Նկարը՝ Դաշնակցութեան Օրուայ Տօնակատարութիւն, Պէյրութ, 1950 թուական: Նստած՝ Լեւոն Շանթ, կը բանախօսէ Կարօ Սասունի |
Վերջին երկու դարերու պատմութեան մէջ, ամենէն հիմնական գիծը՝ ժողովրդական սկզբունքն է: Ֆրանսական յեղփոխութենէն ետք, կարմիր գծով կ'անցնի պատմութեան վզէն այդ սկզբունքը.– Գիտութիւնը, բարօրութիւնը, կենաքի յարամրութիւնները ժողովուրդին համար. կառավարութիւնը դարձեալ ժողովուրդին համար: Այսպէս էր ժողովուրդներու ծոցէն ներս. դուրսն ալ նոյնն է պատկերը: Ամէն ժողովուրդ՝ ինքն իր տէրը, ամէն ազգ՝ ի՛նքը պիտի որոշէ իր ճակատագիրը:
Մինչև այս սկզբունքը, ժողովուրդները հապտակներ էին այս կամ այն թագաւորին:
19-րդ դարուն փոխուեցաւ պայմանները: Ամբողջ 19-րդ դարը՝ պատմութիւնն է հպատակ ժողովուրդներու ջնջումին և ինքնուրոյն անկախութիւններու հաստատման, փոքր փոքր ժողովուրդներու ազատագրութեան–Պելճիքա, Զուիցերիա, Պալքանեան ժողովուրդները: Ազատագրական այս երեւոյթը անցեալին կը վերաբերի, բայց աւելի՛ շեշտուած է ան մեծ պատերազմէն ասդին, մանաւանդ աւելի փոքր ժողովուրդներու կեանքին մէջ:
Այնքան ուժգին է այս պահանջը փոքր ժողովուրդներու մէջ և ա՛յնքան անդիմադրելի, որ տիրող ժողովուրդները հարկադրուած են այնպէս ցուցնելու թէ իրենց հպատակ ժողովուրդները անկախ են մասամբ:
Ժողովուրդները հետզհետէ կ'ըլլան անկախ և իրենք իրենց տէրը, որքան հնար,– ասիկա ժամանակին, պատմութեան պահանջն է:
Անհատական կեանքին մէջ՝ անցեալին՝ ստրկութիւնը հասկանլի էր և ընդունուած. այժմ և երկար ատենէ ի վեր անհասկնալի է ան արդէն: Մարդկային կեանքին մէջ, անհատականին պէս արդէն անըմբռնելի կը դառնայ ժողովուրդներու ստրկութիւնը:
Ժամանակին ոգի՛ն է աս. Ժողովուրդները կամ պէտք է ըլլան ազատ ու անկախ, կամ պէտք է մեռնին: Երբեմն տէրն ու տիրականը թագաւորներն էին, հիմակ ժողովուրդները իրենք. հպատակ ազգերը չեն հանդուրժեր հպատակութեան գաղափարին: Այն ազգերը որոնք կրնան ազատ ապրիլ, կ'ապրին, անոնք՝ որ ուժ ու թափ չունին ազատ ըլլալու, կը մեռնին:
Ճիշտ է թէ ժողովուրդի մը անկախութեան ու ազատութեան իրագործումը կախում ունի շրջակայ պայմաններէն, պարագաներէն: Ե՞րբ եւ ի՛նչպէս է պատմական միջավայրը: Բայց այս բոլորէն վեր, ամենէն հիմնականը՝ այդ ժողովուրդին ի՛ր վճիռն է, այն կամքն է թէ՝ ինք ազատ ու անկախ պիտի ըլլայ ուրիշ ազատ ժողովուրդներու պէս, և ո՛չ թէ հիւանդ:
Հայ ժողովուրդի վճիռը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութի՛ւնն է, անոր կամքի մարմնացումը Հ. Յ. Դաշնակցութի՛ւնն է.– ահա՛ ճշմարտութիւնը:
35 տարի առաջ նոյն այս Ազատութեան գաղափարին քարոզութիւնն էր միայն. անկէ ի վեր այդ գաղափարին գործադրութեան շրջանն է: Հայ ժողովուրդի ապրելու կամ մեռնելու պայքարը, անոր ինքնուրոյն կեանքի ձգտումը Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է որ կը վարէ: Եւ այսօր անոր տօնն է:
Ի՞նչ մահուան մասին կը խօսին մեր հակառակորդները՝ հեռուն կամ մօտը: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը սպաննել և թաղել ցնորք է, ինչպէս Երեւանի մէջ մէկ քանի անգամ փորձեցին. Անկարելի փորձ՝ որովհետեւ տենչանքը չի մեռնիր, և Դաշնակցութիւնը Հայ ժողովրդի տենչն է: Թողունք սակայն որ մեռելները թաղեն իրեն մեռելները, որովհետեւ պոլշէւիկութիւնը դաժան ու դժբախտ մեռել մըն է ինքը:
Ռուբինեանց Հարստութենէն ասդին ազգային-հաւաքական մէկ ուժ միայն երեւան եկած է մեր կեանքին մէջ,–Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: Անիկա հայ ժողովուրդի առնականութիւնն է, հպարտութիւնն է, հայուն կամքի գործադրութիւնն է:
Յարգա՜նք այն ժողովուրդին, որ դաժան պայմաններու տակ կ'ապրի և կը ձգտի իր անկախութեան: Յարգա՜նք 35 տարիներու ճիգին ու աշխատանքին և յիշատակին այն ընկերներուն, որոնք տանջուեցան ու մեռան՝ ազատագրութեան ու ինքնորոյն կեանքի խորհրդանշան դրօշը վեր բռնած:
Եւ նաև անոնց՝ Հայաստանէն ներս թէ դուրս, որոնք այսօր մեր ժողովուրդի վա՛ղը կը պատրաստեն, որոնք կը բերեն մեր ազատութիւնը, անկախութիւնը և մարդու վայել կեանքը հայ ժողովուրդին: