13 August, 2021

Սամաթիացիներու Հերոսական Կռիւը


Եկա՜ւ վերջապէս օգոստոս 14-ը:

Չորեքշաբթին լուսացաւ. օդը գեղեցիկ եւ մեղմ էր, մեղմ էին եւ դէմքերը ու գեղեցիկ՝ հոգիները: Ամենքնիս ալ լուսաբացին կազմ ու պատրաստ էինք. Ոգևորութիւնը ընդհանուր էր բոլոր ընկերների մէջ կռւելու մարմանջը, մանաւանդ ռումբերու փրկարար արդիւնքը շուտով վայելելու անհուն տենչը՝ գրգռիչ եւ վառվռուն դրութեան մէջ էր ձգած տղերանց տրամադրութիւնը:

Ինչպէս Պոլսոյ շատ մը կէտէրը, Սամաթիան ալ լաւ պատրաստութիւն էր տեսած: Ռազմական ծրագիր մը կազմւած էր, որը եթէ յաջողւէր ի գլուխ հանել, հիանալի արդիւնք ձեռք բերելու էինք: Չորեքշաբթի օրը ժամը 6-ին, ըստ թ.րքականի մեր գործը սկսւելու էր, որքա՜ն անհամբերութեամբ երեւակայութիւնը յուզող այդ ժամուն կսպասէինք: Մինև երեքշաբթի երեկոյ մեծ քանակութեամբ ռումբեր, 154 կտոր, ամեն տեսակէն ցրւած էին արդէն այն զանազան տեղերը, որոնք գործի պահուն նշանաւոր դեր խաղալու էին:

Քանի մը ահաբեկիչներ զինւած լաւ զէնքերով, փամփուշտներու մեծ պաշարով որոշւած ժամուն՝ (6-ին) յարձակելու էին տեղական զօրանոցի վրայ, որը բաւական մեծկակ եւ հաստատուն շէնք մ'է: Սպաննելով զօրքերէն մի քանիսին, նրանք փախչելու եւ ապաստանելու էին այն կէտի վրայ, որու շրջակայքի տուներու մէջ նախապէս ամեն տեսակ ռազմամթերքներով զինւած արիասիրտ երիտասարդներ սպասողական դիքի մէջ մնալու էին, այնպէս որ երբ մեր տէրրօրիստները կը մտնէին այդ կարեւոր կեդրոնի վրայ՝ նրանք խիստ դիւրութեամբ կարող կը լինէին այդ տուներու մէջ ապաստանել ու ազատիլ. մինչդեռ զօրանոցի ամբողջ զօրքերը եւ ուրիշ պահականոցներէ հասած ոստիկանական ամբոխը մեր տէրրօրիստները ձերբակալելու համար զանոնք հետապնդելով պիտի հասնէր նոյն կեդրոնի վրայ. այդ պահուն մեր աւերիչ, դժոխային մեքենաները, մեր ռումբները պատուհաններէն փողոց նետւելով, պիտի ջարդուփշուր ընէին եւ կոտորէին Համիտի սիրելի եւ անձնւէր զօրքերը: Երբ աստին՝ Սամաթիոյ գլխաւոր զինւորական ոյժը ջախջախւէր, անդին շատ մը ընկերներ եկեղեցին հաւաքւելու էին, ուր կամաց-կամաց պիտի կեդրոնանային մնացած մեր բոլոր ուժերը:

Բայց անսպասելի արգելքներ եկան խանգարեցին ծրագրի ոգին:

Գիւղին մէջ տիրող ոգեւորութիւնը զգալի էր. շարժումը շատ: Շատ մը ընտանիքներ իմանալով կամ կասկածելով, կանուխէն փախած էին Ս. Ստեֆանոյի կողմերը: Սոյն անխոհեմ քայլը պատճառ եղած էր կառավարութեան վաղուց ունեցած կասկածը հաստատելու: Անմիջապէս ոստիկանութիւնը սկսաւ ամեն դի շրջիլ փողոցներու մէջ:

Ժամը 2-ին ձերբակալութիւն մ'եղաւ Սամաթիոյ մէջ. սե՜ւ ստւեր մը անցաւ փայլուն արեւու վրայէն:

Խստութիւնները շատացան. գիւղը ամբողջովին պաշարման վիճակի մէջ էր. փողոցներու անկիւնները բռնւած էին:

Մեր ընկերները այդ միջոցին հաւաքւած էին Միսաքեաններու տունը, դեռ շատ կանուխ լինելուն անգամ մը եւս ժողոված էին միասին. երբ յանկարծ զիրենք պաշարւած տեսան: Գնունին կը փնտռէին, իր տանը տէրը ձերբկալւած էր արդէն: Դժւար կը լինէր այդ պահուն մեր ընկերներու զգացած կատաղութիւնը նկարագրել: Մի՞թէ այդքան շուտ: Որքա՜ն զոհողութիւններ եղած էին, ի՞նչ յոյսեր գգւած էին ու դե՛ռ քիչ առաջ կարող էին իրագործել իրենց փափագը ու հասնել նպատակնուն, բայց առիւծները փակւած էին վանդակին մէջ, չէին կարող դիւրաւ դուրս ելլել. սակայն սպասեցէք, դո՛ւք սինլըքորներ, Համիդ օնպաշիի ծառաները, սպասեցէք քիչ մ'ալ, դուք կը տեսնէք թէ այդ բանտարկւածները ինչպէս ձեզի կը հասկացնեն՝ թէ ի՞նչ կը նշանակէ իրենց փայփայած ու սիրած ծրագիրը խանգարել. դուք պիտի շուտով զգաք՝ թէ ձեր գործը առիւծների, հերոսների հետ է, որոնք կարող կը լինեն ձեզի եւ դեռ ձեզպէս շատերին ջարդել, փշրել, բնաջինջ ընել...

Ժամը 3-ը եկած էր:

Պաշարողները սկսան բանակցիլ. Գնունին կը խօսէր նրան հետ: Կ'առաջարկէին անձնատուր լինել – «ժամը 6-ին» կը պատասխանէին մերոնք:

Այս կտրուկ պատասխանին մէջ կար մի խորին իմաստ, սպառնական եւ հեգնական: Ժամը 6-ին սկսելու էր ամբողջ Պոլսոյ դաշնակցականներու ճակատամարտը ու մեր ընկերները կը ծաղրէին զիրենք պաշարող զօրքերը: Սպասելով որ կռիւը ամեն տեղ սկսի, որ իրենք էլ ցոյց տան շուտով իրենց ահագին ոյժը:

«Ժամը 6-ին միայն անձնատուր կըլլանք» կը կրկնէր Գնունին միշտ:

Տղայոց պաշարման վիճակին մէջ մնալը զիս յուսահատութեան կը տանէր, պէտք էր անպատճառ նրանց հետ բանակցութեան մտնել, բայց այդ ինչպէ՞ս ընել. իմ կանգնած տեղս ալ կամաց-կամաց զինւորները պաշարած էին, այնպէս որ մնացած էի շրջանակի մը մէջ, ուրկէ դուրս ելլելու համար հարկաւոր էր զօրքերի շարքերը կտրել ու անցնիլ: Մօտեցայ բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը, խնդրեցի, որ զիս ոստիկաններու միջոցաւ ամբոխի մէջէն հանէ, շուտով կատարւեցաւ իմ այս փափագը: Պաշտօնեան հրամայեց քանի մը զինւորներու, որ զիս առաջնորդեն եւ ի հարկին պաշտպանեն: Երբ հասայ ծանօթ անձի մը տանը մօտ, քովիններս հեռացնելէ ետք, մտայ ներս: Այս տանը վերին յարկերէն կարելի էր բանակցիլ Միսաքեաններու տունը գտնւող տղերանց հետ, ինչ որ յաջողեցաւ անմիջապէս: Սուրէնը յայտնեց իրենց դրութիւնը. պաշարումը չէր կարող այդպիսիներին երբէ՛ք թուլացնել. եղածը եղած էր, պէտք էին շա՜տ սուղ ծախել իրենց կեանքերը. կ'իմացնէր որ բոլորն ալ մեռնելու պատրաստ են, թէ պիտի կռւին մինչեւ վերջին գնդակը եւ վերջին ռումբը, թէ ո՛չ մէկերնին անձնատուր լինելու չէր երբէ՛ք:

Բայց կուզէին Կեդրոնական Կօմիտէին նախօրօք տեղեկացնել իրենց պաշարւած դրութեան մասին: Սուրէնը յանձնարարեց ինծի, շուտով մեկնիլ եւ պատասխան մ'ալ բերել, թէ միւս կողմերի ընկերները ի՞նչ ջուրի վրայ են: Հարցը լուրջ էր. անհրաժեշտ էր Կեդրոնական Կօմիտէին անմիջապէս իրաց վիճակի եւ տղայոց նպատակի նկատմամբ լուր հաղորդել, որպէսզի ընդհանուր ծրագիրը փոքր անզգուշութեամբ մը չխանգարւի:

Հրաժե՜շտ տալով ընկերներուս, որը վերջին անգամը լինելու էր՝ ես շտապեցի իմ պաշտօնը յաջող կերպով կատարել:

Կեդրոնը զիս ապահովեց, որ գործերը լաւ-կարգին էին ամեն տեղ եւ որոշւած ժամուն պայթելու էր կռիւը: Ժամանակը մօտ էր:

Վերադարձայ կրկին գիւղ. բայց ճանապարհի վրայ յուզումը արդէն նշմարեցի. ձիաւոր թղթատարներու արագ-արագ երթեւեկը զգալի էր. տեղ-տեղ խմբակներ կը նկատէի, շշուկը սկսած էր, երեւի Սամաթիոյ պաշարման լուրը տարածւել էր մինչեւ այդ կողմերը: Հեծեալները եւ զօրքերը գիւղին մէջ շատացել էին. խստութիւնները չափազանցւած, երթեւեկը թուլացած:

Ժամը 5-ն էր: Տուներու դռները արդէն գոցւած էին: Վարժարանը պաշարւած էր հոն ալ կասկածանքի տակ էր ընկած:

Ժամը 6½ –ն էր:

Յանկարծ ահագի՜ն դղրդումներ, սարսափելի՜ որոտումներ լսւիլ սկսան: Տղերք վերջապէս իրենց իդէալին հասել էին. ռումբերի կատաղութեամբ կը նետէին:

Ամբողջ գիւղը սարսուռի մէջ էր. գետինը կը սարսէր, օդը գոռ ու գոչի մէջ էր:

Կարմիր տէրրօրը սկսած էր:

Սարսափը մեծ էր. իրարու ետեւէ ռումբերը այելեւայլն տեղերէ կը նետւէին փողոցը եւ կը կոտորէին զօրքերը: Սպանւածները շա՜տ էին: Պաշարողներու կողմանէ անդադար եւ կատաղի հրացանաձգութիւն կար տուներու վրայ. մասնաւորապէս Միսաքեաններու տանը եւ մանչերու վարժարանին վրայ:

Առաջին ռումբը՝ կին մը նետեց թշնամիին գլխուն. կին մը, որը հակառակ իր տարիքին, ցոյց տւաւ զօրքերուն թէ՝ հայ կինն ալ գիտէ հայրենիքի սուրբ դատին համար կռւիլ ու զէնք շարժել:

Օրինակը քաջալերական էր. ընկերները բարոյապէս աւելի ուժովցած, առատօրէն կը գործածէին հրաշագործ ռումբերը:

Այդ միջոցին փոխադարձ յարձակում տեղի ունեցաւ. մինչդեռ մեր քաջերէն քանի մը հոգիներ զօրանոցի վրայ խուժելով՝ ատրճանակներով կրակ կընէին պահապաններու վրայ ու խոյս կուտային, անդին՝ զօրքերը թւով աւելի ուժովցած, նոր յարձակում մը կընէին մանչերու վարժարանին վրայ ու անամօթաբար ետ կը մղւէին, շատ զոհեր թողնելով փողոցին մէջ:

Շփո՜թը, սոսկո՜ւմը աննկարագրելի էր:

Հայեր փախչող փաչողի էին, բայց անգիտակից դրութեան մէջ, առանց ուր վազելնին գիտնալու: Տուներէ՞ն դուրս ելլելով խոյս կուտային, թէ պատահաբար փողոցը գտնւելով յանկարծակի եկած էին՝ այդ կէտը մութ է ինձ. մինակ այս լաւ գիտեմ, որ ջարդելու խիստ հրաման տրւեցաւ:

Խառնակութիւնը աւելի ծա՜նր կերպարանք ստացաւ փախչողները շուտով անխուսափելի մահը կը գտնէին... Վատ հոգի՜ զինւորներ, որ միայն լաւ գիտեն անզէն ժողովուրդը սպաննել:

Արդէն ամբողջ գիւղը կրակի մէջ էր:

Փողոցներու մէջ ծուխը լեցւած, օդը միշտ որոտման մէջ. արհաւի՜րք եւ սարսա՜փ, դժոխացուցած էին Սամաթիան:

Ժամը 12-ն էր: Կռիւը դադրեցաւ:

Մեծ դժւարութեամբ՝ բաւական ժամանակէ վերջը յաջողեցայ վարժարանի մէջ գտնւող ընկերներու հետ բանակցիլ: Տղերք շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ էին. դեռ բնաւ իրենցմէ զոհ տւած չէին: Ծիծաղով կը պատմէին ինծի, թէ ինչպէս կոտորած էին զինւորները. թշնամին շա՜տ զոհեր տւած էր: Կը խնդրէին, որ փաշփուշտ հասցնեմ իրենց, որովհետեւ ունեցածնին առատօրէն գործածած էին: Բայց ինձ անկարելի էր գոհացում տալ ընկերներուս այդ պահանջին. ուստի յաջողութիւն մաղթելէ ետքը իրենցմէ բաժնւեցայ...

Խորին լռութիւն մը յաջորդած էր: Երկու կողմանէ ալ պատրաստութիւններ կը տեսնէին: Մերոնք դիրքերը կամրացնէին, ռազմամթերքները, ատրճանակները անմիջական գործածութեան մը տրամադրելութեան մէջ կը դնէին: Թշնամին նոր ուժերով աւելի զօրացած էր: Գիշերային լռութեան մէջ կը լսւէին երբեմն ընդհատ կերպով աղմուկներ, հրահանգներ կը տրւին տաճիկ խումբերուն:

Ժամը 4-ին կռիւը յանկարծ նորէն սկսաւ. սակայն մեր տղերքը երեւի պաշարնին խնայելու դիտաւորութեամբ քանի մը ռումբեր նետելով բաւականացան, անկէ վերջը պաշտպանողական դիրք բռնել սկսան:

Շատ չտեւեց այս երկրորդ յարձակումը. Զօրքերը երբ տեսան, որ իրենց կրակին պատասխանող չէր լիներ, դադրեցուցին շուտով իրենց ապարդիւն հրացանաձգութիւնը:

Երկրորդ դադար. դարձեալ խո՜ր լռութիւն: Կը կարծէի թէ ամէն բան վերջացած էր, երբ յանկարծ ժամ 7-ի ատենները սոսկալի՜ որոտումներ լսելով ընդոստ արթնցայ. քիչ մը քնած էի, եթէ կարելի էր քնել այդպիսի ժամուն...

Կռիւը նորէն վերսկսած էր. կռիւ մը, որ վերջինը եղաւ: Թէեւ շատ մը մանրամասնութիւններ յետոյ իմացայ, բայց պիտի ջանամ դէպքերը իրենց ժամանակին պատմելու, իբր ականատես:

Նախ վարժարանին վրայ յարձակեցան. բաւական լաւ դիամդրութիւն ցոյց տրւեցաւ, սակայն թշնամուն ոյժը անհամեմատ կերպով մեծ էր, այնպէս որ շնորհիւ իրենց ունեցած կացիններու, որով հանդիպած արգելքները կը խորտակէին, քիչ վերջը յաջողեցան դռնէն ներս խուժել եւ տղերքը փնտռել: –Հոն սպանեցին Սողոմոնը, որ շարունակ արիաբար կռւած էր: Մարդասպանները ոտքերէն կապելով քաշքշելով մինչեւ փողոցը հանեցին: Մինչդեռ ներս վազող զօրքերուն մէկ մասը Սողոմոնով զբաղւած էր, ուրիշներ՝ վարժարանին սենեակներուն մէջ վեր ու վար, ամեն դին, որսը ձեռքէն փախցնող որսորդին պէս՝ խելագարի նման տղերքը կը փնտռէին. ասոնք՝ մնացած երկուքը, պատուհանէ մը վար ցատկեցին, որոնցմէ մէկը յաջողեցաւ հրաշքով ազատիլ այդ զօրքերու բազմութեան մէջէն: Իսկ միւսը անմիջապէս տեղն ու տեղը սպաննեցին:

Երբ վարժարանի մէջ սոյն տրամը տեղի կունենար, այնտեղ, Միսաքեաններու տունը սրտաճմլիկ տեսարան մը կը ներկայացնէր:

Տղերք հաւաքւած էին իրարու ջե՜րմ ու սրագի՜ն հրաժեշտի համբոյրներ առատօրէն փոխանակելէ վերջը՝ անմիջապէս գործի սկսելով, ունեցած ամբողջ ուժերնին կը հաշւէին: Դեռ զոհ մը չէին տւած: Վեց հոգի էին. Գնունին, Սուրէնը, 2 Միսաքեան եղբայրները, մայրերնին եւ ինծի անծանօթ մէկը: Ամենէն էական հարցը ռազմամթերքներու խնայողական գործածութիւններ էր. կարող էին դիմադրել մինչեւ իրենց պաշարի սպառումը. բայց լաւ չէ՞ր, որ քանի մը ժամ աւելի կռւէին: Արդէն բոլորն ալ քաջ ըմբռնած էին, թէ շատ  ապրելու չէին, սակայն եւ այնպէս երդւեցին մաքառի՜լ մինչեւ վերջ եւ յեղափոխականի մը արժանի մահովը միայն մեռնիլ: Ու այդ իմաստով ճառեր խօսւեցան, ոգեւորի՜չ եւ սարսռո՜ւն: Գնունին սկսաւ եւ Սուրէնը վերջացուց: Սուրէնի վերջին բառերն եղան – «Ուրեմն մեռնի՜նք, եղբայրնե՛ր»:

Սկսաւ կատաղի՜, հերոսական կռիւը:

Յանկարծ պատերազմական փողերու ձայնը լսւեցաւ, այս ձայնը խառնւելով ռումբերու եւ հրացաններու հանած որոտընդոստ աղմուկին հետ, ահեղ տպաւորութիւն կը ներշնչէին երկչոտին, խանդ ու եռանդ կռւողին:

Արշալոյսը սկսած էր. մթութիւնը կամաց-կամաց տեղի կուտար լուսոյ առաջ: Գիշերւան հետ միասին կաներեւութանային սե՜ւ-սե՜ւ մտածումները...

Լուսացած էր:

Տղերք նոր ոգի առած՝ կը շարունակէին կռիւը, բայց հասած էր ճգնաժամը... վայրկեան մը ունեցած յոյսերնին շուտով մարեցաւ:

Զօրքերը, որ անհատնելի կերեւային, միշտ նոր ուժերով ամրանալով, յանկարծ գազանացած կատաղի կերպով յարձակեցան տանը վրայ. այս անգամ յաջողեցան դռները կոտրել եւ ահա ամբոխը ներս խուժեց: 3 տղերք կսպաննւին, բայց երկուսը կը մնան տակաւին ողջ:

Կռիւ չէ այլեւս, ճակատամարտ է:

Սուրէն եւ Գնունին դեռ կը մաքառին. կզգան որ վսե՜մ վայրկեանը մօտեցած է. բայց քանի մը հոգիներ ալ կուզեն սպաննել: Նո՜ր հարւածները, նո՜ր զոհեր:

Վերջապէս, ալ դիմադրութիւնը անկարելի լինելով, փոխանակ անձնատուր լինելու, իրենց ձեռքերով վերջ կը դնեն կեանքերնուն:

Զօրքերու այդ վայրկենին բռնած դիրքը դիւրահասկանալի է: Ջարդել, փշրել ամեն կողմ, կողոպտել, աւարել ամեն բան:

Գիւղի վիճակը հինգշաբթի առաւօտ խի՜ստ տխուր էր: Տուները թալանւած, կործանւած, ընտանիքներ ալ ջարդւած էին: Կորուստը աւելի նիւթական էր:

Մեծ թւով ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան, որոնց մէջ տեսայ, պահականոցի առջեւէն անցած միջոցիս Միսաքեանց մայրը եւ իր հիւանդ քոյրը, որոնք ներ բերւած էին հոն. շատ մը ծանօթներ նկատելով այդ տեղը, առանց արգելքի ներս մտայ բակը, ուր ժողովւած էին 50-ի չափ խեղճ կիներ: Հետերնին բաւական խօսելէ ետքը, մեծ դժւարութեամբ դուրս կրցայ պրծիլ:

Սամաթեան այրիացած էր. գրեթէ աւերակ դարձած: Մեր ընկերներէն շատերը պատերազմի դաշտին վրայ մեռած էին, 18 ժամ կռւելէ վերջը:

Կորուցինք սիրելի՜ ընկերներ, բայց ցոյց տւին թէ գիտենք կռւելով մեռնիլ:

Չորեքշաբթին փառաւո՜ր եւ նշանաւո՜ր օր մ'եղաւ. առաջին անգամ ըլլալով, հայ յեղափոխականը ռումբով դուրս եկաւ եւ զարմացուց ու ահաբեկեց ոչ միայն Ելդըզ-Քէօշքի բռնապետը, այլ ամբողջ քաղաքակիրթ Եւրոպան:

Դո՛ւք, հայրենիքի զոհե՛ր, դո՛ւք, սիրելի ընկերներ, դո՛ւք ձեր մահով մեզի կտակեցիք ազատութեան սէրը, հայրենիքի եւ հայրենակիցների համար անձնազոհ լինելու սուրբ զգացումը:

Դո՛ւք ընկաք կռւոյ դաշտի մէջ՝ ձեր գաղափարի պաշտպանութեանը համար:

Հա՛յ յեղափոխականներ, հայութեան դո՛ւք մարտիրոսներ, դուք հասկացած էիք, որ ներկայ կռւի ելքէն է կախւած ձեր եղբայրներու, հայրենակիցներու փրկութիւնը: Դուք զգացած էիք, որ չորեքշաբթին մի մե՜ծ, վսե՜մ օր լինելու է, ուր ցոյց տալու էիք շուտով, դուրս պոռթկալով յանկարծ, ոգի՜, եռա՜նդ, քաջութի՜ւն, ո՜յժ, տոկունութի՜ւն եւ հերոսութի՜ւն: Այո՛, դուք լաւ գիտէիք, որ կռիւը լինելու էր կատաղի՜, անհաւասար, կը նախազգայիք, որ մեռնելու էք այդ օրը, բայց չը վարանեցաք վայրկեան մը: Դուք սիրով նետւեցաք այդ վտանգաւոր գործին մէջ, խմեցիք մահւան դառը բաժակը, առանց տրտունջի, սրտի անհուն գոհանակութեամբ դուք կատարեցիք ձեր պարտքը դէպի հայրենիքը, հայրենակիցները, մարդկութիւնը եւ դէպի ընկերները:

Ազատութեան սիրոյ համար, դո՛ւք մարտնչողներ, երջանիկ էք դուք: Դո՛ւք անձնուրացներ, չորեքշաբթիի անձնազոհնե՛ր, անմոռանալի՜ էք դուք:

Իսկ դու ալ, հա՛յ ժողովուրդ, ուրախ եղիր, որ այս տեսակ հերոսներու ծնունդ տւիր: Նոր չէ՛, որ հայերը, քու որդիքդ, իրենց հայրենիքի համար կը մեռնին: Պատմութիւնը զարդարւած է հայ քաջերի գործքերով, բայց ժամանակը անցած է, եղանակները եւ միջոցները փոխւած են, հայրենիքը աւելի պահանջկոտ դարձած է, նոր հերոսներու, նոր անձնուրացներու պէտք ունի. մեծ գործիչներ յղացի՛ր ուրեմն:

Դու շատ սպասեցիր, շատ համբերեցիր, բայց հասաւ ասպարէզ գալու օրը: Այս օրը, հայ ժողովուրդ, քո ճակատագրական րոպէներէն մէկն է, կռւելու ես լարւած ուժերով, ձեռք-ձեռքի տւած հայ յեղափոխականի հետ, քու հարազատ որդիքներուդ հետ, դուրս ե՛լ հրապարակ, խփի՛ր դու ալ թշնամիի գլխուն եւ ցոյց տուր, թէ կան քո մէջը այնքան բարոյական ու կենսական ոյժ, որ այս պատմական րոպէին, ուրկէ կախւած է ապագադ, դո՛ւ, երեկւայ ստրուկը, կարող կը լինիս կռւել ճակատ առ ճակատ թշնամու հետ:

Պոլիս՝ օգոստոս 14-ով ցոյց տւաւ թէ հայրենիքը կարող է դեռ վստահիլ իր յեղափոխականներու վրայ. Սամաթիոյ հերոսկան կռիւը մի փայլուն օրինակ է ամենուն համար:

Կեցցե՜ն ուրեմն Սամաթիոյ հերոսները...

«Դրօշակ» - 7 Հոկտեմբեր 1896
Թիւ 23