Ամառնային պայծառ, արեւոտ օր մը՝ Պուլկարիոյ Ռուսճուք քաղաքի ազգային իշխանութիւնները Սոֆիայի ազգային իշխանութենէն կըստանայ հետեւեալ հեռագիրը.
–Այսօրուայ ճեպընթացով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ալ. Խատիսեան կէսօրին հոդ կ'ըլլայ. դիմաւորեցէք զինքը:
Մինչ ազգային իշխանութիւնը տենդոտ պատրաստութեան մէջ էր արժանավայել ընդունելութիւն մ'ընելու օրուան մեծ հիւրին, մենք, մօտ երկու տասնեակ ինքզինքնից երիտասարդ կարծողներս, խօսք մէկ ըրինք երկաթուղագծին վրայէն հետիոտն քալելով 5-10 մղոն ճամբայ կտրել, որպէսզի այս արտասովոր ճամբորդն առաջին անգամ դիմաւորելու պատիւը մենք խլէինք:
Հազիւ հինգ մղոն քալած էինք, երբ հանդիպեցանք երկաթուղային հսկիչ պաշտօնեայի մը, որ մեզ հարցաքննեց մեր այս քիչ մը տարօրինակ արարքի մասին: Մեր բացատրութիւնները լսելէ վերջ՝ այս բարեմիտ պաշտօնեան մտաւ մեր դրութեան մէջ եւ մեզի խորհուրդ տուաւ այդտեղ սպասել մինչեւ որ գնացքը գար՝ խոստանալով զայն կեցնել, որպէսզի մենք ողջունէինք մեր հիւրը եւ անոր գնացքով վերադառնայինք քաղաք: Կէս ժամ չանցած գնացքն երեւաց հեռուէն եւ հսկիչ պաշտօնեան իր ձեռքի կարմիր դրօշակով սկսաւ նշան տալ որ գնացքը կենայ: Իսկ մենք մեր խելայեց հուռռաներով եւ երգերով օդը կը թնդացնէինք: Վերջէս գնացքը կանգ առաւ եւ մենք վեր բարձրանալով ողջագուրուեցանք մեր ակաւնոր հիւրին հետ եւ սկսանք ուրախ-զուարթ ճամբորդել:
Երբ կայարան
հասանք՝ ստուար բազմութիւն մը խռնուած գտանք հոն: Հոն էր նաեւ ընդունելութեան յատուկ
յանձնախումբը: Երբ Խատիսեան դուրս ելաւ, Ռուսճուքի հայկական դպրոցի տնօրէնը, Ռամկավարներու
Շէֆ Ստեփան Ապաղեան այսպէս սկսաւ իր հոյակապ ճառը.
–Ա՜յ դուք բարով եկաք, իշխան հայոց, դուք մեզի ողջոյն կը բերէք Հայաստանի Հանրապետութենէն, Մասիսի ալեւոր գագաթէն, Սուրբ Էջմիածինէն, Արարատեան Մայր Աթոռէն եւ այլն:
Ընկեր Խատիսեան պատշաճ կարճ պատասխանով մը իր շնորհակալութիւններն յայտնեց, եւ պատրաստ կեցած կառքերը նստելով ուղղուեցան դէպ հայոց թաղը՝ Մայքըլ Արլէնի հօր՝ Սարգիս Գույումճեանի բնակարանը:
Մեր վարչապետը տունէն ներս մտաւ թէ չէ՝ պատշգամէն ծածանիլ սկսաւ Հայկական Եռագոյնը: Իսկ վարը փողոցին վրայ այնպիսի հսկայ բազմութիւն մը խռնուած էր որ երթեւեկութիւնը բոլորովին դադար էր առած: Քանիցս ցրուելու յորդորներ տրուեցան, բայց օգուտ չըրաւ: Վերջապէս Խատիսեան ինքը յուզիչ ուղերձէ մը վերջ խնդրեց բազմութենէն ցրուիլ, կրկին օգուտ չըրաւ: Կարծես այդ օրն այդ վայրը ուխտատեղիի մը վերածուած էր: Տղամարդիկ իրենց ձեռքերը երկինք բարձրացնելով Աստուծոյ փառք կուտային այդ օրը տեսած ըլլալուն համար, իսկ կանայք խաչակնքելով կը բացագանչէին – Քէ մեռնիմ Յիսուս Քրիստոս, էս օր լը տեսանք: Մութը կոխելէն յետոյ էր միայն որ երկիւղած բազմութիւնն սկսաւ կամաց կամաց նոսրանալ:
Երկրորդ օրը հրապարակային ժողով սարքուած էր Օտիոնի ընդարձակ եւ շքեղ սրահին մէջ: Հսկայ բազմութիւնը մը լեցուած էր ժողովասրահը: Շատեր՝ նստելու տեղ գտնելու անկարող՝ ոտքի վրայ մնացին:
Ատենապետեց Ստեփան Ապաղեան: Ամբողջ մէկ ու կէս ժամ հայրենասիրական հոյակապ ճառով մը Խատիսեան ներկաներն իր շրթներէն կախուած պահեց: Ներկաներն հանդիսաւոր խոստում տուին ամէն աջակցութիւն ընծայելու Խատիսեանի առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Միեւնոյն գիշերը մենք ընկերական ժողով ունեցանք տոքթ. Գրիգոր Սայեանի բնակարանը: Մեր ողբացեալ մեծ ընկերը շատ գոհ էր եղած կարգադրութիւններէն եւ գործերու ընթացքէն:
Ժամը տասնեմէկի
ատենները մէկ ալ դուռը բախեցին: Հեռագրատան ցրուիչն էր եկողը, ձեռքը հեռագիրներու տրցակ
մը զանազան շրջաններէ՝ հետեւեալ բնովանդակութեամբ.
–Միջնորդեցէ՛ք Խատիսեանի մօտ, մենք բոլոր Դաշնակցական գործօն թէ օժանդակ անդամներս կազմ ու պատրաստ ենք գնալու եւ մեր հայրենիքին ծառայելու:
Գոհունակ ժպիտ մը կը փռուի Խատիսեանի դէմքին վրայ: Նախ կը ներկայացուի ցանկը հեռագրական ծառայութեան զանազան ճիւղերու մէջ վարժուած երիտասարդներու, որոնք հարկ եղած հեռագրական գործիքներով Հայաստան մեկնելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն: Ապա կը ներկայացուի ցանկ մը պուլկարահայ սպաներու, որոնք պուլկար կառավարութեան արտօնութեամբ եւ գնդապետ Գրիգորոֆի ղեկավարութեան տակ կազմ ու պատրաստ էին երկիր մեկնելու: Խատիսեան պահ մը գլուխը ձեռքերուն մէջ մտածելէ ետք՝ այսպէս կ'արտայայտուի.
–Ընկերներ, ինչպէս կը տեսնեմ, դուք մեզի բաւական պաշար պատրաստած էք: Ես վաղն իսկ Պուքրէշի վրայով Երեւան կը մեկնիմ: Սպասեցէք հեռագրիս:
Հինգ օր վերջ կու գայ խոստացուած հեռագիրը, որ կը հրահանգէ նախ սպաները ճամբայ հանել: Անմիջապէս հեռագրով հրահանգ կը տրուի խնդրոյ առարկայ սպաներուն, որոնք՝ գործ, ընտանիք, տուն-տեղ ձգած՝ կը մեկնին Սոֆիա, անկէ ալ Պոլիս՝ իրենց գլուխն ունենալով գնդապետ Գրիգորոֆը, որուն թիկնապահն էր իմ շատ յարգելո ընկերս՝ Խաչիկ Կարապետեան, ներկայից Նիւ Եորքի արժանընտիր հովիւ Ստեփանոս քահանայ Կարապետեան: Ասոնց իբրեւ կամաւոր կը միանան գնդապետ Գրիգորոֆի սպաներէն տասնըեւերեք հոգի:
Մեր չար բախտէն, սակայն, իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի կ'ունենայ Հայաստանի մէջ, ճամբաները կը փակուին եւ մեր սպաներու այս խումբը՝ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ քանի մը շաբաթ դեգերելէ յետոյ՝ գլխիկոր ետ կը դառնան, ենթարկուելով միեւնոյն ատեն նիւթական մեծ կորուստներու:
Յուշերէս քաղուած այս քանի մը հատուկտոր, աննշան փշուրները թող իմ յարգանքի ձօնս ըլլան այն եզակի մեծ դէմքին, որ վերջերս փակեց իր աչքերն օտար ափերու վրայ: Իր թարմ հողակոյտին առջեւ ծնրադիր՝ կը մրմնջեմ – պաշտելի՛ ընկեր, թող հողը թեթեւ գայ վրադ, հանգիստ ոսկորներուդ եւ մխիթարութիւն սիրելիներուդ: