Անցեալ
շաբաթ, Յուլիս 31 թուակիր հեռագիր մը կը հաղորդէր մահը մեր լեգենդական հերոսներու
հոյլին վերջին մնացորդին՝ Սեպուհին, որ անիմանալի թիւրիմացութեամբ մը ամերիկահայութիւնը
կոչեց զայն–«Զօրավար» Սեպուհ:
Փայլուն տարազներ սիրող հանրութեան համար «զօրավար»ը անհրաժեշտ էր կարծես Սեպուհի անուան կցւած, որպէսզի յագեցնէր իր հպարտութիւնն ու փառասիրութիւնը: Բայց իր ժամանակակից յեղափոխական ընկերներու համար քաղցր էր լսել Սեպուհ անունը առանց զօրավար տիտղոսին, որ կարծես կը նսեմացնէր անոր փայլուն նկարագրի վսեմութիւնը եւ անոր բարձր արժանիքը:
Բախտը այնպէս տնօրինած էր կարծես, որ Սեպուհը բազմաթիւ վտանգներէ յետոյ, կորսնցուցած զէնքի իր բոլոր ընկերները, ապրի երկար տարիներ հիւրընկալ բայց օտար հորիզոնի մաշեցնող պայմաններուն տակ:
Այժմ ան այս աշխարհի մէջ իր աչքերը փակած, կ'երթայ միանալու այն սքանչելի նահատակներուն, որոնք մեր երկարատեւ եւ դաժան գոյամարտի ընթացքին մէկիկ մէկիկ ինկան զէն ի ձեռին հերոսական մահով:
Այդ հոյլի աստղերէն մէկն էր միայն, բացի Սեպուհէն, որ նոյնպէս մահացաւ օտար հորիզոնի տակ իր սիրած գործէն հեռու – Անդրանիկն էր ան, սարերու աննման արծիւը:
Ու այսօր, պաշտելի Սեպուհին մահէն յետոյ, այլեւս չունինք մեզի հետ լեգենդական այդ հերոսներէն որեւէ մէկը: Այս մահով կարծես թէ կը կտրուի կապը ներկայ սերունդին եւ նախորդին միջեւ: Ասիկա ճշմարիտ է սակայն միայն ֆիզիքական մտքով, բայց ո՛չ հոգեկան: Անոնք այժմ չկան մեր մէջ, բայց անոնց բարոյական մեծութիւնն ու գործի նուիրականութիւնը անջնջելի յիշատակի մը նման կ'ապրի բոլորի հոգիներուն մէջ՝ իբրեւ տեւական եւ անմարելի ներշնչում:
Յեղափոխական փայլուն աստղերու այս հոյլը ստեղծեց Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, սկսեալ իր կազմութեան առաջին օրէն, յամառ աշխատութեամբ եւ տեւական ճիգերով, դուրս քաշելով մեր ժողովուրդի գեղջուկ շրջանակներէն հայրենասէր ըմբոստներ եւ արիներ, որոնք այլապէս դատապարտուած պիտի ըլլային մնալու անյայտութեան մէջ: Փոխադարձաբար, անոնք էին որ իրենց խիզախ կամքով եւ անձնուիրութեամբ արժեքաւորեցին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իբրեւ մարտական հզօր բռունցք, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար:
Ու հազիւ մէկ տասնեակ տարի անցած համաստեղութեան այս փայլուն հոյլը շանթի մը նման փայլատակեց հայ ժողովուրդի վեց հարիւր տարուան ստրկութեան մութով թանձրօրէն պատուած հորիզոնին վրայ, իբրեւ անհաւատալի հրաշք:
Այս համեստ եւ գեղջուկ անձնաւորութիւնները իրենց առասպելական քաջութեամբ, առաքինութեամբ, անձնուիրութեամբ, կերտեցին այն առինքնող դպրոցը, դէպի ուր ձգտեցան հազարաւոր երիտասարդներ:
Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ բնաւ, եթէ ըսենք որ մեր պատմութիւնը ո՛չ մէկ ատեն չէ կրցած ստեղծել այսպիսի երեւոյթ մը: Անշուշտ ատոր նպաստեցին ժամանակն ու պայմանները, որ այժմ այլեւս գոյութիւն չունին:
Անոնց շարքին մէջ իր պատուաուոր տեղն ունեցող մէկն էր մեր Սեպուհը, որ, աւա՜ղ, կը մեռնի իր սիրած գործէն, նոյնիսկ հայրենիքէն հեռու, անկողնի մէջ, բնական մահով, փոխանակ ռազմի ճակատին վրայ հերոսական մահով իյնալու, ինչպէս եղաւ բաժինը հերոս Մուրատին, իր սիրած ընկերոջ՝ Սեպուհի կողքին, 1918-ին, Պաքուի մէջ:
Մեր հոգին սուգի մէջ է, որ մեզմէ կը բաժնուի Սեպուհը: Բայց մենք չենք արտասուեր, կը զգանք թէ ժամանակը եկած էր որ ան երթար միանալու իր սիրած ընկերներու հոյլին:
Կը հաւատանք թէ անոնց անմահ հոգիները այստեղ են, մեր շուրջը, մեզի հետ, իբրեւ տեւական ներշնչարան:
Եկէք, ընկերներ, բոլորս միասին ծունկի գանք այս վերջին շիրիմին առջեւ, կրկնելու ուխտը որ բոլորինը եղաւ, տանելու այն պարտականութիւնը, որուն նուիրեցին անոնք ինչ որ ունէին թանկագին, տանելու անոնց կիսատ թողուցած գործը մինչեւ իր լրումի վախճանին:
Ինչպէս մեր աննման բոլոր հերոսներու, նոյնպէս ալ պաշտելի Սեպուհի գերեզմանը կ'ըլլայ մեր հայրենիքէն հեռու վայրի մը մէջ: Օր մը, կը հաւատանք, յետնորդ սերունդը պիտի հաւաքէ անոնց նշխարները տեղաւորելու համար Հայաստանի նորակառոյց մեծ փանթէոնին մէջ: