Գերեզմա՛ն
մըն ալ հայրենիքէն դուրս, հիւրնկալ հողի վրայ: Գերեզման մըն ալ բազմաթիւ հողակոյտերու
կարգին, որոնք իրենց մէջ կը պարփակեն մեր ժամանակից ազատագրական և յեղափոխական պատմութեան
դէմքերը, – հերոսներ և անձնուէր գործիչներ բոլորն ալ, որոնք իրենց կեանքէն, մտածումներէն
ու նախաձեռնութիւններէն բան մը ընծայաբերեցին հայ ժողովուրդին և այդպէս հրաժեշտ տուին
այս անցաւոր կեանքին:
Մեր թանկագին ընկերը Հրաչ Փափազեան, որուն մահը կը սգայ այսօր հայ ժողովուրդը, եղաւ այդ դէմքերէն մէկը, իր քառասնամեայ յեղափոխական և հասարակական բեղուն գործունէութեամբ: Հայ յեղափոխական պատմութիւնը աւելի շռայլ պիտի ըլլայ անկասկած, վեր առնելու համար անոր կեանքին ու գործունէութեան այն բոլոր դրուագները, որոնց մասին չէր խօսուած իր կենդանութեան: Այսօրուան համար ըսենք այնքանը, որ Հրաչ եղաւ գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, հայակեր թուրք ճիւաղները Պերլինի մէջ հետապնդած և անոնց թաքստոցները երեւան հանած հայ յեղափոխականներու խումբին: Այս գետնի վրայ մանաւանդ իր կատարած գործը կազմած է հետագայի իր ամբողջ գործունէութեան թագն ու պսակը:
Սակաւախօս էր Հրաչ և երբեք չէր խօսեր իր անձին և իր տարած աշխատանքներուն մասին: Համեստութիւնը մնաց իր նկարագրին տիրական գիծերէն մէկը: Չէր ուզեր երեւիլ: Չեր ուզեր ուրիշներու գովեստն ու գնահատանքը լսել իր անձին մասին: Այդպէս էր, որովհետեւ եղաւ ան առաւելապէս գործի մարդը, իր կուսակցական և հանրային աշխատանքի բոլոր ժամանաշրջաններուն: Ու կը գործէր լռիկ – մնջիկ, առանց դրսեւորելու ինքզինքը, իր հետապնդած ծրագիրներուն իրականացման մէջ: Ամբողջական յեղափոխական գործիչն էր ան, – գաղտնապահ, շրջահայեաց, փորձառու և վճռական:
Իր այս արժանիքով և հանրային գործին հանդէպ ալ իր նուիրածութեամբ, Հրաչ դարձաւ տիրական ու հեղինակաւոր դէմք մը հայ իրականութեան մէջ, ամէն տեղ ուր գտնուեցաւ և ամէն աշխատանքի մէջ, որուն լծուեցաւ հաճոյքով և պատրաստակամութեամբ:
Ճանչցուած էր ան մասնաւորաբար Սուրիոյ արաբական շրջանակներուն մէջ, որոնց սէրն ու անվերապահ յարգանքը կը վայելէր: Ճանչցուած էր հայ կեանքին մէջ, որունք կապուած էր հոգեւին: Ու ճանչցուած էր ոչ միայն իբրեւ պատասխանատու ներկայացուցիչներէն մէկը Հ. Յ. Դաշնակցութեան, այլ և իբրեւ սոսկական անհատ, իբրեւ Հրաչ Փափազեան, որ իր անկեղծութենէն ու անձնուիրութենէն բխող գրաւչութեան տակ կը պահէր իր բոլոր գործակիցները, ընկերներն ու բարեկամները:
Հրաչ մէկն էր այն դէմքերէն, որոնք ծնած են ծառայելու իրենց ժողովուրդին, իրենց բոլոր կարողութիւններով ու առաքինութիւններով: Ունեցած են այսինքն նախասահմանումը, ամէն տեղ և ամէն ժամանակ կատարելու իրենց պարտականութիւնները յօգուտ այդ ժողովուրդին: Այս տեսակէտով ալ Հրաչ լիովին արժեւորեց իր կեանքը: Արժեւորեց իր բնատուր արժանիքներն ու շնորհները, որոնցմէ օգտուեցան հայ ժողովուրդը և պատկանած կուսակցութիւնը, հաւասարապէս:
Եւ հիմա... կար ու չկար:
Վաղը, համազգային ու համաժողովրդական յուղարկաւորութեամբ, բոլորէն սիրուած Հրաչն ալ պիտի առաջնորդենք դէպի իր վերջնական հանգստարանը: Եւ, կսկիծը մեր սրտերուն մէջ, պիտի ոգեկոչենք քաղցր յիշատակը մեր արժէքաւոր ընկերոջ, որ գիտցաւ իր անցաւոր կեանքը արդիւնաւորել անանձ ու անմոռանալի մնալու սահմանուած գեղեցիկ գործերով:
Յաւէտ օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը: