Մեր յեղափոխական պատմութիւնը, երբ կ'արձանագրէ բազմաթիւ հերոսական դրուագներ չորս տասնեակ տարիներու ընթացքին կատարուած, աւելի քան ժլատ յիշատակութիւն մը ունի կանացի սեռի նկատմամբ: Անշուշտ որ, այս հանգամանքը պարզ պատահականութեան մը հետեւանք չէ, եւ ոչ ալ թոյլատրելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, որ իգական սեռը կրաւորական դիրք մը բռնած է մեր ժողովրդի կեանքի ամենակենսական հարցի հանդէպ:
Մեծ թիւ մը կը կազմեն այն կիներն ու օրիորդները, որոնք մեր յեղափոխութեան սկզբնական շրջանին մինչեւ այժմ աքթիւ մասնակցութիւն մը ունեցեր են եւ ունին յեղափոխական աշխատանքներու մէջ: Ճիշդ է, ընդհանրապէս համեստ մասնակցութիւն մը, եթէ կ'ուզէք, օժանդակի գործակցութիւն մը, բայց որը անհրաժեշտ բաժին մ'է, լրացուցիչ մաս մը հայ յեղափոխութեան ամբողջական աշխատանքին:
Կովկաս, Պարսկաստան թէ երկիր՝ յեղափոխական աշխատանքին զմայլելի անձնուիրութեամբ լծուած էին բազմաթիւ կիներ, որոնց զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը այրերէն ոչնչով պակաս չէ եղեր: Իսկ եթէ կիներու անունը կապուած չէ եղեր յայտնի դէպքերու հետ, բացի մէկ երկու բացառութիւններէ, մեղաւորը հոդ այն դժոխային պայմաններն են, որոնց մէջ եւ որոնցմով շրջապատուած աշխատեր են մեր սկզբնական շրջանի «առաքեալ»ները, վերջէն ալ մեր զինակիր ու հայդուկային խմբերը: Անոնց համար ոչ թէ մահն էր իսկական նահատակութիւնը, այլ այդ պայմաններու մէջ կենդանի մնալը եւ գործելը:
Ասկէ զատ կայ նաեւ պարագան, որ մեր յեղափոխութեան պատմութիւնը շատ պակասաւոր ու թերի կերպով ծանօթ է հասարակութեան, այն ալ հատ ու կտոր յուշերով միայն, որոնց մէջ ընդհանրապէս դէպքերու պարզ յիշատակութիւն մը կը գտնանք, տեսակ մը կմախք, առանց հոգիի, միս ու արիւնի:
Բայց եւ այնպէս մենք ունեցեր ենք – եթէ ոչ բազմաթիւ – կանացի այնպիսի փայլուն դէմքեր, որոնք ամենայն իրաւամբ մեր յեղափոխական Պանթէոնի չքնաղ դէմքերու շարքին մէջ իրենց պատուաւոր տեղն ունին:
Այդ ռազմական կիներու առաջին շարքին կը կանգնի հին օրերու Ծաղիկը, թէ՛ որպէս ամենահիներէն եւ թէ՛ որպէս ամենէն պատասխանատու դերակատարներէն մէկը, (ոչնչով՝ երկրորդական դիրքի մէջ) սկզբնական այն շրջանին, երբ մեր նորածին յեղափոխութիւնը խարխափելով իր մանկական առաջի քայլերը կ'առնէր:
Ութսունական թուականներու վերջերը, Թիֆլիսի մէջ Մատինեաններու տունը մտաւորական եւ յեղափոխական օճախի հանգամանքն ունէր: Հոն կը հաւաքուէին այն ժամանակի յառաջադէմ երիտասարդները, հասարակական գործիչները, Կովկաս աքսորուած ռուս յեղափոխականները, եւ հայ մտաւորականներու այն հոյլը, որոնք հետզհետէ թեքուելով դէպի ազգային կեանքը, կը հիմնէին Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը:
Մայր Մատինեանը եւ իր երեք զաւակները՝ Սաթենիկ, Նատալիա ու Նիկօլ, ամբողջովին նուիրուած էին այդ շարժման: Դեռ դպրոցական աշակերտուհի մը, Սաթենիկ յափշտակութեամբ կը հետեւէր իրենց տունը հիմք առած Դաշնակցութեան սկզբնական քայլերուն:
Իր խիզախ ու ջերմ բնաւորութեամբ, Սաթենիկի համար պարզ էր, որ այլեւս իրեն համար միակ ճամբայ մը կը մնար հետեւելու, եւ այդ՝ յեղափոխականի փշոտ ու վտանգաւոր ուղին էր, ուրկէ պէտք է անցնէին բոլոր անոնք, որոնց համար ազգ ու հայրենիք բառերը կենսական արժէք մը ունէին:
Ու այդպէս, դեռ 1892 թուականին, ստուար խումբի մի հետ, որուն մէջ կային Յովնանը, Դումանը, Իշխանը (Երուանդ-Դաշօ), Թորոսը, Սաքօն ու շարք մը ուրիշ նախակարապետներ հայ յեղափոխութեան, Սաթենիկ կը մեկնի Թաւրիզ (Պարսկաստան) որպէս ուսուցչուհի, միակ ասպարէզը, ուր նորահաս օրիորդ մը սովորաբար կրնար օգտակար լինել իր ազգին:
Եթէ ուրիշներ կրնային բաւականանալ ուսուցչական աշխատանքով, օգտակար լինելու գործին, Սաթենիկի համար սակայն այդ ասպարէզը աւելի քան նեղ էր: Ուսուցչութիւնը պարզապէս քօղ մ'էր վարագուրելու համար իր իսկական աշխատանքը: Բնաւորութեամբ վճռական ու անվախ, յամառ ու անսպառ եռանդով զինուած՝ Սաթենիկը շուտով կը դառնայ Պարսկաստանի յեղափոխական գործունէութեան կարկառուն դէմքերէն մէկը:
Ամէն տեղ է ան, ուր կենդանի գործը կը պահանջէ: Թաւրիզի կանանց եւ աշակերտական խմբերու հոգին է, զէնքի փոխադրող է Սալմաստ: Խոյ է, Դերեկի վանքն է, Ղարս է, անվերջ անդադրում շարժման մէջ է:
1894 Ապրիլ ամսին է: Դերեկի վանքը պաշարուած է հինգ հարիւր քիւրտերու կողմէ: 17 յեղափոխականներ՝ դիրքերը մտած՝ օրհասական կռիւ կը մղեն: Հոն է նաեւ Սաթենիկը: Վանքի կիները գլուխը հաւաքած՝ ան կը մաքրէ ժանգոտած փամփուշտները, դիրքէ դիրք կ'երթայ ասոր ժպիտ մը, անոր խրախուսական երկու խօսք նետելու: Պարզ կռիւ մը չէ այդ՝ Սաթենիկի համար, այլ իր երազներու իրականացումն է, իր ուխտին սրբազան հարսնիքը:
Քիւրտերը, կորագլուխ, կը նահանջեն՝ վանքի տաւարի մէկ մասը հետզհետէ քշելով: Հարկաւոր էր բողոքել պարսիկ կառավարութեան: Սաթենիկն է որ ներկայանալով Սալմաստի դատաւորին, ուժգնօրէն կը բողոքէ քիւրտերուն կատարած վայրագութիւններու դէմ:
Սաթենիկի մէջ տղամարդու առնական կորովը, եւ կանացի քնքշութիւնը հաւասար կերպով կը միախառնուէին: Հիւանդ ընկեր մը անկէ աւելի խնամոտ ձեռքերու պէտք չունէր, անգրագէտ հայդուկ մը անկէ աւելի սրտցաւ ուսուցչուհի մը չունէր:
Ղեկավար ընկեր մ'էր Սաթենիկը: Իր խօսքը ահագին կշիռ ունէր: Գործելու լայն ասպարէզ կար, բայց ան դժգոհ էր, դժգոհ, որ կին էր ծնած, որ չէր կրնար խմբերու հետ Երկիր անցնիլ, անոնց թափառումներուն եւ կռիւներուն մասնակցիլ: Ուստի ընկերներու հաւանութեամբ կ'որոշէ օրինական կերպով անցնիլ երկիր, պատմական Վասպուրական աշխարհը:
Խոյեցի կնոջ շորերով ծպտուած, ան թէեւ կը յաջողի անցագիր ստանալ, բայց դժբախտաբար կարաւանը երկու շաբաթ կ'ուշանայ: Մինչ այդ Խոյի թրքական քօնսիւլը իր մասին կ'իամանայ, որով եւ Սաթենիկի Վան հասնելու հաւանականութիւնը կը դառնայ խիստ հարցական:
Սակայն, այս պատճառ մը չէ, որ Սաթենիկը յուսահատի: Եթէ չեղաւ Վանը, թող լինի Կարինը: Այդ ժամանակ, Թաթուլը (Արամ Արամեան) կը պատրաստուէր Երկիր անցնիլ: Սաթենիկ կ'անցնի Կովկաս, կը ներկայանայ Ղարսի նահանգապետին վիզա ստանալու: Կառավարութիւնը, հոտը առած, կը մերժէ կտրուկ կերպով: Սաթենիկ նորէն չի յուսահատիր, կ'առաջարկէ Թաթուլի հետ փախստական՝ Երկրի մտնել, – բան մը, որ անշուշտ ունէր շատ մը անպատեհութիւններ: Ղարսի Հ. Յ. Դաշնակցութեան մարմինը ստիպուած՝ կը մերժէ Սաթենիկի խնդիրքը ու ան նորէն կը վերադառնայ Պարսկաստան, որ եռուզեռի մէջ էր, արշաւանքի պատրաստութեամբ:
Ու Սաթենիկը իր ամբողջ էութեամբ կը խրուի գործի մէջ: Դժբախտաբար, Պարսկաստանի ղեկավար մարմինը, արշաւանքի շուրջ պառակտուած էր: Մէկ մասը կ'ուզէր մեծ խումբով մը անցնիլ Երկրի խորքը, մինչեւ Շատախ. իսկ միւս մասը, Նիկօլի ղեկավարութեամբ, կը պնդէր անպայման հպատակիլ Հ. Յ. Դ. ընդհանուր ժողովի որոշման եւ ձեռնարկել Խանասորի արշաւանքին:
Այդ պայքարը, որ շատ արիւն պղտորեց, եւ ամիսներու ուշացման պատճառ եղաւ, գլխաւորապէս երկու ղեկավարներ ունէր՝ Դումանը եւ Սաթենիկը: Երկուքն ալ անզիջող, կրքոտ ու յամառ: Պայքարը չվերջացաւ, մինչեւ որ Բիւրօյի ներկայացուցիչ Շահրիկեանը, Սալմաստ գալով, կուսակցութեան տեսակէտը պարտադրեց հակա-արշաւանքեաններուն:
Նիկօլի տեսակէտը այսպիսով յաղթանակեց, բայց անձնապէս ան, որ ամենաջերմ ու կատաղի պաշտպանն էր արշաւանքին ու ամենաարժանաւորը, պարտուեցաւ: Զինուորական մարմնի ընտրութիւններուն, Վարդանի ու մանաւանդ Սաթենիկի ընդդիմադրութեան շնորհիւ, Նիկօլը ընտրուեցաւ պարզ յիսնապետ, թէեւ իր խորհուրդներով ու կռուի ժամանակ ցուցադրած հմտութեամբ իրական ղեկավարի դերը կատարեց:
Այսպէս է: Մեծ մարդիկ ունին եւ մեծ թերութիւններ, որոնցմէ բոլորովին ազատ չէր նաեւ Սաթենիկը:
Արշաւանքէն վերջ, Երուանդը (Իշխանը) կը ձերբակալուի եւ ատեն մը Պարսկաստանի զարհուրելի պատերուն մէջ տառապելէ վերջ, կը յանձնուի ռուս կառավարութեան, որ զայն 5 տարով կ'աքսորէ Արխանկէլի սառուեալ շրջանը:
Սաթենիկ, առանց տատամսելու կը հետեւի իր սիրած երիտասարդին: Եւ աքսորի մէջ երկու հայ յեղափոխական աչքառու գործիչները կ'ամուսնանան:
Իշխնաուհի Սաթենիկը, այնուհետեւ երեխայով ու ընտանեկան հոգսերով ծանրաբեռնուած, թէեւ կենդանի հետաքրքրութեամբ կը հետեւի մեր պայքարի աստիճանական զարգացման, բայց հեռուէն դիտողի մը համեստ դերով կը բաւականանյ մինչեւ կամաւորական շարժումը:
Իշխանը կը նշանակուի 4-5-րդ միացեալ գունդերու հրամանատար: Ով որ մօտէն վերահասու եղեր է այդ աշխատանքներուն, գիտէ որ, գունդի նախապատրաստական աշխատանքներու մղիչ ուժը Սաթենիկն էր: Թէկուզ երկրորդական չնչին հարցերու մասին Սաթենիկը իր միտքը պէտք էր յայտնէր: Իրականին մէջ, գունդը երկու իրար լրացուցիչ ղեկավարներ ունէր՝ Սաթենիկը ու Իշխանը:
Բայց եւ այնպէս զարմանալի կերպով այդ կինը հպարտ համեստութիւն մը ունէր: Հազիւ կը պատահէր որ Պարսկաստանի իր գործունէութեան մասին ակնարկ մը ընէր, թէկուզ մտերիմներու շրջանակի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, Իշխանը նշանակուեցաւ Պարսկաստանի դեսպան: Միասին անցան սահմանը, պարսկական արքունիքին մէջ ներկայացնելու համար հայկական կառավարութիւնը:
Հանրապետութեան անկումէն վերջ, հազարաւորներու նման, անոնք ալ՝ Իշխանն ու Սաթենիկը իրենց մէկ հատիկ աղջկան Արփիկի հետ, ձեռք առին անհայրենիք գաղթականի տառապալից ճամբան:
Քանի մը տարի առաջ, երկարատեւ հիւանդութիւնէ մը վերջ մեռաւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանը, յեղափոխական Տաշօն, Երուանդը, մեր վերջի յեղափոխական պատմութեան շքեղ մարտիկներէն մէկը:
Մինակութեան մէջ, թեւաթափ արծիւի մը նման, հետզհետէ մարեցաւ եւ Դաշնակցութեան Ծաղիկը, որը որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ մեր պատմութեան մէջ եզակի դիրք մը ունի, իր գունաւոր ապրումներով, իր անհանդարտ ու եռանդուն գործունէութեամբ:
Աշուն է, ու հետզհետէ քառասնամեայ հաստաբուն կաղնիի չորցած տերեւները մէկ-մէկ իրար ետեւէ վար կը թափին:
Պատկառանքով վերցնենք մեր գլխարկները:
Գարունը հեռու չէ, սակայն. Նոր փթթում, նոր ծիլ, նոր տերեւ: Այսպէս կ'երթան մեծերը եւ նորերը կուգան:
Աշնան արեւին ոսկեզօծ տերեւ մ'ալ ինկաւ բարձրաբերձ կաղնիի կատարէն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Սաթենիկ: