Ընկեր Աւետիս Ահարոնեանը՝ լուսանկարուած այն ձեռնարկին, որուն ընթացքին կաթուածահար եղաւ
«Ալիք» 1934, Թիւ 141
Փետր. 11-ին կէսօրէ վերջ Բերբան Մարսէյլ-ի սրահին մէջ 2000-ի չափ կարգապահ բազմութեան մը առջև Ա. Ահարոնեանը «Հայ Մշակոյթի» մասին խօսած ատեն, գլուխն արեան խուժում մը ունեցաւ, ներկայ բազմութիւնը արցունքի և կսկիծի մէջ ձգելով: ...
Ժողովուրդ Հայոց, սիրելի հայրենակիցներ.
Ինձ խոր յուզեցիք: Շնորհակալ եմ ձեր յարգանքի բոլոր արտայայտութիւններէն: Ի՜նչ մեծ հաճոյք ինձ, որովհետև ես ձեր մէջն եմ այսօր: Շնորհակալ եմ կրկին անգամ, որովհետև գարնանային այս պայծառ օդն ու արևը ձգած՝ համախմբւած էք բոլորդ, ծեր, երիտասարդ, բոլորը, բոլորը: Չեմ ուզեր այդ բոլորը վերագրել ինձ. այս ի՜նչ բազմութիւն, այս ի՜նչ երիտասարդութիւն: Ինչպէս կը տեսնեմ, ճակատները հայ ու բարձր ճակատ, աչքերը կրակ: Ի՜նչ մեծ հաճոյք ինձ համար:
Արտաքնապէս ալեհեր ու ծեր, բայց հոգիով ու սրտով երիտասարդ, աւելի քան երբեք, ես ձեր հոգիների մէջ եմ և դուք ալ իմ. հետեւաբար, այն ինչ որ պիտի խօսիմ ձեզի, սրտիս խորունկէն պիտի անցնի, պիտի արձագանգէ և յետոյ անկեղծ պիտի ըլլայ, որպէսզի փոխադարձաբար ձեր սրտերէն անցնի, արձագանգէ, փոթորկէ:
Մենք օրեր կապրինք, օրեր չարաշուք ու անստոյգ, ուր իւրաքանչիւր անհատ, հայ անհատ, փոխադարձ կիրքի ու ատելութեան հիւանդութենէն է բռնւած: Եւ որպէսզի կարելի ըլլայ այս բոլորին խօսիլ մէկ լեզւով և անառարկելի նիւթով, ընտրած եմ Հայ մշակոյթը, որուն համար կարելի չէ կիրք, աջէն թէ ձախէն: Որովհետև մշակոյթը, մանաւանդ Հայ մշակոյթը գեղեցկութիւնն է անճառ ու անբացատրելի, որ հինէն կուգայ և հինին պիտի երթայ: Յանուն այդ ճշմարտութեան, որ ցեղային է, ինքնայատուկ դրոշմով, պէտք է մեր ժողովուրդը հասկնայ թէ, առանց անոր ինք ոչինչ է և պիտի մեռնի անխուսափելիօրէն...
Կը դիէք աշխարհը, թէ ինչեր կը դառնան մեր շուրջը: Ազգեր մեծ ու փոքր, բազմամիլիոն ժողովուրդներ, ամէնքը, ամէնքը իրենց խրճիթը կը շինեն ու տունը կը շտկեն:
Եւ դուն, ժողովուրդ Հայոց, փոխանակ քու տունիդ ու տեղիդ մասին մտածելու, դուն, դուն,, կիրք ու ատելութիւն ունիս եղբօր հետ:
Մեր իմաստուն,
արի և բարի հայ շինականը գեղեցիկ մէկ առած ունի.
–«Աստւած լեռը կը շինէ, ձիւնն ալ կը դնէ»: Ճշմարիտ է այս առածը բովանդակ աշխարհի համար, բացի մեզմէ: Մեզի համար չէ այդ: Մեր լեռներու վրայ ձիւնը աւելի շատ ծանր էր, քան տարողութիւնը լերան:
Մեր երկրի ձիւնը չէր մեր վրա թափողը, տեղացողը, այլ՝ բոլոր աշխարհին:
Ժողովուրդ Հայոց, այս բոլորին դէմ, խաղաղութիւն փնտռէ, ներքին խաղաղութիւն, հացի, ջուրի, օդի պէս:
Այս փոքրիկ նախաբանէն վերջ, ես կը վերադառնամ իմ նիւթիւն:
* * *
Ի՞նչ է մշակոյթը գաղթաշխարհին համար և ի՞նչ է մշակոյթը երկրի համար:
Մշակոյթը կապւած է մէկ երկրի արևին, ջուրին, օդին, հողի,ն ցեղին և մարդկւոթեան հետ:
Ով որ գիւղացի է ինծի պէս, լաւ գիտէ թէ ի՜նչ է քամքը: Գիւղացիք իրենց արտերը ջրելէ վերջ, որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ, կը կտրեն, կը դադարեցնեն ջուրը, որպէսզի ուրիշին արտը ջրուի: Չէ՞ որ կարգով է: Ականատեսը կը կարծէ թէ ջուրը տակաւին չէ կտրւած: Բայց իրականին մէջ մնացորդ ջուրն է այդ, որ ուժ չունի, հոսանք չունի կռնակը:
Եւ այսպէս ալ, հայկական մշակոյթը գաղութներու համար քամք է:
Մշակոյթը հողէն կը ծնի: Հողն է որ կերպարանք կուտայ անոր, բնութիւն ու դրոշմ:
Դարերու ընթացքին, այս ժողովուրդը երկնեց, իր ընդերքէն ի լոյս աշխարհ բերաւ անմատչելի գեղեցկութիւններ, սրբազան ու տիտան արժէքներ: Իր ուրախութեան և վշտի երգերով, սահմռկեցուցիչ ու անասելի փոթորիկներու մէջէն մինչև հոս է հացուցեր:
Բայց մենք, ցան ու ցրիւ ինկած ո՞ր երկրի մէջ պիտի գտնենք այդ աւանդը, հայ մշակոյթը: Բալկաններո՞ւն մէջ, թէ Սիւրիա կամ Ամերիկա: Ո՛չ, միայն ու միայն երկրի մէջ:
Մեր մշակոյթը քար կապած է արևին հետ: Եւ արեւը մեր հոգիներուն մէջ տնկած է այդ:
Նշմարած չէ՞ք, թէ արևը ի՞նչպէս մեր հոգիներու մէջ մտած է: Մեզ հետ շաղախւած: Երիտասարդ բանաստեղի մը խօսքերը յիշեցի: «Ես իմ անուշ Հայաստանի արևահամ բառն եմ սիրում»:
Դարերու իմաստութիւնը, խորքն ու տարողութիւնն է ամփոփւած այդ երկու տողերուն մէջ: Խնդրեմ ըսէք, ուրիշ որևէ լեզւի մէջ «արևահամ բառը» իմաստ մը ունի՞: Կամ թէ թարգմանուի՞: Ոչ:
Մեր մշակոյթին մէջ, արևը տարբեր է: Մեր բառերն են արևահամ մեր ժողովրդի բերնին մէջ, արևը հոտ ալ ունի: Երբ հայ տան տիկինը լաթերը կը փռէ չորցնելու, կըսէ արև կը հոտի:
Ու մեր բնութիւնը... Հսկայ ու մթին լեռներ, ջինջ ու զուլալ ջրեր:
Լեռներ՝ որոնք մարդուն հոգիին մէջ սարսուռ կը թափեն, զարհուրանքի կարկուտ կը տեղացնեն:
Ո՜հ, Հայոց աշխարհի մէջ, լեռները խմբերով կը շարժին:
Մեր մշակոյթի մէջ կայ գեղեցկութիւնը ուժին, կամքին և լեռներուն բարձրաբերձ կատարներէն սաւառնող զարհուրանքէն մինչև Արարատեան դաշտի օրհնաբեր, արգասաբեր տարածութիւնը:
Ո՜հ, Արարատեան դաշտ... որուն անծայրածիր տարածութեան վրայ, հողն ու հորիզոնը կը նոյնանան: Հարիւր քիլոմեթր երկայնք և վաթսուն քիլոմեթր լայնք, որուն վրայ քարի կտոր մը իսկ չես կրնար տեսնել: Եւ մեր ժողովուրդ կըսէ.- Արարատեան դաշտի ծայրը հաւկիթ մը դիր, միւս ծայրէն կը տեսնես:
Եւ գիշերը մեր... ի՜նչ մռունչ, ի՜նչ գալարում ալիքներու և ի՜նչ փոթորիկ...
Ահա այդպէս է կազմաւորւած մեր ցեղին նկարագիրը, բնութիւնը:
Այս է մեր մշակոյթը... այսպէս կը կազմակերպւի մեր ցեղի հոգին, մտածումը:
Ազգերը, որոնք իրենց հողերուն վրայ են, մշակոյթ է իրենց համար ամէն օր, ամէն քայլափոխին:
Բայց մենք, գաղութներու մէջ ենք: Հող չը կայ մեր ոտքին տակ: Ստիպւած ենք պահել բոլոր այն արժէքները, որոնք մշակոյթ անունին տակ հասած են մեզի:
Մշակոյթը, գաղութներու մէջ, մասնաւոր արժէք ունի և զարհուրելի նշանակութիւն: Առանց անոր ազգը ազգ ըլլալէ կը դադրի: Ի՜նչ սըել է գաղութ... ի՛նչ կը հասկնանք ըսելով սիւրիահայ գաղութ, ամերիկահայ կամ ֆրանսահայ գաղութ:
Այն ինչ որ ունինք արտասահմանի մէջ, որպէս բազմութիւն, շատ մեծ է գաղութ ըլլալու համար՝ իսկ շատ փոքր՝ ազգ ըլլալու: Մենք գաղթած չենք դրամ դիզելու, քաղաքական նւաճումներ ընելու, ինչպէս ուրիշ ազգեր:
Ի՜նչ ճակատագիր է այս... և ի՜նչ այլանդակ դասաւորում... ի՜նչ անբնական երևոյթ:
Ո՞ւրտեղ տեսնւեր է որ ժողովուրդի մը կէսը իր մայր երկրի մէջ ապրի, իսկ կէսն ալ տարագրի ցուպը ձեռին երկրէ երկիր ման գայ:
Ժողովուրդ Հայոց...
Գիտակցէ թէ, սպասման վիճակ մըն է այս: Հաւատա, թէ պիտի վերադառնաս քու պապերուդ արիարանց քաջերու երկիրը:
Մենք գաղութներու մէջ պիտի դառնանք մէկ-մէկ կռւան երկրի համար:
Գիտցիր հայ ժողովուրդ, թէ արժէք մըն ես դուն, և խօսք ունիս ըսելիք այս նամարդ աշխարհին:
Հիւր ենք հոս: Ու դատ ու դատաստան ունինք: Երկիր ունինք:
Երբեք չեմ կրնար մոռնալ դէպք մը, որ այնքան հզօր քանդակւած է յիշողութեանս մէջ, ու զիս կը յուզէ...
Օր մը Փարիզ, Մէթրօի մը մէջ հսկայ երիտասարդ մը, կռնակը բանւորի կապոյտ հագուստը, իւղի ու մուրի մէջ կորսւած, ուսիս զարկաւ և ըսաւ.
–Պ. Ահարոնեա՞նն էք դուք.
Պատասխանեցի այո: Հարցուցի թէ ի՜նչ կուզէ: Պատասխանեց.
–Ե՞րբ պիտի վերադառնանք մեր երկիրը... հոն քաշենք այս չարչարանքը:
Ո՜հ, կը յուզէ զիս այս բառը, հարցումը... «ե՞րբ պիտի վերադառնանք մեր երկիրը»:
Ի՜նչ ըսել է գաղութը առանց հայրենիքի, առանց հողի: Գաղութը տառապանք է, ստեղծագործող տառապանք: Գաղութը շաղախ պիտի դառնայ հայրենիքի:
Բայց չէ՞ որ մշակոյթի համար հող ու երկիր է հարկաւոր, որ մշակոյթին համար ձեր մէն մի արիւնը, աճիւնը շաղախ պիտի ըլլայ:
Ժընև, Ազգ. Դաշնակցութ. ժողովին մէջն ենք: Բարեկամ մը օտար, ըսաւ քրթմնջելով թէ, Լեհաստանի մէջ շատ մը տիպարներ կը տեսնեմ, որոնք թէև տեղի լեզուն կը խօսին, և անուններն ալ տեղական են, իրենց ալ տեղացի, սակայն իրենց դիմագիծը ձեզի կը նմանի, պ. Ահարոնեան: Ապահովաբար հայեր են:
–Շատ լաւ, շատ լաւ, պատասխանեցի: Շնորհակալ եմ:
Բայց երբ անոնք դուրս ելան մեր մէջէն, մեզի պէս չէին: Գլուխները տաք էին, հայկական բանակի հրաշագործութիւններուն առթիւ...
Ժողովուրդ Հայոց:
Գիտէք թէ, ի՜նչպէս, ամբողջ երկու դար, արաբական հսկայ կայսրութիւնը դողաց հայկական բանակէն:
Հայ ժողովուրդը գաղթող չէ: Աշխարհի մէջ չը կայ ժողովուրդ մը որ կապւի հողին այնքան ուժգին, այնքան մտերմօրէն ու եղբայրօրէն, որքան հայը:
Յիշեցէք հօրօվելի երգը: Այն ատեն երբ հայը իր աչքը բացաւ, իր հողը տեսաւ: Իր ազատ երկիրը: Եւ ի՜նչ մեհենական խորհուրդով, հայ գեղջուկը, արտին մէջ, իր հերկած հողին փառաբանութիւնն ու գովքը կընէ: «Ոհ, այս ի՜նչ հող է, կարծես բրինձ է, ադամանդ, կուտւի»:
Եւ ոչ մէկ ատեն, ոչ մէկ ժողովուրդի մէջ մշակը չէ մտերմացած եզան հետ, քան հայը:
Հայ գեղջուկը եզան կը կանչէ «աղբէր ջան»...
Ոչ մէկ ատեն հայ ժողովուրդը գաղթող չէ եղած:
Երբ ամբողջ Ասիան, իր բարբարոս խուժաններով մեր երկրի վրայ յարձակեցաւ, գաղթը եկաւ... Այն ատեն ինկաւ սելճուկ-թուրք բարբարոսներու արշաւանքին տակ: 1606ին Շահ Աբբաս հարիւր հազարաւոր ժողովուրդ տարաւ Պարսկաստան:
Մե՞նք էինք, որ մեր կամքով անցանք, ամէնէն զազրելի, բարբարոս ազգի մը տիրապետութեան տակէն: Յանցաւո՞ր է մեր ժողովուրդը:
Ոչ մի ազգի հետ չեմ բաղդատեր իմ ազգս: Բարձր է և իմաստուն մեր ցեղը:
Ժողովուրդ Հայոց և երիտասարդներ,
Ոչ մէկ ժողովուրդի առջև գլխարկ հանելու պէտք չունինք: Լաւ համոզւեցէք ասոր:
Որպէսզի իմանայինք թէ ով էինք և ով ենք մենք: Անիի աւերակները տեսնել պէտք էր... Բագրատունեաց հարստութեան ինչ փառք, ինչ պատիւ, մշակոյթի և քաղաքակրթութեան ինչ հոյակապ ցուցադրութիւն... ի՜նչ կամարներ, եկեղեցիներ: Անին տեսնելէն վերջ, երբ նկարի տակը կը կարդամ սա պարբերութիւնը, «Անցեալ ու ներկայ Հայաստան», հոգիս կը վերանայ պահ մը, թէ այդ բոլոր տաճարները շինւած են պատերազմներու շառաչին մէջ... Ո՜հ, այն ատեն կը հասկնայինք թէ ի՜նչ էին մեր պապերը, մեր հայրերը, իրենց ստեղծագործութիւններն ու արի արանց բանակը:
Ֆրանսացի գրագէտ մը, որ շատ համեստ անձնաւորութիւն մըն է, իր մէկ աշխատհութեանը մէջ, հերոսերգութիւնը կընէ հայ բանակին:
Հայ բա... նա... կ...ը...:
(Հոս արդէն ընդհատւեց հայ մեծ հայրենասէրին խօսքը):