Վերջերս մեռան Մօրուք Կարօն (6 Դեկտ. 1949), Համատանի մէջ (Պարսակստան) եւ զօրավար Սմբատ՝ Երեւան, հաւանաբար նոյն ամսուն:
Թողունք տիտղոսները – զօրավար, փաշա եւայլն, որոնք Տարօնին եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան խորթ ու անհարազատ են:
Մեզմէ ընդմիշտ բաժնուղները՝ Մօրուք Կարօ եւ Սմբատ, կը պատկանին Հ. Յ. Դաշնակցութեան հինաւուրց հայդուկներու փաղանգին: Իրենց կեանքով ու հարուստ գործով, անոնք՝ իբրեւ անվեհեր հերոսներ, կը գրաւեն առաջնակարգ տեղ մեր ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ:
Երկուքն ալ Տարօնի աշխարհէն են: Մօրուք Կարօն՝ Սասունի Գէլիէկուզան գիւղէն է, որ կը գտնուի յեղափոխական դրուագներով հարուստ Հանտոք լերան ստորոտը, իսկ Սմբատ՝ Մուշ քաղաքէն:
Մօրուք Կարօ եւ Սմբատ, դեռ պատանի, կը մտնեն ազատութեան ի խնդիր կռուող շարքերուն մէջ: Երկուքն ալ մասնակցած են 1904ի Սասնոյ ապսատմբութեան եւ աչքի ինկած իրենց բացառիկ քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ: Թէ՛ մէկը եւ թէ միւսը, շահած են իրենց զինակից ընկերներու գնահատութիւնը, յաաճախ անոնցմէ կոչուելով առիւծասիրտ կամ առիւծանման:
Ու այնուհետեւ անվե՜րջ կռիւներ Տարօնէն մինչեւ Պարսկաստան եւ մինչեւ Արարատեան Հայաստան:
1915ի Հայկական Մեծ Եղեռնի սեւ օրերուն, Մօրուք Կարօն Տարօնի մէջ էր: Տեղի ունեցան հերոսական կռիւներ, որոնց ընթացքին ինկան Տարօնի անմահ մեծութիւններէն Կորիւնը, Մջօն, Կոտոյի Հաճին եւ ուրիշներ:
Անվտանգ Տարօնէն դուրս ելան քանի մը խմբեր: Մօրուք Կարօ եւ Չօլօ, խմորուած Հրայրի եւ Գէորգ Չավուշի բարոյական ըմբռնումներով դուրս չելան իրենց այնքան սիրելի ու նւիրական Տարօնի աշխարհէն: Անոնք կազմակերպեցին կռիւները Սասնոյ բարձրաւանդակին վրայ: Կռիւներ՝ օրհասական եւ ճգնաժամային: Չունէին բաւարար փաշփուշտ, ռազմամթերք: Ոչ ալ ուտելիք իրենց եւ իրենց փէշերուն կառչած ժողովուրդին համար:
1915-16ը եղաւ Սասնոյ ահաւոր տարիներէն մէկը: Մօրուք Կարօ ու Չօլօ, գերբնական ճիգերով, աշխարհէն կտրուած, վարեցին հերոսական կռիւները, յետ մղելով թրքական եւ քրդական հորդաներու յարձակումները: Իրենց կարգին յաճախ դիմելով հակայարձակման, անոնք կոտորեցին թշնամին եւ ապահովեցին ռազմամթերք եւ ուտելիք:
Այսպէս մինչեւ 1916ի գարունը՝ երբ ռուսական բանակն ու հայ կամաւորները մտան Մուշ Շատ չանցած Մօրուք Կաօրն ու Չօլօն, իրենց ընկերներով ու մաս մը ժողովուրդով Սասնոյ բարձրաւանդակէն իջան Մպւշ քաղաքը: Միշտ արի, հպարտ, կտրիճ: Եւ դեռ քանի մը փամփուշտ իրենց կուրծքերուն վրայ եւ մօսինը իրենց ձեռքին: Շնորհիւ այդ երկու աննման հայդուկներուն, Տարօնի հերոսամարտը տեւեց գրեթէ տարի մը: Տարօնի պատիւը փրկուած էր: Փա՜ռք իրենց:
***
Այդ օրերուն Սմբատ Կովկաս էր, կամաւորական առաջին բանակին մէջ, Անդրանիկի հետ: Ան եղաւ Պարսկաստան, ունեցաւ նահանջ. վերստին եղաւ մեծ Հայաստանի մէջ. մասնակցեցաւ Պիթլիսի գրաւման, որմէ ետք նորէն նահանջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման օրերուն, Սմբատ՝ Անդրանիկի հետ անցաւ Պարսկաստան: Խոյի պատերու տակ մեծ կռիւ ունեցաւ թրքական բանակի հետ: Այդ մեծ ճակատամարտի մէջ Սմբատ ի յայտ բերաւ արտակարգ քաջութիւն, ճարտար ղեկավարութիւն: Իր հերսոութեամբ զօրագունդն ու գաղթականութիւնը ազատուեցան ու դիմեցին նահանջի:
Սմբատ մասնակցեցաւ հայ-թրքական պատերազմին եւ ծանրապէս վիրաւորուեցաւ Ալեքսանդրապոլի մէջ:
Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Սմբատ վերստին ցոյց տուաւ արի կռուողի մը բոլոր յատկութիւնները:
Հանրապետութեան անկումէն ետք, ուրիշ շատերու հետ, ան ալ անցաւ Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը, ուրկէ ի վերջոյ եկաւ Ամերիկա: Հաստաբուն կաղնին իր հողէն ու ջուրէն կտրուած, նետուած էր Ամերիկայի իրեն համար բոլորովին անհարազատ միջավայրին մէջ: Տարիներ ետք, ան թողելով Ամերիկան, գնաց Ֆրանսա:
***
Չքնաղ հերոս Մօրուք Կարօն նոյնպէս Պարսկաստան ապաստանեցաւ Չօլոյէն անբաժան, անոնք եղան Սուրիա, Լիբանան, ուր կը գտնուէր ուրիշ անուանի մարտիկ մը՝ Սասունցի Մուշեղը: Այդտեղէն անցան Պոլիս, Յունաստան: Երկու տարի վերջ վերստին Լիբանան, ապա Պարսկաստան՝ երթալու համար Խորհրդային Հայաստան:
Երկուքն ալ չկրցան հաշտուիլ արտասահմանեան պայմաններուն հետ, եւ տեղ մը բոյն դնել: արծիւները վարժուած են բարձրաբերձ լեռներուն վրայ ճախրել: Քաղաքները խորթ են անոնց համար:
Մօրուք Կարօն՝ հերոսը Սասնոյ ապստամբութեան, Մշոյ դաշտի բազմաթիւ կռիւներուն, թուրք թալանի, Աղուտ ու Վաղուտի, Ջղնի Ձորի, վերադարձաւ Խորհրդային Հայաստան, ինչպէս նաեւ Չօլօն:
Եղան Ալագեազի շրջանը, ենթարկուեցան հալածանքի ու չարչարանքներու: Չօլօ աքսորուեցաւ հիւսիսային Կովկաս: Մօրուք Կարօն դարձաւ փախստական Ալագեազի լեռներուն մէջ: Ժամանակ մը վերջ ան գաղտնի Պարասկաստան անցաւ:
Մօրուք Կարօ ու Չօլօ, երկուքն ալ անվեհեր հայդուկներ էին: Անոնք իրենց բովանդակ կեանքը ի սպաս դրած էին յղեփոխութեան եւ ազատութեան դատին: Ու ի՜նչ դառն ճակատագիր: Իրենց սեփական հայրենիքին, իրենց հիմնած Հայաստանի մէջ, անոնք հանգիստ չունեցան:
Մօրուք Կարօն, որունք համար լեռները գաղտնիք չունէինք, անցաւ Պարսկաստան: Իսկ մօտաւորապէս այդ օրերուն Սմբատ անցաւ Երեւան:
Տարօրինա՜կ ճակատագիր:
Մէկը՝ Մօրուք Կարօն, Խորհրդային Հայաստանէն կը փախչէր, չտոկալով այդտեղ տիրող կարգ ու սարքին, իսկ Սմբատ՝ միամիտ յոյսերով օրօրուած, կը վերադառնար Երեւան, կամովին ծանր շղթաները անցնելու իր վզին ու ոտքերուն:
Նախքան Հայաստանի մեկնիլը, ամէն խոստում Սմբատին: Երեւանի մէջ ամէն ինչ վերջ կը գտնէ: Ու կ'իջնէ սեւ վարագոյրը:
Ինչպէս հասած տեղեկութիւնենրէ իմացանք, հինաւուրց հայդուկ Սմբատի համար ստեղծուած է Երեւանի մէջ դժոխային կեանք մը: Չէին մոռցուած հին օրերը, մանաւանդ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը: Ատիկա պատճառ կը դառնայ որ ան հալածուի, անպատուուի, ենթարկուի իր դիրքին անվայել վերաբերումի:
Լեռներու առիւծ Սմբատը՝ ծանր շղթաներով կապուած, տան մը պահապան – դռնապանը կը դառնայ:
Այսպիսի պարագաներու, աշխատանքը սուրբ է կ'ըսեն բոլոր կեղծաւորները: Այո՛, աշխատանքը սուրբ է երբ ան քրտինքի հետ է խառնուած, երբ ան չի վիրաւորեր մարդու արժանապատւութիւնը: Դաշտը ճեղքել, սերմը սրբազան հողին յանձնել, նուիրական աշխատանք է: Բայց ի՛նչ ըսել, երբ հինաւուրց հայդուկը, դռնապան կը դարձուի...
Ու Սմբատ իր արդար զայրոյթին մէջ, ինքզինքը կերաւ: Մինչեւ որ վերջապէս հեռացաւ այս աշխարհէն:
***
Երկու աննման հայդուկներ՝ Մօրուք Կարօ ու Սմբատ: Երկուքն ալ յոգնաբեկ ու վիրաւոր, հեռացան մեզմէ: Մէկու մարմինը այսօր կը հանգչի Համատանի մէջ, միւսինը՝ Երեւան:
Կ'անցնին ժամանակները: Անասնացած հոգիները օր մը ուշքի կուգան: Անհետ կը կորսուին կեղծաւորները, հայրենասիրութեան ի խնդիր կոկորդիլոսի արցունք թափողները:
Եւ հայ հորիզոնին վրայ կը մնայ վառ յիշատակը ճշմարիտ վաստակաւորներուն, հայ ազատագրութեան իրենց բովանդակ կեանքը նուիրաբերողներուն, որոնց շարքին նաեւ Սմբատն ու Մօրուք Կարօն:
Անոնց անունները պիտի չմոռցուին երբե՛ք: