Դարձեա՜լ կախաղան:
Այո՛, հայ զինւոր, դարձեալ խարոյկ՝ ազատութեան ճամբուն վրայ, դարձեալ զոհաբերութեան նոխազ՝ Բռնութեան հեթանոս Տաճարին առջեւ, դարձեալ որբացած մօր վայնասուն, դարձեա՛լ ցասում, դարձեա՛լ վրէժխնդրութիւն:
Ո՛չ, կանգ չ'առներ կըսես՝ հայ երիտասարդութիւնը այլեւս ո՛չ մէկ մարդկային զոհողութեան, ո՛չ մէկ վտանգի առջեւ: Կարծես կռիւը, անհանգսոտթւիւնը, տենդն ու հերոսական մահը հոգեկան պահանջներ են իրեն համար. կ'արծես անիկա այսօր բաւարարութիւն կը գտնէ միայն խիզախումի, անձնազոհութեան մէջ: Հայուն ցեղային բնազդները, ազգային կեանքը երբէք այսքան շքեղ չե՛ն ձգտած դէպի ազատ արեւը, դէպի լոյսը. Երբէք հայ երիտասարդութեան սիրտը այնքան սխրալի յուզումով, այնքան կատաղի սիրով բաբախած չէ՛ դէպի ազատութիւնը: Եւ հայը ամէն անցեալէ աւելի այսօր իրաւունք ունի ապրելու:
Նայեցէք այն խաւար, մահատիպ Անցեալին՝ որ ամօթի, գերութեան ծանր շղթաներով կեցած է մշուշի պէս հայուն սեւ հայրենիքին վրայ. նայեցէ՛ք այդ մեռելաստանին՝ ուր ժողովուրդին կենսագործ սերունդը կքած է կապարէ համակերպութեան տակ, ուրկէ կուգան հազիւ յուսահատական տքոց, հազիւ ցաւակոծ հեկեկանք եւ ուր հայ աշուղին տրտում երգն անգամ խեղդուած է համայնատարած արհաւիրքին մէջ:
Բայց ահա կը նշուլէ կարմիր առաւօտը, կարծես կախարդական զօրութիւն մը կայ անցնելու մեր մրրկալից հորիզոններէն: Հայաստանի սառած, անկենդան ծմակներուն ու հովիտներուն մէջէն կը փչէ կենդանաշունչ քամին եւ տեղի կունենայ կեանքի հրաշալի մոգութիւնը,– ալեւոր Մասիսը երիտասարդական կորով կը հագնի, հայրենի աւերակ բերդերն ու պարիսպները կը յիշեն ու կը սկսին մրմնջեկ դարերով մոռացւած ռազմական սիրելի երգերը եւ հայը կը ցնցէ իր ստրկական շղթան: Կռի՜ւ բռնութեան դէմ, անտեղիտալի, յամառ, եւ երբէ՛ք, յուսահատական:
Հո՛ն, հեռաւոր հայրենիքին մէջ շղթան կը հառաչէ միշտ եւ Ազատութեան սահմանները բռնաբարող պատնէշները՝ բանտ ու կախաղան՝ կը կրեն մեր կտրիճներուն յարձակումը: Եւ ռազմական այս ժխորը կ'արձագանքէ մեր հորիզոններէն անդին ու կը հանի իրեն հետ՝ ինչ որ կը կ'երազէ, ինչ որ կը զգայ հայ հողն ու ջուրը: Վանն ու Պոլիսը, Սասուն ու Եալօվան, Պիթլիսն ու Մանիսան կը հոտոտեն այդ բուրումը ու հոգիով կ'ողջագուրուին: Ամէն տեղ՝ ուր որ հայու մը երդիքը կը մխայ, ուր որ հայու մը հրագը կը վառի՛ կը ցօղէ հայրենիքի փրկութեան կարօտը:
Ու խիզախները, յանդուգները առաջ կ'անցնին:
Եւ արժանաւորները կ'իյնան հերոսական մահով:
Ահա անոնցմէ ամէնէն վերջիններէն մէկը՝ Պետրոս Ազիզովը:
Ի՞նչ պիտի ըլլար անհանդարտ, եռուն եւ մշտայոյզ կեանքը այս երիտասարդին՝ եթէ պատանեկութեան իր առաջին ծիլերը չի բողբոջէին ոգեւորութեան ու խանդավառութեան ժամանակի մը մէջ: Գուցէ միջավայրին օտար բուռն հոսանքը նետէր զայն մեղաւոր ափունք մը, գուցէ իր հոգիին յատակը եփ եկող կիրքերը՝ շեղելով իրենց ազնիւ ուղղութենէն՝ խեղդէին ինչ որ կար հոն մաքուր, գնահատելի ու թանկ: Բայց, լուսաւոր իդէալը դրաւ զա՛յն շիտակ ճամբուն վրայ ու մղեց դէպի ցանկալի նպատակը, դէպի անձնուիրութիւնը: Պատանի էր Պետրոս երբ թողուց Մանիսան եւ ծնողակա նտունը՝ որուն մէկ հատիկ մշտենջենաւորող յոյսն էր: Նախ Իզմիր, ապա Ալէքսանդրիա՝ չարչարուեցաւ զրկանքէն, չարչարուեցաւ անօթութենէն, բաղխեցաւ այն բոլոր դժուարութիւններուն՝ որոնք առաջին օրէն իսկ այնքան անգթօրէն փորձեցին զի՛նքը. բայց, իր կամքը եւ իդէալը մնացին անպարտելի: Մէկ բան միայն կը խօսէր իր գիտակցութեանը մէջ. դէպի՜ Կովկաս, դէպի՜ սահմանագլուխ՝ ուրկէ կարելի է ընկերոջ հետ կուշտ կուշտի սեղմած՝ հայրենի հողին վրայ ոտք դնել եւ դուշմանին հանդիպիլ: Հասաւ վերջապէս Կովկաս, առանց յանձնարարականի, առանց ծանօթացման. ո՛չ ոք կը ճանչնար զինքը, ոչ ոք բան մը գիտէր իր մասին:
Ազիզովը կարող է ծառայել անձնավստահութեան ու աննկուն կամքի գեղեցիկ օրինակներէն մէկը մեր զինւորական շարքերուն մէջ, երբ այնքան արգելքներ տրորել անցնելէ ետքն ալ՝ դեռ գիշերները Կովկասի մէջ աղքատութեան անկիւն մը չի կրցաւ քնանալ անօթութեան պատճառով, երբ հարկ եղաւ ամէնէն դժնդակ առաւօտներուն սպասել, մինչեւ որ ժամանակի ու ընթացքին մէջ ինքզինքը ճանչցուց:
Մինչեւ հոս Պետրոսը միայն ուղին է որ փնտռած է, ճակատը զարնելով թշուառութեան բոլոր անկիւնաքարերուն: Անկէ ետք անխոնջ գործունէութեան եւ անպայման անձնուիրութեան շրջանն է որ կը սկսի: Խրկուեցաւ գիւղեր՝ ուր խօսեցաւ, համոզեց իր հաւատքին ու զգացումներուն տաքութեամբը: Մասնակցեցաւ Խաստուրի կռւին: Եւ իր քաջութիւնը, իր անվեհերութիւնը արժանի է հիացումի: Գտնուած է Կովկասի ու Պարսկաստանի շատ մը շրջաններու մէջ եւ բոլոր այն ընկերները որ զինք ճանչցեր են՝ անմոռանալի սիրով ու գուրգուրանքով կը յիշեն իր անունը:
Խաստուրի մէջ էր որ դիւցազնաբար կռւած միջոցին՝ ինկաւ վիրաւոր: Մութն էր, խումբը ստիպւած էր նահանջիլ. ընկերները չէին կրնար Պետրոսի զգայազուրկ մարմինը փոխադրել իրենց հետ՝ պէտք էր աճապարել, բայց դժւար էր սիրական ընկերը կիսամեռ յանձնել թշնամիին: Եւ ֆէդային կը կատարէ վերջին պարտականութիւնը,– համբոյր մը՝ ընկերոջ մահատիպ դէմքին եւ գնդակ մը անոր՝ խնայելու համար գերութեան ամօթը: Կ'անցնին ժամեր, հրացաններու որոտը եւ ոտնաձայնները կը դադրին, գիշերւան անուշ քամին կ'իջնէ լեռներէն եւ կը շոյէ կռւի դաշտին վրայ պառկած անտէր դիակները: Զովոթիւնը կը կազդուրէ Ազիզովի արիւնաքամ մարմինը եւ զինւորը աչքերը կը բանայ ցնորակոծ ու չարատանջ երազէ մը, մինակ է, բոլորովին առանձին՝ լեռան մը կուշտը եւ իրեն հետ լուսնկային տրտում լոյսը՝ որ կը հսկէ մռայլ խաղաղութեան վրայ: Կը յիշէ ինչ որ անցած էր, կը յիշէ ինչ որ աղօտ, անրջային կերպով լռեց ընկերներուն իրեն համար ըսածները, կը ստուգէ վէրքերը. գնդակը հանդիպած է ոտքին: Գիտէ թէ խումբը ո՛ւր պիտի հանգչի այդ առաւօտ: Կաղնիկաղ, սողալով, իյնալով՝ լուսաբացին կը հանդիպի ընկերներուն. եւ գրկախառնութիւն ու ողջագուրում:
Իբրեւ անվախ տէրօրիստ՝ ստանձնած է վտանգաւոր պարտականութիւններ եւ կատարած՝ պաղարիւն ճարտարութեամբ: Իր ձեռքով մահւան դատապարտուած են Շիկօ եւ Սամուէլ անունով մատնիչները, ինչպէս նաեւ Շէրիֆ բէկ աւազակապետը, առաջինը՝ Ալէքսանդրապօլի, երկրորդը՝ Թիֆլիսի եւ երրորդը՝ Բագւի մէջ: Իբրեւ նւիրւած զինւոր: առաջնորդած է զինավարժական խմբերու, կատարած է ռազմական փոխադրութիւններ եւ եղած է ժամանակներ՝ ուր իր անձնական պէտքերը հոգալու համար քար կրած է բեռնակիրի շալակով՝ չի ծանրանալու համար կազմակերպութեանվրայ: Եւ հանգստի ժամերու մէջ, յուզման ու յափշտակութեան վայրկեաններու տակ՝ հոգիին երգերը առած է թուղթի վրայ:
Իր վերջին գործը՝ Պալէօզի տէռօրն եղաւ 1902-ին Իզմիրի մէջ, ուր ձերբակալւեցաւ եւ մահւան դատապարտուեցաւ: Երեք տարի հեծեց ու գալարւեցաւ բանտի մէջ այս անհանդարտ, այս յարաշարժ ու գործունեայ կեանքը, ինչպէս առիւծը, որ կը կրծէ իր գառագեղին երկաթեայ ձողերը, փնտռելով անկաշկանդ ազատութիւնը, եւ ահա անցեալ տարի պաթեցայ հսկայ ձեռնարկի աղէտը: Պետրոս բնազդօրէն նախազգաս թէ դուրսի մրրիկը կը սպառնար իրեն: Օգոստոս 8-ին, առտւան դէմ, արշալոյսէն առաջ յանկարծ բանտապետը եկաւ արթնցնելու Ազիզովը, պատրւակելով թէ իրեն ցոյց պիտի տան ձերբակալւած մը: Գաւիթին մէջ անցուցին երկաթեայ ձեռնակապերը: Դուրսը, դռան առջեւ արդէն կը սպասէր պատրաստի կառքը, ուր քահանային ներկայութիւնը հաւանականաբար զգացուցած պիտի ըլլայ իրեն թէ՝ ո՛ւր կ'առաջնորդեն զինքը: Կառքը կանգ կ'առնէ Ալի փաշայ մէյդանը, ուր կախաղանը գիշերւան միջոցին կառուցւած աւարտած էր:
Ազիզով ո՛չ մէկ երկիւղի, ոչ մէկ մարդկային տկարութեան նշան ցոյց տւաւ. հպարտ, վեհանձն, վսե՜մ, մահւան դիմաց խօսել ուզեց:
–Ահա կախաղանին տա՛կ կը գտնւիմ այս րոպէին. վայրկեան մը ետք պիտի կախւիմ այդ պարանէն, սակայն վախ չե՛մ զգար բնաւ, որովհետեւ վստահ եմ թէ ես չե՛մ մեռնիր... կախաղանը իմ հոն երազն էր արդէն, մահը նշանակութիւն չունի ինձի համար, շատ անգամներ առիթ ունեցած եմ զայն աչքովս տեսնել... տասը տարի է որ յեղափոխական եմ եւ շատ գործեր կատարեր եմ: Ես իմ պարտքս կատարեցի, խիղճս հանդարտ է: Ամէն մարդ պարտական է իր մարդկային պարտաւորութիւնը կատարելու... Ես պարսկահպատակ չե՛մ, անունս Պետրոս Ազիզով չէ՛, ես բնիկ Մանիսացի եմ եւ անունս Խորէն Սարգսեան է: Ծերունի մայր մը ունիմ Մանիսայի մէջ. վրաս մէկ ոսկի կայ, 9 ոսկի ալ սնտուկս ունիմ, կը խնդրեմ, որ այս տասը ոսկին մայրիկիս յանձնւի եւ ես թաղւիմ Մանիսայի մէջ...
–Քաշեցէ՛ք չուանը, լսելի եղաւ ոստիկանապետին անգղի կառաչը:
Եւ ո՜վ վադերային անխղճութիւն, չուանը դիտմամբ ծնոտին մօտէն ձգեցին, որպէսզի անպաշտպան զոհը երկար տանջւի... Ու Խորէնը՝ ամբողջ մէկ օր ցցած ճակատը երկնքի դէմ, յառա՜ծ բողոքի ու վրէժխնդրութեան արդարասաստ նայւածքը վերեւի անսիրտ Աստծուն՝ դեռ հպարտ էր, միշտ խրոխտ:
Հայրենիքի սգաւոր դրօշակը ծածկեց կտրիճ մըն ալ փառքով...