25 February, 2022

Հակայեղափոխական Դաշնակ Խմբապետ

Ուրախ ենք անշուշտ որ Հայատանի կուսակցապետական շրջանակներուն մէջ երբեմնի ուրացումները որոշ չափով մեղմացած են եւ այսօր իր իսկակա՛ն պատուանդանին վրայ է Անդրանիկը՝ հայրենիքի մէջ:

Սակայն չենք մոռնար – պէտք չէ բնաւ մպռնանք ու պէտք է յիշենք պարբերաբար – որ 27 տարիներ առաջ (1947), երբ սթալինեան վայրագութեան զոհ կը դառնային հայրեբնակ ամէնէն ընտրեալ գրագէտներն ու քերթողները, հանրային գործիչներն ու արուեստագէտները, օրուան Կոմկուսի ներկայացուցիչ Ա. Ամատունի, սեւցնելու եւ վարկաբեկելու համար 1937ի նահատակներէն Աղասի Խանջեանն ու Ակսել Բակունցը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կ'ընէր.

–Բակունց եւ ուրիշներ, Խանջեանի ցուցմունքով, պահանջում էին որ կինոն ցուցադրի դաշնակ աւանդիւրիստների յարձակումը Օսմանեան Բանկի վրայ. ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ ԷԻՆ ԿԻՆՈՆԿԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՀԱԿԱՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿ ԽՄԲԱՊԵՏ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՄԱՍԻՆ»: (Տե՛ս Խորհրդ. Հայաստան» օրաթերթի 9 Յունիս 1937ի թիւը):

Երէկուան «ՀԱԿԱՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ»ը այսօր դարձած է «ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ». երէկուայն «ԴԱՇՆԱԿ ԽՄԲԱՊԵՏ»ն ալ ... ՀԱԿԱԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ՜Ն:

Խնդիր չէ՜: Մենք նո՛յն չափանիշները ունինք հանդէպ ազգային հերոսին՝ որովհետեւ մարդոց մարդկային տկարութիւնները ստուեր չեն կրնար բերել իրենց պատմակշիռ գործերուն, ազգանուէր խոյանքներուն եւ հայագորով անձնազոհութեան վրայ:

Անդրանիկի Թագաղը. «Հայրենիք» Պոսթոն, Թիւ 4674

Եւ եթէ կ'ըսենք թէ պարբերաբար պէտք է յիշել Ամատունիի խօսքը, կ'ուզենք պարզապէս շեշտել թէ Խորհրդային Համայնավարութեան համար չկան մնայուն արժէքներ, չկան նուիրականութիւններ, չկան բարոյական իմացումներ:

Էականը ՀԱՅՈՒԹԵԱ՛Ն կեցուածքն է: Ու գաղտնիք չէ ոչ ոքի համար՝ որ Անդրանիկը՝ Ուջանի իր յուշարձանէն շա՜տ առաջ՝ հայրենաբնակ ժողովուրդի մտքին եւ հոգիին մէջ քանդակուած էր նո՛յն անխորտակելի կրանիթով, իբրեւ խորհրդանիշը Հայութեան անփշրելի կամքին ու հաւատքին՝ հանդէպ իր ապագային...

«Հայրենիք» Պոսթոն
Շաբաթ, Օգոստոս 31, 1974
76-րդ Տարի, Թիւ 18779