26 April, 2022

Կենսագրական Գծեր Ընկ. Մ. Վարանդեանի

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Միքայէլ Յովհաննէսեան ծնած է 1871 (?) թուին, Ղարաբաղի Վարանդա գաւառակի Քէօթուկ գիւղը: Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Շուշի, ուր յաճախած եւ աւարտած է Րէալական (ռուսական) դպրոցը: Այս օրերէն հետաքրքրուած է հայկական կեանքով եւ միշտ եղած է Թեմական Դպրոցի աշակերտեական շրջանակներուն մէջ:

Երկրորդական ուսումը վերջացնելէ յետոյ՝ անցած է Եւրոպա եւ գլխաւորաբար Ժընեւի համալսարանին մէջ հետեւած է ընկերաբանութեան պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան:

Ուսանողական շրջանէն սկսած է աշխատակցիլ Թիֆլիսի «Մշակ» լրագրին եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կեդրոնական օրգան «Դրօշակ»ին:

1900 թուականէն յետոյ յաճախ գործածած է Վարանդեան գրչանունը, որ քանի մը տարի յետոյ դարձած է իր մականունը:

Ռուսական սահմանադրութենէն յետոյ անդամակցած է «Յառաջ» եւ ասոր յաջորդող Դաշնակցական օրաթերթերու խմբագրական կազմերուն՝ երբ Թիֆլիս գտնուած է:

Աւելի երկար ժամանակով անդամակցած է «Դրօշակ»ի խմբագրական կազմին, մինչեւ որ պատերազմի պատճառով դադրած է Հ. Յ. Դ. կեդրոնական օրգանը:

Վերջին քառասուն տարիներու ընթացքին շարունակ աշխատակցած է Դաշնակցական գրեթէ բոլոր թերթերուն:

Առանձին հրատարակութիւններէն մասնաւորաբար, յիշատակլի են՝ «Դաշնակցութիւնը եւ իր հակառակորդները», «Կովկասեան Վանդէան», «Բողոքը նոերագոյն պատմութեան մէջ», «Հոսանքներ», «Կրօն եւ Գիտութիւն», «Վերածնող Հայրենիքը եւ մեր դերը», «Հայկական Շարժման Նախապատմութիւնը»- Ա. եւ Բ. հատոր, «Ս. Զաւարեանի» եւ «Մուրատի կենսագրութիւնները», «Հ. Յ. Դաշնակցութենա Պատմութիւնը», որուն Ա. հատորը միայն կրգած է վերջացնել ու հրատարակել:

Պատերազմի վերջին տարիներուն անդամակցած է Պօղոս Նուպար Փաշայի գլխաւորած Ազգ. Պատուիրակութեան եւ մեծապէս նպաստած է հայկական դատը Եւրոպայի ղեկավար շրջանակներուն ծանօթացնելու, ինչպէս նաեւ հայկական պահանջները հիմնաւորելու եւ կազմակերպելու կարեւոր գործերուն:

Մասնակցած է 1906-ին Խրիմեան Հայրիկի հրաւիրած Ազգ. Համագումարին, Էջմիածին, Ռուսաստանի յեղափոխութենէն յետոյ ընտրուած է Սահմանադիր ժողովի անդամ, մասնակցած է Փարիզի Ա. Համագումարին, ընտրուած է Հայաստանի առաջին Խորհրդարանին անդամ եւ 1919-22 վարած է Հռոմի դեսպանի պաշտօնը:

1907-էն ի վեր եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան գլխաւոր, յաճախ միակ ներկայացուցիչը Ընկերվարական Միջազգայնականի մօտ:

Գիտէր բազմաթիւ լեզուներ, որոնցմէ մայրենի լեզուի չափ լաւ կը գրէր ու կը խօսէր ռուսերէն ու ֆրանսերէն: Ազատ կերպով կը կարդար անգլիերէն, գերմաներէն ու իտալերէն:

Ամուսնացած էր եւ ունէր երկու աղջիկ, որոնցմէ մէկը Կովկաս է այժմ, միւսը՝ Եւրոպա:

«Հայրենիք», Պոսթոն
36-րդ Տարի, Թիւ 6694
Կիրակի, Մայիս 13, 1934