22 December, 2021

ՀՅԴ 87 ամեակ. Հրայր Մարուխեան

ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու անդամ եւ ներկայացուցիչ Ընկեր Հրայր Մարուխեանի ելոյթը, արտասանուած Պուրճ Համուտի մէջ, Լիբանան, 11 դեկտեմբեր 1977-ին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան 87 ամեակի տօնակատարութեան աւարտին:

Սիրելի հայրենակիցներ,

ըսուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի կուսակցութիւնն է: Կրկնուած խօսք է, ամէն առիթով պիտի կրկնուի, բայց իր կրկնումին մէջ հիմնական ճշմարտութիւն մը կ'արտայայտէ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը առանց հայ ժողովուրդի, կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, եւ իր գործունէութիւնը, երբ չի ծառայեր հայ ժողովուրդին, կը դադրի իմաստ ներկայացնելէ:

 

Ճիշդ այդ պատճառով, իր երեւումը հայ կեանքէն ներս եղաւ տիրական: Տիրական եղաւ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը վստահեց Դաշնակցութեան ամէն ինչ, ինչ որ իր ճակատագրին հետ էր կախուած, անոր գործին մէջ տեսաւ այն ամէն իրականութիւնները, որ ժողովուրդ մը կրնայ տեսնել եւ ատով իսկ վստահիլ կազմակերպութեան մը: Գործնական եղաւ Դաշնակցութիւնը, գործնական իւրաքանչիւր մէկ քայլի մէջ որ կ'առնէր: Առաջին օրէն, անպայման որ այս կուսակցութեան հիմնական տեսլականը, հայ ժողովուրդին սրտին ու հոգիին մէջ թաքնուած Հայաստանի ամբողջական ազատութեան գաղափարն էր, բայց իբրեւ գործնական կուսակցութիւն, իր համար, բարենոգումները սեղանի վրայ դրուեց:

 

Մեր կեանքին պայմաններին ծանօթ կուսակցութիւն էր, մեր կեանքի պայմաններին ծանօթ կուսակցութիւն է նաեւ այսօր: Չէր կրնար տակաւին չյեղափոխականացած, տակաւին չքաղաքականացած ժողովուրդի մը մէկ օրէն միւսը մղել ամբողջական Հայաստանի մը ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարներուն: Պայքար մը սկսած էր, եւ այդ պայքարի քուրային մէջ պէտք է խմորուէր հայ ժողովուրդին քաղաքական-յեղափոխական խառնուածքը, եւ ժողովուրդը պիտի պատրաստուէր հասնելու համար բիւրեղացած այն գաղափարին, որ այսօր մեզ ներկայանում է Հայաստանի անկախութեան եւ ամբողջութեան գաղափարով: Յետոյ, Դաշնակցութիւնը կառչեց «ֆեդերացիայի» գաղափարին. եւ երբ մեր ժողովուրդը այլեւս պատրաստ էր ընկալելու ամբողջական Հայաստանի գաղափարը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դրսեւորեց իր հիմնական դիմագիծը, որ հայ ժողովուրդի դիմագիծն էր, հայ ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի սկզբունքը շեշտեց, եւ այդ սկզբունքին համար պայքարեց. այդ սկզբունքը իրականցրեց:

 

Երբ հայ կեանքի եւ հայոց պատմութեան մեծագոյն յեղափոխական Քրիստափոր Միքայէլեանը, տակաւին 1900 թուականին, իր պատմական պատգամը կ'ուղէր հայ ժողովուրդին, այդ պատգամին մէջ այս կուսակցութեան եւ այս ժողովուրդին ամբողջ ազատագրական պայքարին իմաստը կար: Քրիստափորը կ'ըսէր. հայ ժողովուրդը սկսած է իր կռիւը, հայ ժողովուրդը բարձր պիտի բռնէ այդ կռուին դրօշակը, բարձր պիտի բռնէ, որովհետեւ մեր ժողովուրդին մէջ դեռ կան մարդիկ, հայորդիներ, որոնք թաղուած են առօրեայի սահմանափակ տեղական հոգսերի մէջ, կան մարդիկ եւ կան զանգուածներ, որոնք օտար կեանքի հոսանքին մէջ են թաղուած ու չեն անդրադառնար, որ այս ընթացքով մի ամբողջ ժողովուրդի ճակատագիրն է, որ պիտի խորտակուի: Կռիւը պիտի շարունակել կ'ըսէր Քրիստափորը, որպէսզի մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ արթնանայ իր իրաւունքներուն պահանջին գիտակցութիւնը, որպէսզի իր նկարագիրը վերստին յեղափոխականանայ, եւ այդ յեղափոխական գործունէութեան ճամբով հայ ժողովուրդը սթափեցնէ, արթնցնէ, եւ մղէ այն պայքարներուն, որ փաստօրէն մեր կեանքի յետագայ տարիները գործնականի մէջ ապացուցեցին:

Դաշնակցութիւնը այդ գործի կուսակցութիւնը ըլլալով, ժողովուրդից վստահութիւն ստացած ըլլալով հանդերձ, նաեւ պահանջատէր եղաւ ժողովուրդէն ամէն անգամ որ պէտք է պահանջատէր ըլլար: Իրաւունքը տուեց եւ իրաւունքը ստացաւ ժողովուրդէն պահանջելու երբ պէտք է. ամէն անգամ երբ մեր կեանքին մէջ ժողովուրդը դարաւոր այդ նշանաւոր մրափի նշանները ցոյց կու տար: Եւ Դաշնակցութեան կեանքի մէջ քիչ չեն այն օրինակները, որ ժողովուրդին պատկանելով հանդերձ երբեմն նաեւ իր մատը թափ է տուած ժողովուրդին, ըսելու համար, որ գզո՛յշ, հայ ժողովուրդ, այս ընթաքով քաղաքական եւ ազգային այն մեծ առաքելութիւնը, որ դուն վստահած ես ինձ, տեղ չի կրնար հասնիլ:

 

87 տարուայ պատմութեան մը հարստութեամբ բեռնաւորուած, երբ այսօր  մեր բանախօսների թուարկումներով իսկ կը փորձենք վերագնահատել այն ճամբան, որ Դաշնակցութիւնը անցաւ, կու գանք ու կը հասնինք մինչեւ 1918 թուի Մայիս 28, մինչեւ Սեւր, մինչեւ Լոզան, եւ տակաւին Սովետական Հայաստան. ու յետոյ սփիւռքի մեր ամբողջ իրականութիւնը, տարագրուած հայութիւն մը, գրեթէ բոպիկ, առանց ոչինչի եւ կազմակերպուելու կարօտ, դպրոցների կարօտ, եկեղեցիներու կարօտ, ազգային իր նկարագիրը պահպանելու համար ամէ՛ն տեսակի ազդակների ստեղծման կարօտ, եւ այս ժողովուրդի ամբողջ սփիւռքեան ճակատագիրը, ահաւասիկ կը վստահուէր Դաշնակցութեան դարձեալ ու Դաշնակցութիւնը աւելի քան 50 տարիներ լծուած էր ու լծուած, որպէսզի սփիւռքի մէջ մենք կարողանանք հայօրէ՛ն մեծանալ, կարողանանք մեզ պահել հայ ժողովուրդի՛ն համար, մեզ պահել Հայաստանի՛ համար, մեզ պահել Հայ Դատի՛ համար:

Ի՞նչ պիտի ներկայացնէր Հայ Դատը, քաղաքական մեր պահանջները, եթէ սփիւռքի հայութիւնը այսօր ոչ եւս ըլլար: Յաջողե՞ց իր առաքելութեան մէջ, փաստը հրապարակն է: Ճի՛շդ է, յաջողեց: Սակայն, երբ Քրիստափոր Միքայէլեանը 1900 թուականին խորհրդաշնական կերպով կռուի դրօշը բարձր պահելու պատգամը կու տար հայ ժողովուրդին, այն օրերին, կռիւ ըսելով միայն յեղափոխութիւն, միայն մեռնիլ ու մեռցնել չէ՛ր ուզեր Քրիստափորը: Կռիւ ըսելով՝ պայքարե՛լ, պայքարել ամէ՛ն ճակատներու վրայ, պայքարել յանուն Հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն, յուշագիր ներկայացնել, բանախօսութիւն տալ, դպրոց կազմակերպել, մասսա զարգացնել, յեղափոխականներ դաստիարակել, այս բոլորը միասին առած կռիւ ըսել կ'ուզէր Քրիստափոր Միքայէլեանը:

Մեր ժողովուրդի պայմանները քիչ նախանձելի չէին նաեւ այն օրերին... Այսօր, երբ սփիւռքը կազմակերպուած է այսպէս կամ այնպէս, Քրիստափորի այդ խօսքերի կրկնութեամբ, մենք՝ իր աշակերտները, պարտաւո՛ր ենք հայ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել այն իրականութիւնը, որ դժբախտաբար, դժբախտաբար, մեր ժողովուրդը օտար հոսանքին մէջ սկսած է մոռնալ, որ փափուկ կեանքի այս պայմաններով եւ փափուկ կեանքի հեշտանքի ոլորտներում, Հայ Դատ չե՛ն կրնար պահանջել ու հետապնդել: Մեր ժողովուրդը սկսած է մոռնալ, որ տեղական հոգսերի նեղ սահմաններուն մէջ թաղուելով, համահայկական մտահոգութիւններ չապրելով, հայկական դատին իր ամբողջ էութեամբ չնուիրուելով, մենք Հայ Դատին ոչ մէկ նպաստ չե՛նք կրնար աւելցնել:

Եւ ահաւասիկ, Քրիստափորի պատգամին ընդմէջէն, մեզ իրաւունք կու տանք ըսելու հայ ժողովուրդին, արթնցի՛ր հայ ժողովուրդ. 50 ամեակի եւ 60 ամեակի, այդ որքան ալ համաժողովրդական ընթացիկ ցոյցերով մի՛ խանդաւարուիր. բաւական չե՛ն ատոնք: Պարտաւոր ես հաշտուել ա՛յն իրականութեան հետ, որ եթէ սփիւռքի մէջ կրցար վերականգնիլ, կրցար տնտեսապէս ապահով կացութիւններու հասնել, այդ բոլորը քու անձնական կեանքի հաճոյքների համար չէ՛ր. այլապէս, ի՞նչ պէտք կար այդ բոլորին՝

կրնայիր մեծնալ ու ապրել իբրեւ ֆրանսացի, իբրեւ ամերիկացի, իբրեւ պարսիկ, իբրեւ լիբանանցի եւ իբրեւ ի՛նչ որ կ'ուզէք: Եթէ պահուեցար իբրեւ Հայ, քու այս ապահով պայմաններուն մէջ, պէտք է նաեւ նկատի ունենաս, որ պահուեցար Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի ու Հայ Դատի համար:

Եւ ժամանակ է, որ արթննայ հայ ժողովուրդը իր բոլոր զանգուածներով, Քրիստափորի պատգամին մէջ տեսնէ իրականութիւնը Հայ Դատի ապագայ յաջողութիւններուն: Կռիւը կը շարունակուի այո՛, կռիւը իր բոլոր տեսակներով, կռիւը բոլոր ճակատներուն մէջ:

Եւ ես, այս հանդիսաւոր առիթով, մեր ժողովուրդը աւելի մե՛ծ թափով, աւելի մե՛ծ նուիրումով, Քրիստափոր Միքայէլեանի տուած իսկ օրինակով, Գէորգ Չաւուշների եւ Աղբիւր Սերոբների տուած օրինակով, Անդրանիկ Թուլումճեանների եւ Սերժիկ Թովմասեանների տուած օրինակով, պիտի իր ամբողջ էութեամբ՝ նիւթական, տնտեսական եւ ամէն հնարաւորութիւններով նուիրուի Հայ Դատի սրբազան գործին, եւ այն ժամանակ իրաւունք ունենայ Դաշնակցութենէն պահանջելու այն ինչ որ տարիների ընթացքին պահանջած է եւ Դաշնակցութիւնը ամօթով չէ մնացած, տուա՛ծ է ժողովուրդին այն ինչ որ ժողովուրդը իրմէ ուզած է, պայմանով՝ որ ժողովուրդն ալ իրեն տայ այն ինչ որ Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ:

Ես իմ խօսքս կը վերջացնեմ, սիրելի, հայրենակիցներ, հանդէսը փակուած յայտարարելով, այն մաղթանքով, որ այսօրուայ խորհուրդը այս սրահէն ներս, ձեր հոգիներուն մէջ պիտի տանէք ձեր տուները, պիտի փոխանցէք ձեր զաւակներուն, եւ ձեր զաւակներուն պիտի դաստիարակէք եւ մեծցնէք այն մեծ ու սրբազան գործին համար, որ դեռ աւարտուած չէ, որքան ժամանակ, որ հայ ժողովուրդը չէ վերադարձած իր հայրենիքը Վրացեանի իսկ խօսքերով.- «Հայաստանէն եկած հայ ժողովուրդը Հայաստան պիտի վերադառնայ»:

Այդ օրուայ մաղթանքով մեծցուցէք ձեր զաւակները, ու տուէ՛ք հայ ժողովուդին, ու նուիրաբերեցէ՛ք հայ ժողովուրդին, այնպէս՝ ինչպէս Արամներին կը նուիրէին մեր մայրիկները Երեւանի մէջ, հանդիսաւոր պահերուն իրենց զաւակները սրբազան գործին համար: