Մայիս 28-ը Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան և Հայոց պետութեան վերակարցուման մեծ տօնն է: Ամէն տարի սովորական կամ անսովոր տռնակատարութիւններ կ'ըլլան, գրքեր ու յօդուածներ կը տպուին, փառաբանանքի տուրք կը տրուի անցեալ մեծագործութեան, հպարտանքով կը լեցուին հայ մարդոց սիրտերը, ու գօտեպնդուած մեր ժողովուրդի վերելքով, Մայիս 28-ի պատուանդանէն կը նայինք միշտ յուսալից վաղուան:
Եւ սակայն այս պատմական մեծ իրողութիւնը կարգ մը խմբակներ մերժեցին ընդունիլ որպէս ազգային տօն մը և մասնաւորապէս, խորհրդային վարչութիւնը տեղաւորուելով Հայաստանի մէջ, վայելելով Հայրենիքի մը գոյութիւնը, հայ պետութեան իրողութիւնը հիմք ծառայեցուց իր վարչական տիրապետութեան, բայց տեւական կերպով պայքարեցաւ Մայիս 28-ի ե՛ւ իրողութեան ե՛ւ բարոյական հմայքին դէմ: Հայ բոլշեւիկներն ու անոնց համախոհները մերժեցին հարազատ զաւակը ներկայանալ ազատագրական սրբազան արիւնով հիմնադրուած ու անկախացած հայ հայրենիքին. մնացին եկուոր, և որպէս այդիսին՝ պատմութիւնը գրել սկսան իրենց սարքած առաջին վրանէն: Վրանաբնակի այս հոգեբանութեամբ՝ Մայիս 28-ը վիճելի թուական մնաց շատերուն համար, ու աւելի վատթարագոյնը, մեր ժողովուրդի ծոցէն ելնողներ եղան որ նախատեցին հայ միակ մեծագրոծութիւնը որ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն յետոյ՝ կը ճառագայթէր մեծ Հայաստանի երկնակամարին վրայ:
Այսօր, երբ արդէն 37 տարիներ անցած են այդ փառապանծ թուականէն, երբ հայ պետութեան գոյութիւնը կը շարունակուի, ե՛րբ հայութեան ձգտումները կեդրոնաձիգ են, աւելի՝ հանդարտօրէն կարելի է խորհրդածել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մասին և գծել մեր ժողովուրդի քաղաքական զարգացման փուլերը:
Ի՞նչ է Մայիս 28-ը, և ինչո՞ւ վէճ՝ այս հիմնական թուականին շուրջ:
Նախ Մայիս 28-ը իր էական արժէքով և բիւրեղեայ արձանացումով պէտք է պատկերանայ ամէն հայու մտքին մէջ, ինչպէս որ այդ տեղի պիտի ունենայ, վստահօրէն, 50 կամ 100 տարի յետոյ, երբ այսօրուան կիրքերը մարին:
Մայիս 28-ը դրուագ մը չէ, կուսակցական յաղթանակի օր մը չէ, ռէժիմի փոփոխութեան ելոյթ մը չէ, այլ հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքը հաստատող, անոր ազգային կերպարանքը լրացնող, դարերով գերի և կործանուած հայրենիքի վերականգնումն է, ամէն հայ մարդու ԵՍՆ ու ՀՊԱՐՏԱՆՔՆ է՝ իր զաւակներուն և գալիք սերունդներուն առջեւ: Եւ այս բոլորը հայ ժողովուրդի ոգորումներով, ազատագրական անպատում հերոսութեամբ, հայ մարտիկներու (գիւղացի, բանուոր, աշխատաւոր և մտաւորական) արեան և ոսկորներու շաղախումով կերտուած՝ Սարտարապատի, Ղարաքիլիսէի և Բաշ-Աբարանի պատմական ճակատամարտներու ընթացքին, որպէս դաժան օրերու վերջին արարուած:
Ինչ որ պատմութեան մէջ ընդգծուած է Մայիս 28-էն, ինչ որ միս և արիւն դարձած է հայ ժողովուրդին և այլեւս անոր հոգիի անբաժան մէկ տարրը կը կազմէ, այն անվիճելի իրողութիւնն է որ Մայիս 238-ը հայութեան սեփական ուժերով, տաժանքով ու խոյանքով ձեռք բերուած յաղթանակն է, որ պսակուեցաւ հայոց անկախութեան մեծագործութեամբ: Ու եթէ պէտք կայ այս ծիածանի մէկ գոյնը աւելի բոսոր տեսնելու, Դաշնակցութեան ղեկավար դերն է որ պատմութեան արձանագրութեան կ'արժանանայ: Եթէ այս երեւոյթը մեղք մըն է, թո՛ղ Աստուած ներէ մեզ այս բաղդաւորութեան համար: Ու թո՛ղ այդ պատճառաւ չմթագնի մեր հակառակորդներու մտածումը Մայիս 28-ի մասին:
Մայիս 28-ը միայն պատմական թուական մը չէ, այլ կենսական քաղաքական ծրագիր մը հայ ժողովուրդին համար: Եւ եթէ վէճի խորունկ ծալքերը բանանք, այստեղ թաղուած պիտի գտնենք գաղտնիքը վէճին: Իսկապէս Մայիս 28-ը հայկական դատի, հայ հայրենիքի միացման, ամբողջացման հիմնաքարն է: Այդ թուականէն, ու հայ պետութեան գոյութեամբ, լուծման ճամբուն մէջ կը մտնէ հայ հողերու ազատագրումը: Այսօր Վիլսոնի սահմանագծած Հայաստանը կ'ւզենք, Կարսի և Արտահանի նահանգները կ'ուզենք: Անկեղծօրէն Հայ Դատը հետապնդողը Մայիս 28-ի և՛ իրողութեամբ և փառքով պէտք է խանդավառուի: Եւ երբ այդ թուականին դէմ կ'արտայայտուին, դուք կրնաք հարիւրին հարիւր վստահ ըլլալ, որ այդպիսիներուն համար հայ դատը, Վիլսոնեան սահմանները, Կարս ու Արտահանը գոյութիւն չունին:
Հիմա տրամաբանական եզրակացութիւնը.- Եթէ մեր հակառակորդ հոսանքներուն համար, անկեղծօրէն, հայ հողերու ազատագրումը քաղաքական կենսական ուղեգիծ մը չէ, Մայիս 28-ը իր քաղաքական պահանջներով պայքարի դրօշակ մըն է և այդպէս ալ պիտի մնայ մինչեւ որ հայ ժողովուրդը իր սրբազան իրաւունքներուն տիրանայ: Իսկ եթէ գեղեցիկ և երջանիկ օրը գայ որ իսկապէս հայկական հարցը հետապնդուի իր ամբողջական ծաւալով և բռնէ իրականացման ճամբան, կրնաք վստահ ըլլալ, որ Մայիս 28-ը կը դառնայ փառաբանանքի օր բոլոր հայերուս համար:
Այդ խանդավառ օրուան կը սպասէ հայ ժողովուրդը: