Ավօյի լիակատար կենսագրութիւնը ընելու համար պէտք պիտի ըլլար Դաշնակցութան Պօլսի գործունէութիւնը պատմել առաջի օրերէն մինչեւ 1897 թւականը: Չմտնելու համար այս մանրամասնութիւններու մէջ՝ պիտի բաւականանք յիշելով միայն Ավօյի գործունէութեան գլխաւոր գծերը, և ցոյց տալով իր դերը այն աշխատութիւններուն մէջ, որոնք Պանք Օթօմանի ցոյցին յանգեցան:
Խարբերդի Հիւսէնիկ գիւղէն էր Ավօն, պատանեկութեան օրերէն Պոլիս անցած ու այնտեղ ալ հաստատւած: Երբ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դեռ նոր ոտք կոխած էր Պօլիս և դաշնակցական գործիչները դժւարութիւններու կը հանդիպէին իրենց ամէն մէկ քայլին, Եգիպտացին (Արտաշէս Դեւեան) ծանօթանալով Ավօյի հետ և տեսնելով անոր մէջ բոլոր յատկութիւնները, որոնք պօլսական միջավայրի մէջ գործող յեղափոխականի համար անհրաժեշտութիւններ էին, մտերմական յարաբերութիւն հաստատեց անոր հետ և քիչ ժամանակէն Ավօն իր վարպետի ձեռքին տակ առաջնակարգ ուժ մը դարձաւ:
Ավօն իր ամբողջ ուժովը հրապարակ եկաւ այն ժամանակ, երբ Պօլսի Կեդրօնական Կօմիտէն ռումբեր պատրաստելու որոշումը տւաւ: Այդ դժոխային գործիքներու պատրաստութիւնը Ավօյէն աւելի կարող ու ձեռնհաս ընկերի մը չէր կրնար յանձնւիլ, և Ավօն վստահ իր ուժերուն վրայ, առանց վարանումի ստանձնեց այդ ահագին, պատասխանտու գործը: Շուտով գտաւ իր ձեռքին տակ գտնւած խմբերու մէջ այն արհեստաւորները, որոնք պիտի կարողանային Կեդրօնական Կօմիտէի պահանջած ռումբերը ձուլել. գաղտնի աշխատանոց մը պատրաստեց անոր համար, գնեց պէտք եղած բոլոր գործիքները և աշխատանոցի մէջ կեանքը սկսաւ, ռումբերը կը ձուլէին: Ամբողջ քառասուն օր չի հեռացաւ Ավօն աշխատանոցէն, հսկեց տղայոց վրայ և իր ձեռք առած ամենախիստ միջոցներուն շնորհիւն էր, որ ոստիկանութիւնը երբէք չի կրցաւ հոտ մը առնել Պօլսի այդ յեղափոխական աշխատանոցէն:
«Դրօշակ» - Յուլիս 1903, Թիւ 6 (137) Էջ 16 |
Օգոստոս 14-ին, առաւօտ կանուխ, Ավօն կը բաժնւի իր ընտանիքէն, զաւակներէն ու կը մեկնի դէպի այն դիրքը, որ իրեն համար որոշւած էր մէկ քանի ընկերներու հետ: Կ'անցնին մէկ քանի ժամեր, Պանքը կը գրավւի, լուրը հասնի Սկիւտար սարսափը կը տարածւի ամէն կողմ. բայց ինչ որ պատահած էր ուրիշ հայաշատ թաղերու՝ Խաս-գիւղի, Գասըմ-փաշայի, Ղալաթիոյ մէջ, չի պատահիր Իւսկիւտարի մէջ. կոտորած տեղի չ'ունենար այդտեղ և Ավօն իր ընկերներու հետ երեք օր որոշւած դիրքի մէջ մնալէ ետքը, կը ցրւին՝ նախապէս ապահով տեղեր պահելով իրենց յանձնւած զէնքերը:
Գործին յաջորդող ոստիկանական խստութիւններու, խուզարկութիւններու ու ձերբակալութիւններու միջոցին Ավօյի դերը կը հասկցւի ոստիկանութեան կողմէ. խստիւ կըսկսին փնրել զինքը. ընկերները իմանալով՝ խորհուրդ կուտան իրեն որ անմիջապէս հեռանալ Պօլսէն, բայց ինքը կը մերժէ, որովհետև կատարելիք կարևոր գործերու առջև իր անձնական ապահովութեան հարցը չէր կրնար հետաքրքրել զինքը, ցրւած զէնքերը պէտք էր հանւէին ու ինքը իբրև ապահովութիւն կը բաւականանայ միայն թաղէն հեռանալով: Ամբողջ քսան օր Սկիւտարը տակն ու վրայ կ'ընէ ոստիկանութիւնը ու վերջապէս կ'իմանայ իր բնակարանը, որ Գատը-գիւղ կը գտնւէր. յանկարծ 2 քօմիսէր, 5 ոստիկան ու 25 զինւոր կը պաշարեն տունը: Ավօն զէնքով կ'ուզէ դիմադրել, բայց տնեցիներու խնդրանքին ու անոնց անձի ապահովութեանը համար, վերջապէս անձնատուր կ'ըլլայ: Կըսկսւի ծեծը, տանջանքը. ոստիկանութեան տնօրէնը՝ Հիւսնի պէյ՝ ինքը անձամբ կը հարցաքննէ Ավօն. յանցանքը շատ մեծ էր, մանաւանդ որ իրմէ առաջ ձերբակալւածները իր վրայ նետած էին ամէն պատասխանատւութիւն. ամբողջ 35 օր զնդանը կը մնայ, բայց ոչ մէկ տանջանքի, ոչ մէկ զրկանքի տակ կամքի ուժը չի խորտակիր, ոչին չչի խոստովանիր, բայց և այնպէս Արտակարգ ատեանը, որ կազմւած էր յատկապէս Պանքի ցոյցի առթիւ ձերբակալւածներու համար, կը դատապարտէ զինքը տասնևհինգ տարւան բերդարգելութեան, ու իր կինը, որ միասին ձերբակալւած էր, եօթը տարւան: Կ'անցնին մէկ քանի օրեր ու Ավօն ալ միւս բանտարկեալներու հետ՝ օգտւելով սուլթանի հրամայած ընդհանուր ներումէն՝ կ'ազատի բանտէն:
Բանտէն ելլելուն՝ Ավօն նորէն կը գտնէ իր ընկերները, որովհետև ոչինչ չէր կորսնցուցած իր հաւատքէն ու եռանդէն ու կըսկսի գործունէութեան. հիներէն շատերը սպաննւած, ուրիշներ արտասահման անցած էին, պէտք էր նոր ուժ պատրաստել և ան ալ այնպիսի ժամանակ մը, երբ ոստիկանութիւնը՝ ծանօթ շատ մը գաղտնիքներու՝ սոսկալի խստութիւններ կը գործադրէր. պաշարումի դրութիւն մը ստեղծւած էր, և յեղափոխականները իրենց ամէն մէկ քայլին ահագին դժւարութիւններու կը բաղխէին: Կեդր. Կօմիտէն հակառակ Ավօյի բաղձանքին, չի համարձակիր գտանգաւոր գործեր յանձնել անոր, քանի որ անգամ մը կասկածւած՝ ոստիկանութիւնը միշտ հսկողութիւն պիտի ըներ իր վրան:
97-ի ցոյցին նախապատրաստական աշխատութիւններուն մէջ ալ ունեցաւ Ավօն իր կարևոր բաժինը և երբ որոշւած օրը մօտեցաւ, Կեդր. Կօմիտէի հրահանգովը Ավօն ձգեց Պօլիսը, քանի որ իր ձերբակալութիւնը անխուսափելի կ'երևար բոլորին համար ալ: Անցաւ Եգիպտոս և այդ երկրին մէջ ընտանեկան մեծ դժբախտութիւններ իրար ետևէ ամենդառն տանջանքներու ենթարկեցին զինքը. երեք զաւակներու մահէն դառնացած՝ ձգեց փարաւոններու երկիրը ու բռնեց Ամերիկայի ճամբան, ուր հասաւ յոգնած, ջարդւած դրութեան մէջ: Ութը ամսւան կեանքը, զոր հոն անցուց Ավօն, շատ ծանր էր իրեն համար. չի կրցաւ դիմանալ բարոյական ու նիւթական տանջանքներուն և դարձաւ թոքախտաւոր մը: Ընկերները այդ վիճակէն ազդւած՝ զինքը նորէն ղրկեցին Եգիպտոս, այն յուսով թերևս, որ այդ երկրի կլիման զինքը պիտի փրկէր. բայց արդէն բոլորովին սպառած էր խեղճը, օրհաս մօտեցած էր: Ավօն երկու ամսւան կեանք ունեցաւ Ալէքսանդրիա ու իր աչքերը փակեց հիւանդանոցի խցիկին մէջ, հեռու իր հայրենիքէն, իր ընտանիքէն, չի հասած իր մուրազին:
Ալէքսանդրիոյ հայկական գերեզմանատան մէջ, Եգիպտացիի շիրիմին քովերը, գերեզմանաքար մը՝ նւիրւած հայրենիքի անձնւէր զինւորի յիշատակին՝ ցոյց կուտայ այն տեղը, ուր Ավօն իր վերջին քունը կը քնանայ: Իր յիշատակը պիտի մնայ սակայն իր ընկերներու սրտին մէջ և իր անունը՝ մտատիպարը պիտի ըլլայ անխոնջ, հաւատացող ու անձնազոհ գործիչի: