(Քաղուածքներ Իտալական Թերթերէն)
ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ
Քօռիէրէ Տէլլա Սէռա-Միլանօ (7 դեկտ. 1921)
ՀՌՈՄ, 6 դեկտ. իրիկունը.– «...Մայրաքաղաքին թուրք շրջանակներուն մէջ՝ ոճիրը կը վերագրուի հայերու, որոնք սաստիկ զայրացած ըլլալու են, մինչեւ ներկայիս, Հիւսիսային Փոքր Ասիոյ հայոց սեփական հողամասերուն վրայ՝ իրենց ենթարկուած հալածանքներուն, ինչպէս նաեւ այն նորագոյն վտանգներուն համար՝ որոնք կը սպառնան անոնց՝ Կիլիկիոյ մէջ՝ ֆրանսական բանակին քաշուելուն հետեւանքով»:
Քօռիէրէ Տէլլա Սէռա, արտատպելով Ճիօրնալէ տ'Իթալիայի մէկ լուրը, կը շարունակէ.
–«... Թէվֆիք Պէյ իր կարգին ըրած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.– Նախարարը քաղաքական ծանր յանցանքի մը զոհ գնաց: Ան կը վերաբերէր Երիտասարդ Թուրք կուսակցութեան: Հայերը մասնաւորաբար, անոր լաւ բարեկամներ չէին, եւ ճիշդ ասոր համար է որ կը կասկածիմ թէ սպանիչը հայ երիտասարդ ուսանող մը եղած ըլլայ»:
Կազէթա տի Վէնէցիա (7 դեկտեմբեր, 1921)
ՀՌՈՄ.– Կը կարծուի որ Սաիտ Փաշայի մարդասպանը հայ մը եղած ըլլայ. ա՛լ հասարակ դարձած ոճիր մըն է՝ որ ուղղակի կապակցութիւն ունի Պերլինի մէջ կեանքը վրայ տուող Թալաաթ Փաշայի սպանութեան հետ: Ուրիշներ ալ կան որ կ'ըսեն թէ ան սպաննուած է կնոջ մը կողմէ:
(Նոյն
Թերթը).–
ՀՌՈՄ.– Սպանիչը հաւանաբար վարչապետին բնակարանին մօտերը կը սպասէր յարմար առիթին՝ փորձելու համար ոճիրը:
Խուզարկութեանց Առաջին Արդիւնքները
(Հռոմի Il Tempo-էն, 28 դեկտ. 1921)
Ոստիկանութեան եւ դատական իշխանութիւններուն ձեռնարկած խուզարկութիւնները տեղի կ'ունենան արեւելեան հաստատութիւններու մէջ, ու կ'ընթանան դէպի ոճիրին բնական պատճառները: Կ'երեւայ թէ այդ ուղղութեամբ կատարուած բոլոր փորձերը հակասական արդիւնքներ տուին: Հասարակաց կարծիքը այն է որ Սաիտ Հալիմ Փաշայի սպանութիւնը ոեւէ կերպով կապ ունի Պերլինի մէջ Թալաաթ Փաշայի սպանութեան հետ:
Հայերու այս դաւակցութիւնները ուղղակի արդիւնք են Իթթիհատականներու հրամաններով վերսկսուած եւ այնքան մեթոտիկ կերպով կատարուած այն զանգուածային կոտորածներուն՝ որոնց նպատակն էր պարզապէս Հայաստանը բնաջինջ ընել: Այդ կուսակցութեան պարագլուխները հայերու առջեւ խիստ պատասխանատու են, եւ, բնականաբար մահուան դատապարտուած են՝ Հայ Ազգայնական Կուսակցութեան կողմէ: Սաիտ Փաշա Իթթիհատական վարչապետ մըն էր:
Նախարարը ստացած ըլլալու է գաղտնիքը հաղորդող ազդարարագիր մը՝ թէ իր անունը յիշատակուած է դատապարտեալներու լիսդային մէջ: Ուստի Թուրքիա իրեն համար ապահով վայր մը չըլլալուն, եկած է Իտալիա, ուր կը կարծէր թէ հանգիստ պիտի թողուէր: Եւ իբր մեծագոյն ապահովութիւն՝ թողած էր բարձր պանդոկները ուր օտարականներու հետ շփումէ կարելի չէ պրծիլ, եւ քաշուած՝ Մասսէի պարզ վիլլան, հեռո՛ւ քաղաքին թոհ ու բոհէն, հեռո՛ւ մարդկանց հսկողութենէն:
(Իլ Փիքքօլօ-Ռօմա-էն – il Piccolo-Roma)
ՀՌՈՄ.– Բոլորը համաձայն են այն ենթադրութեան մէջ թէ մարդասպանը ունեցած ըլլայ մեղսակիցներ, որոնցմէ մին լաւագոյն բաժին մը ունի մարդասպանութեան գործին էջ, դիտմամբ կեցնելով իր ինքնաշարժը Եւոթաքիօ փողոցին ճիշդ մէջտեղը՝ Վիլլայէն քանի մը քայլ հեռուն:
Օթօմոպիլին թիւը յայտնի չէ, լանտօլէթիի թիփ մը, նշանակելի մեծութեամբ՝ որ առ ի շեղ բռնած է փողոցին ամբողջ կէսը, խափանելով այսպէս կառքին ճամբան, որով կարելի չէ եղած ժամանակին հասնիլ մարդասպանին ետեւէն: Շէօֆէրը զայն տեղափոխած է այլուր: Այս պարագան այն կասկածը կ'արթնցնէ որ մարդասպանը անշուշտ բացաւ ինքնաշարժին դռնակը, մէջը նստեցաւ ու կատարեալ ապահովութեամբ կծիկը դրաւ:
Ինքնաշարժը կտրեց Լածծարօ Սրլանձանի փողոցը, խառնուեցաւ Նամէնթանա փողոցին մէջ, եւ ճամբան շարունակեց դէպի Փօրթա Փիա:
(Իլ Սէֆօլօ-Միլանօի – il Secolo-Milano – դեկտ. 8-ի թիւէն)
Հարցաքննութեան ենթարկուած է նաեւ ասպետ Լուիճի Պէլլի, հարուստ-գործարանատէր մը, որ կը բնաի Ալէսսանտօ Թօրլօնա փողոցը, եւ որ մեծ ծանօթութիւն ունի օտարական գաղթականներու մասին: Անուանի գործարանատէրը չկրցաւ հայթայթել կարեւոր տեղեկութիւններ խնդրոյն շուրջ:
Ոստիկանական կօմիսէր Գատօլինօ ասպետը վերջնականապէս որոշեց խուզարկել Ս. Նիքօլա տա Թօլէթինօ փողոցի հայկական վարժարանը, կարգ մը կասկածելի հայ ընտանիքներու շուրջ մանրամասնութիւններ ձեռք բերելու յոյսով:
Հեշտասէրը (IL “VIVEUR”)
Սաիտ Հալիմ Փաշա խիստ հարուստ ցանկասէր մըն էր եւ մտադրած էր այսուհետեւ իր հարստութիւնը խաղաղութեամբ վայելելու. ճիշդ այս պատճառով քաշուած էր Հռոմ, ուր կը բնակէր «փոքրիկ տարփուհիօի մը հետ (con “une petite amie”): Ասիկա այն ծաղկատի կինն էր, որ սպանութենէն ժամ մը յետոյ, այցելութեան փութացեր էր ի Փօլիքլինիքօ, ուր մեծ յուզումով հանգուցեալին մարմինը իր կուրծքին սեղմած էր, այնպէս որ անոր ընկերացող անձը պարտաւորուեր էր քաղցր բռնութիւն մը բանեցնելով զայն անկէ հեռացնել:
Վարչապետը, ինչպէս ըսինք երէկ, 56 տարեկան էր, գիրութիւնը իր կատարելութեան հասած էր: Անոր մարմնին գիծերը՝ կրքոտ հեշտասիրութեանը հետեւանքով՝ անբնական ձեւեր առած էին:
Փաշան, գորշագոյն պեխեր ունէր, կարճ կտրած. դէմքը լեցուն եւ ծերացած:
Մեր յարգելի պաշտօնակիցներէն մէկը, երէկ առտու հրատարակուած թերթին մէջ դրած էր սպանեալին նկարը, որ կը պատկերացնէր խիստ քնքոյշ երիտասարդ մը սեւապեխ, ժպտուն աչուըներով. վայելչաձեւ հասակ մը՝ որ գլուխը դրած էր ֆէս մը: Մենք այդ կենդանագիրը ցոյց տուինք հանգուցեալ նախարարին իսլամ բարեկամներուն, որոնք դիւրութեամբ կրցին վստահացնել մեզ թէ կատարեալ նմանութիւն մը ունէր... ֆէսը: