Նշան Պէշիկթաշլեան
Սօսէ Մայրիկ,
Ծնար Տարօն-Տուրուբերան նուիրական նահանգի Նեմրուտ լերան լանջին,
Բզնունեաց գաւառի՝ Թեղուտ աւանին մէջ: Պիտի զարմանայի եթէ այլ տեղ ծնած ըլլայիր: Հերոս
գլխաւորդ՝ գլխագիր ընկերդ ալ ծնաւ նոյն նահանգին ու նոյն լերան Սոխորդ գիւղակին մէջ:
Սերոբ ու Սօսէ ո՞ւր կրնային ծնիլ, եթէ ոչ Տարօն-Տուրուբերան
աշխարհին, տաճարներու աշխարհին մէջ:
Սօսէ Մայրիկ,
Տաճար մըն ալ դուն էիր ու երբ մահդ լսեցի, ըսի.
-Մայր տաճար մը փլաւ:
Կամ մայր տաճար մը համբարձաւ երկինք:
Հի՜ն, հի՜ն օրերուն, երկնքէն տաճարներ կ'իջնէին երկիր: Հիմակ
ալ տաճարներ կը բարձրանան դէպի երկինք:
Յիշէ՛ Շահբազ խաթունին խօսքը, զոր կրկնեցիր քեզ հարցաքննող բռնակալութեան պաշտօնեաներուն, ըսելով.
«Իմալ էնինք, նարտիվան չկայ որ դնինք ու յերկինքն յելնինք, Աստծուն բողոքելու, ուզինք չուզինք սարեր պըտ քաշուինք, զմըր նամուս ու ջան պաշտպանելու յոյսով»:
Հիմակ, լուսեղէն «նարտիվան»ով երկինք բարձրացար, արդ բողոքէ բարձրեալին: Այդ բողոքը դո'ւն կրնար բանաձեւել ու բարձրաղաղակել: Բայց մի՛ մնար երկնի խորը: Իջի՛ր մեր մէջ (զի էջքեր կան որոնք աւելի քան բարձրացում են), իջի՛ր մասնաւորապէս մեր մայրերուն սրտին ու հոգիին, բաշխուէ ու տարածուէ եւ տիրապետէ (քանզի որքան բաժնուիս՝ դարձեալ անսպառելի ես որպէս տաք ակնաղբիւր), ու նորահաս մայրիկներուն էութեան մէջ փչէ՛ տարօնական, տաճարական շուշանաշունչդ, որպէսզի վառ մնայ հուրը հայութեան, հուրը հերոսութեան, հուրը հարազատութեան, հուրը հաւատարմութեան, հուրը հասունութեան, հուրը հայկազեան հպարտութեան: Մեր այս վիրաւոր օրերուն մէջ, վերածուէ հրաշափառ հրեշտակապետի, ո՜վ նահապետուհի Սօսէ Մայրիկ, Տարօնցի մեր եղբարց Մայրիկը, համայն Հայոց Մայրիկը:
Լեռ բարձրանալ, բարձրունքի վրայ գագաթանալ, գագաթի վրայ դիրք գրաւել՝ ամէն մարդու, մանաւանդ ամէն մօր կոչումը չէ: Կատարները քիչ տեղ ունին: Գագաթները կը պատկանին հանճարներուն, հերոսներուն եւ սրբոց ու Աստուծոյ:
Քու սուր ու սլացիկ ջահդ, Սօսէ Մայրիկ, հրեղէն դրօշ է, որ կրնայ հպիլ հոգիներուն ու համբուրել զանոնք եւ բռնկեցնել անտարբերութեան տատասկները եւ կոպիճները: Քանզի Հայուն հայրենասիրութեան պարտէզին ճամբաները, օտարութեան մէջ, խռնուած են խիճերով ու խոտերով:
Քու գործունէութիւնդ, որ գոյութիւն մըն է, հարկ է մշտնջենաւորել մատեանով ու բաշխել, որպէս բարձի դիրք, մեր բոլոր մայրերուն: Թո՛ղ կարդան անոնք մայրերուն Մայրիկին հատորը ու հայանալով հիմնաւորուին, որպէս մայր, որպէս մատուռ:
Սօսէ Մայրիկ,
Քու մայրապետական գեղանի կերպարանքդ յայտնութեան մը պէս է, յայտնութիւն
հերոսական, հաշտարար յայտնութիւն, յայտնութիւն առաջնորդական ու մայրական յայտնութիւն:
Դուն քու կերպարանքիդ յայնութեամբ՝ քու ներկայութեանդ դէմ բողոքող Ֆետայիները մղեցիր համակերպութեան, համակրութեան եւ հիացումի ու հրահրեցիր անոնց հերոսութիւնը:
Դուն քու կերպարանքիդ յայնութիւնով ու խօսքիդ զօրքով, կռուող
եղբայրներու խուժանը՝ խումբ ըրիր հաշտութեան ու համերաշխութեան:
Դուն էիր որ տարագրութեան տաժանելի ճամբուն վրայ, եղար առաջնորդը ժողովուրդիդ, ու մերժեցիր մատուցուած ձին Անդրանիկէն, մնալու համար քուկիններուդ պէս, հետիոտն ընթացող՝ խաչի անհնարին ու երկարատեւ ճանապարհէն: Չբարձրացար ձիու վրայ, սակայն, վեր ելար երիվարի մը հասակէն հազար անգամ աւելի...: Մարդիկ թո՛ղ ծռեն իրենց գլուխները բանականութեան առջեւ, բայց Հայերը թո՛ղ ծռեն իրենց ծունկերը քու բարձրութեանդ ու բարութեանդ առջեւ, քու մեծանձնութեանդ ու մայրութեանդ առջեւ:
Քեզի համար հանգիստ ու հաճոյք չէր կրնար ըլլալ ձիու վրայ, նման առանձնաշնորհեալի: Քու հոգիդ քաջ գիտէր որ հանգիստն ու հաճոյքը կը պահանջեն բաշխում եւ բաժանում: Ի՜նչ դաս, մեր օրերու աներես եսամոլներուն համար քու մերժումդ, ո՜վ ոգեղէն ուսուցչուհի:
Քու կերպարանքիդ գեղատեսիլ յայտնութիւնը, սա պահուս, կը հարստացնէ
երեւակայութիւն: Կը տեսնեմ քեզ սուգի սեւերուն մէջ ու վշտի վարշամակով, կը տեսնեմ քեզ
իբրեւ տաճար ու տեսիլ:
Յայնուէ՛ բոլորին երեւակայութեան ու երգերուն մէջ, իբրեւ սգաւոր սրբութիւն, իբրեւ ամէն կարգի մարտիկներուն Մարիամը:
Կը տեսնեմ քեզ իբրեւ ոգի Տարօն-Տուրուբերանի, իբրեւ արծուեհոգի Մամիկոնեան Տիկին, դարերու դիւցազնական դրուագներէն եկած, Հայոց Պատմութեան էջերը լեցուցած կուռ ու կորովի բովանդակութիւնով:
Եթէ նկարիչ ըլլայի, Սօսէ Մայրիկ, Մայր Հայաստանը նկարելու համար՝ քու մայրապետական, քու մտերմական, քու պատուական ու պատրիարքական դէմքդ պիտի օգտագործէի: Քանզի համակ վեհապետութիւն ու վեհափառութիւն ես դուն, քու բովանդակ համեստութեանդ մէջ:
Համեստ էիր աղբիւրի պէս: Ջուրի նման շոգիացար ու երկինք բարձրացար: Արդ անձրեւէ մեր վրայ, իբրեւ օրինակ ու օրհնութիւն:
Կը տեառնագրեմ քու կերպարանքիդ առջեւ, ո՜վ Տիրամայր Տարօն-Տուրուբերան աշխարհի:
Պոռտօ ան Կաթինէ (Լուարէ)