17 December, 2021

Գ. Համադրութիւն եւ Հակադրութիւն

Մեր նախորդ յօդուածով մենք դիտմամբ ընդգծեցինք հակադրութեան սկզբունքը, իբրեւ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման գրաւական, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

...Որովհետեւ թէ՛ բնութեան եւ թէ ընկերային կեանքի մէջ ամէնէն բնական, տրամաբանական եւ ակնբախ իրողութիւնը այն ճշմարտութիւնն է, որ ամէն ինքնացում կամ անհատականացում ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ մը ծնունդն է: Ամէն ինքնութեան նախապայմանը հակադրութիւնն է, այո՛, հակադրութիւնը ուրի՛շ ինքնութեան մը: Ա՛յս կը սորվեցնէ մեզի թէ՛ իրերու եւ թէ պատմութեան տրամաբանութիւնը:

Արդարեւ, առանց հակադրութեան՝ ո՛չ ինքնութիւն կրնայ ստեղծուիլ եւ ոչ ալ ինքնացում կամ անհատականացում կրնայ տեղի ունենալ: Խորքին մէջ ամէն ինքնութիւն, ամէն անհատականութիւն, ամէն անձնականութիւն ինքն իր մէջ կը կրէ ա՛յլ ինքնութեանց, ա՛յլ անհատականութեանց եւ անձնականութեանց հակադրութեան ոչ թէ լոկ սաղմերը, այլեւ հիմնական տարրերն ու յատկանիշները: Ի՞նչ կը նշանակէ արդէն ինքնացում,– կը նշանակէ պարզապէս անջատում, առանձնացում, տարբերացում: Եւ այս անջատման, առանձնացման ու տարբերացման իսկ ընդմէջէն հակադրութիւն՝  այլ ինքնացումներու, անձնացումներու, անհատականացումներու:

Մնաց որ, ըստ էութեան, ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ ինքնութիւն մը,– պարզապէս այլ ինքնութիւններէ իր տարբերութեանը մէջ: Եւ ամէն ինքնութիւն գումարն է այն տարրերուն ու յատկանիշներուն, որոնք զինք կը տարբերեն այլ ինքնութիւններէ, ո՛չ աւլի, ո՛չ պակաս: Այս տարրերուն ու այս յատկանիշներուն տարբերիչ զօրութեան մէջ կը կայանայ ամէն ինքնութեան ինքնագոյ արժէքը: ...

Ո՛րքան բազմացնէք ու զօրացնէք ինքնութեան մը տարբերիչ տարրերն ու յատկանիշները, ա՛յնքան մեծցուցած ու զօրացուցած կ'ըլլաք նոյն այդ ինքնութիւնը թէ՛ քանակական եւ թէ որակական իմաստով:

Այս կը նշանակէ՞ արդեօք, որ այդ այլազան ու անջատ ինքնութեանց մէջ հասարակաց տարրեր ու յատկանիշներ չկան.– Ի հա՛րկ է կան: Սակայն անոնց գոյութիւնը, գոյութեան աղբիւրն ու արժէքը այս հասարակաց տարրերուն մէջ չեն, այլ մասնաւորեալ կամ անհասարակաց յատկանիշներուն մէջ են:

Ամէնէն պարզունակ օրինակները մեր աչքին առջեւ են ամէն օր.– Գոյն մը գոյութիւն ունի ի հակադրութիւն ուրիշ գոյնի մը, լոյսը կայ ի հակադրութիւն մութին...

Աւելի՛ն կայ դեռ.– Մեծ ձուկը կ'ապրի ի հակադրութիւն փոքր ձուկին, զոր իբրեւ սնունդ կը գործածէ յաճախ: Մարդը ինք կ'ապրի ու կը զարգանայ, գո՛նէ ֆիզիքապէս,  ի հակադրութիւն բոլոր բոյսերուն, կենդանիներուն, եւայլն, զորս կ'օգտագործէ իբրեւ դեղ ու սնունդ, իբրեւ բարի՜ք եւ ամենայն... բարութեամբ կը փճացնէ թէ՛ բոյսեր եւ թէ կենդանիներ, իր գոյութիւնը յաւերժացնելու համար: Եւ կեանքը կը քալէ դեռ այլ բաւիղներէ...

Օրինակ մը եւս.– Արւեւը նիւթ է, մոլորակները նիւթ են: Մոլորակները Արեւի ձգողութեան դաշտին մէջ են: Արեւը զանոնք տեւաբար եւ ահարկու ուժով իրեն կը քաշէ եւ կ'ուզէ զանոնք կլանել իր ահագին զանգուածին մէջ: Արեւու ձգողական այս ուժը կեդրոնաձիգ զօրութիւն մըն է: Իսկ մոլորակները, ընդհակառակն, իրենց զանգուածին ու ծանրութեան համեմատական զօրութեամբ, կը ջանան խոյս տալ Արեւի ձգողութեան դաշտէն ու ծիրէն, որպէսզի կարենան պահել իրենց «ինքնութիւն»ը, գոյութիւնը, որպէսզի «ազատագրուին» Արեւու տիրապետութենէն եւ ինքնանան: Մոլորակներու այս զօրութիւնը կեդրոնախոյս ոյժն է:

Արեգակնային դրութեան մէջ ուրեմն կը գործեն երկու հիմնական ուժեր-կեդրոնաձիգ  եւ կեդրոնախոյս: Այս երկու ուժերը փաստօրէն իրարու տրամագծօրէ՛ն հակառակ եւ գագաթա՛ն հակադիր ուժեր են: Եթէ փորձենք – եւ կարենանք – ջնջել այս երկու ուժերուն հակադրութիւնը, այդ պարագային արեգակնային դրութիւնը փուլ կու գայ եւ... Աստուած միայն գիտէ, թէ ինչ կրնայ պատահիլ:

Ճիշդ է, այս հակադրութիւնը կը սահմանափակուի յիշեալ երկու ուժերու ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ համազօր է այդ հաւասարակշռութեան: Հաւասարակշռութիւնը հոս, ինչպէս ե՛ւ ամէն բանի մէջ, էական է անշուշտ: Եւ այս էականն է, որ ի մտի պիտի ունենանք մեր եզրակացութեանց մէջ:

Արդ, նոյնն է կացութիւնը նաեւ ընկերային կեանքի մէջ: Գրեթէ նոյնն է յարաբերութիւնը նաեւ մարդ-անհատի եւ ընկերութեան (նորերը պիտի ըսէին՝ institutionի) միջեւ: Հոս եւս կը գործէ ուժերու միեւնոյն օրէնքը: Անհատը՝ իր կեդրոնախոյս ուժով եւ ընկերութիւնը՝ իր կեդրոնաձիգ զօրութեամբ: Եւ հակադրութիւնը աւելի՛ քան ակնբախ է անկասկած: Իսկ լուծումը – գորդեան յաւիտենական հանգոյցին, զոր ո՛չ մէկ Մեծն Աղեքսանդր պիտի յաջողի լուծել երբեւէ իր սուրով, մանաւա՛նդ սուրով – այս երկու հակադիր ուժերուն – կեդրոնաձի՛գ եւ կեդրոնախո՛յս – հաւասարակշռութեան մէջ է:...

Եթէ այս է պատկերը անհատին ու ընկերութեան յարաբերութեանց, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ, նոյնն է եւ նոյնը միայն կրնայ ըլլալ յարաբերութեանց պատկերը ազգին եւ մարդկութեան: Ազգին՝ իբրեւ հաւաքական անհատականութիւն կամ ինքնութիւն. եւ մարդկութեան (կամ ուրիշ ազգերու յարաբերաբար)՝ իբրեւ տիեզերական անհատականութիւն:

Ազգը կեդրոնախոյս ուժ է, այո՛, եւ պէ՛տք է ըլլայ ու մնայ: Մարդկութիւնը կեդրոնաձիգ ուժ է, այո՛, եւ պէտք է ըլլայ ու մնայ մի՛շտ: Ազգը հակադրուած է մարդկութեան եւ պարտաւո՛ր է հակադրուելու: Մարդկութիւնը եւս հակադրուած է ազգութեան եւ չի կրնար չհակադրուիլ: Վասնզի այս հակադրութեան մէջ է գոյութիւնը թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին: Վասնզի այս հակադրութենէն միայն պիտի ծնի – եւ կրնա՛յ ծնիլ – սրբազան միջինը, փրկարար հաւասարակշռութիւնն ու ներդաշնակութիւնը, որ լծակն է մարդկային քաղաքակրթութեան եւ կենսաղբիւրը համամարդկային բազմազան, տարերանգ  եւ այլատարր մշակոյթին:
...

Ճիշդ է, որքան շեշտուի անհատին որակը, ինքնութիւնը, ա՛յնքան ԿԸ ՍՐՈՒԻ նաեւ անհատ-ընկերութիւն հակադրութիւնը. նո՛յն համեմատութեամբ ալ կը բարդանան ու կը դժուարանան մարդկային բազմածալ յարաբերութիւնները: Սակայն այս հակադրութենէն վնաս չունի ոչ անհատը եւ ոչ ալ ընկերութիւնը: Ընդահակառա՛կն, հակադրութեան այս աստիճանական սրումէն միայն շահ ունին թէ՛ անհատը եւ թէ ալ ընկերութիւնը: Որովհետեւ հակադրութեան այս երկունքէն միայն կը ծնի լոյսը, հաւասարակշռութիւնը, իբրեւ մայր աղբիւրը ամենայն բարեաց:

Թեման նոյն ձեւով կը զարգանայ նաեւ ազգերու պարագային: Ո՛րքան շեշտուի ազգերու ինքնութիւնը, ա՛յնքան կը բարձրանայ անոնց որակը եւ փոխադարձաբար: Ո՛րքան մեծնան ու զօրանան ազգերու տարբերիչ տարրերն ու յատկանիշները, ո՛րքան բազմանան ազգային առանձնայատկութիւնները, նո՛յն համեմատութեամբ կը մեծնան ու կը զօրանան նաեւ ազգերը, կը հարստանան մանաւանդ որակով, ներքին բովանդակութեամբ, արժէքով, կեանքո՛վ:

Ամէնէ՛ն մեծ ազգը այն ազգն է, որ ամէնէն աւելի հարուստ է սեփական յատկանիշներով, դիմագծային ու նկարագրային այլազանութեամբ եւ այդ այլազանութիւնը կենսաւորող տարրրեու ամրութեամբ, տոկունութեամբ: Այսօրինակ ազգերն են միայն, որ ընդունակ են մեծ մշակոյթի ստեղծման, ընդունակ են, ընդունա՛կ կը դառնան յաղթահարելու ժամանակ ու տարածութիւն եւ տեւելու:

Ճիշդ ինչպէս պր ամէնէն մեծ արուեստագէտը այն արուեստագէտն է, որ ամէնէն աւելի ինքնատիպ է, հարուստ ու ներոյժ անհատականութիւն ունի, որ ամէնէն աւելի օժտուած է ստեղծագործ ուժով ու շնորհներով, ի մի բան, որ ընդունակութիւնը ունի ամէնէն աւելի ինքնանալու:

Մեծ արուեստագէտը այն արուեստագէտն է տակաւին, որ արուեստը գիտէ ուրիշներէ տարբերելու, որ կը նշանակէ ուրիշներու հակադրուելու, միջինէն վեր աբրձրանալու եւ գագաթանալու...

Որովհետեւ ուրիշներու նմանիլ կը նշանակէ ուրիշ ըլլալ, որ համազօր է ինքզինք չըալլալու: Կը նշանակէ տակաւին միջինին վրայ կամ միջինէն վար մնալ, հասարականալ, ջնջե՛լ ինքնութեանդ տարբերիչ (հետեւաբար նաեւ՝ կեցուցիչ) տարրերն ու յատկանիշները եւ ՄԱՀԱՆԱԼ:

Այս է ճակատագիրը ոչ միայն արուեստագէտներուն, այլեւ անհատներուն՝ ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ, այլեւ մանաւա՛նդ ազգերուն՝ մարդկային իրականութեան մէջ ա՛ռհասարակ:

Տարբերութիւն կամ այլազանութիւն՝ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ի խնդիր,– ահա՛ ընկերային համակեցութեան ու առաջընթացի նախապայմանը:

Հակադրութիւն՝ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ի խնդիր,– ահա՛ համամարդկային համակեցութեան եւ առաջընթացի անխախտելի նախադրեալը:

...մեր տղաքը, հայ երիտասարդութեան ամէնէ՛ն մտաւորական, ամէնէ՛ն ձախ եւ ամէնէ՛ն առաջապահ թեւի ներկայացուցիչները, լիովին կ'ըմբռնեն անշուշտ (կ'ըմբռնե՞ն արդօեք), թէ խօսքը ի՛նչ տարբերութեան, ի՛նչ այլազանութեան եւ մանաւանդ ի՛նչ հակադրութեան մասին է:

Եւ ճիշդ այս հակադրութիւնը ըմբռնելո՛ւն համար է, երեւի, որ անոր կը հակադրեն այսպէս կոչուած ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ սկզբունքը: Քանի որ հակադրութիւնները միայն կարելի է համադրել:

Սփիւռքահայութիւնը եւ մանաւանդ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իր սեփական ճակատագիրը ունի, կը մտածեն իրաւամբ: Այդ ճակատագիրը անհեթեթ է, բայց անփոփոխելի է: Ուստի որպէսզի Հայկական Սփիւռքը կարենայ իր գոյութիւնը պահել, պէտք է հայկական (կամ ա՛յլ) նոր ինքնութիւն մը կերտէ:

Սակայն հայ-օտար հակադրութեան մէջ չէ փրկութիւնը: Ընդհակառա՛կն, հակադրութիւնը ԿԸ ՎՏԱՆԳԷ թէ՛ մեր գոյութիւնը եւ թէ կերտուելիք մեր նոր ինքնութիւնը: Հետեւաբար պէտք է նոր ուղիներ փնեռել եւ մեր փրկութիւնը որոնել ոչ թէ իհայութիւն-օտարութիւն ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ մէջ, այլ, ճիշդ հակառակը, ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ մէջ, այսինքն հայութիւն-օտարութիւն «երկու իրականութիւններու ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ»ին մէջ, ինչ որ ըրած էր 1930ական թուականներուն այսպէս կոչուած «Մենք»ի սերունդը:
...

Արդարեւ, ի՞նչ կը նշանակէ համադրել այս տղոց մտքին մէջ,– կը նշանակէ պարզապէս հակադրութիւնը ջնջել: Իսկ հակադրութիւնը ջնջել կը նշանակէ, նո՛յնքան պարզօրէն, համահարթել ու չէզոքացնել այն բոլոր ազգային տարբերիչ յատկանիշները, զորս ունին, օրինակ, հայը եւ ֆրանսացին, հայը եւ անգլիացին, վերջապէս՝ հայը եւ օտարը:

Նախ կարելի՞ է իրապէս ֆրանսացիին ազգային յատկանիշները ջնջել,– ծիծաղելի է մտածումն իսկ:

Կարելի՞ է երբեւէ անգլիացիին նկարագիրը համադրել հայու նկարագրին հետ երկու պարագային ալ ազգայինը փոխարինելով, ըսենք, մարդայինով,צ ի հա՛րկ է, կարելի չէ:
...

Ինչպէս կը տեսնէք, հայութիւն-օտարութիւն «երկու իրականութիւններ»էն մէկը – օտարութիւնը ԱՆՓՈՓՈԽԵԼԻ եւ ԱՆԲԱՐԵՓՈԽԵԼԻ է, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան վտիտ ուժերով: Առաւե՛լ եւս՝ ԱՆՀԱՄԱԴՐԵԼԻ է:

Կը մնայ ուրեմն «համադրել» միւսը՝ հայութիւնը – ռուսին, անգլիացիին, ֆրանսացիին, ո՛եւէ օտարի ազգայնութեան հետ:
...

...մեր այս տղաքը պատմութիւն չե՞ն կարդար (եւ ինչո՞ւ լա՛ւ չեն կարդար) եւ չե՞ն գիտեր, որ մենք ատենին համադրուեցանք լեհին հետ, համադրուեցանք հունգարացիին հետ, ռումանացիին եւ նոյնիսկ մասամբ թուրքին հետ եւ այդ «համադրութենէն» միակ ձեռնուայն դուր սեկողը եղաւ հայը:

Ճիշդ է, ատենին «համադրուեցանք» նաեւ յոյնին ու այլոց հետ եւ երկու հարիւր տարի շարունակ, եթէ ոչ աւելի, բազմեցանք նոյնիսկ բիւզանդական գահին վրայ եւ, փոխանակ մեր տունը շէնցնելու, աշխարհի ճակատագիրը վարելու ելանք, անըմբռնելի ու նայնամտութիւն մը հանդիսագրելով Հայաստանի եւ հայութեան հաշուին...

Մեր տղաքը կրնա՞ն ըսել, թէ ի՛նչ շահեցանք այդ բոլորէն, բացի թերեւս երկու-երեք շողշողուն անուններէ եւ մեր ազգային անյատակ ունայնամտութիւնը շոյող քանի մը գեղեցիկ ածականներէ...

Ահա այս է որ կ'առաջարկեն մեզի մեր տղաքը... տեսականճօրէն: Կը մնայ տեսնել, թէ ինչպէս կը հիմնաւորեն իրենց վարկածը նաեւ... գործնականօրէն:

*կրճատուած
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ – ԴՐՕՇԱԿ»
Բ. Տարի, 1971, Թիւ 29