Gloria victis!
Տարօնի առիւծը նահատկւեր է:
Չենք կրնար չողբալ իր անսպասելի մահը եւ չհիանալ միանգամայն ժողովրդի այդ սրտոտ, աննկուն եւ հարազատ զաւկին վրայ:
Անոնցմէ էր Սերոբ, որոնց մայրերը բացառիկ աստղերու տակ կը ծնին, եւ որոնց հոգուն մէջ անցեալէն մոռցւած դիւցազնական վեհութիւն ու շնորհք մը կան:
Գրեթէ եօթ տարի-արկածալիր եւ փոթորկալից տարիներ-դիմագրաւ եւ աննւաճ ապստամբ մը եղաւ օսմանեան աշխարհաւեր եւ թաթարական վարչութեան դէմ: Ափ մը ընկերներով ոչ միայն ահուսարսափ ազդեց իր բարբարոս թշնամիին, այլեւս պատկառանք: Ամբողջ վաշտերու դէմ, ինքը լեռ մըն էր, Սիփանայ սարին պէս:
Սերոբ-Աղբիւր իր մայրենի կենսառոյգ՝ այլ տարաբախտ հողին վրայ ուռճացած, անոր հայգուժ եւ վրէժխնդիր արձագանքներով կորովցած ու դաստիարակւած, հայրենի ճշմարիտ հերոս մըն էր. պատմ-աւանդական քաջերու սրտապնդող տաքարիւն հմայքովը ու կտրիճ աւիւնովը հսկայացած: Պարզ էր իդէալը, իրենց լեռներու ստինքներէն վազած աղբիւրներուն պէս զուլալ եւ առողջ, կուռ ու վեհուժ: Իր գործին մեծութեան ու նւիրականութեան վրայ մարտիրոսի հզօր ու ապառաժէ հաւատքը ունէր որ կուտար իրեն այն գերմարդկային արիութիւնը եւ քաջագործութիւնը որ բացառիկ էակներու մենաշնորհն է:
Այն դժնդակ ու աննպաստ հանգամանքներուն մէջ, որոնցմով շրջապատւած էր անմոռանալի հերոսը, եւ որոնց դէմ արեկ հասակովը կըմբշամարտէր իր Սօսիին հետ, այնքան ինքնավստահ շարժումով մը եւ ռազմութիւնով մը, ոչ մէկ հասարակ մահկանացու չէր կարող երկար ապրիլ: Դեւ մըն էր, երբ շանթահարող յանդգնութիւնով քրդական լէշկէրներու ու կանոնաւոր զօրքերու դէմ կռւիլ հարկ ըլլար: Անպարտելի մնաց մինչեւ վերջի շունչը, մինչեւ որ սեւհոգի դաւաճանութիւնը զայն թակարդը ձգեց:
Իր թշնամիները «Սերոբ Փաշա» կը կանչէին անոր. անկեղծ էր այդ գովասանքը. բայց հայ ժողովուրդը աւելի համեստ, աւելի սրտաբուխ, սիրուն եւ խորհրդանիշող անուն մը տւած է «ժողովրդական հերոս»ը կոչելով զայն,- հին աշուղի մը բամբիռին արժանի-իբր մռնչող մարնացումը ագային շղթայակիր զգացումին եւ սրբազան ուխտին:
Ցեղին ուժեղ, պատերազմիկ, ապրիլ ուզող եւ լոյս աղաղակող ոգին էր Սերոբը, զինքը ծնող հողէն անբաժան, լօշտակի մը պէս խրած էր անոր մէջ, զոր կորզել յանդգնողը պէտք էր մահը աչքը առնէր:
Մեր մէջ սրտեր շատ կան, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ մէյմէկ առիւծ է քնած. ո՞վ պիտի զգայ իր մէջ, խորունկ ցնցումը, ներշնչումը, հիանալի հերոսին տեղը բռնելու եւ անոր ձեռնարկած վեհ ու ազնիւ գործը, նոյն ջերմեռանդութիւնով եւ նոյն հայրենասիրական աճուն հաւատքով մը առաջ վարելու համար: Կ'արժէ, որ խիզախ եւ անվեհեր հոգիները, այդ հոյակապ կերպարանքին առջեւ, հպարտ եւ փղձկուն խոյանքով մը, ինչպէս Կեսար Աղեքսանդրի արձանին առջեւ, աղաղակեն. «ես կ'ուզէմ Սերոբ մը ըլլալ»:
Չքնաղ հերոս-գործիչի մահով գրեթէ ամբողջ արիական ընտանիք մը կ'աներեւութանայ. իրեն հետ կը մեռնին իր 12 տարեկան կորիւնը, իր երկու եղբայրները,-դժբախտ ու սեւ ճակատագրին զոհ սրտաշարժ եւ դիւցազնական groupe մը-իսկ Սօսին, որ կենսական ուժն ու զօրավիգն էր իր ամուսնուն եւ անոր բացակայութեանը յաճախ կը հրամանատարէր քաջամարտիկ խմբին, վիրաւոր գերի ինկած է: Այժմ բանտին մէջ, հայ Ամազօնը կուլայ, իր առիւծն ու կորիւնը... Ազգային սրտարցունքով շրջապատենք զայն:
Սերոբը, այդ դիւցազն, համակրելի տիպարը, մեր ազգային գոյութեան կռւի ու փառքի էջերուն էն հարազատ, էն սրտի մօտիկ մեծագոյն դէմքերէն եւ պարծանքներէն մէկը պիտի մնայ: Իր մահը սակայն ծաղկի մը մահն է, բեղուն ապագայով:
Ճակատագրի փորձանքներուն առջեւ խրոխտ մնալ եւ վեր պրկւիլ անհրաժեշտ է ազգի մը համար, եթէ չ'ուզեր իր աստղը կորսնցնել: Դժբախութիւններու առջեւ է որ ազգերու թերութիւնները ու մեծութիւնները կը ճանչցւին: Դէն շպրտելով մեր յոռետես, սկեպտիկ եւ բացասական տժգոյն կողմերը, գօտեպնդւին առնական եւ կորովալիր զգացումներու համերգութիւնով մը:
Սերոբը, աղբիւր-իդէալը թող ըլլայ, ստրկութեան մէջ լացած ու դիւցազնացած, եւ ազատութեան համար ծարաւի ժողղովրդի երազուն հոգիին. իսկ Սօսին Տարօնի հերոսուհին, «ոսկիամայր» տիպար կինը բոլոր այն լալկան, սրտակսկիծ եւ արիասիրտ մայրերուն ու հայուհիներուն, որոնք իրենց ծոցին վրայ կ'ապրեցնեն ցեղին կեանքը եւ իրենց սրտատրոփ կուրծքին տակ, ինչպէս տաճարի մէջ, սրբազան նախանձնայուզութիւնով մը կը պահպանեն ցեղին դարաւոր ձայնը, ազատութեան հառաչանքը, կայծուկրակը...