12 April, 2022

Ատրճանակը

Ձախին՝ Պօղոս Սնապեան, աջին՝ Արշակ Շիրակեան

10 Նոյեմբեր 1972

Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Մշակութային Միութիւնները Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ ի միասին կազմակերպած էին գրական հանդիպում մը: Պիտի զեկուցէի Հայաստանի եւ Սփիւռքի գրականութեան երիտասարդ տարրերուն կատարած նորագոյն փորձերուն մասին եւ զրոյցը պիտի վարէ ինքս: Հասանք նշանակուած ժամուն: Մուտքին՝

–Ահա՛ փնտռած անձդ,– ըսաւ ընկերներէս մէկը աղմկարար ուրախութեամբ մը,– Արշաւիր Շիրակեան:

«Հոգիս ձեռքերուս մէջ» ամրօրէն սեղմեցի ամէնօրհեալ իր ձեռքը եւ քանի մը բառով յայտնեցի հիացումս հրաշագործ իր անձին հանդէպ: Զինք տեսած ըլլալու բախտիս վրայ աւելցուց ինքնասիրութիւնս շոյող ուրիշ ուրախութիւն մը: Յիշեց իր մատեանին մասին ստորագրած յօդուածս եւ «Ահաբեկչական օրհնութիւն» խորագրեալ ուրիշ գրութիւն մը ինձմէ: Յիշեց նոյնպէս մեր փոխանակած սակաւաթիւ նամակներուն բովանդակած կարգ մը կէտերը: Մեր ահաբեկիչներուն հանդէպ ունեցած երկիւղած պաշտամունքս հաճոյք կը պատճառէր իրեն:

–Հանդիպեցայ բարեւ մը տալու համար,– ըսաւ նուազ ձայնով մը,– ինքզինքս քիչ մը անհանգիստ կը զգամ: ՊԻտի մեկնիմ անմիջապէս: Կիրակի օր, հանդիսութեան ընթացքին կը հանդիպինք:

12 Նոյեմբեր 1972

Նիւ Եորք: Յոբելեան՝ Արամ Հայկազի: Շուրջ եօթը հարիւր հոգի խռնուած են Սթէյթլըր Հիլթըն պանդոկի սրահը, որուն բեմին ի պաշտօնէ կը գտնուիմ նաեւ ես, յոբելեար Արամ Հայկազի կողքին, իսկ հանդիսականներու առաջին կարգին վրայ ի՛նքն է, ահաբեկիչ մեր փառքերուն առաջնակարգ դէմքերէն Արշաւիր Շիրակեան:
...

Յոբելենական հանդիսութենէն ետք, երբ ժողովուրդը սկսած էր կամաց-կամաց դուրս գալ սրահէն, բազմութեան մէջէն յայտնուեցաւ դարձեալ ու յայտնեց, որ իրեն հետ պիտի մեկնիմ: Հանդիսութեան անպաշտօն մասը հացկերոյթ-խրախճանքով մը պիտի շարունակուէր Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ սրահը եւ սկսելու համար երկու ժամ կար դեռ:

Պանդոկին պերճաշուք մէկ նրբանցքի քովէն կը յառաջանայինք, երբ զուարթ բացագանչութիւններով մեր դիմացը ելաւ ընկերներէս Գալուստը եւ քանի մը անգամ աշխատցուց ձեռքի լուսանկարչական մեքենան...

Երախտագիտութեամբ նայեցայ աչքերուն, ապա՝ Շիրակեանին դառնալով՝ ըսի.

–Այս վարկեանին տէր եղայ թանկարժէք հարստութեան մը:

Քաղցրօրէն ժպտեցաւ:

Պանդոկի ելքին՝ միացանք տիկին Շիրակեանին եւ իրենց հետ միասին հանդիսութեան եկած զոյգի մը: Բարձրացանք ինքնաշարժ: Հերոսին հրահանգով՝ ես տեղ գրաւեցի առջեւի աթոռին վրայ, իր մօտը: Մէկ փողոց անդին, կարմիր լոյսը ստիպեց մեզ կանգ առնել:


–Պատուհանդ գոցէ,– ըսաւ Շիրակեան,– աւազակները սովորութիւն ըրած են այս վայյրկեանը օգտագործել. իրենց պահանջն ու հարուածը մէկ կ'ընեն:

–Եթէ հետք եղած ատենս ալ պիտի վախնամ մարդերէն, ալ ի՛նչ, –ըսի զուարթ տրամադրութեամբ:

–Հինգ տոլարի համար մարդ կը մեռցնեն սիրակները. չ'արժեր խնդիր ունենալ իրենց հետ, – ըսաւ՝ իմ ակնարկութեանս պայծառ անդրադարձը դէմքին:

Գեղեցիկ իր վիլլային մէջ գեղեցիկ եղաւ մեր ժամը: Անցեալ, ներկայ, երկիրներ, քաղաքներ, թերթեր, գիրքեր, դէմքեր, յուշեր՝ իրմէ, վարակիչ ապրումներ, նոր ճառագայթ մը՝ իմ հոգիիս:

Իր անհանդարտութեան մէկ պահուն, կռահեցի իրեն զինակից զէնքը:

–Դեռ կը կրե՞ս հետդ,– հարցուցի ժպտուն:

–Մի՛շտ, – ըսաւ, ու բաճկոնը բանալով ցոյց տուաւ ամբողջութիւնը:

Չարիքներէն մէկը կամ միւսը զգետնող գործիքներէն մէկը չէր անպայման իմ տեսածս, բայց չեմ գիտեր ինչու անոնցմէ մէկը թուեցաւ ինծի եւ չեմ գիտեր ի՛նչ եղայ այդ պահուն, մանկացայ կարծես, մեծցայ, լեցուեցայ, յորդեցայ՝ ի տես ակնթարթ մը ատրճանակին վրայ հանգչած արարչագործ, մեծագոյն այդ բազուկին: ...

Երջանիկ էի:
...

Յաջորդ օր, ..., կէսօրին իրենց իրենց հիւր պիտի ըլլայի, եւ երեկոյեան միասին պիտի երթայինք Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահը, ուր դասախօսութիւն մը պիտի կարդայի Նարեկացիի մասին:

Վերադարձից անմիջապէս հեռաձայն բացի տունը: Պատասխանեց տիկինը.

–Անհանգստութեան մը հետեւանքով՝ Արշաւիր քանի մը օրուան համար հիւանդանոց մտաւ:

–Հիւանդանո՞ց: Արշաւի՞րը:

Մահկանացուներէս որո՞ւն մտքէն կ'անցնէր, որ այդքան լուրջ է այդ անմահանուն հերոսին տեղափոխութեան պատճառը: Չորս ամիս ետք միայն հասկցանք կացութեան լրչութիւնը: Հիւանդութիւնը քնաի մը օրուան համար չէր եկած. եկած էր իրմէ չբաժանուելու, զինք մեզմէ բաժնելու անողոք վճիռով, ափսո՜ս...

Առջի օր, նամակ մը Գալուստէն.- «Շիրակեանն ալ պատմութեան անցաւ, ես ըսել, որ իր վերջին հրապարակային երեւումը քեզի հետ եղած օրը եղաւ: Անկէ ետք հիւանդանոց մնաց: Գուրգուրա՛ նկարին վրայ...»:

Գուրգուրալ միայն նկարի՞ն վրայ: Կրնա՞մ միթէ իրմէ մնացած որեւէ յուշ գուրգուրանքէ հեռու պահել, չփայփայել զանոնք օրն ի բուն, վրիժառու սուրբի մը հպած ըլլալու բախտաւոր մարդու մը զեղումով: Արդէն ամէն ինչ սիրելի էր ու մահը աւելի թարնկարժէք դարձուց բոլորը, ակնարկին փայլը, ժպիտին երանգը, ձայնին թրթիռը, շարժումներուն հատու վայելչութիւնը, ատրճանա՛կը դարձեալ, ու ատրճանակին վրայ պահ մը հանգչած այն բազմաբեղուն բազուկը, զոր սեղմած ըլալլու խռովիչ ու անհատնելի երջանկութեան մը տէր դարձայ բախտաւոր օր մը...

Պօղոս Սնապեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
75-րդ Տարի, Թիւ 18423
Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 1973