26 April, 2022

Անվեհեր Ռազմիկը. Գրիգոր Պուլկարացի

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Գրիգոր Պուլկարացին (Կէզեան) Վան եկած է 1905ին Արամէն յետոյ եւ անմիջապէս նուիրուած է գործունէութեան, իբրեւ Դաշնակցութեան Վանայ ղեկավարող ընկերներէն մէկը: Ինք մտաւորական ուժ չէր, հազիւ միջնակարգ կրթութեան տէր ըլլալով, բայց իր արժէքը եւ դերը ուրիշ տեղ փնտռելու է – հին ուր դաւադրական գործ կար: Ինք կազմակերպութեան ներքին կեանքի կորիզներէն էր:

Բռնապետական շրջանին յաճախ եղած է Կ. Կօմիտէի անդամ եւ տարած է հաւատարմութեամբ ու անձնուիրութեամբ՝ կարեւոր պարտականութիւններ: Բոլոր պահեստները անոր տրամադրութեան տակն էին: Յամառ հետեւողականութեամբ միշտ կը զբաղէր վտանգաւոր պարտականութիւններով:

Գրիգոր պաղարիւն եւ լուրջ մարդ էր: Շատ խօսիլ չէր սիրեր, ոչ ալ շատ կ'երեւար հրապարակին վրայ: Ընդհանրապէս կ'առանձնանար Այգեստանի մէկ խուլ անկիւնը, եւ կը յղանար ու կը գործէր: Իր պարզուկ հոգիին մէջ արձագանք կը գտնէին ազգային եւ կուսակցական կեանքի ամէնէն վեհ մտածումները, եւ ամէնէն արդար դատեր: Կ'ատէր կեղծիքը: Իր հոգին կը խռովէր, երբ շիտակութեան հակառակ բանի մը հանդիպէր իր ճամբուն վրայ:

1908ին, Օսմ. Սահմանադրութենէն քանի մը ամիսներ առաջ, դաւաճան Դաւօի մատնութեամբ Վանայ ժողովուրդը արհաւիրքի օրեր կ'ապրէր, կառավարութիւնը՝ պաշարման ենթարկելով ամբողջ քաղաքը, մահուան սպառնալիքի, ծեծի ու չարչարանքի միջոցներով զէնք ու յեղափոխական կը փնտռէր ամենախիստ խուզարկւոթեամբ: Գրիգոր՝ Արամի եւ ուրիշ ընկերներու հետ, կ'ապաստանի գետնափոր ջրանցքի մը նկուղին մէջ, ուր կարճ միջոց մը միայն թաքնուած մնալէ վերջ, դարձեալ մատնութեամբ մը կը յայտնուի: Բոլորը կը ձերբակալուին ու բանտ կ'առաջնորդուին: Սահմանադրութեան հռչակումով՝ միւս ընկերներուն հետ, Գրիգորն ալ կ'ազատուի եւ դարձեալ կը նետուի իր սիրած գործին եւ կը շարունակէ նոր ուղղութեամբ իր գործունէութիւնը, տանելով կուսակցական ծանր բեռեր եւ մեծ յաջողութեամբ կատարելով իր պատասխանատու պարտականութիւնները: Սահմանադրութենէն սկսեալ միշտ ալ Կ. Կօմիտէի անդամ եղած էր:

Ա. շարք, ձախէն աջ՝ Արամ ՄանուկեանՏաճատ,...4րդը՝ Պուլկարացի Գրիգոր, 6րդը՝ Ղեւոնդ Մելոյեան
Բ. շարք աջէն 3րդը՝ Թովմասեան Յակոբ
Նկարուած 06 Մայիս 1908-ին, իրենց թաքստոցները բացայայտուելէն ետք, շրջապատուած թուրք զինուորներով
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Տարիներ կը հոլովուէին եւ Գրիգոր անխոնջ կը շարունակէր իր գործը, տեսակ մը ինքնամոռացութեամբ: Վրայ կը հասնի ընդհ. պատերազմը, իրեն հետ բերելով ընդհանուր իրարանցում, Վանայ կառավարութիւնը կ'ուզէ զանազան պատրւոակներով յարաբերութիւնը խզել մեզի հետ ու մեզ թակարդը ձգելով իր հաշիւը մաքրել: Կը պայթի ապրիլեան գոյամարտը ու Գրիգոր միշտ՝ թէ՛ կռիւէն առաջ եւ թէ կռուի ընթացքին իր իսկական դերին մէջն էր, զինական եւ մարտական տենդոտ գործունէութեամբ: Անդամ էր կռիւները վարող զինուորական մարմնի: Ռազմական ոեւէ լուրջ ձեռնարկի գլխաւոր դերակատարը ինքն էր: Երբ Սահակ պէյի դիրքէն յարձակում գործելու կարեւոր ձեռնարկ մը որոշուեցաւ, Գրիգորն էր որ իր ընկերներով եկաւ եւ ղեկավարեց. եւ հրկիզուեցաւ դիմացի դիրքը:

Յաճախ կը տեսնուէր Այգեստանի այս կամ այն կողմը, երբ դիրքերը կը դիմէր, հետը փոխադրելով իր շինած ձուլածոլ փոքր հրանօթը: Կռուի ընթացքին Գրիգորի ամենամեծ ձեռնարկը եղած է ոչնչացնել Համուտ աղայի դիրքը, ուրկէ թշնամի վարժ զինուորներ կ'իշխէին ինքնապաշտպանուած դիրքերու վրայ: Օրերով բոլոր կռուողները եւ ժողովուրդը սրտատրոփ կը սպասէին. բոլորին շրթունքին վրայ էր Գրիգորի անունը որ միայն պիտի յաջողցնէր այս կարեւոր ձեռնարկը: Աշխատանքը յառաջ կը տարուէր գետնի տակէն. խրամը փորուած էր դիրքին տակ: Արդի՞ւնքը.- շէնքը փլաւ ու մոխիր դարձաւ, մէջինները փախան. Գրիգորի ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Գրիգորը դիրքէ դիրք պտտելով հրահանգներ կուտար կռուողներուն:

«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս.
Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 1922,
ԺԲ Տարի, Թիւ 2870
Գ. էջ
1915-ի ընդհ. նահանջին Պուլկարացին ընտանիքով անցաւ Կովկաս ու հաստատուեցաւ Երեւան: Բայց չէր կրնար հանգիստ մնալ, երբ դարձեալ ասպարէզ կար գործելու, երբ կարելի էր երկիր երթալ: Ու կարճ ժամանակ վերջ Վան կ'երթայ: Կը զբաղի հոն վերաշինութեան ու առժամեայ կառավարական գործերով, իբր ոստիկանապետ: Այսպէս քանի մը անգամ Կովկասէն Վան կ'երթայ կուգայ:

1918-ի վերջին նահանջին, չկարենալով Բեկրիի ճանապարհով Կովկաս անցնիլ, կը ստիպուի 20-25,000ի չափ ժողովուրդը առաջնորդել դէպի Պաղտատ: Ինք անկէ կ'անցնի Երեւան ուր կը գտնէ իր ընտանիքը: Ժամանակ մը Արեւմտ. խորհուրդի անդամ եղած է:

1919-ի գարնան իր ընտանիքով Պոլիս կ'անցնի ուր կը մնայ մինչեւ վերջ: Հոս կը զբաղէր իր անձնական արհեստով՝ ատաղձագործութեամբ: Յոգնած ու ծիւրած էր իր երկար տարիներու քրտնաջան ու լարուած գործունէութենէն:

Գրիգոր, անձնուէր գործունէութեան հետ ունէր եւ համեստութիւն, որ թոյլ չէր տար իր համբաւը շեփորելու: Կը գործէր լռիկ մնջիկ, առանց շիլ հաշիւներու: Ասոր համար էր որ բոլորէն կը յարգուէր, իսկ ընկերներու համար մաքուր նկարագրի եւ շիտակ գործունէութեան ներշնչարան մըն էր: Ինչ որ աւելի խորունկ կը դարձնէ այսօր վիշտն ու կսկիծը անոր կորուստին, այն է որ հայ ազատագրութեան երկար ու փշոտ ճանապարհէն անվեհեր ու աննկուն քալող շիտակ յեղափոխականը անժամանակ գերեզման կ'իջնէ, առանց տեսնելու եւ ապրելու նոր արեւներ ու կեանքեր որոնց համար երազեց ու գործեց:

Հանգի՜ստ իր տանջուած ոսկորներուն:

Երուանդ Արծրունի
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Շաբաթ, 6 Մայիս 1922
ԺԲ. Տարի, Թիւ 2877