Քեռի Ղազար, ծանօթ է նաեւ Պետօ Ղազար անունով: Ծնած է մօտաւորապէս 1880ին, Սասնոյ Կելիէկուզան գիւղը:
«Պետոյի տունը, Պետոյի գլխաւորութեամբ, ամենէն ազդեցիկ տունն էր: Պետոյի խօսքը ոչ միայն իր գիւղին, այլ ամբողջ Շատախի շրջաններուն մէջ կ'անցնէր: Ղազար Պետոյեան (ֆէտայի) այդ տունէն էր»: (Վկայութիւն՝ Կարօ Սասունիի)
Հօրը անունն էր Ունօ, իսկ մօրը՝ Րըպէ, որոնք կու գային յեղափոխական գերդաստաններէ: Ունօն ունէր չորս զաւակներ, երկուքը՝ մանչ, երկուքը աղջիկ:
Ղազար, մինչեւ 1894 խաշնարած էր: Այդ օրերուն, երբ հօտը գիւղ կը բերէր եւ տուն կու գար, իրենց տան մէջ կը տեսնէր յեղափոխականներ, որոնք իր հօր հետ կը խորհրդակցէին:
Ի տես այս յեղափոխականներուն, պատանի Ղազարի հոգիին մէջ կը ծնէր ազգասիրութեան եւ յեղափոխութեան ոգին: 1894ի վերջերը պատանի Ղազար կը մեկնի Առաքելոց վանքը, ուսանելու համար: Այդ շրջանին աւելի կը ծանօթանայ հայ յեղափոխականներուն, որոնք յաճախ կը գտնուէին Առաքելոց վանքը:
1904ին, կը ծագի Սասնոյ ապստամբութիւնը, եւ պատճառ կը դառնայ Ղազարի վանքէն հեռանալուն: Ան կը մեկնի իր ծննդավայրը, ուր կը գտնուէր Հրայրը, որ ծանօթ էր իրեն Առաքելոց վանքէն: Կը ներկայանայ անոր եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ապստամբութեան, կռուելով միշտ Հրայրի կողքին:
Անդրանիկ կը վարէր Արեւելեան շրջանի կռիւները: Գէորգ Չաւուշ՝ Իշխանաձորի եւ Տալւորիկի: Կոտոյի Հաճին՝ Ջայի գլուխը, իսկ Կորիւնի, Սեպուհի եւ Շենըգի ֆէտայիներն ալ կը մնային Հրայրի ղեկավարութեան տակ:
Հոն էր որ Ղազար ճանչցաւ Անդրանիկը, Վահանը, Սպաղանաց Մակարը, Սպաղանաց Գալէն, Կորիւնը, Սեպուհը եւ ուրիշ կտրիճ ֆէտայիներ:
Ապրիլ 13ին, երբ թրքական բանակը յարձակում կը գործէր Կելիէկուզանի վրայ, Ղազար, Հրայրի կողքին էր, քաջաբար կռուելով թշնամիին դէմ:
Ան այդ դժնդակ կռիւի ընթացքին, ցասումով տեսաւ Սեմալ գիւղի այրուիլը, Սեպուհի վիրաւորուիլը եւ իր ղեկավար՝ Հրայրի (Արմենակ Ղազարեան) զարնուիլը թշնամի գնդակէն եւ անոր ցաւատանջ մահը: Անոր դիակին վրայ ուխտեց, քանի կ'ապրի ինք, վրիժառու ըլլալ թշնամիէն:
... «Սասնոյ ապստամբութենէն ետք, վերադարձայ վանք՝ ուսումս շարունակելու: Տեսնելով ընտանեկան նեղ պարագաներս, ուզեցի Ամերիկա երթալ: 1908ի սկիզբներուն, ճամբայ ելայ դէպի Ատանա, եւ յետոյ՝ Պոլիս: Երբ օտարութեան մէջ մնացի, գիշեր-ցերեկ սկսայ մտածել. իմ Ամերիկա երթալովս, միայն իմ ծնողքս է, որ պիտի օգտուի: Պէտք է ետ դառնամ դէպի երկիր: Եւ Հրայրի գլխուն վրայ ըրած երդումս պէտք է կատարեմ: (Պետօ Ղազար)
Ղազար, երբ երկիր վերադարձաւ, Ռուբէն Տէր Մինասեան, նոր մեկնած էր Սասունէն: Մի քանի շաբաթ ետք Սիմոն Զաւարեան կու գայ Սասուն, կազմակերպելու համար շրջանը:
«Երբ մեր շրջանը եկաւ Սիմոն Զաւարեան,– կ'ըսէ Պետօ Ղազար,– ինձ համար աշխատանքի շրջան մըն էր, որ բացուեցաւ: Ան եկած էր դպրոցներ բանալու, ուսում ջամբելու գիւղացիներուն, յառաջադէմ տղաքը ղրկելու արտասահման՝ իրենց ուսումը շարունակելու եւ մեղուաբուծութիւն սորվեցնելու: Իր միջոցաւ սորվեցայ մեղուաբուծութիւնը: Զաւարեանի մեկնումէն մինչեւ բժիշկ Զաւրիեւի գալը, իմ վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները կատարեցի»:
Քեռի Ղազար գործակցեցաւ բժիշկ Զաւրիեւի, մինչեւ անոր Սասունէն մեկնիլը:
Մինչեւ 1914ի սկիզբները, Ղազար օգտակար գործեր կատարեց Տալւորիկի շրջաններուն մէջ:
1914ին, Ռուբէն վերադարձաւ Սասուն. 1915ի ամառը, Վարդեվառի Կիրակին, Թուրքերը ռմբակոծեցին Մուշ քաղաքը, որուն պաշտպանութիւնը ստանձնած էր Կոտոյի Հաճին: Կուրթըկի կողմէն կ'ուզէին օգնութեան երթալ Մուշ, բայց թրքական զօրքերը, մինչեւ Ղըզըլ Զիաբաթ եւ Միրզայի աղբիւրը, լեցուած էին: Ո՛չ մէկ օգնութիւն կրնար հասնիլ Մուշ:
Պետօ Ղազարի եւ Տէր Քաջի Գրգոյի խումբը կը պաշտպանէր Շենըգը: Իսկ Իսօ Կորիւն՝ Շէյխ Եուսուֆ Զիաբաթը: Նոյն օրը թշնամին կրակի տուաւ Շենըգը եւ Սեմալը: Պետօ Ղազար, շուտով գնաց եւ միացաւ Իսոյին՝ Անտոքի գագաթին վրայ: Թուրքերը իրենց թնդանօթները զետեղած էին Գրէքորի կողմերը: Երեք օր անընդհատ ճակատամարտերէ ետք, կէսօրուան մօտ կը զարնուի Իսօ Կորիւն (Ամպրներու մօտ). Տարօն կը կորսնցնէ իր քաջարի ղեկավարը: Մինչ այդ, Ռուբէն Տէր Մինասեան լուր կ'ուղարկէ, որ դիրքերը մինչեւ երեկոյ պահեն եւ մութէն օգտուելով ճեղքեն թշնամիի շղթան եւ հասնին Քան:
Անտոքի պարտութենէն ետք, Պետօ Ղազար, խումբ մը ֆէտայիներու հետ կը քաշուին իրենց ծանօթ լեռները:
...«1916 Փետրուար 4ին, Մուշ մտան ռուսերը: Իմանալով Մուշի գրաւումը, շրջանի գիւղերէն ողջ մնացածներս, մօտ 250 հոգի, գացինք եւ Փետրուար 17ին յանձնուեցանք ռուսերուն»:
Ղազար օգտուելով կամաւորական գունդերէն, սկսաւ մաքրագործել այն շրջանները, զորս թուրքերը գրաւած էին: Մինչեւ 1918ի սկիզբները, ան կը գտնուէր Տարօնի շրջանները:
Էրզրումի անկումէն ետք, Սասնոյ ուժերը անցան դէպի Արարատի փէշերը, ու Ղազարի յանձնուեցան 200 որբեր, զորս փոխադրեց Աղեքսանդրապոլ եւ անկից՝ Թալինի շրջանը:
Ղազար մասնակցեցաւ մաքրագործումին Թալինի շրջանի թուրքերու, որոնք մեծ ոյժ կը ներկայացնէին հոն: Հոն էին Մօրուք Կարօն, Չոլօն, Փիլոսը, Սասունցի Մանուկը եւ բազմաթիւ սասունցի հերոսներ:
Քեռի Ղազար, երեք օր եւ երեք գիշեր քաջաբար կռուեցաւ: Այս մաքրագործումին շնորհիւ, Թալինի շրջանը հայացաւ եւ ժողովուրդը ազատ եւ խաղաղ ապրեցաւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, ան կը մասնակցի Բագրեւանդի դաշտի կռիւներուն: Հոն էին՝ Կարօ Սասունի, Խմբապետ Մուշեղ, Մօրուք, Չոլօն, Տէր Քաջի Ադամը, Արմէն Սասունի եւ ուրիշներ:
Կարօ Սասունիի եւ Կորիւն Ղազարեանի թելադրութեամբ, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ, իր սասունցի 70-80 զինակիցներով, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հայ համայնավարներու կողմէ եւ իրենց հրամանատար ռուս Պելկովիք Սամալցիայի ղեկավարութեամբ եղած յարձակումը կասեցնելու կռիւներուն:
Այն օրերուն, հայ համայնավարները սկսած էին գործնական միջոցներու դիմել: Հայ մեծ հերոս զօրավար Դրօն, իր մօտ կը կանչէ Սասունցի Մանուկը, որ Ռուբէն Տէր Մինասեանի (պատերազմական նախարար) թելադրութեամբ ան կազմէր միլիցիական խումբ մը՝ զուտ սասունցիներէ:
1920 սեպտեմբեր 2ին, Մանուկ կը մեկնի Դալարագեազի շրջանը, կազմելու համար միլիցիական խումբը:
...
Սեպտեմբեր 4ին, Պետօ Ղազարի խումբը, բաղկացած 175 ձիաւոր եւ 400 հետիոտն զինուորներէ, կը յառաջանայ դէպի Կողբ: Կռիւէն առաջ, Սասունցի Մանուկ կ'ուզէր իր հեռադիտակով տեսնել թշնամի դիրքերը: Ան իր ճերմակ ձիուն վրայ նստած կը բարձրանայ բլուր. դեռ չհասած, թշնամի գնդակէ կ'իյնայ անշունչ:
Ղազար տեսնելով իր զէնքի անբաժան ընկերոջ մահը, վրէժխնդիր, իր խումբին հետ կը յարձակի թշնամի դիրքերուն վրայ եւ կը գրաւէ Կողբը:
Ղազար, Սասունցի Մուշեղի հետ կը գրաւէ Ղարաբաղը եւ հոն կը մնայ մինչեւ աշուն: Երբ զօր. Անդրանիկ պիտի անցնէր Գողթանի կողմերը, կ'ուզէ Ղազարի եւ Մուշեղի խումբերը հետը առնել: Սակայն, կը մերժուի: Անոնք իրենց խումբերով, Պազարչայի կողմերը մաքրելով, հասան Գորիս: Մինչ այդ, Ռուբէն կը հեռաձայնէ, որ Ղազար մնայ հոն, Եապոնի մօտ: Քանի մը շաբաթ մնալէ ետք, Ղազար կ'ուզէ վերադառնալ Դարալագեազի շրջանը, բայց ճամբան կտրուած էր թշնամի ուժերու կողմէ: Ան կռուելով կը հասնի մինչեւ Ճղնի Ձորը:
...
Խորհրդակցաբար Ռուբէնի հետ, կը ծրագրուի, որ Քեռի Ղազարը Ճղնի Ձորէն, իսկ Ոզմեցի ԱՍլան Ստեփանեանը Երեւանէն, միանան իրարու՝ մաքրագործելէ ետք Հղնի Ձորէն – Երեւան: Այսպէս, կռուելով, երբ Ասլանի խումբը կը մօտենայ Ղազարի, թաթարները ճերմակ դրօշ պարզելով՝ կ'ուզեն բանակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ: Թաթարները Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պայմմանները կ'ընդունէին, միակ պայման դնելով, որ սասունցի ուժերը հեռանան իրենց շրջաններէն:
Քեռի Ղազար Հայաստանի խորհրդայնացումէն վերջ մնաց Արագածի փէշերը՝ Թալինի շրջանը, միշտ կապ պահելով Կարօ Սասունիի հետ:
Փետրուարեան ապստամբութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ, գրաւելով Էջմիածնի շրջանը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին հետ Քեռի Ղազար, ձգելով մայր հայրենիքը, անցաւ Պարսկաստան: Երեք ամիս մնալէ ետք, օգտուելով համայնավարներու կողմէ շնորհուած ներումէն, 15 ընկերներով վերադարձաւ Հայաստանի եւ հաստատուեցաւ Թալինի շրջանի Մաղդա գիւղը: (Խմբապետ Մուշեղ):
«1926, Հոկտեմբերի կէսերուն էր, սկսան ձերբակալութիւնները, Արագածի փէշերուն թառած գիւղին մէջ: Տեռօրի կ'ենթարկուին գիւղական Խորհուրդի նախագահ՝ Մանուկ Խուշոյեանը: Պետօ Ղազար, Արտաշէս Ստեփանեան, Հռիփսիմէ Մուշեղեան, բժիշկ Միքայէլ Մելիք-Մուրատեան կը ձերբակալուին:
«Դատավարութիւնը տեղի կ'ունենայ 9 հոկտեմբերին: Գլխաւոր ամբաստանեալներն էին՝ Սահակ, Պետօ Ղազար եւ Արտաշէս: Այս երեքը, ամէն առաւօտ կը տանէին դատարան եւ ուշ երեկոյեան կը բերէին չեկայի բանտը. խիստ մեկուսացած պահելով զանոնք: Շատ հիացմունք կը պատճառէր Ղզարի, Սահակի եւ Արտաշէսի կեցուածքը: Եւ դատարանը չէր յաջողած հաստատել, թէ Խուշոյեանի տեռօրը կատարուած էր Կ. Կ.ի կողմէ («Հայրենիք» ամսագիր, 1954):
Քեռի Ղազար բանտէն արձակուելէ ետք, քանի մը շաբաթ կը մնայ գիւղ: Երբ կ'իմանայ որ զինք կրկին պիտի ձերբակալեն, կը բարձրանայ լեռները: Երկուքուկէս տարի լեռները մնալէ ետք, Մօրուք Կարոյի եւ Քեռի Թաթոյի հետ, հազարումէկ տանջանքներով կը հասնին Պարսկաստան 1930ին, իրենց հետ որպէս ուղեցոյց ունենալով Խուշոյեանի ահաբեկիչը:
Քանի մը ամիս Թաւրիզ մնալէ ետք, երկրորդ ներում մը կու գայ: Բայց Ղազար չի հաւատար բոլշեւիկներու ներումին եւ հետեւեալը կը գրէ Աղասի Խանջեանին, «Մենք ձեր սուտ ներումներուն չենք կրնար հաւատալ: Դուք եւ համայնավար կառավարութիւնը, անմեղ տեղը կը բանտարկէք, կը սպաննէք եւ Սիպիր կ'աքսորէք մեզ»:
1932ին, Քեռի Ղազար անցաւ Պաղտատ եւ անկից՝ Գամիշլի: Ժամանակ մը հոն մնալէ ետք եկաւ Հալէպ: Երկար ժամանակ մնաց Հալէպ ու ապա անցաւ Պէյրութ՝ Անթիլիասի Վանքը, Գարեգին Կաթողիկոսի հրաւէրով մեղուաբուծութեամբ զբաղելու համար, ուր մնաց մինչեւ իր մահը՝ 19 Հոկտեմբեր 1959: