Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի անակնկալ մահով, Հ. Յ. Դաշնակցութենէն անվերադարձ կը բաժնուի հին ու վաստակաւոր ընկեր մը, իսկ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հայրենասէր ու անձնուէր զաւակներէն մէկը:
Ճրագ մըն է որ կը մարի մեր պատմութեան ամենէն ճակատագրական օրերուն, երբ այնքան պէտք ունինք առաջնորդող ու հեղինակաւոր դէմքերու խօսքին ու շունչին վարելու համար մեր քաղաքական դատը և ի կատար ածելու համար մեր բաղձանքները:
Շարքերը նօսրանում են, կը գրէր ողբացեալ Ակնունին 1913-ին, երբ սև հողին կը յանձնէինք Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մեր աննման Զաւարեանը:
Որքա՜ն եղերական է այդ կանչը այսօր: Ու որքա՜ն իրական իր տարողութեամբ:
Համազգային է սուգը այսօր ալ ինչպէս 1913-ին, ու վեր բոլոր տեսակի հատուածական նկատումներէ, որովհետև մեր ողբացեալ Համօն ապրեցաւ ծառայելու համար իր ժողովուրդին, իր սեփական հայրենիքին:
Չունէր ուրիշ նպատակ, և իր կեանքին մէջ չմտածեց երբեք իր սեփական երջանկութեան ու բարօրութեան մասին:
Դաշնակցական էր իր հոգիով ու խառնուածքով:
Անցեալ տարի Օգոստոսին Փարիզ կ'երթար արձակուրդով և կուսակցական աշխատանքներով:
Օդանաւէն հազիւ դուրս ելած, իր ընկերները հիւանդանոց պիտի փոխադրէին զինքը՝ վիրաբուժական անհրաժեշտ գործողութեան մը համար:
Երեք շաբաթ պիտի մնար այնտեղ՝ առարկայ ընկերներու և բարեկամներու եղբայրական գուրգուրանքին:
Հիւանդանոցէն կը մեկնէր բոլորովին ապաքինած ու կայտառ ինչպէս միշտ: Թերեւս քիչ մը դալկահար:
Տառապալից հիւանդութիւնը բան չէր պակսեցոցած իր խանդավառութենէն, իր հաւատքէն:
Անողոք հիւանդութեան վերադարձը, Յուլիսի սկիզբները, անգամ մը ևս պիտի չարչըրկէր իր յոգնաբեկ մարմինը և պիտի տապալէր զինքը ինչպէս դարաւոր կաղնի մը:
Դաշնակցութեան բացառիկ դէմքերէն մէկն էր մեր սիրելը ընկերը:
Եղաւ անբասիր կուսակցական, կորովի ու եռանդուն յեղափոխական և պետական մարդ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին օրերէն մինչև իր անվերադարձ մեկնումը:
Փոթորկայոյզ կեանք մը բաժին ինկաւ իրեն: Բանտ ու աքսոր մինչև 1915:
Յետոյ, առաջին պատերազմին, վերադարձ Կովկաս, ուր անշահախնդիր նուիրումով, պիտի կատարէր կուսակցական և յեղափոխական աշխատանքները:
Անգնահատելի են իր ծառայութիւնները մեր անկախութեան շրջանին:
Եւրոպա կ'անցնէր, 1919-ին, գործակցելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան: 1920-ի սկիզբները կը վերադառնար Երեւան, ուր իրեն պիտի վստահուէր արտաքին նախարարութիւնը մինչև Մայիս, ու յետոյ, համայնավարներու դաւադրութեան օրերուն, Հայաստանի վարչապետութիւնը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք նորէն բանտ ու հալածանք: Ի վերջոյ կամաւոր տարագրութիւն դէպի Եգիպտոս, ուր կը մնար վերջին քսանըհինգ տարին:
Տարեկից ու գաղափարակից Քրիստափորներու, Սիմոններու և Ռոստոմներու, ընկեր Օհանջանեան քալեց անոնց լուսաւոր ճամբէն ու շարունակեց անոնց սրբազան գործը՝ անվհատ ու անվեհեր:
Տեսաւ ողբերգութիւններուն ամէնէն ահաւորը 1920ին Երեւանի պողոտաներուն վրայ կամ բանտերուն մէջ, բայց մնաց միշտ հաւատքով լեցուն դէպի հայ ժողովուրդին փառայեղ զարթօնքը ու Դաշնակցութեան վերջնական յաղթանակը:
Եթէ իր անունը չունեցաւ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան փայլն ու շքեղութիւնը մեր ժողովուրդին զանգուածին համար, նուազ տիրական չէին, սակայն, իր դէմքն ու դերը մեր կուսակցութեան շարքերուն համար:
«Ասպարէզ» Ֆրեզնօ, Հինգշաբթի, 14 Օգոստոս 1947, Թիւ 2305 |
Մէկն էր ան մեր բազմահազար ընկերներն ու բարեկամները ներշնչողներէն: Ու նաև առաջնորդ մը՝ բառին ամէնէն ժողովրդավար իմաստով:
Բժիշկ էր մասնագիտութեամբ, բայց հազիւ թէ հետեւեցաւ այդ ասպարէզին, որովհետև հայրենիքին սէրը ու հայ ժողովուրդ բոլոր տեսակի բռնակալութիւններէն ազատագրելու իր տենչանքը մոռցնել տուին իրեն եսասիրական նկատումները այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ:
Զինուոր մըն էր մեր Համօն քաջ ու անձնուէր և կռուելու պատրաստ: Հայրենիքէն հեռու, ապրեցաւ ու շնչեց հայրենիքին հետ ու հայրենիքին համար:
Թերեւս միակն էր մեր կուսակցութեան մեծամեծներէն, որուն մաքուր անունն ու կատարած աշխատանքը չհամարձակեցան արտաւորել ու նսեմացնել մեր անասելի հակառակորդները:
Պատկառելի իր արտաքինով ու հեղինակութեամբ, բայց միշտ համեստ ու հեզաբարոյ իր յարաբերութեանց մէջ, սիրուեցաւ զինքը ճանչցող անհատներէն ու բազմութիւններէն:
Ծերունազարդ ու մարմնեղէն խորհրդանիշն էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան:
Այո՛, ճրագ մըն է որ շիջի Արարատի լանջերէն հեռու, հիւրընկալ երկրի մը մէջ:
Ողբացեալ Համօն մէկն էր մեր կուսակցութեան փառքերէն:
Իր կատարած դերը մեր պատմութեան մէջ, պիտի ըլլայ ներշնչարան մը ապագայ սերունդներուն համար:
Արցունք ու ողբ իր շիրիմին վրայ: Բայց մանաւանդ խոստում մը որ մենք, իր յաջորդները, պիտի շարունակենք իր ճամբան անյողդողդ հաւատքով ու քաջութեամբ մինչև իրագործումը այն իտէալին որուն զոհերէն մէկն էր վարչապետ Օհանջանեանը:
Փա՜ռք իր յիշատակին: Ու յաւիտենական հանգիստ իր աճիւնին: