22 December, 2021

Ե. «Երկուութեան» Փարատումը

Հայ նորագոյն երիտասարդութեան կողմէ սփիւռքահայ կեանքի գլխաւոր կնճիռը, այդ կեանքի գորդեան հանգոյցը կը նկատուի հայ մարդուն, բայց մաանաւանդ նոր սերունդի երկուութեան հոգեվիճակը:

Իսկ այս երկուութիւնը կը խտանայ հայութիւն-օտարութիւն ընդհանուր տարազին մէջ: Ուրիշ խօսքով՝ հայ մարդը, առաւել եւս՝ սփիւռքահայ երիտասարդը, հարկադրաբար իր անձին մէջ կը կրէ երկու բնութիւն,– հայը եւ ամերիկացին հայը եւ ֆրանսացին, հայը եւ ռուսը, հայը եւ արաբը, վերջապէս, ի մի բան՝ հայը եւ օտարը:

Հայ ըլլալ, հայ մնալ եւ, միաժամանակ, հարազատ, ճշմարիտ, լիիրաւ ու ամբողջական քաղաքացին ըլլալ հիւրընկալ երկրին, երկիրներուն,– ահա՛ ամբողջ խնդիրը:

... Սակայն այդ կացութիւնը աւելի՛ եւս կը բարդանայ այն պարզ իրողութեամբ, որ հին սերունդը հայութիւն-օտարութիւն եզրերու (ե՛ւ իրականութիւններու) ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ մէջ որոնեց իր փրկութիւնը, ազգապահպանում վարդապետելով:

Եւ որովհետեւ ազգապահպանումը առաջնահերթ խնդիր էր հին սերունդին համար, ուստի ան ջանաց գաղութէ գաղութ ստեղծել ու պահպանել հայկական փակ միջավայր, հայկական մեկուսի ընկերութիւն, արգելք ըլլալով հայութեան եւ մասնաւորաբար նոր սերունդի բնականոն եւ աբնարդոյթ զարգացման:

Ստեղծուեցաւ ուրեմն տեսակ մը ախտավարակ շրջանակ, ուրկէ դուրս գալ կը նշանակէր ձուլուիլ, այլասերիլ հայօրէն եւ ապազգայնանալ: Մինչդեռ հայութեան փրկութիւնը կը կայանար ոչ թէ հայութիւն-օտարութիւն երկու իրականութեանց հակադրութեան, այլ համադրութեան մէջ, այսինքն բաց միջավայրի, օտարութեան ազատօրէն ու անվերապահօրէն բացուելու, հայուն եւ օտարին ՄԻԱՁՈՒԼՄԱՆ մէջ՝ նախ իբրեւ մարդ, ապա իբրեւ քաղաքացի:

Հին սերունդի հակադրութեան վարդապետութեան նոր սերունդը կը հակադրէ ուրեմն համադրութիւնը, ազգապահպանումին փոխարէն առաջարկելով ՍՓԻՒՌՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ տարազը, իբրեւ հիմնական նշանախօսք:

Նախ՝ մարդ, ետքը՝ քաղաքացի, ապա՛ միայն հայ,– ահա այն աստիճանական բնաշրջումը, զոր կը նախագծեն մեր երիտասարդներէն ոմանք, հայութեան փրկութեան եւ սփիւռքահայկական ինքնութեան մը զարգացման իբրեւ գրաւական:
...

Պարզ խօսքով՝ հայ անհատը պէտք է սորվի (կը սորվի՛ արդէն) ապրիլ ու գոյատեւել թէ՛ իբրեւ լիակատար հայ եւ թէ իբրեւ լիիրաւ ու ամբողջական ամերիկացի, ֆրանսացի, ռուս, եւայլն, եւայլն: Վերջին հաշուով՝ երկու բնութիւն միաժամանակ զարգացնելով անձին մէջ, որ այս պարագային հայը միայն կրնայ ըլլալ: Մնաց որ հայուն լիբանանցիութիւնը, ֆրանսացիութիւնը, ամերիկացիութիւնը, ռուսութիւնը ոչ միայն թերութիւն մը չէ, այլեւ, ընդհակառակն, առաւելութիւն մըն է...

Հակառակն ալ ճիշդ է, կը պնդեն մեր տղաքը, հայութիւնն ալ առաւելութիւն մըն է լիբանանցիութեան, ֆրանսացիութեան եւ այլ քաղաքացիութեանց վրայ:

Հետեւաբար, անհեթեթ է եւ վնասակար է հայութիւնը հակադրել օտարութեան, հայը՝ օտարին, հայ լեզուն՝ օտար լեզուներու եւ այսպէս յաջորդաբար: Բնականն ու տրամաբանականը, որմէ կախում ունի սփիւռքահայութեան փրկութիւնը, համադրութիւնն է կամ միաձուլումը եւ, այս սկզբունքի հիման վրայ, սփիւռքականութեան կառուցումը:

Իսկ Սփիւռքի կամ սփիւռքականութեան կերտումին համար անհրաժեշտ չէ ոչ հայ լեզուն, ոչ հայ մշակոյթը եւ ոչ ալ հայոց պատմութիւնը:

Սփիւռքը իր առանձին ճակատագիրը ունի եւ, հետեւաբար, պիտի ունենայ նաեւ իր սեփական նկարագիրը:

Ահա այս «գաղափարախօսութեան» հիման վրայ ալ պիտի կառուցուի սփիւռքականութիւնը: Այս է ահա այն նոր ուղին, որ մեր առջեւ բանալու կը ձգտի արդի հայ երիտասարդութիւնը, յանուն գիտական մտածողութեան, արդիականութեան ու իրատեսութեան:
...

Հիմա, որ տեսանք, թէ ինչ կը մտածեն մեր տղաքը, տեսնենք նաեւ, թէ ո՛ւր կ'առաջնորդեն մեզ անոնց իբր թէ նոր եւ իբր թէ փրկարար գաղափարները, սփիւռքականութիւն ընդհանուր տարազին մէջ:

Արդ, ամէն համադրութիւն կամ միաձուլում որոշ մերձեցում կ'ենթադրէ ի բնէ հակադիր եզրերու, երեւոյթներու եւ ուժերու միջեւ: Այս մերձեցումը միակողմանի կլանում կը դառանյ, եթէ համադրութիւնը մարմնաւորող ուժերը համազօր եւ համարժէք չեն:

Համազօր եւ համարժէք ուժերու համադրութիւնը, իր կարգին, կը հիմնուի որոշ համաչափութեան ու հաւասարակշռութեան մը վրայ, իբրեւ ակնաղբիւրը ամէն ներդաշնակութեան եւ իբրեւ նախապայման ներդաշնակ զարգացմանը բնական ամէն երեւոյթի:

Այն օրը, որ կը խախտի այդ հաւասար ու համազօր ուժերու հաւասարակշռութիւնը, կը խախտի անեւ ներդաշնակցութիւնը, հետեւաբար նաեւ՝ համակեցութիւնը խնդրոյ առարկայ երեւոյթներուն, տարրերուն, ընկերութեանց, դրութեանց:

Բնութիւնըիր իմաստուն օրէնքները ունի,– հաւասարազօր ու համարժէք ուժերն են միայն, որ կը գոյակցին, կը գործակցին կամ, եթէ կ'ուզէք կը... համադրուին՝ սրբազան ահւասարակշռութեան մը եւ կենարար ներդաշնակութեան մը ի խնդիր: Այն օրը, որ ուժերէն մէկն ու մէկը կը խախտէ բնական օրէնքը եւ կը դադրի հաւասարազօր ու համարժէք ըլլալէ իր ... համադրակիցին հետ, կը խախտին նաեւ թէ՛ հաւասարակշռութիւնը, թէ, ներդաշնակցութիւնը եւ թէ մանաւանդ համակեցութիւնը համադրուողներուն:

Եթէ ճիշդ է այս կանոնը, ապա, ուրեմն, անվարան է եզրակացութիւնը,– Սփիւռքի մէջ ցիրուցան հայ հաւաքականութիւնները կարելի չէ համադրել իրենցմէ գերազանց ուժերու կամ հաւաքականութեանց հետ, որովհետեւ համազօր ու համարժէք ուժերու համադրութիւն մը չըլլալով՝ պիտի չստեղծուին անհրաժեշտ հաւասարակշռութիւնը, ներդաշնակցութիւնը եւ արդիւնաւոր համակեցութիւնը:
... 

Ներկայ պայմաններուն մէջ, ուրեմն, հայութեան ցան ու ցիր զանգուածները համադրել օտարութեան մեծ զանգուածներուն հետ, կը նշանակէ ասեղը ձեռքովդ հրել զանգուածեղ մագնիսի ձգողական դաշտին մէջ, երբ բնազդական (թո՛ղ թէ գիտակից) ինքնապաշտպանութիւնը ճիշդ հակառակը պիտի թելադրէր:

Ահա թէ ո՛ւր կը տանի համադրութեան «տեսութիւն»ը գործնականօրէն եւ... անվերադարձ կերպով:

Սակայն՝ ո՛չ միայն այս: Համադրութեան «տեսութիւն»ը չի փարատեր նաեւ հայ մարդուն մէջ ծաւալող երկուութեան տագնապը, որուն մեղքը ա՜յնքան թեթեւօրէն կը բարդուի հին սերունդի ուսերուն:

... Ա՛յնքան ատեն որ գոյութիւն ունի հայութեան ապրումը սփիւռքահայ անհատին մէջ, պիտի գոյատեւէ նաեւ երկուութեան զգացումը: Ո՛րքան որ բնական կը թուի հայուն եւ օտարին գոյակցութիւնը միեւնոյն անձին մէջ, առնուազն նո՛յնքան եւ աւելի բնական է անոնց բախումը:

Այն օրը, որ կը դադրի երկուութեան զգացումը կամ տագնապը հայ մարդուն մէջ, կը նշանակէ, ստուգապէս եւ վերջապէս, թէ սփիւռքահայութեան վախճանը իր լրումին հասած է, սփիւռքականութեան պերճանքն ալ միասին գերեզման տանելով:

Ընդհակառական, ո՛րքան խոր ու բազմակողմանի բնոյթ կրէ երկուութեան այդ զգացումը, ա՛յնքան աւելի առողջ ու կենսունակ է, կը նշանակէ, սփիւռքահայութիւնը եւ մանաւանդ հայ երիտասարդութիւնը ի՛նք:
... 

Արդարեւ, ի՞նչ կը տեսնենք Մ. Նահանգներու մէջ, Ֆրանսայի մէջ եւ, առհասարակ, Եւրոպայի մէջ: – Կը տեսնենք հայ երիտասարդութեան այն թեւը, զգալի տոկոսը, որ համադրուած է տեղական ընկերութեան հետ, որ երկուութեան տագնապը չ'ապրիր այլեւս, որուն մէջ հայն եւ ամերիկացին կամ հայն եւ եւրոպացին դադրած են իրարու բախելէ:

Պարզապէս հայութիւնը ԼՌԱԾ Է այդ երիտասարդութեան մէջ, լռած ջրաղացի մը պատկերով: Եւ փաստօրէն անոր մէջ կը խօսի միայն ամերիկացիութիւնը: Արդիւնքը մէջտեղն է: Իսկ եզրակացութիւնը անվիճելի.– Հո՛ն ուր հայ անհատին մէջ կը լռէ հայութիւնը, հոն հայութիւնը կը մեռնի:

Մինչ մենք կ'ուզենք, որ ամէնուրեք պոռայ հայութիւնը եւ եռայ տեւաբար, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան մէջ եւ հայ նորահաս մտաւորականութեան միջոցով:

Ո՛չ, երկուութիւնը փարատում ու դարման չունի. փարատումն ու դարմանը մահ են հայութեան:

Սփիւռքահայութեան մահացումը նպաստ մը է սակայն ո՛չ մէկ պետութեան, ո՛չ մէկ երկրի, ո՛չ մէկ ժողովուրդի, մինչ աղէտ է հայութեան եւ Հայաստանի հաամր:

Հիմա եկանք հասանք բուն կէտին:

*կրճատուած
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ – ԴՐՕՇԱԿ»
Բ. Տարի, 1971, Թիւ 40

Դ. «Փակ Միջավայրը»