07 May, 2022

Մեռաւ. Գ. Զօհրապ

ԵՓՐԵՄ (Մահւան Քսանամեակի Առթիւ) (1912-1932)

Արեւելքի տարեգրութեանց է՛ն մեծ եղելութեան եւ է՛ն մեծ թւականին առջեւ ենք:

Սուգ մը չէ այս մահը. Աւելի մեծ բան մը որ անուն չունի,– ծերունի եւ դողդոջուն Արեւելքի վերջին մարող լոյսը:

Եղերական չէ այս կորուստը, այնքան փառահեղ է. արցունքի, լացի, կոծի չի կարօտիր. Ապշութիւն ու հիացում կը պատւիրէ. սևերու մէջ չի պլլւիր, վասն զի Շիրազի վարդերով ծածկւած է:

Երեք կանգուն կո՞ծ. երբե՛ք. այլ ամբողջ կայսրութեան մը չափ մեծ գերեզման մը, ալեզարդ Պարսկաստանը իր ծոցին մէջ պահելով տաքցնելով այս կարիճին մարմինը:

* * *

Արկածախնդիր զինւորն է ան: Հին ատենները իր հաշւոյն երկիրներու պիտի տիրանար, կայսրութիւն մը պիտի հիմնէր: Քսաներորդ դարուն մէջ՝ գաղափար մը տարածելու համար կը մեռնի ան: Բախտը կը գգւէ, կը շոյէ անոր երազը. յաջողութիւններու երկար շարք մը իր իղձերը կը պսակէ եւ իր անունը Արեւելքէն մինչեւ Արեւմտուտք կը տանի կը հասցնէ:

Եւ զյաղթութիւն լծեալ ի կառս իմ գերի,
Ի Հայաստան զարթանեմ բերէի:

Ամէն բան իր լրումն ունի. փառքն ալ. Եփրեմ իր փառքի լրումին կը մեռնի:

* * *

Ո՞ւր էք, կախաղան բարձրացած, բանտերու խորերը մեռած, կռւի մէջ ինկած Դաշնակցականներ, յեղափոխականներ: Եփրեմ ձեր մօտն է ահաւասիկ, ձեզի պէս՝ յանուն մեր ցեղին իր Պարտքը եւ Աւելին հատուցանելէ ետքը Մարդկութեան, անմիտ ու ապերախտ Մարդկութեան:

* * *

Այո՛, յանուն մեր ցեղին որ իր տառապանքին մէջ միջոց կը գտնէ ուրիշներու հետ միասին տառապելու. որ ինքը ողորմելի՝ ուրիշներուն կողորմի. որ անձնուրացութեան, կտրճիութեան եւ ազնւութեան գիտցւած սահմանները կընդլայնէ՝ նոր առաքինութիւններ ստեղծելու աստիճան:

Եփրեմի փառքը անոնցմէ է որ չեն կրնար գերազանցւիլ:

Գ. Զօհրապ
«Դրօշակ» - Մայիս 1932
Թիւ 5 (320)