«Հայե՛ր յիշէք չմոռանաք այսօրը,
Յուլիս ամսի 25ին կատարեցէք մեր տօնը»:
Պատմութիւնները ժամանակներու մօտաւոր կրկնութիւններն են:
Եւ ղարաբաղ լեռնաշխարհին մէջ այսռր տեղի ունեցող ցեղային անկախութեան կռիւները մէկ զարգացած, մեծցած ձեւն են անցեալ դարու 97ական թուականին ձեռնարկուած Խանասորի արշաւանքին, որուն քսանևհինգ ամեայ տարելիցը կը վերջանայ 1921, Յուլիս 25-ին:
Հայ կուլտուրական յեղափոխութեան շրջանէն վերջ, տրամաբանօրէն առաջացող հայ քաղաքական յեղափոխութեան կարևորագոյն դրուագներէն մէկն է Խանասորի արշաւանքը:
95-ի մեծ ոճիրէն յետոյ երբ դեռ շատ մը վայրերու մէջ կը շարունակուէին մասսայական կոտորածներ, բռնի գրաւումներ, ևն., այդ միջոցին նոր կազմակերպուած հայ յեղափոխական սերունդը Խանասորի արշաւանքով հաւաքական ցեղային ըմբոստութեան ազդանշանը կուտար:
Տարօնոյ շրջանի սարսափը եղող Շարաֆ պէկը նշանաւոր դարձած էր իր վայրագութիւներով, բռնաբարումներ և բռնի իսլամացումներ, սովորական դարձած էին իր բնակած վայրերուն մէջ:
Յեղափոխական սրբազան դրօշակի տակ հետզհետէ ստուարացող խումբերը 1897 Յուլիս 22ին ծրագրեցին ընդհանուր արշաւանք մը Շարաֆ աղայի հրոսակախումբերու դէմ և Արաուլի բարձունքներուն և Խանասորի դաշտին վրայ մղուած կռիւներէն ետք յեղ. խմբերը արիւնի մէջ խեղդեցին ամբողջ Մազրիկ ցեղը և այդ օրէն սկսաւ հայ ֆէդայիի անունը քրտական աշիրաթներուն համար դառնալ սարսափելի ուրուական մը:
Խանասորի արշաւանքը առաջին խրոխտ ու առնական արտայայտութիւնն էր ընդդէմ ցեղային թշնամիներու. ի հարկէ, չունենալով վերջնական յաղթանակ ապահովելու բնոյթ, որովհետև հայ յեղափոխական տարրերը միամիտ պատրանքը չունէին յաղթելու տաճկ. զօրքերուն, պատրանքը չունէին մեր առաջնորդները որ Խանասորի արշաւանքով կրնային կործանել Սթամպոլի ոճրագործները, ո՛չ հազար անգամ ո՛չ:
Եթէ Խանասորի արշաւանքով մենք միամտութիւնը չունէինք յաղթանակելու թրքական զօրքը, բայց այդ կռիւներով ապացոյցը տուինք հայ ցեղային արիութեան և անթեղուած ռազմական կորովին:
Յեղափոխական այդ կռիւներով հայ ժողովուրդի ճակատէն սրբուեցաւ դարևոր ստրկութեան արատը:
Խանասորի արշաւանքը հրապարակ դրաւ հայ ռազմիկի ասպետականութիւնը. «Կոտորեցէք մարդկանց, խնայեցէք երեխաների» խօսքը շատ հազւագիւտ է միջցեղային կռիւներու պատմութեան մէջ:
Խանասորի արշաւանքը յեղափոխական դարբնոց մը եղաւ յետագայ սերունդներուն համար ու կարմիր երիզի մը նման օղակեց բոլոր հայրենասէր հոգիները, բոլոր կամքերը, բոլոր գաղափարները, բոլոր ջանքերը տանջւող հայ ժողովուրդի ազատագրութեան նուիրուած:
Քսանևհինգ երկար տարիներ սահած են այդ օրերէն ու Խանասորի արշաւանքը քաղցր և տխուր յիշատակներ դրօշմած է ապրող հայ յեղափոխական սերունդի գիտակցութեան մէջ:
Այդ կռիւը բառին իսկական առումով յեղափոխական դաշնակութիւն մըն էր. Պարսկաստանէն Եփրեմ, Խեչօ, Սաղաթէլ, Կովկասէն՝ Նիկոլ Դուման, Ղարաբաղցի Վարդան, Արշակ զինակցած էին Թրքահայաստանի իրենց արիւնակիցներուն հետ, ցեղային պատուի և ազատութեան գաղափարներով տոգորուած:
Ահա այս տեսակէտներով, նշանաւոր է այդ արշաւանքը, որուն յիշատակը կ'ուզենք պահել և յարգել նաև յիշատակը այդ կռուին մէջ նահատակուող յեղափոխական ուսուցիչներուն, որոնց ընկերները այսօր աւելի զօրացած, ստուարացած, 97 թուին ցանուած սերմերու հասած հասկը կ'ուզեն պահպանել, փրկել որ գիշատիչ թռչունները չուտեն զայն:
Բազմապիսի ոլորտներ, Խանասորի արշաւանքէն առաջ և յետոյ, աւա՜ղ, դարձեալ կեցած են քաղաքական արիւնալի յեղափոխութեան ճանապարհին վրայ, աւա՜ղ, կրկին վիճակուած է մեզ մղել անհաւասար կռիւներ անկախութեան համար:
Անցեալ Յուլիսին կը մտածուէր երեսուն տարիներու յեղափոխական շրջանի մէջ նահատակուողներու յուշարձան մը կանգնեցնել հայոց մայրաքաղաքին մէջ. այս տարի ամէնը քանդուած է ու մեծ սարսուռով մը կը վերյիշուին Խանասորեան օրերը որ կը կատարուին Ղարաբաղեան բարձրավանդակին վրայ:
Այո՛, պատմութիւնները ժամանակներու մօտաւոր կրկնութիւններն են և 25 տարիներ առաջ երբ մեր կեանքի որոշ տարբեր համակերպումի քարոզներ կը կարդային հայ կռուողներուն, 25 տարի վերջ նոյնպիսի մտայնութիւնով մը կարգ մը մարդիկ խորհուրդ կուտան ենթարկուիլ տիրող պայմաններուն եւ համակերպիլ իրականութեան հետ:
Ստրուկներու շուկայիկ այդ յորդորները չքացան հայկական անկախ պետութեան ստեղծումով ու մենք համոզուած ենք որ լաւագոյն օրերուն մէջ վար կը նային բռնաւորներու ենթարկուիլ յորդորող նոր քարոզիչները:
Հայ ժողովուրդը, ինչ ալ որ ըսուի, վճռած է անտեղիտալիօրէն կառչած մնալ Հայաստանի միացման և անկախութեան գաղափարին ու Ղարաբաղի մէջ պատահած կռիւները եթէ թշնամիի գերազանց ուժերը չեն կրնար յաղթել, սակայն հաշուի առնել կուտան ցեղի մը հաւաքական կամքը:
Խանասորէն մինչեւ Ղարաբաղ տեղի ունեցող կռիւները խորհրդանշաններն են մեր անկախ ու ազատ ապրելու կամքին:
Խանասորի կռիւը վերջացաւ հայկ. փոքրիկ պետութեան մը ստեղծումով, ու այսօրուան ընդդիմութիւնները պիտի վերջանան Միացեալ Հայաստանի անկախութեան պահպանումով:
Այսպէս
կը հաւատանք Խանասորի արշաւանքի 25-ամեայ տարելիցի առիթով:
Մ. Յ. Թաշճեան
«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
Ուրբաթ, Յուլիս 29, 1921
ԺԳ Տարի, Թիւ 770