սիրւած Պարոյրը՝ գերեզմանի խորհրդաւոր լռութեանը համար:

Անյարմար ժամանակին վրայ կը հասնէր մահը, որուն դէմ անկարող կը գտնւէր յեղափոխականի կռիւը մղել. դեռ ինք շատ ուժ եւ պահանջ կըզգար իր մէջը օգտակար լինելու սկսւած փրկարար շարժման, դեռ բաւական չէր ինչ որ ըրած է, ու երազներ ունի... բայց մահը, անզէն ու աննկատելի մահը Համիդեաներէն ալ անողոք ու անխիղճ է երբեմն:

Հին «աշխատաւոր»-ներէն է եղած ինքը:

Դեռ իր հայրենիքին մէջ (Տիվրիկ), տակաւին փոքր աշակերտ, դասարանակ կրակոտ վիճաբանութիւններու եւ կռիւներու միջոցին՝ իր ձայնն ու գաղափարներն էին որ կը լռեցնէին աղմուկները. շուտով իր սիրելի ուսուցչին Ժիրայրի (Մարտիրօս Պոյաճեան) բարեկամը կը լինի, շատ գիշերներ իսկ վարժարանին մէջ կ'անցընէ անոր հետ, նոր-նոր ծանօթութիւններով իր շատ բան գիտնալու պահանջին գոհացում տալու համար: Ուսուցչէն ստացած գաղափարները նպաստեցին իրեն նաեւ յստակ տեսնել շատ տխուր պատկերներ իր ապրած միջավայրին մէջ: ԱՅդ օրէն իր մէջ խորհող եւ բողոքող յեղափոխականը կը կազմակերպւէր արդէն:

Տիվրիկը նեղ կուգար իրեն, ու սորվելու, զարգանալու ծարաւոր 1883-ին Պօլիս կ'երթայ ժամանակ մը փաստաբանի մը մօտ կ'աշխատի, եւ ետքը յաջող քննութիւն մը տալով, կ'ընդունւի Պօլսի իրաւաբանական վարժարանը:

Իր ընտիր բարեմասնութիւններու եւ գրաւիչ բնաւորութեանը համար իր հետ ծանօթացողներէն մէծ մասը իրեն համակիր եւ զինքը սիրող բարեկամներ եղած են, որոնց թւին մէջ նաեւ օտարազգիներ:

«Դրօշակ» - 31 Յուլիս 1898, Թիւ 7 (87)

Երբ Հայ Յեղափոխութիւնը իր Գործին հիմերը սկսաւ դնել Կ. Պօլսի մէջ, Պարոյր, ի՛նքն ալ ուզեց այդ աշխատութեան մէջ իր բաժինն ու տեղն ունենալ: Վայրագ ու քայքայւած կառավարութիւն մը իրեն համար կեանք եւ փրկութիւն միայն ճնշումներուն եւ ոճիրներուն մէջ կը գտնէր, եւ օր օրի, շնորհիւ վեհափառ Համիդին, – որուն նման խելացի փատիշահ դեռ ունեցած չեն եղեր տաճիկները... քրիստօնեաները ոչխարներէն աւելի մորթելու տալու իր խասապ խուժանին – ճնշումները աւելի ծանրացան ու ոճիրները բազմապատկւեցան: Պարոյր եւ իրեն պէս խորհողները ահաբեկած աչք չպէտք է փակէին ու լուռ վկաներ լինէին հազարումէկ զարհուրելի եւ շատ տխուր դէպքերու, որ սովորական երեւոյթներ էին Օսմ. Հայաստանի մէջ: Հայերէն շատերը՝ ճակատագրային օրէնքով՝ հանգամանքներուն համակերպելու վարդապետութիւնն էր որ կը քարոզէին. կարծէք թէ հային ճակատագիրն եղած լինէր ոչխարի պէս գլուխ երկնցնել դանակին տակ ու մոթրւող հաւի նման ջղաձգօրէն տառապիլ:

Պարոյր կը միանար անոնց, որոնք, նախանձախնդիր իրենց Մեծ-ընտանիքի պատւին, կ'ուզէին կեղտերը մաքրել եւ իրենց իրաւունքներուն տէր լինիլ: Բիրտ ու վայրագ բռնակալութեան դէմ բողոքող, մաքառող, կռւող Ուժ պէտք էր ստեղծել:  Ու Պարոյրի ջանքերն եղան ամէն ձախողութիւն ճակատագրին վերագրող իր ազգակիցները սթափեցնել, ցնցել եւ ահաւոր իրականութեանը վրայ ուշադրութիւն դարձնել տալ: Իր այս յոգնութիւնները ժամանակին մեծ մասը կը խլէին. բայց ոչ՛ինչ. իր ասպարէզը բոլորովին տարբեր էր: Փաստաբանութիւնը բաւական անցուկ արւեստ մըն է Թիւրքիոյ մէջ, բաւական է որ դատաւորներու սահմանած օրէնքներուն համակերպի: Օրէնք ու կարգ այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր ծայրէծայր անօրէնութիւնն ու անկարգութիւնն են որ բացարձակ կ'իշխեն, ուր կարմրցած կատաղի աչքեր եւ դողացող արիւնխում կզակներ լորձունքներով սրբութիւններ կեղտոտելէ եւ մարմիններ բզքտելէ զատ ուրիշ բանի անընդունակ են: Ու այս ամէնուն դիմաց, խեղճ փաստաբանին գործը պիտի լինի համակերպիլ, աչք գոցել եւ արդարութեան անունով խօսքեր լօօլօզեղ: Համակերպի՛լ, այդ բառը իր բառգրքին մէջ չկար:

Իր գաղափարներուն համախոհ էին նաեւ իր խումբին ընկերները, որոնց ճամբայ ցոյց կուտար անվհատ առաջ գանլու իր հետ՝ դէպի կռւի դաշտը:

Իր գործունէութիւնը գնահատւած էր արդէն Յեղ. Վարչութենէն, եւ 1888-ին երբ Յ. Չաքրեան ու երկու ընկերները՝ իրենց դիմակներէն զրկւած՝ կ'արտաքսւէին անկէ, ընդհանուր հաւանութեամբ Պարոյրը անդամ կ'ընտրւի վարչութեան, ուր միշտ գործօն եւ եռանդոտ մասնակցութիւն մը կ'ունենայ:

Ինքը մէկն է անոնցմէ որ կը համոզեն ու կը դրդեն վարչութիւնը, խզելու ամէն յարաբերութիւն «Արմէնիա»-ի խմբագրին հետ:

Քիչ ետքը իր ընկերներով բանակցութեան մէջ կը մտնէ «Հնչակ»-ի կողմէն եկած պատգամաւորներուն հետ, որով կ'որոշւի «Հնչակ»-ը ունենալ իբր իրենց օրգան:

Կը մասնակցի 1890 յուլիս 12-ի ժողովին, ուր կ'որոշւի կատարել յուլիս 15-ի ցոյցը:

14 յուլիս 1890-ի գիշերւան ժողովին թիւրք կառավարութեան յանձնւելիք պահանջագրին պատրաստողներէն մէկը կը լինի:

Եւ յուլիս 15-ի ցոյցին ներկայ ու գործօն դերեով մասնակից կը գտնւի Մայր-Եկեղեցիին ու Պատրիարքարանին մէջ եւ ետքը թափօրին հետ խառնւած:

Ցոյցէն ետքը, գիշեր ու ցորեկ, աւելի մեծ եռանդով ու անվեհերութեամբ կը լարէ իր ուժերը: Սեպտեմբերին, քանի մը օրւան բացակայութենէ ետքը, երբ վարժարան կ'երթայ, տնօրէնը զինքը քօմիսարի մը եւ երկու ոստիկանի կը յանձնէ:

Մամբրէն մատնած էր զինքը:

Հարցաքննութիւններու միջոցին, ոստիկանապետին ներկայութեանը, անվախ, համարձակ, զայրոյթով լեցւած, երբեք չէ խորհած խուսափիլ իր մասին եղած ամբաստանութիւններէն: «Ես, այո՛, յեղափոխական եմ. թէ ինչու յեղափոխական եմ՝ ձեզի հարցուցէք: Ձեր ոճիրներուն դիմաց, ձեր վայրագ ցանկութիւններուն առջեւ՝ մեր արցունքներն ու աղերսները զուր անցան ու զուր պիտի անցնին. դուք, կառավարութեան պաշտօնեաներդ, արդարութիւնը գործ դնելէ բոլորովին հեռու, կը կազմակերպէք ու կը քաջալերէք ձեր ժողովուրդը՝ մեր կեանքին ու պատւին հետ խաղալու իր ուզածին պէս: Ա՛լ հերիք: Յեղափոխական եմ ես, ու մատնւելով ձեր առջեւ եկած, ձեր շնորհներուն երբեք չպիտի կարօտիմ. ամէն բան աչքս առած էի առաջին օրէն. կարող էք նոյնիսկ մեռցնել իս, արդէն ուրիշ բան չէ կարելի սպասել ձեզմէ: Իսկ եթէ ազատւիմ, կրկին յեղափոխական պիտի տեսնէք իս. ուրիշ ճամբայ չկայ»:

Այս խօսքերուն պատասխանը, աւելորդ է ըսել ծաղրանքներ ու ծանր պատիժներ եղած են: Օր մը, հարցաքննութեան միջոցին, երբ Պարոյր դիտել կուտայ Նազըմին թէ թիւրք կառավարութեան բարբարօօս ընթացքը դէպի կործանում կ'առաջնորդէ երկիրը, Նազըմ թունաւոր ժպիտով մը կը դառնայ կ'ըսէ. «Մենք քու բոլոր ըսածներդ գիտենք. բայց արդեօք դուն ու Ճանկիւլեա՞նն էք որ քայքայւած տան մը հիմերը դնել կ'ուզէք»: Նազըմ ետքը համոզւեցաւ արդէն որ Պարոյրի եւ իր ընկերներուն սկսած գործը կը շարունակւէր, հակառակ իր բոլոր զգուշութիւններուն. Հայ Յեղափոխութիւնը, ալ իրեն համար, առասպելի այն բազմագլխանի-օձն էր, որուն գլուխը միշտ կ'աճէր հակառակ կտրատումներուն:

Խոհեմութիւն չէր Պարոյրի պէս «խռովարար»-ը Պօլիս բանտարկած պահել. եւ կը վճռւի Աքեա աքսորել: 1890 դեկտեմբերին Աքեա կը հասնի. իր մասին ոստիկանապետէն հեռագրեր խրկած են Աքեայի հազարապետին՝ որպէս զի զինքը խիստ հսկողութեան ենթարկէ: Սակայն Պարոյր միջոց եւ առիթներ կը գտնէ աքսորական արաբներուն եւ զինւորներուն հասկցնելու թէ ի՞նչպէս անոնք ալ իրեն բախտակից են. քիչ ժամանակի մէջ աքսորականներուն համակրանքը կը գրաւէ: Հազարապետը կը խորհէր «դժոխքին մէջ իսկապստամբ» Պարոյրն ու Ճանկիւլեանը հեռացնել տալ, երբ արդէն ընդհանուր ներման կ'արանանան 1896 դեկտեմբեր 21-ին: Պարոյր հակառակ արտասահման անցնելու իրեն եղած առաջարկի մը, Բէյրութի վրայով Պօլիս կ'անցնի՝ հաւատարիմ իր յեղափոխականի պարտաւորութեան: Պօլիս հասնելուն իսկոյն կը ձերբակալւի ու կը բանտարկւի: Խորտակւած առողջութեամբ բանտէն ազգային հիւանդանոցը կը փոխադրւի ոստիկանական հսկողութիւններու տակ:

Քիչ ետքը բժիշկներու խորհրդով եւ իր բարեկամներու ջանքերով կըստիպւի Ալէքսանդրիա երթալ՝ գլխաւորապէս իր քայքայւած առողջութիւնը դարմանել տալու:

1897 օգոստոսին Ալէքսանդրիա հասնելով՝ բոլորովին կը մոռնայ իր հիւանդութիւնը, ու իր վառ եռանդովը կը հետամտի եւ կը ջանայ օգնելու յեղափոխական կազմակերպութեան: Կ'արիւնոտի իր սիրտը լսելով բոլոր այն զեղծումները, պառակտումները, որ մուտ գտած էին իր կուսակցութեան մէջ: Միութիւնը հնարաւոր ընելու համար զուր անցած ջանքերէ ետքը, կը թողու հին կուսակցութիւնը՝ որ իր կեղտերը մաքրէ եւ իր «մեռելները թաղէ», ու կը յարի Դաշնակցութեան, որուն գործն ու գործիչները բաւական մօտէն սերտած էր:

Մեր ընկերները ուրախութեամբ կը մեկնեն իրենց ձեռքը այդ դժբախտ բայց արի մարդուն, որը եթէ անծանօթ եղած ատեն կը յարգէին, հիմա... ճանչնալէն ետք, կը սիրէին արդէն:

Ժամանակ մը եւս Կահիրէ բնակելով, այնտեղի հայերուն հետ կըստիպւի խօսիլ այնպէս, ինչպէս Պօլիս եւ Աքեա. դեռ շատերը չէին ըմբռնած թէ ի՛նչ է յեղափոխութիւնը եւ ո՛վ է յեղափոխականը, թէեւ օրը տասն անգամ ամէն մարդ անէծքներու եւ քննադատութիւններու տարափ մը կը տեղար հայ յեղափոխականի գլխուն:

1898 մարտ 18-ի Կահիրէի կողմէ պատգամաւոր կ'ընտրւի Եգիպտօսի Շրջանական ժողովին համար, ուր խղճմտութեամբ կը կատարէ կօմիտէին յանձնարարութիւնները:

Բայց օր օրի աւելի կը խախտէր իր առողջութիւնը. բժիշկը հանդարտ մնալ, չյուզւիլ կը պատւիրէր իրեն, սակայն կարո՞ղ էր մտիկ ընել: Իր ընկերները մտածեցին որ Աթէնքի մէջ աւելի պիտի կարողանար հանգիստ մնալ եւ իր հիւանդութիւնը դարմանել տալ, ու խրկեցին զինքը Աթէնք, ուր շրջապատւեցաւ բարեկամներէ ու համակիրներէ:

Թոքախտը պինդ գրկած էր իր զոհը: Պարոյր գիտէր թէ պիտի մեռնի, հեռու իր հայրենիքէն ու մայրիկէն, այդ օտար ու անծանօթ քաղաքին մէջ: Ու ինքզինքը մոռցած՝ կը յիշէր գործն ու իր ընկերներ եւ իր մօտ գտնւողներուն, որոնց մէջ նաեւ իր սիրելի Ճանկիւլեանին, կը կտակէր անձնւիրութիւն գործի սրբութեան առջեւ:

Յուլիս 28-ին, երեքշաբթի օր, իր կարօտ աչքերը փակեց՝ հիւանդանոցին մէջ անարատ ու պաշտելի Պարոյրը:

Աթէնքի մէջ հայերը կրցան գնահատել զինքը եւ պատւելու համար անոր անձն ու յիշատակը՝ ըրին ինչ որ կրցան:

Կահիրէի մէջ հանգանակութիւն մը բացւած է մահարձան մը կանգնելու անոր յիշատակին:

Պարոյրի կեանքն ու յիշատակը չպիտի մոռցւի, իսկ իր կտակը մեր ամէնուս գործունէութեան ծրագրին առաջին պարբերութիւնն է արդէն:

«Դրօշակ» - 30 Նոյեմբեր 1898
Թիւ 11 (91)