Հայոց նորագոյն պատմութեան ամենէն շքեղ թուականներէն մէկը:
Անցած է արդէն երեսուներկու տարի, եւ, հակառակ ուրացումներու եւ դատապարտութեան խօսքերու, երթալով նոր փայլ կը ստանայ ան, իբրեւ ազատութեան թուական:
Տարակոյս չկայ, որ քանի տարիները բազմապատկուին, այնքան պիտի աւելնայ հմայքը Փետրուար 18-ին, իբրեւ վկայութիւն մը՝ հայ ժողովուրդի ազատատենչ խառնուածքին: Իբրեւ ապացոյց մը՝ թէ հայը, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի, Ազատութեան հետ է. պատրաստ՝ պաշտպանելու զայն, ի հարկին արիւն ալ թափելով:
Վարդանանց պատերազմ, Ապրիլ 24, Մայիս 28 եւ Փետրուար 18,– թուականներ են ասոնք, որոնք սուգով, այլ նաեւ շքեղանքով կը զարդարեն հայոց պատմութիւնը: Ժողովուրդներու կեանքին մէջ, դժբախտաբար, փառքն ու շքեղանքը կարելի չէ նուաճել, առանց մեծ զոհողութիւններու, առանց արցունքի եւ, նոյնիսկ, արիւնի: Տեսնուած չէ որ մեծ յաղթանակներ շահուին, առանց մեծ զոհերու: Առանց հերոսական շարժումներու եւ պայքարներու: Տեսնուած չէ որ աղերսանքով, լացով ու արցունքով անկախութեան տիրանան ժողովուրդները: Ոչ ալ կարելի է Ազատութեան հասնիլ նուաստութեամբ կամ ստրուկ համակերպութեամբ: Ազատութեան տանող ճամբաները դժնդակ են եւ ծածկուած՝ նահատակներու գերեզմաններով:
Ասիկա ճշմարիտ է բոլոր ժողովուրդներուն համար: Բայց ճշմարիտ է, մանաւանդ, հայ ժողովուրդին համար, որ շարունակ անհաւասար պայքարի մէջ եղած է, իր գոյութիւնը պահելու եւ ազատութիւնը նուաճելու համար:
Փետրուար 18-ը այս պայքարներէն մէկն է: Հայու գոյութեան ու ազատութեան համար մղուած կռիւ մը. ըմբոստութիւն մը, որ բողոքի մը արտայայտութիւնը եղած է տիրող ահաւոր բռնութեան դէմ: Ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան գերագոյն փորձ մը, այնքան զոհաբերութեամբ ձեռք բերուած հայրենի ազատութեան:
Եթէ Մայիս 28-ը ազատութեան ու անկախութեան թուական մը եղած է, ինչպէս որ է, Փետրուար 18-ը ձեռք բերուած ազատութիւնը պաշտպանելու թուականն է: Առաջինը՝ Ազատութիւնը նուաճելու, երկրորդը՝ զայն պահելու օրը: Աւելին: Փետրուար 18-ը, իր պոռթկումի թափովն ու համաժողովրդական ըմբոստութեամբը, կուգայ հաստատելու, թէ Մայիս 28-ը, Հայրենիքի Անկախութեան օրը, «դիպուած» կամ «պատահականութիւն» մը չէր հայ կեանքին մէջ, ինչպէս այլասերած «պատմաբաններ» կը փորձեն բացատրել, մեր օրերուն: Թուրքը չ'ըսեր այդպէս, բայց կան հայեր, որոնք արիւն քրտինք կը մտնեն, թուրքին չըսածը ըսելու եւ հաստատելու համար:
Հայը, յանձին իր ազատատենչ տարրերուն, դիմադրած, պայքարած եւ արիւն թափած էր իր ազատութեան համար: Շահած էր զայն, ստեղծելով, ստեղծագործելով Մայիս 28-ը:
Գիտենք ողբերգութիւնը: Հազիւ ճաշակած ազատութեան բարիքները, կորսնցուցած էր զայն, բիրտ ու դաւադիր ուժերուն առջեւ ընկճուած:
Փետրուար 18-ը կուգայ վկայելու, որ հայ ժողովուրդը չէր հաշտուած իրեն պարտադրուած ճակատագրին հետ: Քանի մը ամսուան կեանքը համայնավար վարչութեան տակ, տիրող կեղծիքն ու անմարդկային բռնութիւնը, թականն ու բանտը, աքսորն ու կոտորածը եկած էին ապացուցանելու, թէ ազատութեան կորուստէն ետք, կեանքը դժոխք դարձած էր մեր հայրենիքին մէջ, իսկ ժողովուրդը ստրկութեան դատապարտուած ամբոխ: Հայը չհաշտուեցաւ այս ճակատագրին հետ եւ բողոքեց ու պոռթկաց բռնութեան դէմ իր զայրոյթը յայտնելով, ազատութեան կարօտը աղաղակելով: Իր աչքերուն առջեւ եւ ի՛ր հայրենիքին մէջ, Ապրիլ 24-ը կը կրկնուէր, եւ ան չէր կրնար հանդուրժել որ համայնավար բորենիները բզքտէին իր սրբութիւնները:
Պիտի պարտուէ՞ր: Բայց ժողովուրդները, տարերային շարժումներու ընթացքին, իրենց սրբութիւններուն մասին միայն կը մտածեն. իրենց հոգեկան դաւանանքին ու ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին:
Վարդանանք պարտուեցան, բայց պահեցին հայու հոգիին ազատութիւնը:
Պարտուեցան նաեւ Փետրուարեանք, կարճատեւ ազատութենէ մը ետք, բայց հոգիով անկախ ու ազատ մնացին ու պահեցին իրենց ժողովուրդը: Եւ այսօր, հայը ազատութեան կը ձգտի, աւելի քան երբեք:
Ամբարիշտները, հոգիով ստրուկնե՛րը թող ուրանան ու «իմաստութեան» քարոզներ կարդան: Եւ թող խոնարհին բռնութեան առջեւ, թող լռեն բանտին ու աքսորին առջեւ: Թող պապանձին մտաւորականներու կոտորածն ի լուր:
Հայը, բարեբախտաբար, չունի իրենց կերպարանքը: Ազատատենչ է իր հոգիով եւ ըմբոստ՝ իր խառնուածքով: Այսինքն՝ արդարութեան հետ է ու արդարութեան համար: Պատուաւոր ազգ է հայը, հպարտ հոգիով: Հայոց պատմութիւնը այս ոգիով գրուած է: Հայը այս ոգիով ապրած է դարէ դար եւ շքեղ էջեր արձանագրած իր ու մարդկութեան պատմութեան մէջ:
Այդ էջերէն մէկն է Փետր. 18-ը: Պատի՜ւ հայութեան, որ գիտցած է առաջինն ըլլալով՝ ըմբոստութեան դրօշ պարզել համայնավար գազանային բռնակալութեան դէմ:
Հայոց պատմութեան հարազատ թուական մըն է Փետր. 18-ը, հայկական Ազատագրութեան պանծալի դրուագներէն մէկը, որ Մայիս 28-ին հետ կուգայ վկայելու, թէ հայ ժողովորդը արժանի է Ազատութեան: