24 March, 2022

Ծառը Ծառ է Եւ Ընձուղտը Ընձուղտ

Չորս տարեկան բարեկամ մը ունիմ՝ Արա, որուն հետ յաճախ գաղափարի փոխանակութիւն կ'ունենանք: Օր մը, երբ պարտէզին մէջ նորէն կը վիճէինք, ան, յանկարծ, կեցաւ ու բարձր ծառի մը նայելով՝ հարցուց.

–Հօրեղբա՛յր, սա ի՞նչ է:
–Ծառ է, ըսի:
–Չէ՛, ծառ չէ:
–Հապա ի՞նչ է:
–Ընձուղտ է:

Ընձուղտ բառը նոր էր սորված եւ տեղի-անտեղի կը գործածեր:
–Չէ՛, առարկեցի ես, ընձուղտ չէ, ծառ է. նայէ սա տերեւներո՜ւն...
–Չէ՛, պնդեց ան, ընձուղտ է: Ես կ'ուզեմ որ ընձուղտ ըլլայ...

Արան ուշիմ, բայց կամակոր մանչուկ մըն է. բան մը որ ըսէ, մինչեւ վերջ կը պնդէ: Է՜հ, ինչ վնաս. թող ըսածը ըլլայ: Կը մեծնայ ու կը հասկնայ, թէ ծառը ծառ է եւ ընձուղտը՝ ընձուղտ: Հապա սա մեր մազով-մօրուքով յիսունն ու վաթսունը անցած երեխաներու «ընձուղտնե՜ր»-ը... Ասո՞ր ինչ ըսենք:

Անցեալ օր Պոսթընի Շոմըթ փողոցի ծանօթ թերթին մէջ տեսայ երկար յօդուած մը, ստորագրուած Լ. Թիւթիւնճեանէ: Պարոնը կը խսի 1917-ի Կովկասեան գործերուն մասին եւ կը ծանրանայ գլխաւորապէս երկու դէպքի վրայ՝ մեկնաբանութիւններով հանդերձ:

Մէկը, որ, իբր թէ, Թիֆլիսի սրճարանի մը մէջ օր մը սեղանակից եղած է «ծանօթ Դաշնակցականի մը» եւ անոր միջոցով ծանօթացած խմբապետ Միհրանի ահաբեկիչին հետ, որ, իբր թէ, նոր վերադարձած էր Սիպերիոյ աքսորավայրէն: Այս վերջինը, իբր թէ, դժգոհութիւններ յայտնած է եւ քննադատած է Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, կամաւորական շարժումը եւայլն: Եւ այդ առթիւ յօդուածագիր պարոնը խորիմաստ փիլիսոփայութիւններ կ'ընէ Դաշնակցութեան եւ Կովկասի դէպքերու մասին:

Այս պատմութիւնը հետաքրքրական կը լինէր, եթէ միայն ճիշդ լինէր: Բայց եկուր տես որ ամբողջութեամբ հնարովի է և սուտ:

Միհրանի սպաննիչը Գանձակեցի երիտասարդ մըն էր՝ Ղազար անունով: Սպանութիւնը տեղի ունեցած է Ռոստովէն ոչ հեռու, Պաթայսկի կայարանին մօտ, երկաթուղիի գնացքին մէջ: Իր գործը լմնցնելէ յետոյ, Ղազարը առանց նկատուելու, դուրս նետուած է գնացքէն եւ կորսուած անյայտութեան մէջ: Ոչ բռնուած է, ոչ դատուած, ոչ աքսորուած կամ աքսորէն վերադարձած, ոչ ալ, ուրեմն, կրնար տեսած ըլլալ պարոն յօդուածագիրը Թիֆլիսի սրճարանին մէջ:

Աւելին. Ղազարը այն դաշնակցական մարտիկներէն էր, որոնց համար կուսակցութիւնը սրբութիւն է եւ անոր հակառակ խօսիլը՝ մեղք: Պարոն թղթակցի ըսածը պարզ գրախօսութիւն է:

Վերջապէս, Ղազարը չէր կրնար կամաւորական շարժման հակառակ խօսալ ըլլալ, քանի որ ինք առաջիններէն էր, որ մտաւ կամաւորական խմբի մէջ եւ հերոսաբար կռուեցաւ թշնամիին դէմ՝ ստանալով քաջութեան պատուանշաններ:

Հետագային Ղազարը մասնակցեցաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան եւ նահատակուեցաւ թշնամիի գնդակէն:

Անհասկնալի է՝ ի՞նչ հաշիւով եւ ի՞նչ խղճմտանքով, պարոն յօդուածագիրը կ'ուզէ այս անոր անունը արտավորել՝ սուտի եւ զրպարտութեան միջոցով:

Նոյն պարոնը միեւնոյն յօդուածին մէջ հետեւեալ հէքեաթը կը պատմէ.

«Առտու մը, Ազգային Բիւրոյի դրան առջեւ դէմս ելան Արամ եւ Ս. Վրացեան: Փութկոտ երեւոյթ մը ունէին դաշնակցական երկու շէֆերը:

–Շուտով ընկերվարականները կացութեան տէրը պիտի դառնան, կ'ըսէր Վրացեան
–Յեղափոխական ընկերվարականները, կը յարէր Արամ:
–Եւ իբրեւ յեղափոխական ընկերվարական...
–Պէտք է հրապարակ գալ:
–Շրջանը նպաստաւոր է...

Պարոնը կ'ուզէ հասկցնել, թէ ինք մօտ է եղած «դաշնակցական շէֆերու»-ն, որոնք իրեն այսպիսի սրտբաց բաներ խօսած են:

Չեմ կարծեր, թէ Արամը երբեք մարդու տեղ դրած ըլլայ այդ պարոնը եւ հետը նման խօսակցութիւն ունեցած լինի, բայց կրնամ ըսել, որ ինծի վերագրուածը ամբողջապէս սուտ է: Ես այդ պարոնը ճանչցած եմ, իբրեւ «Չաշկա Չայու» սրճարանի մնայուն յաճախորդ ու թիկունքային հերոս, հետը ոեւէ մօտիկութիւն չեմ ունեցած եւ, հետեւաբար, չէի կրնար արտայայտուիլ այնպէս, ինչպէս ան կը ներկայացնէ:

Եւ անկախ ատկէ, թէ Արամը, թէ ես այդ ձեւի վերաբերում չենք ունեցած դէպի ռուսական յեղափոխութիւնը: Ցարի տապալումը, անշուշտ, ամէնուս ալ ուրախութիւն պատճառեց: Յեղափոխութիւնը չէր կարող չուրախացնել ոեւէ անհատ այն օրերուն, երբ հայութեան գլխին ծանրացած էր փոխարքայ մեծ իշխանի բռունցքը, բայց հակառակ ատոր բոլոր մտածող մարդիկ մտահոգուած էին անորոշ ապագայով: Բացի սրճարաններու հերոսներէն, ամէնքը կը վախնային, որ յեղափոխութիւնը կրնայ բացասական անդրադարձում ունենալ պատերազմի ելքի, հետեւաբար եւ հայութեան ճակատագրի վրայ: Արամը, ճիշդ է, առանձնապէս խանդավառուած էր յեղափոխութեամբ եւ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, լաւատես էր ու մասնակցեցաւ ժողովրդական ցոյցերուն, բայց անոր վերագրել այնպիսի թեթեւամտութիւն որ յօդուածագիր պարոնը կը վերագրէ, առ նուազն անբարեխղճութիւն է: Եւ ոտքով-գլխով՝ սուտ:

Ինչո՞ւ են այս սուտերը: Անոնցմէ ի՞նչ շահ կայ հայ ժողովրդին կամ անձնապէս սուտեր թխող պարոնին: Ինչո՞ւ արտաւորել յիշատակը մարդոց, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայ ժողովրդի բարորութեան համար: Ի'նչ հաճոյք անմեղ մարդոց գերեզմանները պղծելու մէջ:

Կարելի չէ ըսել, թէ պարոն յօդուածագիրը սխալած է: Այդ ձեւի սխալ չի կրնար ըլլալ: Ան պարզապէս կը ստէ: Կը զրպարտէ:

Երբ փոքրիկ Արան կը պնդէ, թէ ծառը ընձուղտ է, մենք կը խնդանք ու կ'անցնինք: Բայց երբ մազով-մօրուքով մարդիկ, չարամտօրէն, կը ջանան համոզել, որ ծառը ընձուղտ է, որպէսզի իրենց սեւ կիրքերուն յագուրդ տան, կարելի չէ խնդալ ու անցնիլ, որովհետեւ – ծառը ծառ է եւ ընձուղտը՝ ընձուղտ:

Կարելի չէ եւ պէտք ալ չէ խնդալ ու անցնիլ: Պէտք է մերկացնել ու խարազանել սուտն ու կեղծիքը:

Քառորդ դար է ահա – աւելի հեռուները չերթալու համար – Դաշնակցութեան հակառակորդները բացառապէս սուտով եւ կեղծիքով կը պայքարին մեր դէմ: Բոլշեւիկ, ռամկավար, հնչակ, յուզիչ եղբայրութեամբ մը, սուտով ու կեղծիքով կը կացնահարեն Դաշնակցութեան խորարմատ ծառը: Պատմութիւն կայ մէջտեղը, խօսուն եւ անհերքելի փաստեր: Գաղափարներ եւ սկզբունքներ կան: Այդ ամէնը, սակայն, հակառակորդներու համար գոյութիւն եւ արժէք չունի: Սուտ, կեղծիք, բամբասանք, զրպարտութիւն, հայհոյանք – ահա անոնց զէնքը: Ո՞րտեղէն է այդքան անբարոյականութիւն: Մտքի եւ հոգիի այդպիսի՜ թշուառութիւն:

Պայքա՞ր – կը հասկնամ: Նոյն իսկ բուռն եւ անհաշտ պայքար: Բայց պայքար՝ գաղափարական գետնի վրայ, սկզբունքներու շուրջ, բարոյական պարկեշտութեան սահմաններու մէջ: Նի՞ւթ կը պակսի: Գաղափարնե՞ր ու սկզբունքնե՞ր չկան: Եթէ կ'ուզէք քննադատել Դաշնակցութիւնը, քննադատեցէք անոր ծրագիրը, գործունէութիւնը, հետապնդած քաղաքականութիւնը, անոր թերութիւնները, եթէ կը տեսնէք անոր գործիչներու սխալները, ամէն բան կրնաք քննադատել ու դատապարտել, բայց խօսեցէք իրական փաստերով, առանց պատմութիւնը խեղաթիւրելու, առանց զրպարտութեան ու հայհոյանքի: Առանց փողոց իջնելու:

Գաղափարական պայքարը օգտակար է եւ անհրաժեշտ: Առանց պայքարի կեանք չկայ: Բայց պայքարը ինքնանպատակ չէ, այլ միջոց՝ բարձր նպատակի հասնելու համար: Պայքար՝ մաքուր զէնքերով եւ ազնիւ խորհուրդներով: Իսկ ի՞նչ է մեր հակառակորդներու մղած պայքարը – փողո՛ց: Սուտ, կեղծիք, զրպարտութիւն ու հայհոյանք: Այս ճանապարհով, տեղ չէք հասնիր, պարոններ: Աւելին. ծիծաղելի եւ արգահատելի կը դառնաք:

Դաշնակցութիւննը քննադատութենէ եւ պայքարէ վախցող չէ: Բան ունիք ըսելիք – հրամեցէ՛ք: Բայց փաստ տուէք, միտք տուէք, տեսակէտ յայտնեցէք, եթէ ունիք եւ – պարկեշտ եղէք: Պարկեշտ թէ՛ ձեզ հետ, թէ հակառակորդի վերաբերմամբ: Սուտը եւ հայհոյանքը տկարի զէնք են:

Հանգուցեալ Ա. Ֆէթվաճեանը կը պնդէր, թէ Դաշնակցութեան հակառակորդներու հոգիներու մէջ թուրքն է նստած: Ա՞յդ կ'ուզէք հաստատել:

Ս. Վրացեան
«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
ԽԱ Տարի, Թիւ 2441
Երեքշաբթի, Մարտ 29, 1949