Դոկտ. Արտաշէս Աբեղեան

Վերջին պահուն հասած հեռագրէ մը ցաւով կ'իմանանք ընկեր Արտաշէս Աբեղեանի մահը, Միւնիխի մէջ, ուր կը բնակէր պատերազմի դագարումէն ի վեր:

Մահը տեղի ունեցած է կիրակի օր: Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի վաղը, հինգշաբթի:

Արտաշէս Աբեղեան ծնած էր 1878 Յունուարին, Աստապատ: Տարրական կրթութիւնը ստացած էր նախ՝ մինչեւ 1887 իր ծննդավայրի ծխական դպրոցին, յետոյ՝ 1887-1890 Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ: 1890-95 յաճախ է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանը, որմէ վերջ մտած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը (1895): Շրջանը աւարտած է 1899ին:

1899-1900 Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ վերջ՝ բարձրագոյն ուսմանց հետեւելու համար անցած է Գերմանիա (Մարպուրկ, Լայփցիկ եւ Պերլին): 1904ին աւարտած է Մարպուրկի համալսարանը, Փիլիսոփայութեան Դոկտորի տիտղոսով:

1905 Յունուարէն մինչեւ Օգոստոս աշխատած է Ս. Պետերսբուրգ՝ պրոֆ. Նեկոլա Մառի մօտ:

Այնուհետեւ նւիրուած է ուսուցչական ասպարէզին (1905-1919): Թիֆլիզի Ներսիսեան արժարանին փոխ-տեսուչ եղած է 1913-1915: Իբրեւ ուսուցիչ եւ հոգաբարձութեան փոխ-նախագահ պաշտօնավարած է նաեւ Թիֆլիզի Յովնանեան օրիորդաց վարժարանին մէջ: Անդամակցած է կովկասահայ շարք մը հանրային կազմակերպութեանց եւ ընկերութեանց վարչական մարմիններուն:

Աշխատակցած է բազմաթիւ թերթերու: 1908-1913 խմբագրութեան անդամ եղած է Թիֆլիզի Նոր Դպրոց մանկավարժական ամսագրին: Կանոնաւորապէս աշխատակցած է Թիֆլիզի «Յառաջ» թերթին եւ անոր յաջորդող թերթերուն (1905-1909), «Հորիզոն»ի (1909-1908) եւ այլ թերթերու:

Անկախութեան հռչակումէն վերջ երեսփոխան ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանին (1919-1920): Այդ շրջանին աշխատակցած է Երեւանի «Յառաջ»ին:

Խորհրդայնացումէն ետք անցած է Պոլիս, ուր Էսաեան աղջկանց վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է 1921-22: Աշխատակցած է Պօլսոյ Ճակատամարտին, որուն համար իբրեւ թերթօն թարգմանած էր նաեւ Ա. Կուպրինի «Սուլամիթ»ը: 1922ին անցած էր Պերլին, ուր մնաց մինչեւ 1945:

1926ին իր դիմումին վրայ Փրուսիոյ կրթական նախարարը հայագիտական ճիւղ մը բացաւ Պերլինի համալսարանին կից Արեւելեան Լեզուներու Ճեմարանին մէջ եւ դասախօս նշանակեց զինք: Այս պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1945, Բ. աշխարհամարտի վերջը:

Պերլինի գրաւման օրերուն ինք եւս տեղափոխուեցաւ եւ պահ մը Թութինկէն եւ այլ քաղաքներ մնալէ վերջ հաստատուեցաւ Պավարիոյ մայրաքաղաքին՝ Միւնիխի մէջ, որու համալսարանին հայագիտական բաժնին դասախօսի պաշտօնը վարեց մինչեւ իր մահը:

Երկար տարիներէ ի վեր կ'աշխատակցէր «Յառաջ»ի, «Յուսաբեր»ի, «Հայրենիք»ի (ամսագիր եւ օրաթերթ), «Վէմ»ի եւայլն:

Հրատարակած է Աշխարհագրութեան դասագրքեր, Հայաստանի Քարտէսը, «Ուղղագրական բառարան», գերմաներէն ընդարձակ քերականութիւն մը արեւելեան հայերէնի մասին եւայլն: Վերջին անգամ «Յուսաբեր»ի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէօթէի մասին ուսումնասիրութիւն մը եւ գերման մեծ փիլիսոփային ամբողջական երկերուն թարգմանութիւնը (Ա. հատոր, շարունակելի):

1952ին աչքի գործողութեան ենթարկուեցաւ: Անկէ ի վեր հակառակ իր հիւանդկախ վիճակին կը շարունակէր իր գրական աշխատանքները, յօդուածներ հասցնելով Դաշնակցական թերթերուն: Մինչեւ վերջին շունչը ձեռքէն չձգեց գրիչը:

Մեր ցաւակցութիւնները իր ընտանեկան պարագաներուն:

«Յառաջ», Փարիզ
Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 1955
31րդ Տարի, Թիւ 7623
Նոր Շրջան, 11րդ Տարի, Թիւ 3034

Comments

Popular posts from this blog

ԱՂԲԻՒՐ. Սերոբ Վարդանեան

Նիկոլը. գրեց՝ Ս. Վրացեան

ՔԵՌԻ ԹԱԴՕ. Յարութիւն Սարգիսեան