08 August, 2022

Տերրօրական Գործողութիւններ

Կ. Պոլիս, 9/21 օգոստ.

Նոյն օրն իսկ հեռագրեցինք ձեզ այն երեք տէրրորական գործողութիւններու մասին, որոնք Կ. Պոլսի Կեդրոն. Կօմիտէի որոշումով իգործ դրւեցան 6/18 օգ. չորեքշաբթի:

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՊԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օգոստ. 6-ին որոշւած ժամուն, որ թրքական 7-ն էր, կէսօրէն ետք, Դաշնակցութեան ահաբեկիչներէն մէկը ուժանակի ծրարը ձեռքին՝ կը մտնէ Օսմանեան պանքի դռնէն ներս, եւ սանդուխներէն վեր կը բարձրանայ դրամարկղի գրասենեակը մտնելու եւ պանքը օդ թռցնելու: Պահապաններն անմիջապէս կասկածելով՝ կը հետեւին եւ քանի մը հարցումներ ընելէ ետք, կուզեն ձերբակալել զինքը: Ահաբեկիչը պաղարիւնը չի կորսնցներ. Կը փորձէ իսկոյն ծրարին պատրոյգը վառել ձեռքի սիկառով, սակայն պահապաններէն մէկը հարւած մը տալով ձեռքին՝ սիկառը կը ձգէ գետին: Անվախ հերոսը կը քաշէ մէջքէն ատրճանակը եւ կուզէ իրեն համար ճամբայ բանալ, բայց պանքի ոստիկանները միջոց չեն տար, կը յարձակին վրան, կը կաշկանդեն եւ կը տանին մերձակայ պահականոցը:

ԿԱԼԱԹԱ-ՍԷՐԱՅԻ ԱՌՋԵՒ

Ճիշդ նոյն վայրկենին՝ Բերայի երկու ահաբեկիչներ իրենց վրայ առաջ պարտքը կատարելու հաստատ որոշումով կերթան Կալաթա-Սէրայի առջեւ: Որոշումին համեմատ ասոնցմէ մէկը ռումբը պիտի պայթեցնէր սալայատակին վրայ եւ երբ այդ պայթումին հետեւանքով զինւորներ ու ոստիկաններ դուրս թափէին, երկրորդը իր կարգին պիտի նետէր իր ռումբը այդ գիշատիչներու խումբին մէջ: Ռումբը չպայթեցաւ անյայտ պատճառով: Ներկայ գտնւող ոստիկաններն ու զինւորները կատաղաբար յարձակեցան խեղճ տղուն վրայ եւ կտոր կտոր ըրին:

Երկրորդ ահաբեկիչը, որ քիչ մը հեռուն կըսպասէր, նշմարւած էր արդէն. կը հալածեն եւ կը պաշարեն զինքը: Ահաբեկիչը իր ռէվօլվերով երեք անգամ կրակ կընէ, սակայն առանց մէկու մը վնաս յաջողելու՝ կը ձերբակալւի:

Բ. ԴՌԱՆ ՄԷՋ     

Բոլորվին անակնկալ պարագաներու հետեւանքով ժամը ճիշդ 7 եւ 48 վայրկեան անցած՝ ուժանակի ծրարը կը պայթի առաջին յարկը «թէշրիֆաթի»-ի սենեակներու քով սոսկալի ձայնով ու ահռելի ցնցումով, որ շատեր երկրաշարժ կարծեր են հեռուէն:

Պայթումին հետեւանքով մէկ քանի սենեակներ կը քակրտին, սանդուխները կը փշրւին, հոն գտնւողներուն մէկ մասը անմիջապէս կըսպանւի ու շատեր ալ կը վիրաւորւին: Պայթումէն անմիջապէս վերջը հրդեհը կըսկսի. վերի յարկերէն շատ մը մարդիկ ինքզինքնին պատուհաններէն վար կը նետեն ազատւելու նպատակով, բայց անոնց ալ զանազան անդամները կը կոտրտին, մէկ քանիներու ձեռքը, ուրիշներու ոտքը...

Հրդեհը կը տեւէ երկու ժամ ու ամէն կողմէն նոյն իսկ Բերայէն, թաղային ու զինւորական ջրհանները կը փութացնէին հրդեհին վայրը:

Երբ սարսափելի պայթումը կը լսւի, ոստիկանները, զինւորներ ու անոնց հետ սօֆթաներն ու խուժանը կը վազեն դէպի Բ. Դուռը, անմիջապէս դուռները կը գոցեն յանցաւորը բռնելու համար. բայց մեր տղաքը ժամանակին դուրս ելած էին արդէն եւ տակաւին հրդեհը չմարած՝ անոնք իրենց գործերնուն գլուխն անցած կաշխատէին հանգիստ, բոլորովին ապահով: Ոստիկանութիւնը կատղած՝ այդ տղաքը կը փնտռէ. ամէն ջանք գործ կը դնէ յանցաւորը գտնելու, բայց յաջողելու եւ ոչ մէկ յոյս կրնայ ունենալ:

Խանութները դէպքէն անմիջապէս ետքը կը փակւին: Ժողովուրդը կը վազէ դէպի տուները: Զինւորները թէ  Պոլիս եւ թէ Բերա դուրս կը թափին պահականոցներէն՝ խիստ հսկողութիւն ընելու համար: Ոստիկանութիւնը՝ արդէն նախապէս ստացած հրամանին համաձայն՝ շատ զգուշութեամբ կը վերաբարի դէպի հայ ժողովուրդը. ոեւէ թշնամական արարք չի գործադրւիր հայերու նկատմամբ. հայ թաղերու մէջ խիստ հսկողութիւն կը կատարւի: Թուրք խուժանը անշուշտ այս վիճակէն գոհ չէր կրնար ըլլալ եւ իրաւ ալ իրենց դէմքերուն վրայ կը տենսէր լուրջ տխրութիւնը մը. ամէնքն ալ գլխիկոր, հանդարտ էին այդ իրիկունը Բերայի թաղերուն մէջ տաճիկ պտղավաճառներ եւ այդ դասին պատկանող մարդիկ ամենեւին չերեւցան:

Ոստիկանութիւնը սարսափը չընդհանրացնելու եւ եւրոպացոց մտքերը գրգռման վիճակը մէջ չպահելու համար՝ Բերայի բոլոր խանութները բռնի բանալ տւաւ եւ ստիպեց ժողովուրդը, որ իր գործերով զբաղի, իբրեւ թէ բան մը եղած չըլլար:

ՁԵՌԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ձերբակալութիւններն սկսան, բայց ո՛չ ծայրայեղ սաստկութեամբ, ինչպէս անցեալ տարի պատահեցաւ: Նոյն իսկ ձերբակալութիւնները գաղտնի, առանց աղմուկի ընելու ջանքեր կընէ ոստիկանութիւնը. չորեքշաբթի գիշեր (6 օգ.) 20-ի չափ հայեր Կէտիկ Բաշայի կոմէն կանցընեն Գում-Գաբու տանելու համար եւ, որպէսզի ոտքի ձայները չլսւին, ձերբակալւածներուն կօշիկները կը հանեն:

Բերայի մէջ, Ֆէրիտիյէի կողմը, տուն մը կը խուզարկեն, բայց ո եւ է բան չեն գտներ: Գում-Գաբուի մէջ ալ կը խուզարկեն դէպքի պահուն Բարձրագոյն Դուռը գտնուող հայ սեղանաւորի մը տունը. աւելորդ է ըսել թէ յոգնութիւննին վրայ կերթայ:

Նոյն օրը Կեդր. Կօմիտէիս կողմէն վեց դեսպաններուն տրւեցաւ յայտարարութիւն մը, որ դիմում ընելով հանդերձ եւրոպական ազգերու մարդասիրական զգացումներուն, կը յիշեցնէր ցարդ տրւած խոստումներուն անգործադրելի մնալը եւ կը սպառնար ահարկու ծրագրի մը իրագործումով, որուն միային նախերգանքն էին եղած անցեալ տարւան դէպքերը:

Յայտարարութիւնը կը վերջանար հետեւեալ տողերով. «Մենք կը պահանջենք որ... տիրող բռնութեան եւ անսանձ կամայականութեան փոխարէն՝ օրէնքը միայն թագաւորէ:

«Մենք կը պահանջենք ինչ որ անհրաժեշտ է լոկ իբրեւ մարդ ապրելու համար եւ երբեք պիտի չդադրինք գործելէ, մինչեւ չիրականանան մեր այս արդար, իրաւացի եւ մեր նահատակ եղբայրներու արիւնով նւիրագործւած պահանջները»:

12/21 օգոստոս 1897

Բ. Դռան մէջ եղած պայթիւնի մասին հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը քաղենք Կեդր. Կօմիտէիս ներկայացուած տեղեկագրէ մը.

«...Որոշւած ժամուն անփոյթ եւ անխռով կը մտնենք ներս. ես վերի դռնէն լրտեսելու համար եւ ընկերս վարի դռնէն՝ ծրարը ձեռքին: Բանկին մէջ կը դիմաւորենք իրար. կ'ապահովցնեմ թէ որ եւ է անյաջողութեան պատճառ չկայ. թէեւ քանի մը մարդիկ կան, բայց արգելք չեն կրնար ըլլալ երբեք գործին, որովհետեւ նրբանցքը բաւական երկար է: Թող թէ վերջին վայրկենին տղան հաստատապէս խօսք տւած էր կրակ տալ ծրարին ինչ պարագայի մէջ ալ գտնւէր, նոյն իսկ եթէ ինքն ալ մէկտեղ օդը թռչելու վտանգին մէջ ըլլար:

Մտանք նրբանցք մը, ուր բազմութիւն չկար, ուր ձիու ախոռներ ու սպասաւորի սենեակներ կային: Շատ դիւրին էր հոդ մեր մտադրածը իգլուխ հանել. բայց նախարարներու սենեակը շատ հեռու կը գտնւէր այդ մեր տեղէն:

Կ'անցնինք անոր զուգահեռական եղող միւս նրբանցքը, ուր ժողովի, գրագրի սենեակներ կան կարգաւ եւ որ լեցուն էր ժողովուրդով ու անցուդարձն անպակաս: Սենեկապանները կ'երթան ու կուգան. սօֆտաները գետինը ծալապատիկ նստած կը ծխեն:

Կ'ընտրեմ սենեակներէն մէկը – որ «թէշրիֆաթի» սենեակն է – կը նստինք դռանը ճիշտ դիմացը, ծրարը ոտքերնուս մէջ առած:

Վերջին անգամ մը աչքով կը չափեմ նրբանցքին լայնութիւնը. 3 մեթրէն աւելի չէ:
Ա՛լ ժամանակն է:

Ահաբեկիչը չորս անգամ սիկառը դպցնել կը փորձէ եւ ետ կը քաշէ. երկու անգամ սենեակէն մարդ կելլէ. հեղ մը վերէն, հեղ մը վարէն մարդիկ կանցնին. սիկառը հատած է արդէն. մատները կայրին. ծխատուփս կը հանեմ նոր սիկառ մը շինելու:

Դժւարն ան է, որ ամէն անգամ սիկառը մօտեցնելու համար, մինչեւ գետին խոնարհիլ ստիպւած ենք:

Մարդ չ'անցնիր. ոտքի վրայ կայնողներուն հակառակ կողմը նայելէն վայրկենապէս կ'օգտւինք եւ սիկառը կը դպցնենք:

Կը հեռանանք իսկոյն. արտաքին դռան զինւորներուն մէջէն ալ անցնելով փողոցը կը հասնինք: Կը սպասենք եւ ականջ կը դնենք լսելու համար թէ չե՞ն պոռար «վուրուն» «թութուն»: Քսան քայլ ըրած ենք, բայց պայթիւնին ձայնը չի լսւիր: Կը կասկածիմ կրակը դպած ըլլալուն եւ կը հարցնեմ.

-Տեսա՞ր աչքովդ պատրոյգին բռնկիլը:

-Փչեցի ալ, կը պատասխանէ ընկերս:

Սիկառը հատած եւ մինչեւ բերնին թրջւած տեղը հասած ըլլալը յիշելով՝ չեմ հաւատար ըսածին. կէս ոտք ետ կը դառնամ նորէն տեսնելու ծրարը եւ ահա այդ միջոցին կը լսւի ահռելի պայթիւնը, որոշւած ժամանակէն 48 վայրկեան ետք:

Ահագին իրարանցում մը սկսաւ: Սրճարաններու առջեւ նստող թիւրքեր վեր կը ցատկէին. ծառաներ դուրս կը նետւին դռներէն. երկու ոստիկան – որ փողոցին մէջ մեր խօսած ատեն մեր դիմացէն կուգային – կը վազեն ձայնին ուղղութեամբ, քովերնուս կ'անցնին՝ առանց ուշ դարձենլու մեզ. մեզ անմեղ կը կարծեն պայթումէն առաջ փողոցին մէջ մեզ տեսած ըլլալնուն համար:

Մենք կը շարունակենք ճամբանիս, որ անվերջ կ'երկարի. սալայատակին քարերը կարծես կը փախչին մեր առջեւէն: Մենք կը ջանանք զգացնել չտալ թէ վայրկեան մը առաջ հեռանալ կուզենք այդ տեղերէն:  Կը հասնինք մեծ ոստիկանատան անկիւնը, որ Բ. Դռան  մօտ է եւ Այա-Սօֆիայի թրամւէյի գծին ուղղութեամբ կ'երթանք:

Ոստիկաններ եւ զինւորներ մեր կողմը կը վազեն դեռ, բայց մեզ վրայ նայող չկայ: Կառքեր կան ճամբուն վրայ. կ'առաջարկեմ ընկերոջս անոնցմէ մէկը վարձել:

Ընկերս չ'ուզեր.

-Ծուղակ է կառքը. մէջը կը բռնւինք, կըսէ:

-Ա՛լ վախնալու բան չունինք, կըսեմ. փառաւոր կերպով վերջացնենք:

Կը մօտնամ կառապանի մը.

-Ի՞նչ կ'ուզես մինչեւ Ուն-քափանի կամուրջը:

-Հինգ դահեկան, կըսէ աղաչանքի ձեւով մը:

-Բայց շուտ պիտի վարես. գործ ունիմ:

-Կրցածիս չափ:

Քառորդ ժամէն, կամուրջին քիչ մօտեցած՝ վար կիջնենք եւ ծովեզրը կ'ուղղւինք՝ նաաւակով դիմաց անցնելու»:

«Դրօշակ» - 13 Սեպտեմբեր 1897
Թիւ 11