04 January, 2022

Մալխաս

Մալխաս (ձախին) եւ Համաստեղ

Անունն իսկ իր մէջ զաւեշտով մկրտուած էր: Երբ հայ յեղափոխական շարժման մէջ կը մտնէ, կը տեսնէ իր ընկերները, որպէս ծածկանուն առած են «Ամպրոպ», «Շանթ», «Մրրիկ», «Կայծակ»:

«Իսկ քու անո՞ւնը», հարցուցին ինծի:

«Ուզեցի հին մոռցուած անուն մը տալ, որ առանձին նկարագիր չունենայ եւ կատակ մը ընելու դիտաւորութեամբ ըսի – ՄԱԼԽԱՍ: Այդպէս ալ մնաց», կը պատմէր Մալխաս իրեն յատուկ հիւմորով:

Այն օրերուն, Քալիֆորնիայէն եկած էր, երկար ատեն չվերադառնալու համար: Այնտեղ էին իր երկու եղբայները եւ մայրը: Արմենակ, թոքերու հիւանդութեանց մասնագէտ բժիշկ էր եւ հմուտ՝ անգլերէն լեզուի իսկ փոքր եղբայրը Յովսէփ, Հալիվուտի կարեւոր դերասաններէն մէկն է Արթըր Քրու անունով, որ յետոյ ինքնասպան եղաւ: Մալխասի եւ իր եղբայրներուն ճամբաները այնքան բաժնուած էին, որ կրնային տարիներով չտեսնել իրար: Մայրը, հասած էր այն տարիքին, 100ի մօտ, որ այլեւս չէր ճանչնար իր զաւակները:

Այն օրերուն ես արդէն հրատարակած էի «Գիւղը»: Մեր առաջին հանդիպումով, մեր երկուքի բարեկամութիւնը գրական գետնի վրայ հաստատուեցաւ:

Մալխասի ֆիզիքական կազմը ծովեզերեայ բնակիչներու, առաւելապէս Տրապիզոնին յատուկ էր: Բաց կապոյտ յստակ աչքերով, լայն ճակատով, ծնօտի մօրուսով ու ձեռքին պաստօն: Արտայայտիչ էր անոր անձնաւորութիւնը: Ոեւէ մէկը առաջին հանդիպումով պիտի տարուէր մտածելու որ մթութիւն չունի Մալխասը:

Մեր առաջին հանդիպումով իսկ ինծի այնպէս թուեցաւ, որ Մալխասը օտար չէր եւ հին բարեկամութիւն մըն էր, որ կը շարունակուէր: Շատ շուտով ընտելացայ անոր կատակներուն, որ գիտէր իրեն յատուկ մտերմութիւն մը դնել եւ հաճելի դարձնել:

Ես անծանօթ էի իր ետեւ ձգած հարուստ ապրումներուն: Երկար ժամանակ չառաւ, մինչեւ ծանօթացայ անոր հետաքրքրական աշխարհին: Թափառումներ շատ ունեցած էր: Մասնակցած էր յեղափոխական շարժման եւ մանաւանդ գիտէր, մեդալին միւս կողմը, յատկանշական կարեւոր գծերը տալ, արդէն ազգային պատմութիւն դարձած մեր կարեւոր դէմքերուն: Մալխաս, կեանքը եւ մարդիկը դիտելու իր ինքնուրոյն կարողութիւնն ունէր եւ եթէ փոքր կամ բարդ թնճուկի մը հանդիպէր՝ կը վերլուծէր նոյնպէս իրեն յատուկ կատակներով: Այդ ձեւով դուրս կուգար իր կեանքի բոլոր թնճուկներէն:

Ո՞ր հայ մտաւորականը, եկեղեցականը, քաղաքական եւ կուսակցական գործիչը իր պատանեկութեան՝ փորձանքն ունեցած չէ կեանքին մէջ մտնելու ոտանաւորով մը, տեսակ մը արբունք հասնելու պէս բան մը:

Մալխաս նոյնպէս կատակով կը պատմէր, որ շատ կանուխէն սկսած է գրական թռիչքներ ունենալ: Յետոյ, Վռամեանի օրով «Հայրենիք»ին մէջ հրատարակած է պատմուածքներ: Առանձին գրքոյկով հրատարակած է «Ներկայ սովը եւ իր պատճառները»: «Իսկ էն կարեւորը որ զիս անմահութեան սահմանին մէջ ձգած է, ազգյին երգարաններուն մէջ ունիմ ոտանաւոր մը Ա. Յովսէփեան անունով», կը կատակէր Մալխաս:

Կարդացեր էր հայ եւ օտար հեղիանկներ: Սիրահարն է Սիէնքեւիչին: Հեղինակներուն մասին ունէր իր ստեփական կարծիքը: Անոր համար էականը, կեանքն էր գրականութեան համար. այլ խօսքով գրողը չէ որ կեանքը պիտի փոխէ այլ՝ կեանքն է որ գրողին ընթացք պիտի տայ: Թէեւ միշտ ալ վիպականը կար իր շունչին մէջ:

«Ա՜յ, բանաստեղծութիւնը պիտի ըլլայ այնպէս՝
Որ ոչ միայն կարդամ հաճոյքով այլեւ
Երգեմ նոյն բանաստեղծութիւն եւ իմ
Մէջ ստեղծէ նոյնիսկ պարի րիթմը»:

Այդ էր Մալխասի ըմբռնումը բանաստեղծութեան մասին: Եւ այդ ճաշակով ալ թեքուած էր, կովկասահայ բանաստեղծութեան րիթմին: Օր մըն ալ տեսանք, սուսիք փուսիկ, ժողովրդական չափով բանաստեղծութիւններ սկսաւ տալ «Հայրենիք» Ամսագրին: Այդ բանաստեղծութիւնները նուիրուած էին լատինական երեք տառերուն ներքեւ թագնուած կնոջ մը, կարծեմ Քալիֆորնիայէն: Ան իր րոմանսներուն մասին ոչինչ կը խօսէր: Այդ իր սեփական աշխարհի անթափանց մասն էր եւ ոչ ալ ինք կը հետաքրքրուէր ուրիշի մը սիրային արկածներով:

Մալխասին կեանքը, շատ բնական մղումով եղած է հոգեկան արկածախնդրութիւն մը: Անոր համար գաղափարն իսկ այդ սահմաններուն մէջ մնաց:

«Շատ երիտասարդ, Ամերիկացի ընկերոջ մը հետ կ'ուզէի Քուպայի յեղափոխութեան մասնակցիլ», կը խօսէր Մալխաս: Այդ շատ նման էր անոր:

–Անշուշտ մարդկային սկզբունքներու համար... Կ'երեւի որեւէ գնով հերոսանալու երազն ունէիր, կը կատակէի: Մալխաս նոյնպէս կատակով մը կը փակէր այդ՝ որովհետեւ այդ օրերէն երկար շատ երկար տարիներ անցած էին ու ինք նոյն երազներո ճահիլը չէր: Եւ նոյն հոգեկան արկածախնդրութիւնով հաճիլ օրերուն, ան միացած էր հայ յեղափոխական շարժման: Մարդիկ իրենց երազները հետապնդելու համար ձիու վրայ կը նետուէին, եւ սակյն իրենց կ'ընկերանայ իրատես, կեանքին ու հողին հետ կապուած Սանխօ Փանչա մը, էշի վրայ հեծած:

Մալխասի կեանքին մէջ շատ աւելի կարեւոր դեր կատարեց Սանխօ Փանչան՝ յաճախ անոր երազներուն փէշը քաշելով:

Մալխաս իր այդ իրատեսութեան հասած էր, իր մէջ երկրորդ բնազդ դարձած, զաւերշտի ճանապարհով որ երբեմն հեգնութեան կը հասնէր: Այդ զաւերշտն էր, որ խառնուած էր իր կեանքին ու երազներուն՝ ինքզինքն ալ անել վիճակի մէջ ձգելով, թէ ո՞րն է իրականը եւ ո՞րն է երազը: Այդ մեկնակէտով, զաւեշտը կարեւոր դեր կատարած է անոր կեանքին մէջ: Տեսակ մը խուսափում էր կեանքի դառն յարութիւնէն: Ան ճիգ չըրաւ զաւեշտագիր դառնալ դրական իմաստով եւ կամ զաւեշտի առանձին գործ մը տալ: Տեսակ մը կեանքի փիթիսոփայութիւն էր անոր համար եւ՝ դերասանական ոչ մէկ ճիգ: Էն կարեւորը, Մալխաս անկեղծ էր ինքնիրեն հետ եւ մենք կը տեսնէինք այդ անկեղծութիւնը իր մշակած գրականութեան մէջ:

Յատկանշական է երբ գրած է իրեն համար. «Ես այն դժբախտներէն եմ, քիչ թէ շատ ծիծաղելի կողմը կը գտնեմ մեծ հերոսի մը մէջ եւ խնդուքս թոյլ չի տար, որ իմ մէջ հերոսի մը գիծը ամբողջանայ»: Եւ այդ ծիծաղը նոյնպէս արգելք եղաւ որ իր մէջ չամբողջանար գաղափարը, այն իմաստով, որ մենք կը տեսնենք ամբողջացած Արամ Մանուկեանի եւ կամ Ռուբէնի մէջ:

Մալխաս նոյն հոգեկան ապրումներով մօտեցաւ նաեւ գրականութեան, որ իր կեանքին ճանապարհն էր:

Գրականութիւնը անոր համար պատահական քարափ մըն էր, իր կեանքին նաւակը եզերք հանելու: Ան կրնար իր նաւակը կապել որեւէ քարափի: Ըսել կ'ուզեմ եթէ յաջող վաճառակ ըլլար, հակառակ իր գրական խառնուածքին, կը մտներ ցիլինտըրի եւ րէտինկոթի դասակարգին մէջ եւ չէր իսկ մտածէր գրականութիւն ընել: Մալխասի գրականութեան արժէքաւոր հատորները նեղ օրերու հուրէք էր, նման այն մշակին, որ վերջիվերջոյ իր յոյսը կը կապէ կտոր մը հողին:

Ամերիկայի մէջ, Մալխաս նեղ օրեր շատ ունեցաւ:

«Հայրենիք» Ամսագիրի խմբագիր Ռ. Դարբինեան, գրական բեղուն դաշտ մը հերկած էր ցանքի եւ հունձքի համար: Անոր թելադրութիւնով ու յաճախակի պնդումներովն էր, որ Մալխաս սկսաւ գրել իր «Ապրումներ»-ը Ամսագրի լաւ օրերուն վճարումներու պայմաններով:

Մալխաս իր այդ «Ապրումներ»ով յայտնաբերեց տաղանդ հիւմորիստի գեղարուեստական գրողի եւ նուրբ յեղափոխական:

–Մալխաս, քու բոլոր աշխատանքներուն մէջ է՛ն յաջողը «Ապրումներ»դ են, խօսեցայ օր մը եւ կարծեմ շատ գործին չեկաւ, երբ արդէն իր վէպերը սկսած էին ժողովրդականութիւն շահիլ:

Ես միշտ ալ նոյն կարծիքին եղած եմ, որ «Ապրումներ»ը աւելի մնայուն գործ է եւ աւելի գեղարուեստական:

Ես չգիտեմ այդ յուշերը պատմական ինչ արժէք կրնան ունենալ, եւ սակայն այնտեղ ուժեղ է մարդկայինն ու անձնականը: Ընդունուած ու կրկնուած ձեւերէ աւելի՝ Մալխաս տուած է մետալին միւս կողմը: Կայ մանաւանդ անկեղծութիւն եւ այդ՝ կարեւոր պայմանն է գրականութեանը: «Ապրումներ»ուն մէջ Մալխաս անկեղծ եղած է ինքն իրեն հետ: Ինքն է որ անցած է այդ գրքին մէջ, առանց հերոս դառնալու ճիգի: Անցած է բոլոր «տարօրինակութիւններով»: Ան կրնար կարեւոր վէպի մը կարեւոր նկարագիրն ըլլալ:

Կարծեմ, մեր Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանն էր, որ «Հայրենիք» Ամսագրի մէջ յետ մահու հրատարակուած իր յուշերուն մէջ կը գրէ Մալխասի մասին. «Ամերիկահայ տարօրինակութիւններ ունեցող մէկն էր»: Ի հարկէ, Ամերիկահայի հետ գործ չունէր Մալխասի այդ «տարօրինակութիւնը»: Այդ՝ ինքն էր եւ մինչեւ վերջ ալ տարօրինակ մնաց, որովհետեւ անոր համար տարօրինակ էր նաեւ կեանքն ու աշխարհը:

Պոսթընէն յետոյ գնաց Նիւ Եորք: Հոն կ'աշխատէր գորգի գործարանի մը մէջ, ինչ որ ներկերով նաշխեր կը դնէր եւ ես կը զարմանայի, որ այդքան երկար դիմացաւ այդ շատ միօրինակ օրերուն եւ մանաւանդ բանուորի մը չափուած պայմաններուն:

–Որոշած եմ ձգել գործը, խօսեցաւ օր մը:
–Ի՞նչ ընելու համար, Մալխաս:
–Գրականութիւնով պիտի ապրեցնեմ ինքզինքս:

Աչքերս բացած նայեցայ զարմանքով եւ կարծեցի, որ իր կարգին, զաւեշտ մը կ'ընէ: Չէ, զաւեշտ չէր եւ նոյնպէս զարմացայ, որ Մալխասը կրնար այդքան լուրջ ըլլալ, նորէն նեղ օրերու մէջ մտնելու գնով. իսկ եւ իսկ յեղափոխականի քաջութիւն:

«Ապրումներ»ուն գտած ընդունելութիւնը իրեն համար ալ յայտնութիւն մնաց: Յենուելով իր այդ ուժին՝ Մալխաս յամառ կերպով որոշած էր իր հոգիին մէջ պեղումներ կատարել: ԱՅդ որոշումը ինծի համար աւելի հասկնալի եղաւ, երբ իմացայ, մեր Մալխասը, որ տարիքը առածի տեղ դրած էինք, սիրահարուած էր ու ամուսնացաւ շատ շնորհալի ու շատ երիտասարդ Աննիկին հետ: Պէտք է ըսել, որ Դարբինեանէն յետոյ գրասէր Աննիկը եւս կարեւոր դեր կատարեց մղելով Մալխասը գրական աշխատանքներու, եւ արդէն տուաւ «Զարթօնք»ները, «Լուսադէմին», «Արեւագալ», «Ճամբուս վրայ» հատորները:

Անոր պատմելու հաճելի ձեւը, թէքնիք ընթացքը, արկածախնդրականը, եւ մանաւանդ հայրենասիրականը, վաւերական արժէքները եղան անոր վէպքերուն: Անցաւ իր կեանքի ճանապարհէն, տուաւ իր սերունդի ու շրջանի րօմանթիք գոյները, իր ներկած գորգերու նախշերով: Տեսած էր շատեր՝ իրենց հաւատքին ու զոհաբերութեան մէջ եւ կրցած էր այդ բոլորը վիպականացնել: Հայ ընթերցողը իր հաւատքէն, իր ապրումներէն ու մտածումներէն մաս մը տեսաւ այնտեղ ու գնահատեց, առանց գրոց-բրոց քննադատներու կարծիքները հարցնելու եւ կամ ենթարկուելու:

Մալխաս եղաւ այն բացառիկ հայ հեղինակներէն, որ իր գրականութիւնով ապրեցաւ, դռնէ դուռ գիրք ծախելով եւ բաժանորդագրութիւն հաւաքելով: Մի քանի տարիներ առաջ իր ժողովրդականութիւնը տարաւ զինք Լիբանան, Պարսկաստան: Տօնեցին շքեղ յոբելեան ու վերադարձաւ բեռը բռնած եւ շատ գոհ թէ՛ իր գրական աշխատանքներէն եւ թէ հայ ժողովուրդէն: Վերադառնալէ յետոյ, երկու տարի առաջ, երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպեցայ «Հայրենիք»ին մէջ: Խօսեցանք, աւելի շատ կատակեցինք: Նոյն կատակներով Մալխասն էր, բայց որ շատ աւելի էր ծերացած: Որոշած էր նորէն սկսիլ ճամբորդութեան մը: Այս անգամ աւելի լայն բացած էր քարտէսին գծերը – Հնդկաստան, Եթովպիա, Հարաւային Ամերիկա:

–Մալխաս, լաւ կ'ընես, որ այս անգամ տեղդ նստիս:
–Ծօ չե՞ս հասկնար: Չեմ կրնար նստիլ, կ'ուզեմ թափառիլ, երթալ:

Ճիշդ է, որ թափառելու ճամբաներ միշտ ալ կային Մալխասի հոգիին մէջ:

Երբ ոտքի ելաւ, տեսայ արդէն, ծանր ծանր ոտքերը յատակին քսելով կը քալէր:

–Ի՛նչ կը նայիս, շոշորթ (այդ՝ իր սիրած փաղաքշական բառն էր որ իր մօտիկներուն կը գործածէր): «Բժիշկը կ'ըսէր լուրջ բան չկայ», աւելցուց:

Չգիտէինք, որ Մալխասը աւելի ծանր վիճակով ելած էր ճամբայ եւ արդէ Լիբանանէն իմացանք մահը:

Իմացանք նաեւ, որ հայ ժողովուրդը հաւատարիմ իր աւանդութեան, այս անգամ եւս խաչով խաչվառով հանդիսաւոր թաղում կատարած է վաստակաւոր հայ գրողին – Մալխասին որ աշխատեցաւ իր յառաջացած տարիքին մէջ, բեմի վրայ մնալ մինչեւ վերագոյրին իջնելը:

Համաստեղ
«Հայրենիք» Պոսթոն
Շաբաթ, Յունուար 27, 1962
63-րդ Տարի, թիւ 15, 126