04 January, 2022

Ը. Սփիւռքահայ Ղեկավարութիւնը.- Ամաթէօրիզմ եւ Փրոֆեսիոնալիզմ

Հարցադրումը կու գայ դարձեալ մեր նորագոյն մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն (աջ կամ ձախ): Ըստ էութեան՝ նոր հարցադրում մը չէ անշուշտ: Նոր է միայն ըստ ձեւի: Յամենայն դէպս, հիմնական հարցադրում մըն է եւ եւ կը պահէ իր այժմէականութիւնը:

Տարակոյս չունինք, որ մտահոգութիւնը անկեղծ է եւ արդար է միաժամանակ: Սակայն սխալ է եւ անարդար է անշուշտ մօտեցումը: Սխա՛լ է մօտեցումը, արդարեւ, եւ անարդար, երբ մեր սփիւռքականները կը պնդեն ու կը ջանան այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ հին սերունդը նոյն արդար մտահոգութիւնը նո՛յնքան անկեղծօրէն չէ ապրած: Նոյն մտածումը չէ ունեցած եւ այդ ուղղութեամբ լուրջ ճիգեր չէ թափած:

Ընդհակառակն, ճշմարտութիւնը այն է, որ հին սերունդը, իր հնարաւորութեանց սահմաններուն մէջ, ամէն ջանք թափած է ազգային համասփիւռքեան կազմակերպութիւն ու ղեկավարութիւն ստեղծելու, ա՛ռնուազն ազգային-եկեղեցական կամ համայնքային շրջագիծի մէջ, առաւե՛լ եւս՝ Հայ Դատի հետապնդման գծով: Իրողութիւնը այն է, որ ինչ որ գոյութիւն ունի ներկայիս, գոյութիւն ունի՛ շնորհիւ հին սերունդի բոլորանուէր ճիգերուն:

Ձեռք բերուած արդիւնքը ակնկալութեանց համապատասխան կրնայ չըլլալ – եւ չէ – եւ սփիւռքահայ կազմակերպական կեանքն ու ղեկավարութիւնը կրնան շատ թերութիւններ եւ բացեր ունենալ – եւ ունի՛ն: Սակայն այս բոլորը փաստը չեն ժխտեր, կատարուածին հերքումը չեն կազմեր...:

Մօտեցումի սխալը աւելի՛ եւս ակնբախ կը դառնայ, երբ սեւով ճերմակի վրայ կը կարդանք սա՛ ձեւի մտածումներ, որոնք այնքան անպատասխանատու կերպով կը յեղյեղուին նորերուն կողմէ, յանուն ինչ որ նորարարական... չտեսութեան:

«Յաճախ պատահականութեան արդիւնք սեպած ենք ազգային աղէտներու դրդապատճառները. որովհետեւ պատահական եղած են, այդ շրջաններուն, ազգային ճակատագիրը տնօրինող մեր ղեկավարները:

«Ու պատահական մարդիկ, պատահական պատմութիւն կրնան շինել միայն:

«Անցեալը այս իրողութեան փաստարկումն է անկասկած:

«Կը կրկնուի երեւոյթը այսօր»: Եւ կը կրկնուի (եղեր) բովանդակ Սփիւռքի մէջ. 1920էն այս կողմ:

Հոս, այս փոքր հատուածին մէջ, քանի մը ԱՆՀԵԹԵԹ մտածումներ կան, որոնք վայել չեն եւ ամօ՛թ են առհասարակ պատմութեան եւ յատկապէս իր դերին քիչ թէ շատ ծանօթ երիտասարդութեան մը համար (թող թէ մտաւորակա՜ն):

Իրաւա՛մբ, պատմական դէպքերը, ա՛լ չենք ըսեր՝ աղէտները, երբեք պատահականութեան հետեւանք չեն, չե՛ն կրնար ըլլալ: Այլ հետեւանք են եւ հետեւանք կրնան ըլլալ միայն ներքին ու արտաքին այլազան ազդակներո՛ւ, ուժերո՛ւ, երեւոյթներո՛ւ՝ մարդկային թէ առարկայական: Այս է, որ կը սրովեցնէ մեզի պատմական ուսմանց Ա. Բ. Գ.ը ...

Եւ առաջին հերթին, պատհականութեան հետեւանք չէին եւ չէին կրնար ըլլալ մեր ազգային աղէտները: ...
...

...Ընդհակառա՛կն, բոլո՛րն ալ ենթակայական ու առարկայական հիմնական պատճառներ ունէին: Հիմնական պատճառը թո՛ւրքն էր, թրքական պատմական ու պետական տրամաբանութիւնը (կամ քաղաքականութիւնը), ազգային շահերը, ապա նաեւ աշխարհակալ պետութեանց շահագէտ ու դաւադիր քաղաքականութիւնը եւ, վերջապէս, աշխարհագրա-քաղաքական ու զինուորական անյաղթահարելի դժուարութեանց ու այլ ազդակներու իբրեւ հետեւանք՝ հայ ժողովուրդի տկարութիւնը...
...

Այս է ճշմարտութիւնը ոչ միայն հայոց, այլեւ ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ, ուր ոչ մէկ դէպք, ոչ մէկ աղէտ, բացի, ի հարկ է,... բնական աղէտներէն, պատահականութեան մը հետեւանքը կազմած է երբեւէ: Թող մեր սփիւռքականները, որոնք պատմութիւն սրբագրելո՜ւ ելած են..., մէկ հատիկ դէպք կամ աղէտ ցոյց տան, ուր լոկ պատահականութիւնը դերակատար եղած է, անկախ ենթակայական ու առարկայական ծանրակշիռ պատճառներու ճնշումէն:

Ամէնէն ծիծաղելին եւ անըմբռնելին սակայն այս անհեթեթ հաստատումը չէ, այլ այս անհեթեթ հաստատումին աւելի, քան անհեթեթ «հիմնաւորում»ն է.– «Յաճախ պատահականութեան արդիւնք սեպած են» (սեպե՜լ) մեր տղաքը «ազգային աղէտներու դրդապատճառները» պա՛րզ այն պատճառով, որ «պատահական եղած են, այդ շրջաններուն (նաե՛ւ՝ այսօր), ազգային ճակատագիրը տնօրինող մեր ղեկավարները»...

«Պատահակա՜ն մարդիկ»: Իրա՞ւ: Բարի՛:

Առնենք սակայն համաշխարհային պատմութիւնը եւ հարց տանք.– Ո՞վ վարած է եւ կը վարէ ժողովրդային ու յեղափոխական բոլոր շարժումները, յաջող կամ ձախող.– ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՄԱՐԴԻԿ:

Արդարեւ, հին Հռոմի օրերէն սկսեալ, ո՞վ վարած է ժողովրդային կամ յեղափոխական բոլոր ծառացումները,– փլեպեաններ եւ պատրիկեաններ այսինքն՝ պատահական մարդիկ: Ո՞վ վարեց, օրինակ, համաշխարհային հռչակի հասած սուսերամարտիկներու հսկայական շարժումը Հռոմի մէջ, որ սասանեցուց բովանդակ կայսրութեան մը հիմերը,– պատահական մարդ մը՝ ՍՊԱՐՏԱԿՈՒՍ:

Անցինք նորագոյն պատմութեան.– Ո՞վ կազմակերպեց ու վարեց արդի դարերու մեծագոյն Յեղափոխութիւնը (ֆրանսակա՛նը),– Տանթոն, Մարա, Ռոպեսփիեռ: Ապա նաեւ՝ Նափոլէոն: Ո՞վ էին եւ ի՞նչ կը ներկայացնէին այս անունները,– պատահական մարդիկ:

Ո՞վ կազմակերպեց ու վարեց մեծագոյն յեղափոխութեանց նորագո՛յնը՝ Ռուսիոյ մէջ – համայնավար յեղափոխութիւնը: Նո՛յնքան պատահական մարդիկ, անկասկած,– Լենին, Տրոցկի, Զինովիեւ, Ստալին եւ միւսները:

Արդ, թէ այս է կանոնը բնական – եւ ա՛յս է յայտնապէս – տիեզերական պատմութեան մէջ, ինչո՞ւ նոյն այդ բնական կանոնը ի զօրու պիտի չըլլար նաեւ հայո՛ց պատմութեն մէջ, պահելով, ի հարկ է, բոլոր համեմատութիւնները: ...:

Եթէ վերը նշուած անունները իրապէս պատահական մարդիկ էին այն ընթացիք առումով, որ կը հասկնան մեր սփիւռքականները, ապա, ուրեմն, դա՛րձեալ բոլոր համեմատութիւնները պահելով հայ ազգային շրջագիծի մէջ, ինչո'վ (կամ ինոչ՞ւ) նուազ կամ առաւել պատահական մարդիկ էին, օրինակ, մեր Քրիստափորները, Ռոստոմները, Զաւարեանները, Խրիմեանները, Սապահգիւլեանները, Խանազատները, Զօհրապները, Ռուբէնները, Խատիսեանները, Քաջազնունիները, Վրացեանները, Անդրանիկները, Քեռիներն ու Դրոները եւ մինչեւ իսկ... Շահումեաններն ու ընկերները:

Իսկ եթէ վերը նշուած մեծութիւնները պատահական մարդիկ չէին, այլ պատմական ճակատագրական րոպէին հրապարակ իջած ընտրեալներ ու առաքեալներ էին, ինչո՞վ (կամ ինչո՞ւ) նուազ ընտրեալ եւ նուազ առաքելատիպ էին մերայինները...

Ա՛լ չենք խօսիր այն մասին, թէ ի վերջոյ ո՞վ պիտի ստանձնէր վեց հարիւր տարուան գերութեան շղթաներու տակ հեծող եւ գլխատուած ու բազմամասնատուած ժողովուրդի մը յեղափոխական ու ազատագրական շարժման ղեկավարութիւնը, եթէ ոչ նո՛յն այդ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու անոր տառապանքին ու նուիրական իտէալին լոյսերով թրծուած ու թեւաւորուած հատընտիրները...
...

Նման թերխաշ մտածումները եւ նոյնքան թերաճ իմացականութեան մը պերճախօս պատկերը կը կազմեն հետեւեալ տողերը, զորս կ'արտագրենք անփոփոխ, ճաշակ մը տալու համար մեր սփիւռքական մտաւորական երիտասարդներու մտայնութեան կամ «գաղափարախօսութեան» մասին.

Ա.- «Սփիւռքը. կամայ թէ ակամայ, իր ճակատագիրը վստահած է ամաթէօրներու:

«Գիտական է դարը. աւելի ճիշդը՝ մասնագիտական է պահանջքը. իսկ օրուան կարգախօսը փրոֆեսիոնալիզմն է ամէնուրեք ու ամէն մարզի մէջ:

Բ.- «Սիրող (ամաթէօր) մարզիկն իսկ կը խուսափի փրոֆեսիոնել մրցակիցին ձեռնոց նետելէ.

«Ի՞նչ յաւականութեամբ սակայն Սփիւռքի ամաթէօր ղեկավարութիւնը կը յամառի դեռ փրոֆեսիոնել ղեկավարութեան մը հմտութիւնն ու կարողութիւնը պահանջող գործ մը սահմանափակելու իր ուժերով:

«Արդեօք հոն է՞ սփիւռքեան ուժերու կաշկանդումին գլխաւո՛ր դրդապատճառը:

Գ.- «Ներկայ լճացումէն եւ տարտղնուած Սփիւռքէն կազմաւորուած ու համասփիւռքային Սփիւռքի մը ծրագրումը որակի գերադասումն է քանակին վրայ. փրոֆեսիոնալիզմի գերադասումը՝ ամաթէօրիզմի վրայ:

«Յաջողութիւնը կը սկսի հոն, ուր գիտակից միտքն է, որ կը զօրակոչուի»:
... 

Սակայն կը կարծենք, որ «գիտակից միտքն» ալ ունի ի՛ր նախապայմանը,– գիտակից միտքին... գիտակցութեան առաջին երախայրիքը ճիշդ հարցադրումն է ամէնէն առաջ, ճիշդ ախտաճանաչումը, դէպքերու եւ երեւոյթներու խորքին ու իմաստին թափանցումը, պատճառներու եւ հետեւանքներու ներքին կապին ու յարաբերակցութեան գիւտը, խորատեսութի՛ւնը:

Եւ արդ, այդ միակ նախապայմանը կը յարգե՞ն մեր սփիւռքականները,– ո՛չ, չե՛ն յարգեր: Վերը մէյ մը տեսանք, թէ ի՛նչպէս: Կը տեսնենք նաեւ քիչ վարը եւ ահա, թէ ի՛նչպէս:
...

Մէջբերուած երկրորդ կէտը, ի լրացում առաջինի, «Սփիւռքի ամաթէօր ղեկավարութիւնը» կը մեղադրուի այն յանցանքով, որ «կը յամառի դեռ արհեստավարժ (փրոֆեսիոնել) ղեկավարութեան մը հմտութիւնն ու կարողութիւնը պահանջող գործ մը սահմանափակելու իր ուժերով, գլխաւոր պատճառ դառնալով, միաժամանակ (արդեօ՞ք), «սփիւռքեան ուժերու կաշկանդումին»:

Ուստի՝ վե՛րջ սիրողականութեան (ամաթէօրիզմ) եւ ասպարէ՛զ՝ արհեստավարժութեան (փրոֆեսիոնալիզմ): Աւելի պարզ՝ վե՛րջ տալ սիրող ղեկավարութեան եւ ասպարէզը լայն բանալ արհեստավարժ ղեկավարութեան կամ ղեկավարներու առջեւ:

Համաձա՛յն ենք: Սակայն հանրածանօթ սկզբունք մը կայ, զոր պէտք է հաշուի առնել առնուազն,– ա՛յն, որ ամէն ժողովուրդ կ'արժէ (արժանի է) իր ղեկավարութիւնը (իր ղեկավարութեան) եւ, փոխադարձաբար, ամէն ղեկավարութիւն կ'արժէ իր ժողովուրդը: Երկուքը իրար կ'արժեն, այո՛, եւ կ'արժեն արժանաւորապէս եւ բնակա՛նորէն:

Արդարեւ, երբ «Սփիւռքը, կամա՛յ թէ ակամա՛յ, իր ճակատագիրը վստահած է ամաթէօրներու», ա՛լ ինչ բանի կը ծառայէ ուրեմն անտեղի մեղադրանքը,– «պատահակա՜ն մարդիկ», սիրողնե՜ր, «ազգային աղէտներու դրդապատճա՜ռ», «պատահականութեան արդի՜ւնք» եւայլն, եւայլն:
... 

Եթէ ճիշդ կը խօսի – գո՛նէ ցարդ – գիտական միտքը, սփիւռքականներուն գիտակից միտքը պատճառ չունի եւ պէտք չէ ունենայ կասկածելու, թէ Սփիւռքի մէջ այսպէս կոչուած ամաթէօր ղեկավարութեան աստիճանաբար եւ բնականօրէն պիտի յաջորդէ այսպէս կոչուած փրոֆեսիոնել ղեկավարութիւնը, կը բաւէ, որ մեր երիտասարդ մտաւորականութիւնը գիտնայ հաղորդակից դառնալ մեր դարու ոգիին, շունչին, էութեան եւ դրօշակիրը հանդիսանալ իրապէս գիտական ու ճշմարտապէս գիտակից մտքին ու մտածողութեան, ...:

Չինական առածը կ'ըսէ իրաւամբ.– Աւելի լաւ է ճրագ մը վառել, քան թէ տեւաբար խաւարը անիծել: Մեր երիտասարդ մտաւորականներուն գիտակից միտքը մեծապէս պիտի շահէր, անկասկած, եթէ գիտնար – եւ կարենար – հայ կեանքի մէջ ճրագ մը վառելու հետամուտ ըլլալ, փոխանակ «խաւար»ը անիծելու յանդէպս: Լոյսը «խաւար»ը անիծելու մէջ չէ, այո՛, այլ ճրագ մը վառելուն մէջ է: Իսկ ճրագ վառել ամէնէն առաջ կը նշանակէ ուղիղ տրամաբանել եւ արդար ըլլալ:

Դեռ աւելին կայ սակայն,– առաջարկուած բանաձեւը սխալ է նաեւ տեսականօրէն ու ըստ էութեան եւ անյարիր՝ ուղիղ ու առողջ տրամաբանութեան: Իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ սիրող ղեկավարութիւն (ամաթէօրներ) եւ արհեստավարժ ղեկավարութիւն (փրոֆեսիոնելներ):

Ղեկավարութիւն մը կա՛մ ղեկավարութիւն է, կա՛մ ղեկավարութիւն չէ, ինչպէս որ ղեկավար մը կա՛մ ղեկավար է, կա՛մ չէ: Կրնայ ըլլալ տկար ղեկավարութիւն, միջակի ղեկավարութիւն, ձեռնհաս, նոյնիսկ բարձրորակ ղեկավարութիւն, բայց անպայմա՛ն ղեկավարութիւն: Ղեկավարի տիպարը ճիշդ արուեստագէտի տիպարին պարունակը ունի,– կա՛մ արուեստագէտ (ղեկավա՛ր) է, կա՛մ՝ չէ:
...

Ղեկավարութիւնը արհեստ կամ մասնագիտութիւն չէ՛, որ արհեստավարժութեան վերածուի կամ անով պսակուի. ղեկավարութիւնը ԱՐՈՒԵՍՏ է, ինչպէս ե՛ւ ղեկավարը՝ արուեստագէտ է, իբրեւ մարդկային հոգիի եւ մարդկային ու ազգային ընկերութեան կերտի՛չ, ճարտարապե՛տ, տեսանո՛ղ, առաջատա՛ր ուժականութիւն:

Ճիշդ այս պատճառով ալ ճշմարիտ ղեկավարը առհասարակ կը ծնի, արուեստագէտին պէս, եւ ղեկավարութիւնը բնատուր ձիրք է աւելի, ինչպէս արուեստագիտութիւնը: Արհեստով ղեկավար չկայ, արհեստավարժ ղեկավար բնաւ չկայ, սականայ կա՛յ ասպարէզով ղեկավար: ...

Կա՛րճ.– ղեկավարը բարոյական նկարագիր է ամէնէն առաջ, համադրող ու առաջմղիչ կամք է յետոյ, բազմակողմանի, լայնահորիզոն ու ստեղծագո՛րծ միտք է ապա, տեսանո՛ղ է ու ներշնչո՛ղ, իբրեւ իր դասակարրգի, իր ազգի եւ իր պետութեան կամքը, նուիրական իղձերը, սրբութիւնները, շահերն ու իտէալները մարմնաւորող, խորհրդանշող, կենսաւորող ուժ: Այս բոլորին համադրութիւնն է ղեկավարութիւնը:
...

Մեր սփիւռքական երիտասարդները, ըստ երեւոյթին, կ'առաջադրեն մեր ազգային գործերը յանձանձել պետական չափանիշերով, մասնագէտներով եւ արհեստավարժ անձնակազմերով, յատուկ նախահաշիւներով եւ տնտեսավարական մտածողութեամբ: Գաղափարը հրաշալի է անշուշտ: Սակայն շփոթը եւս ակնբախ է,– ղեկավարութիւնը նոյնացնել մասնագիտութեան, արհեստավարժութեան կամ նման բաներու հետ:
... 

Սփիւռքական երիտասարդներու միտքը կը սխալի նաեւ մէջբերուած Գ. կէտին մէջ, ուր կը հաստատէ, թէ «համասփիւռքային Սփիւռքի մը ծրագրումը որակի գերադասումն է քանակին վրայ. փրոֆեսիոնալիզմի գերադասումը՝ ամաթէօրիզմի վրայ»:
... 

Էական հարցը որակը գերադասել եւ քանակը ստորադասել չէ (զանգուածի թէ ղեկավարութիւն շրջագիծին մէջ), էականը թէ՛ որակին եւ թէ քանակին պահպանումը, աճումը, բազմապատկութիւնն ու համադրութիւնն է համագաղութային կազմակերպութեան մը ծիրին մէջ եւ համահայկական ապրումներով ու մտահոգութիւններով տոգորուած ղեկավարութեան մը առաջնորոդութեան տակ:

Շեշտը դնել որակին վրայ, այո՛: Սակայն ամէնէն որակաւոր ղեկավարութիւնը նախ պիտի սկսէր քանակէն, քանակին պահպանումէն ու աճումէն, անոր կազմակերպումէն ու զարգացումէն, ապա՛ միայն որակաւորման անցնելու համար:

Իսկ ի՛նչ չափանիշի վրայ պիտի հիմնուի մինչեւ իսկ ջատագովուած «որակ»ը, երբ անցեալ մը ամբողջ «պատահականութեան արդիւնք» կը հռչակուի եւ «ազգային աղէտներու» շարան մը կը... սեպուի:

Մնաց որ եթէ որակը կը հիմնուի միայն գիտական մտածողութեան եւ «մասնագիտական պահանջ»ներու վրայ, այս «որակ»ով կարելի չէ շատ հեռուները երթալ, ո՛րքան ալ զայն գերադասենք քանակէն:

Հիմնականը բարձրորակ հայութեան ստեղծումն է, որակով թէ քանակով յար-անուն հայութեան մը, որուն հիմնական յատկանիշը ըլլայ հայեցիութիւնը եւ ապա միայն ուրիշ բան:

Գիտակից միտքը ուրիշ եզրակացութեան չի կրնար յանգիլ:

*կրճատուած
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ – ԴՐՕՇԱԿ»
Բ. Տարի, 1971, Թիւ 43