ԵՓՐԵՄ (Մահւան Քսանամեակի Առթիւ) (1912-1932)
Ասպետ, այո՛, բայց բախտախնդի՞ր: Ո՛չ, եւ հազար անգամ ո՛չ:
Մեռնող կտրիճը իր զէնքը չծախեց Զօրաւորին, ոչ ալ իր խիղճն ու արիւնը՝ ո՛եւէ Իշխանի, ո՛եւէ գահակալի,– որպէսզի դիակներու սանդուխով ան բարձրանայ դէպի փառքի բարձունքը:
Զինւորը կռւի ասպարէզ իջաւ յանուն տկարներու, յանուն ժողովուրդի, յանուն Ազատութեան: Կռւեցաւ անզօրին հետ՝ ընդդէմ զօրաւորին, ստրուկին հետ՝ ընդդէմ բռնաւորին, և մեռաւ պատւի դաշտին վրա: Ահա Գաղափարի Ասպետը:
Եւ ամէն մէկ ճակատամարտ վճռական էր, իւրաքանչիւր հարւած՝ ավնրէպ, իւրաքանչիւր յաղթանակ՝ վերջնական, որովհետեւ Զինւորը կը կրէր իր հաւատքը,– հաւատքը այն անսասան գաղափարին թէ պալատական միապետութեան հասած իւրաքանչիւր հարւած գերեզմանաքար մը կը վերցնէ իր ազգի կուրծքի վրայէն, թէ Իրանի դաշտերուն մէջ հոսող իւրաքանչիւր հայ կամաւորի արեան կայլակ կը լւայ հայ ժողովուրդի դարեւոր ստրկութիւնը, եւ գետնամած, հալածական, քեաֆիր ժողովուրդ մը, հա՛յ ժողովուրդը, կը բարձրացնէ ազատ ու բարձրագլուխ ազգի կարգը: Ահա Հերոսը:
Մէկ Եփրեմ մը, իր յեղափոխական անվեհեր գործունէութեամբ, ըրաւ այն՝ ինչ որ չընէին թերեւս հարիւրաւոր տարիներ իրենց խաղաղ ու դանդաղ բարեշրջութեամբ: Ո՞ր քարոզը եւ ո՞ր խօսքը գործին չափ ոյժ ունէր՝ ակնթարթի մը մէջ քանդելու այն երկաթէ պարիսպը՝ որ կը կանգնէր մահմետական պարսկին եւ քրիստոնեայ հայուն մէջ, առածի կարգ անցած այն համաշխարհային կարծիքը՝ թէ հայը վաշխառու է բայց ոչ զինւոր, արժանի է հպատակութեան բայց ո՛չ ինքնավարութեան:
Ո՞վ է ծնողը, սակայն, այս աննման զօրավարին, որ իր պողպատէ ձեռքերուն մէջ բռնած պահեց պարսկական երկրի ազատութեան եւ անկախութեան կրկնակ ճակատագիրը, որ ժողովուրդի զաւակ, դարձաւ յանկարծ միջազգային անձնաւորութիւն՝ իր վրա սեւեռած պահելով ե՛ւ քաղաքակիրթ աշխարհի հիացումը, ե՛ւ համաշխարհային դիւանագիտութեան ակնարկը, ե՛ւ իր երախտագէտ հայրենիքի սքանչացումն ու հպարտութիւնը:
Ո՞վ է ծնողը: Տարօրինակ, բայց եւ անհրաժեշտ հարցում:
Առանց Հայ Յեղափոխութեան, հնարաւո՞ր էր արդեօք մէկ օրւայ մէջ, մէկ շունչով եւ լոկ մարդկային պղատոնական կամեցողութեամբ, ուզւած րոպէին ստեղծել Եփրեմ մը, ստեղծել այն հերոսական տիպը՝ որուն մէջ կերպաւորւէր անձնուրացութեան հոյակապ Ոյժը:
Հնարաւո՞ր էր արդեօք առանց պայքարի՝ պայքարող ստեղծել, առանց կռիւի՝ զինւոր, առանց յեղափոխական շարժման՝ անձնուրաց:
Եփրեմներ գոյութիւն չէին ունենար երբե՛ք, երբե՛ք, եւ հայը կը մնար հոգիով մշտնջենապէս նոյն ստրուկը, եթէ հայ պատմութիւնը չստեղծէր համապատասխան բարոյական միջավայր:
Պատմական այդ միջավայրը ինքն իսկ հայ յեղափոխական շարժումն եղաւ, որ կեանքի կոչեց, ձեւակերպեց եւ կռեց հայկական նոր ոգին, ազատասիրութեան եւ ազգային մեծութեան նկարագիրը:
Եւ ազգերը կը քալեն դէպի ապագան, դէպի կեանքը՝ անձնւէրներուն հետքովը, ազատասէր դիւցազնեներուն շաւիղէն: Հայ գալիք սերունդը դառնութեամբ կը ջանայ մոռնալ իր երկչոտ, իր ստրուկ հայրերը, բայց երախտագիտութեամբ ու պարծանքով ծունկի կիջնէ բոլոր Եփրեմներուն, ազգային բոլոր մեծութիւններուն առջեւ:
Ժողովրդային զանգւածները անպայման որ, արգասաբեր ու ծնուցիչ, տարածութիւնն են Ազգին, բայց ոչ երբեք անոր խորութիւնը: Ազգի մը խորութիւնը կազմողներն են անձնուրաց եւ ստեղծագործ անհատները, իրենց մէջ խտացնելով ցեղին բարձրագոյն առաքինութիւնները:
Իսկ ազգերու մեծութիւնը կը չափւի ո՛չ թէ տարածութեամբ, այլ խորութեամբ:
Փա՜ռք Եփրեմներու յիշատակին: