Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Սուգի մէջ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր մարմիններով, երեց ու կրտսեր ընկերներու իր բոլոր շարքերով: Նոյն շաբթուան մէջ եւ գրելէ նոյն օրերուն՝ երկու ծանր կորուստներ – ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեան, որ յանկարծամահ կ'ըլլայ Փարիզի մէջ եւ ընկեր Լեւոն Շանթ, որ դանդաղօրէն կը շիջի Պէյրութի իր բնակարանի յարկին տակ:
Եթէ ընկեր Լեւոն Շանթի դառնաղէտ մահը մանր սպասելի էր շրջապատին համար, անոր ունեցած անողոք հիւանդութեան պատճառով, ընկեր Ռուբէնինը ցնցող անակնկալ մը եղաւ, որովհետեւ ոչ մէկ նախանշան կար այս չարագուշակ վախճանը ազդարարող:
Սուգը միայն մեր կուսակցութեան չի պատկանիր, այլ բովանդակ հայութեան, որովհետեւ մեզմէ անդարձ բաժնուող երկու մեծ դէքմերը հայ ժողովուրդի արժանաւոր եւ բազմաշխատ զաւակներն էին, ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ ամբողջապէս ժողովուրդին նուիրուած:
Երկուքն ալ կ'իյնան պատէշին վրայ, պարտականութեան ճամբուն մէջ, հաստատակամ եւ հաւատաւոր: Տարիներու բեռը եւ փոթորկոտ ժամանակներու պատճառած տառապանքները չէին կրցած ընկճել հոգեկան ու մտաւոր կորովը Դաշնակցութեան այս զոյգ վեթերաններուն, որոնք մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցան, գործեցին, արտադրեցին՝ իրենց յուսալից աչքերը յառած հայութեան պայծառ ապագային:
Անոնցմէ մէկը – Ռուբէն Տէր Մինասեան – եղաւ անձնուէր եւ խիզախ ֆէտայի զինուոր մը, յեղափոխական հեղինակաւոր գործիչ, կուսակցական մեծ ղեկավար, պետական եւ քաղաքական դէմք, կազմակերպող ուժ եւ ի վերջոյ նաեւ գրչի մարդ իր այնքա՜ն հարուստ եւ բովանդակալից յուշագրութիւններով :
Հայոց կեանքի բազմակողմանի կարիքները զինք մղեցին, որ իր բնատուր շնորհներն ու կարողութիւնները, լայնօրէն ի սպաս բերէ հայ ազատագրութեան դատին՝ հոգեկան ու ֆիզիքական կարելիութիւններու լիակատար նուիրումով:
Ընկեր Ռուբէն թէ իբրեւ մարտիկ, թէ իբրեւ ղեկավար եւ թէ իբրեւ քաղաքական պայծառատես մտածող պատուաւոր տեղ մը գրաւած էր վերջին յիսուն տարուան հայ պատմութեան մէջ, որովհետեւ չկայ դէպք մը, ծանրակշիռ նշանակութիւն ներկայացնող իրադարձութիւն մը – ֆետայական շարժումներէն սկսած մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը – որուն մէջ իր մասնակցութիւնը ունեցած չըլլայ եւ որուն վրայ իր անձին դրոշմը չզգացուի:
Երկրորդ մեծ անհետացեալը – ընկեր Լեւոն Շանթ – որ կ'երթայ միանալ իր գաղափարի ընկերոջ, ամէն բանէ առաջ գրչի մարդ էր եւ մշակոյթի աշխատաւոր, Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ իր տեղը շատ բարձր է իբրեւ բանաստեղծ եւ վիպագիր, մանաւանդ իբրեւ թատերագիր, տասնեակներով մեծարժէք հատորներ նուիրած է ան մեր գրականութեան գանձարանին, իսկ հայ բեմը, մինչեւ այսօր իր շքեղ թատերգութիւններով կը պարծենայ:
Բայց Լեւոն Շանթի դերը չի սահմանափակուիր միայն գրական ասպարէզին մէջ: Որքան տաղանդաւոր հեղինակ, նոյնքան եւ կարող եւ հմուտ մանկավարժ մը հանդիսացաւ ան կէս դարէ աւելի ծառայելով հայ վարժարաններու յարկերուն տակ, Կովկասէն Պոլիս, Ֆրանսայէն Եգիպտոս եւ ի վերջոյ Պէյրութ, որպէս Հայ Ճեմարանի հիմնադիր տնօրէնը:
Ութսունէ աւելի տարիներու բեռան տակ՝ Լեւոն Շանթ մշտառոյգ եւ կորովի երիտասարդը մնաց տեւաբար, հիացում ու պատկառանք ներշնչելով բոլորին: Դաստիարակեց հազարաւոր աշակերտներ, իր մտքին եւ հոգիին յօրդահոս բխումը ընծայեց անխնայ, ըլլայ իր կենդանի բանին իմաստութեամբ, ըլլայ իր գրչին բացած ակօսներով:
Իր գեղարուեստական երկերու կողքին, մեծարժէք իրագործումներ են նաեւ Լեւոն Շանթի մանկավարժական, հոգեբանական, գրապատմական հատորները, որոնց ամբողջութեան կշիռը վեր է մէկ մարդու տարողութեան սահմաններէն:
Շնորհիւ պողպատէ կամքին եւ արտակարգ աշխատունակութեան՝ Լեւոն Շանթ կրցաւ դիզել այնպիսի հարուստ վաստակ մը, որուն քանակին եւ որակին առջեւ պիտի խոնարհին սերունդները: Ստեղծագործելն ու կառուցանելը իր կեանքին մեծագոյն հաճոյքը եւ գերագոյն իմաստը կազմեցին: Ոչ մէկ ուժ կար անշուշտ որ իրեն պարտադրէր մահուան մահիճին մէջ անգամ գրիչ շարժել. բայց կար իր առաքելական կոչումը, կար իր ներքին ձայնը, կար իր անշէջ խանդավառութիւնը, որոնք զինք մղեցին մինչեւ վերջին շունչ հաւատարիմ մնալու գրագէտի եւ կրթական մշակի իր ազնիւ դերին:
Մեր իրականութեան մէջ Լեւոն Շանթ բացառիկ դէմք մըն է ոչ միայն իբրեւ մշակոյթի հաւատաւոր սպասարկու, այլ նաեւ իբրեւ ՄԱՐԴ, այս բառին ամենէն բարձր եւ վսեմ առումով: Պայծառ ու մաքուր նկարագիր մըն էր ան, բարձր սկզբունքներու կառչած շիտակ հոգի մը, վեր մարդկային ամէն կարգի մանր հաշիւներէ, բարոյական գեղեցկութեան ազնուագոյն տիպար մը, որուն ներկայութիւնը զինք շրջապատողներուն համար կը դառնար դէպի գեղեցիկն ու վսեմը ձգտելու, ճշմարիտը որոնելու հզօր ազդակ եւ ներշնչում:
Բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ալ շատ քիչ է թիւը անոնց, որոնք Մարդու դերին եւ կոչումին մասին ունենան այնքան բարձր ըմբռնում, որքան ունեցաւ Շանթը եւ կրցաւ մարմնացնել զայն առաւելագոյն չափով:
Յուզումէն դողդոջուն մատներով երբ կը փորձենք մեծարանքի սա քանի մը տժգոյն խօսքերը արձանագրել իր քաղցր յիշատակին, տակաւին անոր մարմինը հողին չէ յանձնուած: Բայց հայ գրականութեան պատկառելի այս նահապետը յաւիտենապէս փակած է արդէն իր աչքերը:
Լեւոն Շանթ մահուան անողոք հարկահանին վճարեց իր տուրքը, բայց իր էութեան լաւագոյն մասը, իր հոգիին անստուեր լոյսը կեանքին յանձնելէ ետք միայն:
Մեծ է մեր սուգը, բայց ոչ անմխիթարելի: Ռուբէն Տէր Մինասեաններն ու Լեւոն Շանթերն իրենց կեանքով եւ գործով լուսեղէն շաւիղ մը գծեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, շաւիղ մը՝ ուրկէ ընթանալը նուիրական պարտականութիւն մըն է մնացողներուս համար: Անոնք կենդանի օրինակներով ցոյց տուին թէ ի՛նչ է ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը եւ ո՞րն է պարտականութեան ճշմարիտ ճամբան:
Անոնց յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցը՝ անոնց գործը շարունակելն է: Ահա այն գերագոյն կտակը, որ մեր երկու մեծ ընկերները կը թողուն նոր սերունդներուն:
Անոնց գործը թող ըլլայ մեզի ուղեցոյց: