Ահա երեսուն տարի է, որ անձկութեամբ կը հետեւինք ձեր քայլերուն, օտարութեան մէջ:
Ոչ գուրգուրանք պակսեցաւ, ոչ հրահանգ: Ոչ ալ աշխատանք:
Երբեմն կծու խօսքեր ալ արտասանուեցան, միշտ ձեր բարիքին համար:
Չափահաս էք արդէն, եւ գիտէք, որ ժամանակներ մեզի չեն սպասեր:
Ամէն տեղ ունինք միեւնոյն մտահոգութիւնը,– Շրջանաւարտներ, յաջորդներ, ժառանգորդնե՛ր հասցնել: Ամրապնդել կապերը՝ երէկուան եւ այսօրուան միջեւ: Փրկել սերունդը, այսինքն ապագան:
Ինքնապաշտպանութիւն կոչեցինք այս պայքարը, բառին ամենալայն իմաստով: Մանաւանդ եւրոպական եւ ամերիկեան ափերուն վրայ:
Եթէ միջավայրը եւ պարագաները աւելի նպաստաւոր է Միջին Արեւելքի մէջ, այդ չի նշանակեր թէ պէտք չունիք ջիղերը պրկելու։
Ընդհակառակն, այդ առաւելութիւնը պիտի մղէ ձեզ տասնապատկել աշխատանքը։ «Գերակատարել արտադրութիւնը» որպէս զի կարենաք լեցնել ուրիշ ճակատներու բացը։
Անհրաժեշտ է դասարան փոխել ամէն տարի։
Երիտ. Միութիւններն ալ դպրոցներ, դասընթացքներ են, պաշար ամբարելու, բարձունքէ բարձունք թեւածելու համար:
Միութիւն թէ անհատ, երբ կը գոհանան եղածով կամ իրենց գիտցածով, ճամբան հարթած կ'ըլլան դէպի լճացում եւ ամլութիւն:
Աւելին. հետզհետէ կը խրին աւելի ծանր մեղքի մը մէջ, որ կը կոչուի դասալքութիւն:
Կրնաք անձնասպանութիւն կոչել այն մեղքը, եթէ ենթական դաշնակցական է: Եւ մանաւանդ անդամ՝ Երիտ. Միութեան մը:
Կարելի չէ շահիլ ինքնապաշտպանութեան, սերունդի փրկութեան ճակատամարտը, յօրանջելով, թարթափելով կամ կիսկատար գիտելիքներ արտասանելով:
Երիտասարդութիւն՝ կը նշանակէ մշտընջենական շարժում: Կը նշանակէ ոստում: Միշտ քայլ մը աւելի առաջ, բոլոր ընդունակութեանց ներդաշնակ զարգացումով:
Մենք այսօր չենք հարցներ «արուն
վաթէլ գիտե՞ս»։ Այլ կը հարցնենք._ Ճամբայ կտրել գիտե՞ս։
Յառաջապահ, դաշնակցական սերունդի մը առաջին պարտականութիւնն է սորվիլ այս տարրական գիտելիքը,- ճամբայ կտրել։ Ամէն ուղղութեամբ։ Ճիշդ ինչպէս լեռ ու ձոր կը կտրէին երէկ, զինատար խումբերով։
Ճամբայ կտրելով միայն ակրելի է գրաւել թափուր դիրքերը: Այլ եւ նորոգել, երիտասարդացնել մեր հանրային կեանքը:
Հետզհետէ կը նօսրանան կամ կը դեղնին մեր արժէքները: Ի սփիւռս աշխարհի:
Անհրաժեշտ է նոր աւիշ հոսեցնել, թարմացնելու, բարձրացնելու համար մտաւոր մակարդակը:
Տգիտութեան չափ, յաճախ աւելի վնասակար է միջակութիւնը։
Մենք լոյսերու մէջ կը լողանք այստեղ: Բայց բուն լոյսը, հարազատը, հայկականը Արեւելքէն կը սպասենք:
Ձեր նայուածքին կրակն է, որ պիտի բանայ օտարին ակնախտիղ լոյսերէն շլացած, կիսովին կուրացած աչքերը:
Ինչպէս մենք, դուք եւս պիտի ջանաք ցնցել քնացողները։ Եւ մանաւանդ քնացողները, որոնց մէջ պատկառելի թիւ մը կը կազմեն երիտասարդները։
Մի մոռնաք, որ կէսօր է արդէն,- հերթափոխութեան շրջան։
Երիտասարդութիւնը ինքն ալ չարաչար պիտի տուժէ, եթէ պատահական կամ թերխաշ ուժերու յանձնուին քաղաքական գործունէութիւններուն եւ մշակոյթի բերդերն ու անդաստանները։
Եթէ լրիւ կատարուած չէ կէս օրուան աշխատանքը, աւելի կը դժուարանայ իրիկուանը։ Եւ մանաւանդ վաղուանը։
Ունիք որոշ ուղեգիծ եւ լայն ազատութիւն՝ գործելու:
Այսուհետեւ ալ, երէցներուն գուրգուրանքը միշտ անպակաս պիտի ըլլայ ձեր գլխուն վերեւ: Առանց խնամակալութեան մը ծանր շուքը փռելու:
Ձեզի կը մնայ արժեցնել այս թանկագին ինքնավարութիւնը, խտացնելով եւ զարգացնելով շարքերը: Դառնալով հոսուն աղբիւր մը իրական վերանորոգման եւ յարաճուն գործունէութեան:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դարձաւ երիտասարդացման ազդակ մը՝ այս ժողովուրդին մէջ:
Ձեզի կը մնայ նոյն դերը կատրել շարքերուն մէջ եւ շարքերէն դուրս: Նոյն խանդավարռութեամբ, հաւատքով եւ յարատեւութեամբ: