Տրապիզօն
ծնած, հո՛ն մեծցած ու կրթւած, Տրապիզօնի դաշնակցական կազմակերպութեան մէջ գործի կոչւած
եւ գործի մղւած՝ անոր պատմութեան մէջ ո՛չ աննշան տեղ մը պիտի պահւի այդ մաքուր հոգիին,
որ իր եղերական վախճանով արժանի զաւակը ցուցուց ինքզինք իր Դպրոցին աւանդութիւններուն...
Անոնք, որ զինքը մօտէն չէին ճանչնար, դժւա՜ր գուշակէին իր անուշ նայւածքին տակ՝ դէմքին պատանեկան խաղաղ հանդարտութեան ներքեւ, որուն հրապոյր կուտար անմեղունակ ժպիտ մը ,– դժւար գուշակէին, կ'ըսեմ, այդ արտաքինին տակ յեղափոխական բուռն հաւատքով ապրող հոգի մը, որուն սլացքները շա՜տ վեր կրնային ձգտիլ, շա՜տ վեր, մինչեւ հերոսութեան ինքնամոռացումին հասնիլ:
Դեռ դպրոցական սեղաններուն վրայ՝ տղայական բայց արտասովոր դէպք մը չուշացաւ երեւան հանելու իր մէջ խորին զգացումներու ընդունակ եւ յափշտակւող հոգի մը:
1889-ին Տրապիզօնի մէջ դպրոցական պատանիներու խումբ մը կազմւած էր «Հայաստանի ազատութեան» օգնելու նպատակով: Պատանեկան հաճոյքներէ զրկելով, շաբաթական 10-20 փարա կը նետէին գանձանակը, եւ արդէն հաւաքած էին 60 դահեկանի գումար մը, երբ դէպք մը տակն ու վրայ ընելու եկաւ պզտիկ հայրենասէրներու զգայուն հոգիները:
Ընկերներէն մէկը լուր բերաւ օր մը թէ Սասունը մեծ պատրաստութեան մէջ է, կամաւոր զինւորներ արդէն հաւաքւելու վրայ են այդ լեռներուն վրայ եւ գարնան սկսելու է ապստամբութիւնը:
Դեկտեմբերի ցուրտ օրերէն մէկն էր. մեր տաք-գլուխ պատանիներու սիրտերը թունդ ելան. երազնին պիտի կատարւէր վերջապէս. իսկ իրե՞նք, անմա՞սն մնային այդ շարժումէն... կարելի բան չէր: Ամէն մէկը կ'ուզէր ժամ առաջ Սասուն վազել. վերջապէս 3 հոգի առաջ անցան. անոնցմէ մէկը Զաւէնն էր: Կը գտնեն սայլապան մը, որուն հետ պայման կը կապեն մինչեւ Կարին հասցնել զիրենք: Տենդային անհամբերութեամբ սպասուած ժամը կը մօտենայ. ի՜նչ սուրբ ուրախութիւն այդ մատաղ սիրտերուն մէջ. Հայաստանը պիտի տեսնէին վերջապէս, անոր օդը պիտի ծծէին, անոր լեռներուն վրայ ձեռք պիտի մեկնէին արի սասունցիներուն... Ընկերները նախանձի արցունքով ճամբայ կը դնեն մեր երեք փոքրիկ հերոսները, որոնց, չմոռնանք ըսել, ամբողջ սպառազինութիւնը կը կազմէր ժանգոտ ռէվօլվէր մը եւ քոսոտ դանակ մը:
Մինչեւ մէկը միւսէն աւելի փայլուն երազներ մոռցնել կուտան իրականութիւնը, մութը վրայ կը հասնի, այն ինչ տակաւին մէկ ժամ կայ մինչեւ «Եսիրօղլու» օթեւանը: Ճամբան ցեխոտ է, սայլը առաջ չ'երթար, իսկ սայլապանը կըստիպէ մինչեւ օթեւանը ոտքով քալել:
Ձիւնախառն անձրեւին տակ, նուրբ կօշիկներ միայն ոտքերնին, ցեխին մէջ խրւելով, ելլալով՝ մինչեւ ոսկորներուն ծուծը պաղ առած, վերջապէս խանը կը հասնին:
Այդ երեքին մէջ համեմատաբար աւելի տէր-տիրական ունեցողը Զաւէնն էր. ծնողք ու ազգական տղուն բացակայութենէն մտատանջ եղած՝ ոտքի կ'ելլան, կ'իմանան եղածը եւ կը դիմեն կառավարութեան տղաքը ետ դարձնելու: Հետեւեալ օրը ոստիկաններու ձեռքով ետ կը բերւին այդ «ճճիները» եւ հարցաքննութեան կ'ենթարկւին: Սանասարեան վարժարան երթալ պատրւակելով՝ տղաքը կ'արդարանան եւ ազատ կ'արձակւին:
Այդ երեխայական դէպքը, ինքնին չնչին, անհետեւանք չ'անցնիր սակայն: Բերնէ բերան կը տարածւի, կը խօսւի ժողովրդին մէջ: Տիրացու խաւարամիտներ կը ծաղրեն այդ երեքը՝ քոսոտ դանակն ու ժանգոտ ատրճանակը մատի փաթթան շինելով: Իսկ իրենց հասակակիցներու եւ երիտասարդներու շրջանին մէջ ցնցում առաջ կը բերէ, եւ շատեր կը նախանձին անոնց այդպէս բամբասելուն ու ծաղրանքին:
Ծնողքն ու ազգականները այդ դէպքէն ետք աւելի խիստ հսկողութիւն մը գործ կը դնեն Զաւէնի վրայ եւ իրենց ազդեցութեան շրջանակին մէջ կը ջանան պահել զինքը, բայց իզո՜ւր:
Ազգային վարժարանը, ուր կը յաճախէր Զաւէնը, իր կոչման բարձրութեան վրայ էր այն ատեն. առողջ կրթութիւն մը՝ ազգային-ժողովրդական ոգիով ներշնչւած, մատաղ սերունդը կը պատրաստէր կեանքի կռւին... Անյագ հետաքրքրութիւն մը տիրած էր աշակերտներու մէջ. Զաւէնն ու իր ընկերները ո՛չ միայն խենթի պէս վրայ կ'իյնային ամէն գրքոյկի, ուր կը տեսնէին Վան, Մուշ, Կարին կամ Հայաստան բառերը, այլ սկսած էին լրջօրէն շահագրգրուիլ արդէն սկսուած յեղափոխական շարժումով...
Այդ ատենները տեղի ունեցած նշանաւոր անցքերը վերջնական դրոշմը կը դնեն իր մատաղ հոգիին վրայ. Կարնոյ դէպքը, Գում-Գաբուի ցոյցը, Տրապիզօնի մէջ կարգ մը գործիչներու, վարժապետներու աքոսրը, փախուստը, բանտարկութիւնը – կը գծեն իր ճամբան...
Մինակ չէր ինքը. ամբողջ սերունդ մը պատրաստւած կար, եւ այդ երազոտ հոգիները կը գնտեն իրար: Իրենց կեանքը հիմա կ'անցնի ապագայի, լուսաւո՜ր ապագայի պատրաստութեան երազներով ու ճիգերով... ամէն մէկը իր բաժինը կ'ուզէ ունենալ այդ հոյակապ գործին մէջ. մէկը իբր երկրագործ կ'ուզէ մօտենալ գիւղացիին քով եւ բարձրացնել զայն, երկրրոդը՝ իբր ուսուցիչ, միւսը՝ իբր ճարտարապետ կամ բժիշկ, ամէն մէկը կ'ուզէ օգտակար անդամ մը հանդիսանալ արթնցող հասարակութեան...
Զաւէնը թերեւս յաջողէր Եւրօպա ալ անցնիլ իր ուսումը կատարելագործելու, բայց աղետալի հարւածներ առմիշտ կը ջախջախեն ամէն յոյս, իտէալ, ծրագիր մօտաւոր ապագային... եւ Զաւէնը կը մնայ Տրապիզօն:
Բայց այդ միջոցին պարապ չի կենար. իր դիւրազգայ եւ կարեկցոտ սիրտը հանդիսատես միայն չէր կարող մնալ տիրող թշւառութեան եւ միայն «ա՜խ»երով սնանիլ: Դպրոցի սեմը թողած առաջին օրէն արդէն կը մտնէ Դաշնակցութեան տեղական խումբերուն մէջ: Ընկերները կը գնահատեն իր ընդունակութիւններն ու եռանդը եւ 94-ի գարնան տեղական կօմիտէի մասնական վերակազմութեան ատեն՝ Զաւէնը իր խումբի երկու ընկերներու հետ կօմիտէին անդամակցութեան կը հրաւիրեն: Այն օրէն կօմիտէի քարտուղարութեան պաշտօնը կը յանձնւի իրեն, որ կը վարէ խղճմտութեամբ, մինչեւ քաղաքէն հեռանալը:
Վրայ կը հասնի Բահրի փաշայի վրայ կատարւած տէռօրը եւ 1895 սեպտ. 25-ի վատաբար գործադրւած ջարդը. հազիւ մահէն կը պրծի, բայց կը բանտարկւի: 20 օր կը մնայ հոն. բայց մէկու մը մտքէն չ'անցնիր կասկածել այդ երիտասարին վրայ, որուն դէմքը այնքա՜ն միամիտ ու անմեղ կը ցուցընէր զինքը: Մօրուքի, քթի, բերնի, արտաքին ձեւերու քննութենէ եւ խեղկատակ հարցուփորձէ մը ետք, ազատ կը թողուն զինքը... ազա՜տ ամայացած քաղաքին մէջ:
Ի՜նչ նեղ օրեր էին...
Ամէն բան խորտակւա՜ծ, փճացա՜ծ. ընկերներէն ոմանք նահատակւած, ոմանք մատնւած. դրամական անձկութիւնը սոսկա՜լի... Դրա՜մ, դրա՜մ պէտք էր գէթ ժամանակաւոր գոհացում մը տալու համար գոյութիւն ունեցող պէտքերուն... Եւ Զաւէնը կ'աճապարէ արտասահման..
Թէ կոտորածէն ետքը, ինչպէս եւ առաջ, ինչ ըրաւ Զաւէն, հո՛ս տեղը չէ կանգ առնել. կը բաւէ ըսել որ իր բովանդակ ուժերը նւիրած էր գործին եւ կ'աշխատէր մրջիւնի պէս:
96-ի յուլիսին դարձեալ կ'անցնի իր բնիկ քաղաքը, աջակցելու անմոռաց Եգիպտացիին, տեղական գործի մը կարգադութեան համար:
Քիչ ետք օգոստոս 14-ն է... Տրապիզօնի բնակիչները Պօլսի ջարդէն ահաբեկ՝ երկրորդ գաղթը կըսկսին. Զաւէնի ծնողքը նոյնպէս սարսափահար՝ զերծ չի մնար այդ հոսանքէն եւ կը հարկադրէ Զաւէնն ալ միասին հեանալ քաղաքէն... Այդ հեռացումը տեղի կուտայ ընկերական ծանր քննադատութեան: Զաւէն խորապէս կըզգայ իր սխալը, եւ թօթւելով իրմէն ծնողական կապերը, որոնք պատճառ եղած էին իր այդ քայլին, կը նետւի գործի մէջ, այս անգամ... ա՛լ ետ չդառնալու անդրդւելի որոշումով...
Քանի մը ամիս ետք կ'անցնի Պօլիս, ուր կըսկսի ցոյցս տալ եռանդուն գործունէութիւն մը:
1 Օգոստոս իր վերջին նամակին մէջ հանդարտ եւ ուրախ ոճով մը կը գրէ. «Հարսնիքի շքեղութեան համար բան չէ խնայւած...» Այդ միջոցին տեղի կ'ունենայ Խանասօրի կռիւը եւ Պօլիսն ալ արձագանգ կուտայ այդ հոյակապ գործին եռեակ ռմբաձգութեամբ: Զաւէնը, որ քանի մը ընկերներու հետ սարսափի գործին շարունակութիւնն ապահվելու էր, մատնութեան մը շնորհիւ օգոստ. 12-ին, երեքշաբթի առտու մը, ժամը 9-ին կը պաշարւի իր տան մէջ:
«Անձնատո՛ւր եղիր»-ին ատրճանակի գնդակներով կը պատասխանէ, եւ վերջին գնդակն ալ իր ճակտին կ'ուղղէ, լաւագոյն համարելով ազատ մեռնիլ զէնքը ձեռքին, քան իյնալ Մարդասպանին գիշատիչ ճիրաններուն մէջ...
«...Թո՛ղ... ամէն հայ իր օգնութեան բաժինը հատուցանէ իր ազգին՝ կա՛մ կեանքով, կա՛մ խօսով կա՛մ դրամով...» կը գրէր Զաւէնը գրեթէ ճիշտ երկու տարի առաջ իր պաշտելի Սասունի հերոսական պաշտպանութեան առաջին տարեդարձին. (Ակնարկ մը, «Դրօշակ» N11, 1895):
Զաւէնը իր խօսքին տէրը մնաց. իր պարտքը իր կեանքովը վճարեց անվրդով պաղարիւնով մը...
Թո՛ղ անձնազոհութեանդ օրինակը խթան մը ըլլայ ընկերներուդ, որոնց բորբոքած սիրտերը գիտակցական ահարկու վրէժը միայն պիտի կրնայ մխիթարել: Եւ ծաղիկ մարմնէդ ժայթքած արիւնդ ալ թո՛ղ երթայ խարկելու անսիրտ, գձուձ հայերու սեւ ճակատը, սերունդներու նախատինքն ու անէծքը հրաւիրելով անոնց վրայ...
«Դրօշակ» - 23 Նոյեմբեր 1897
Թիւ 15